Յօդուածներ

Կենսատու Աւիշ ԼՕԽ-ի Կամաւոր Բանակին

Կենսատու Աւիշ ԼՕԽ-ի Կամաւոր Բանակին

Վերոյիշեալ խորագիրով է ահա՛, որ յունուար 2018-ին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպական յանձնախումբին «Թերթիկներու գրքոյկ»-ը: Գրքոյկ մը, որ կը բաղկանայ հարիւր տասներեք (113) էջերէ եւ կը բովանդակէ ԼՕԽ-ի կազմակերպական յանձնախումբին վերջին քսան տարիներու պատրաստած երեսունվեց (36) թերթիկները, որոնք ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն հրամցուած են մասնաճիւղերու հերթական ժողովներու ընթացքին: Արդարեւ, մեկնելով ԼՕԽ-ի ծրագիր-կանոնագրի 3-րդ յօդուածի Թ. կէտի առաջադրանքէն...

Եօթը Ծաղիկները

Եօթը Ծաղիկները

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Պատշգամիս թաղարի վարդատունկին վրայ այսօր բացուեցաւ գինեգոյն թաւշեայ վարդս, քաղեցի զայն որպէս առաջինը` այսօրուան մտադրութեանս: Զգլխիչ է կլիման` ո՛չ տաք, ո՛չ պաղ: Գարունն իր սիւքին մեղմութիւնն ու զովութիւնը տարածած է ամէնուրեք: Առաջին քաղածս բռնած` սկսայ քալել: Տանս դէմի մայթեզրին մանիշակագոյն թրաշուշաններ ծաղկած են, խումբ մը գեղուհիներու նման` կը պչրին անոնք: Ամէն օր անոնց տեսքով զմայլած, կը մօտենամ` մօտէն...

«Տոլմա – 2018» Փառատօնը Թիֆլիսի Մէջ

«Տոլմա – 2018» Փառատօնը Թիֆլիսի Մէջ

Հայ մշակոյթի մաս հանդիսացող հայկական խոհանոցը, ի մասնաւորի աւանդական ազգային ուտեստներու ժողովրդականացումը Վրաստանի հայ կիներու «Շուշանիկ» միութեան գործունէութեան ուղղութիւններէն մէկն է: Աւանդաբար կազմակերպուած փառատօներու միջոցով կ՛ամրապնդուին եւ կը տարածուին այնպիսի ոչ նիւթական արժէքներ, ինչպիսիք են` գաթան, հարիսան, ղափաման եւ հայկական ազգային ուտեստները: Այս անգամ հերթը տոլմայինն էր: Տոլմայի փառատօնը Թիֆլիսի մէջ անընդմէջ կ՛իրականացուի  արդէն 6-րդ անգամ` տարեցտարի աւելի ու աւելի...

«HAYQ – Armenian Application» Առաջին Հայկական Եռալեզու Ուղեցոյց Յաւելուածի Շնորհահանդէսը Մոսկուայի Մէջ

«HAYQ – Armenian Application» Առաջին Հայկական Եռալեզու Ուղեցոյց Յաւելուածի Շնորհահանդէսը Մոսկուայի Մէջ

Մայիս 12-ին «Դէպի Արարատ» կազմակերպութեան մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «HAYQ - Armenian Application» առաջին հայկական եռալեզու ուղեցոյց յաւելուածին շնորհահանդէսը: Շնորհահանդէսի ընթացքին կնքուեցաւ եռակողմ համագործակցութեան համաձայնագիր` «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն», «Դէպի Արարատ» հասարակական կազմակերպութիւններու եւ «HAYQ - Armenian Application»-ի հետ: Համաձայնագիրը ստորագրեցին` «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Ներսէս Ներսիսեանը, «Դէպի Արարատ» հասարակական կազմակերպութեան լիազօր ներկայացուցիչ Հայկ Մարտիրոսեանը եւ «HAYQ - Armenian Application»-ի...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Մայիսեան Շքերթ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մայիսեան Շքերթ

Մայիսը հայորդիին համար յաղթանակի ամիսն է: Իսկ այս տարուանը շատ աւելի իւրայատուկ է, մանաւանդ որ համայն հայութիւնը պիտի տօնէ մայիս 28-ի անկախութեան հարիւրամեակը: Շատ աւելի տարբեր պայմաններու տակ տրուեցաւ մայիսեան շքերթին ազդանշանը, մայիս 8-ին, Շուշիի ազատագրութեան 26-ամեակին առիթով: Այսպէս, ազատագրուած Շուշիի հանդիսութիւնը կը վայելէր նաեւ ներկայութիւնը «ազատագրուած» եւ օլիկարխային կարգավիճակէն դուրս եկած Երեւանի, յանձինս` նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի: Վարչապետը, հազիւ...

