Պոլսոյ մէջ 14-15 մարտ 2018-ին, ձեռնարկներ կազմակերպուած են Անիի ճարտարապետական ժառանգութեան վերաբերեալ: Այդ մասին, ըստ «Ակունք»-ին, կը հաղորդէ Պոլսոյ մէջ հայերէն եւ թրքերէն տպագրուող հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթը:
Աղբիւրին համաձայն, մարտ 13-ին Պոլսոյ «Տեփօ» անուամբ մշակութային կեդրոնին մէջ ցուցահանդէս բացուած է` «Քարերու պոէզիան` Անին. ճարտարապետական գանձարան` մշակոյթներու խաչմերուկին» խորագիրով: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են 2016 թուականի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ ներառուած Անիի մէջ առնուած լուսանկարներ եւ տեսագրութիւններ: Սոյն ցուցահանդէսը այցելուներուն առջեւ բաց է մինչեւ ապրիլ 29: Ցուցադրուած են Արա Կիւլերի, Մարտին Մանուկեանի, Մուրատ Կերմենի եւ Վեթաթ Աքչակէօզի հեղինակած լուսանկարները:
Իսկ մարտ 14-ին Պոլսոյ «Ճեզայիր» սրահին մէջ խորհրդաժողով կազմակերպուած է «Անի. համաշխարհային մշակոյթի ժառանգութիւն Թուրքիոյ մէջ» խորագիրով, որուն կը մասնակցին` Նորվեկիոյ Մշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութեան հիմնարկի նախկին տնօրէն Քարստեն Փալուտան-Միւլերը, նոյն հիմնարկի փոխնախագահ Արմէն Ղազարեանը, վերականգնող ճարտարապետ Եաւուզ Օզքայան եւ լուսանկարիչ Վեթաթ Աքչագէոզը, որոնք զեկուցումներ ներկայացուցին Անիի մշակութային պատմութեան մասին:



