Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան եւ կազմակերպութեամբ «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնին, 26 եւ 27 փետրուար 2018-ին «Զուարթնոց»-ի վերջին եօթը տարիներու նստավայր` Հայ աւետարանական ընկերային ծառայութեան կեդրոնի սրահին մէջ, Թրատ, Պուրճ Համուտ, տեղի ունեցաւ ընկերային կեդրոններու յատուկ վարչագիտական տեսական եւ կիրառական գիտազրոյցը (սեմինար):
Սեմինարի գաղափարը եւ բոլորանուէր աշխատանքը կը բխէր ֆրանսահայ դասախօս դոկտ. Սիլվիա Թոփուզխանեանի կողմէ, որ գործակցաբար Լիոնի Ֆրանսա-Հայաստան յատուկ դաստիարակութեան ALFHA կազմակերպութեան հետ, հինգ ֆրանսացի մասնագէտներու կատարողութեամբ 1999-ին իրականացուցած էր «Զուարթնոց» կեդրոնի Ա. բազմակողմանի գիտաժողովը` Լիբանանի մէջ գործող միեւնոյն նպատակը հետապնդող բոլոր կեդրոններուն համար, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Սիլվիա Թոփուզխանեան, ուղղախօսուհի (Speech therapist / orthophoniste), լեզուագիտութեան դոկտոր, առողջապահութեան աւագ ղեկավարուհի, դասախօս է Լիոնի շրջանի Առողջապահութեան ղեկավարներու պատրաստութեան հիմնարկին մէջ: Ան նաեւ նախագահն է Ուղղախօսութեան հետազօտութեան եւ արժեւորման զարգացման ազգային միութեան (UNADREO):
Վարչագիտական սոյն զրոյցներուն նպատակն էր նպաստել պատասխանատու տարրին կազմաւորման աշխատանքին, որպէսզի ան ալ իր կարգին իր գիտութիւնը օգտագործէ ի շահ դաստիարակներու անհատական թէ խմբային յառաջխաղացքին` գերագոյն դրդապատճառ ունենալով ամէն մէկ աշակերտի բարելաւումը:
Երկու օր համայնքի գործօն 9 ընկերային ծառայողներ հայերէնով եւ հաղորդական եղանակով հետեւեցան տեսական, գործնական եւ կիրառական ցուցմունքներու, ինչպէս`
– Վարչագիտական ժողովներու կազմակերպում, վարում,
– Պաշտօնէութեան ընտրութիւն, տեսակցութիւններ, հարցերու լուծում,- Պաշտօնէութեան աշխատանքի արժեւորում` տարեսկիզբին ու աւարտին, բանակցութիւններ:
Սեմինարի վերջաւորութեան դասախօսը մասնակիցներուն տուաւ իր պատրաստած բոլոր համակարգչային աշխատանքները, որպէսզի ներկաները կարենան վերյիշել ու խորացնել իրենց գիտութիւնը:
Հազուադէպ հաճելի եւ պատկերալից առիթ մըն էր ներկաներուն համար մեր մայրենիով սերտելու ընկերային-վարչագիտական այս էական գիտութիւնները:
Խորին շնորհակալութիւն` դասախօսին եւ «Զուարթնոց» կեդրոնի պատասխանատուներուն:
Ջանք, աշխատանք ու կորով` «Զուարթնոց»-ի 31-րդ նոր երթին:
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