ՀՕՄ-ը Կ՛ողջունէ Հայաստանի Խաղաղ Եւ Համաժողովրդային Շարժումը

ՀՕՄ-ը Կ՛ողջունէ Հայաստանի Խաղաղ Եւ Համաժողովրդային Շարժումը

Հայ օգնութեան միութիւնը կու գայ շնորհաւորելու հայ ժողովուրդի խաղաղ եւ անզէն վճռակամութեամբ համաժողովրդային շարժումը` դէպի աւելի արդար ու ժողովրդավար երկիր մը, որ պսակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան  Ազգային ժողովին կողմէ նոր վարչապետի մը  ընտրութեամբ: Իրաւազուրկ ժողովուրդի մը զաւակներուն արդար ընդվզումով սկսած ազատագրական երկարատեւ պայքարէն է, որ 100 տարի  առաջ, մայիսեան պայծառ օր մը, լոյս աշխարհ եկաւ հայոց  անդրանիկ հանրապետութիւնը, որուն առաջին  հարիւրամեակը...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ «Ջաւախքի Հարցը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ժամանակաշրջանին» Նիւթով Դասախօսութիւն Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին, 1 մայիսին «Կլենտէյլ ըտալթ ռիքրիէյշըն սենթըր»-ի մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ` «Ջաւախքի հարցը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին» նիւթով: Դասախօսն էր պատմաբան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան: Յանձնախումբին անունով Դալար Գոսագեանը ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը: Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Լենա Պօզոյեանը ելոյթ ունենալով`...

Հանդարտ Զրոյց` Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Հետ («Մարմարա»-ի Խմբագրութիւնը Ստանձնելուն 50-ամեակին Առիթով)

Յուշատետր Ճակատագիր (Ա.)

Ռ. Հ. Յիշեցի, որ մեր մեծերը ատենօք իրենց ցուցամատը իրենց ճակտին քսելով կ՛ըսէին. «Հոս ինչ գրուած է, ա՛յդ կ՛ըլլայ»: Նորածինի մը ճակատը փայլուն ու մասմաքուր է, երբ աշխարհ կու գայ, ո՛չ մէկ բիծ կայ հոն, ո՛չ մէկ արատ, ո՛չ մէկ խորշոմ: Ի՞նչ կրնայ գրուած ըլլալ հոն: Իսկապէս մարդուս ճակտին վրայ առաջին օրէն կը գրուի՞, թէ ինչպիսի՛ ապագայ մը կը սպասէ...

Միայն… Լիբանանի Մէջ

Երկրաշարժ

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Նախապէս յօդուածով մը անդրադարձած էի, որ Քալիֆորնիա նահանգը հակամէտ է հրդեհներու եւ երկրաշարժերու: Գրած էի հրդեհներու մասին, սակայն «անտեսած» էի երկրաշարժերը: Հաւանաբար իր «անտեսուած» ներկայութիւնը մեզի յիշեցնելու միտումով ապրիլ ամսուան 5-ին Լոս Անճելըսի մէջ բնութիւնը աննշան, քանի մը երկվայրկեան տեւողութեամբ երկրաշարժ մը «պարգեւեց»: Աննշան երկրաշարժ մը, սակայն նոյնիսկ «անզգաները» զգացին: Տակաւին գործի վայրս էի, երբ շէնքը երերաց` ալեկոծ...

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը

Նշանաւոր Միջոցառում Հայաստանի Գրողների Միութիւնում

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Օրերս Հայաստանի Գրողների միութեան ստեղծագործական ընթացքը նշանաւորուեց եւս մէկ ուշագրաւ, ազգանպաստ իրադարձութեամբ: Գրողների միութեան սրահում տեղի ունեցաւ վերջերս լոյս տեսած բացառիկ արժէքաւոր եւ հետաքրքրական ժողովածուի շնորհահանդէսը: Ժողովածուի խորագիրն է` «Դէպի ակունքը լոյսի», ենթավերնագիրն է` «Ժամանակակից հայ գրողն ու գրականութիւնը 21-րդ դարի մարտահրաւէրների առջեւ»: Հատորը ընդգրկում է սփիւռքի հայագիր եւ օտարագիր գրողների 6-րդ համաժողովի նիւթեր: Այդ համաժողովը տեղի է...

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարան.   Մայրերու Օրուան Տօնախմբութիւն

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարան. Մայրերու Օրուան Տօնախմբութիւն

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի մանկապարտէզի կազմակերպած Մայրերու օրուան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ,12 մայիս 2018-ին, Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ: Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեանը ողջունեց ներկաները` քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը, հոգեւոր հայրերը, գիւղի պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները, ազգային երեսփոխան  տոքթ. Խաժակ Այնթապեանը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը,  օրուան պատգամախօս Քամիլա Երկանեան-Քէշիշեանը, ինչպէս նաեւ` մեծաթիւ մայրերն ու մեծ...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ Դասախօսութիւն «Ալցայմըր» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ Դասախօսութիւն «Ալցայմըր» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 18 ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական  կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ալցայմըր» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Յարութիւն Այնթապեանը: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը կատարեց բացման խօսքը: Ան նշեց, թէ բնական երեւոյթ է,...

Նիկոլ Փաշինեանի Ծրագրային Ելոյթը Ազգային Ժողովին Մէջ

Նիկոլ Փաշինեանի Ծրագրային Ելոյթը Ազգային Ժողովին Մէջ

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Հայաստանում տեղի ունեցած թաւշեայ, ոչ բռնի, ժողովրդական յեղափոխութեան ամենաաշխուժ մասնակիցների շարքում էին դպրոցականները եւ ուսանողները, եւ սա բոլորիս համար ազդակ պիտի լինի, որ կրթութեան ոլորտում ունենք լրջագոյն հիմնախնդիրներ: Այդ խնդիրներից առաջնայինը, որը խաթարում է կրթական ողջ գործընթացը եւ խեղաթիւրում կրթական օճախների գործունէութեան իմաստը, դպրոցների եւ բուհերի կուսակցականացումն է: Այս արատաւոր սովորութեան պէտք է վերջ դնել: Դպրոցների, միջին մասնագիտական...

«Կարճցած է» Ճամբան Դէպի Երեւան

Համազգայինի «Բագին» Գրական Հանդէսի Վերջին Երկու Տարիները

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Արդէն երկու տարի է Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսը լոյս կը տեսնէ նոր  խմբագրական կազմով մը` գլխաւոր խմբագիր` Սոնիա Քիլեճեան-Աճեմեան, փոխխմբագիր` Նորա Բարսեղեան, խմբագրական խորհուրդ` Քրիստիան Բատիկեան, Մարուշ Երամեան, Վիգէն Թիւֆենքճեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Աւետիս Հաճեան, Վարդան Մատթէոսեան, Շաղիկ Մկրտիչեան, Արքեմնիկ Նիկողոսեան, Արամ Պաչեան, Սեւան Տէյիրմենճեան, Միրնա Տուզճեան եւ Յարութիւն Քիւրքճեան: Ձեւաւորումը վստահուած է  Անուշ Ակներեանին, իսկ էջադրումը` Գօգօ Հաւանճեանին:...

Վստահ Եմ` Մեր Ցանած Սերմերը Եւ Բացած Ճամբաներն Առաւել Կը Խորանան. Հրանոյշ Յակոբեան

10 Տարի` Յստակ Առաքելութեամբ Ու Արդիւնաւէտ Աշխատանքով

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Տիկի՛ն Յակոբեան, սփիւռքում մենք ունենք 1000-ից աւելի կրթօճախներ: Սակայն էլ ի՞նչ դպրոց` առանց հայալեզու գրականութեան, նոր հրատարակուած գրքերի ու ձեռնարկների: Այս նպատակով նախարարութիւնն իրականացնում է համայնքային դպրոցները դասագրքերով ապահովման ծրագիրը: Քանի՞ գիրք է առաքուել համայնքներին, ինչպիսի՞ն էր վիճակը մինչ նախարարութեան ստեղծումը: Խնդրում եմ` անդրադարձէք նաեւ նախարարութեան հետազօտութիւնների ծրագրին: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ինձ համար աւելի ուրախալի լուր, քան նոր դպրոցի հիմնումն է,...

Այժմէականութի՞ւն, Լայնամտութի՞ւն, Թէ՞…

ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Նամակատուփս կը բանամ. դրամատան հաշուեցոյց, կեանքի ու տան ապահովագրութեան տեղեկագիր, յայտարարութիւններ ու տակաւին ինչե՜ր ու ինչե՛ր... Այս ամէնը երկու ձեռքերուս մէջ առած` ներս կ՛անցնիմ: Գրասեղանիս վրայ զանոնք տեղաւորելէ ետք, այս բոլորէն ո՞ր մէկը բանալու ընտրութեանս մէջ շուարած, առաջնահերթութեամբ մը, չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, ուշադրութիւնս գրաւող մեծ ու փայլուն, սասունցի հօրս խօսքերով` «պսսուն» պահարանին էր, որ ձեռքս երկարեցի: Օտարազգի բարեկամուհիի...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Երեւանի Հիմնադրման 2800-ամեակի Ձեռնարկներուն Նուիրուած Yerevan2800.Am Կայքը Կը Սկսի Գործելու «Երեւան 2800» մշակութային հիմնարկին կողմէ պատրաստուած  եւ սկսած է գործելու Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի ձեռնարկները ծանուցող պաշտօնական կայքը` Yerevan2800.am-ը (https://www.yerevan2800.am/hy) : «Երեւան 2800» մշակութային հիմնարկը կը տեղեկացնէ, որ կայքին վրայ պիտի տեղադրուին «մայրաքաղաքի հիմնադրման յոբելեանին առնչուող բոլոր նորութիւնները, պիտի լուսաբանուին նախատեսուած ձեռնարկները: Արդէն գործելու սկսած է կայքի նորութիւններուն...

Նիկոլ Փաշինեանի Ծրագրային Ելոյթը Ազգային Ժողովին Մէջ

Նիկոլ Փաշինեանի Ծրագրային Ելոյթը Ազգային Ժողովին Մէջ

Առաջնահերթութիւն 1 Հայաստանում յեղափոխական կշռոյթով պէտք է զարգացնել բարձր արհեստագիտութիւնների ոլորտը, ինչի նախապայմանները, ըստ էութեան, այսօր առկայ են մեր երկրում: Ոլորտի զարգացման ռազմավարական նպատակը պէտք է լինի ռազմարդիւնաբերական համալիրի կայացումը, որն ի վիճակի կը լինի ապահովել մեր բանակի մարտունակութեան եւ ազգային անվտանգութեան մակարդակի բարձրացումը: Ընդ որում, ռազմարդիւնաբերական համալիր ասելով` մենք պէտք է հասկանանք ոչ միայն այսօր գոյութիւն ունեցող արհեստագիտութիւնների որդեգրումն...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Դիմաւորել 100-ամեակը – 17. Երկիր, Պետութիւն, Անկախութիւն, Ինքնակառավարում Եւ Վեհապետութիւն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ազգի մը անկախութիւնը կ’ենթադրէ իր հայրենիքին մէջ, ուր իր նախահայրերը ապրած են եւ` մշակոյթ ստեղծած, ինքզինք կառավարելու անկաշկանդ իրաւունք: Անցեալին անկախութիւնը կ’ըմբռնուէր որպէս իշխողին, իշխանին, թագաւորին անսահմանափակ ազատութիւնը եւ իրաւունքը` իր տիրոյթի սահմաններուն մէջ, շնորհուած աստուածային կամքով. վեհապետութիւն: Կայսրութեան մը մէջ բռնութեամբ ներառուած երկիր մը, ինքնակառավարման եւ վեհապետական անսակարկելի իրաւունքները զիջած կ’ըլլայ այլ վեհապետական իրաւունքի, նոյնիսկ երբ պահուին...

Վստահ Եմ` Մեր Ցանած Սերմերը Եւ Բացած Ճամբաներն Առաւել Կը Խորանան. Հրանոյշ Յակոբեան

10 Տարի` Յստակ Առաքելութեամբ Ու Արդիւնաւէտ Աշխատանքով

10 տարի առաջ ստեղծուեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը: Համայն հայութեան համար  այս կառոյցի հիմնումը դարձաւ սփիւռքի բացառիկ նորովի վերարժեւորման եւ վերաիմաստաւորման հնարաւորութիւն: Այլեւս որոշուեց ու արձանագրուեց` հայ ժողովրդի նուաճումներն ու յաղթանակները պիտի կերտենք ու պիտի տօնենք միասին, պիտի հիւսենք մեր սրտերն ու հոգիներն իրար, եւ երկնային խորհրդի ուժով նոր գաղափարներով ստեղծենք մե՛ր երրորդութիւնը` Հայաստան, Արցախ, սփիւռք: Գնալ երազած Հայաստանի ճանապարհով`...

Page 695 of 1111 1 … 694 695 696 … 1,111

Արխիւներ