Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
«Ջաւախքի Հարցը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ժամանակաշրջանին» Նիւթով Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին, 1 մայիսին «Կլենտէյլ ըտալթ ռիքրիէյշըն սենթըր»-ի մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ` «Ջաւախքի հարցը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին» նիւթով: Դասախօսն էր պատմաբան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան:
Յանձնախումբին անունով Դալար Գոսագեանը ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Լենա Պօզոյեանը ելոյթ ունենալով` ներկայացուց Ջաւախքին օգտակար հանդիսանալու կարեւորութիւնը, անդրադարձաւ յանձնախումբի ջաւախեան աշխատանքներուն, որոնցմէ ընդգծեց երեք երիտասարդական կեդրոններու հովանաւորութիւնը եւ ՀՕՄ-ի «Ջաւախք» ճամբարի մասնակցութիւնը: Ան ընդգծեց նաեւ Ջաւախքի հետ առնչուելու կարեւորութիւնը` յոյս յայտնելով, որ իւրաքանչիւր հայ այցելէ Ջաւախք, ծանօթանայ իր հայրենակիցներուն եւ քաջալերէ զանոնք` կառչած մնալու մեր պապենական հողերուն:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` կատարողութեամբ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանի 9-րդ կարգի աշակերտներուն:
Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը իր ելոյթին մէջ առաջին հերթին անդրադարձաւ հայրենիքի իրադարձութիւններուն` բարձր գնահատելով ժողովուրդին բողոքը եւ համոզում յայտնեց, որ երբ ժողովուրդը ինքնաբուխ ոտքի կ՛ելլէ իր արդար պահանջներուն համար, անպայմա՛ն կը յաջողի: Մելքոնեանը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Ամերիկայի հեռաւոր ափերը բնակող հայութիւնը լաւապէս տեղեակ է Ջաւախքի մասին, մինչ ջաւախեցիները իրենց պատմութեան այնքան ալ ծանօթ չէին, որովհետեւ Խորհրդային Միութեան օրով արտօնութիւն չունէին քննարկելու իրենց պապենական հողին առնչուող հարցերը:
Անդրադառնալով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի պատմական կարեւորութեան` ան մանրամասնօրէն ներկայացուց հայկական Ջաւախքի պատմականը, աշխարհագրական դիրքը, անցած դժուարին ուղին, հարեւան երկիրներու ժխտական կեցուածքը ջաւախահայութեան նկատմամբ, կարեւոր մարտերու պատմական կարեւորութիւնը, թուղթի վրայ մնացած դաշնագիրները` կեդրոնանալով կարգ մը ջաւախեցի մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու եւ հերոսներու քաղաքական գործունէութեանց վրայ, որոնք ջաւախահայութեան կողքին ըլլալէ բացի` նաեւ իրենց կարեւոր դերը ունեցած էին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման մէջ եւ այնուհետեւ: Այս իմաստով, ան անդրադարձաւ կարգ մը անձնաւորութիւններու, որոնք իրենց գործունէութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են մեր ազգային կեանքին մէջ:
Լաս Վեկասի Մէջ 5000 Տոլար Կը Հաւաքուի Հայ Վիրաւոր Հերոսներու Հիմնադրամին Համար
Վերջերս Լաս Վեկասի հայութեան ներկայացուցիչները հաւաքուեցան քաղաքի «Սանսեթ» զբօսայգիին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ` դիմաւորելու համար քաղաք այցելող Հայաստանի բանակի հազարապետ Սարգիս Ստեփանեանն ու Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, ինչպէս նաեւ` Հայ վիրաւոր հերոսներու հիմնադրամի ներկայացուցիչ Ռազմիկ Արզումանեանը:
Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանը իր ելոյթին մէջ ներկայացուց քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով յուշարձան մը կանգնեցնելու համար համայնքին տարած ջանքերը: Ապա տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում յուշարձանին դիմաց:
Այնուհետեւ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուեցաւ համայնքային հաւաք: Միքայէլ Յովհաննէսեանը ողջունելէ ետք ներկաները, հրաւիրեց Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, որ իր խօսքին մէջ դրուատեց Հայ վիրաւոր հերոսներու հիմնադրամին տարած բարեսիրական աշխատանքները, իսկ Սարգիս Ստեփանեանը ներկաներուն հետ բաժնեց իր ունեցած փորձառութիւնները: Ան 2014-ին Արցախ-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցած ականի մը պայթումէն կորսնցուցած էր երկու սրունքները եւ աջ թեւը: Ան այժմ կը շարունակէ մաս կազմել հայկական բանակին` խորհրդատուական սպասարկութիւններ մատուցելով վիրաւորուած զինուորներուն:
Այնուհետեւ, Ռազմիկ Արզումանեանը խօսեցաւ Հայ վիրաւոր հերոսներու հիմնադրամին տարած գործունէութեան մասին:
Տեղւոյն վրայ կատարուած հանգանակութենէն կարելի եղաւ գոյացնել 5000 ամերիկեան տոլարի աջակցութիւն մը:
Ֆրանսա
Արսէն Յակոբեանի «Արցախ-Նախիջեւան` Յանցաւոր Լռութիւնը» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակին առիթով ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէն կազմակերպած է ձեռնարկներու շարք մը, որոնցմէ երկրորդը տեղի ունեցաւ 2 մայիսին, Փարիզի Հայ մշակոյթի տան «Տեմիրեան» սրահին մէջ:
Երեկոյթին բացումը կատարեց Ժիրայր Մոմճեանը եւ զայն ձօնեց հայկական բանակին, որ մեր ազգային արժէքներու մէկ կարեւոր բաղադրիչն է` հայ գիրի, լեզուի, մշակոյթի եւ հաւատամքի կողքին:
Ապա ժապաւէնին հեղինակը` հայրենի բեմադրիչ Արսէն Յակոբեանը ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ ժապաւէնին մասին` նկատել տալով, որ իր նպատակը եղած է պատմական փաստերով եւ վկայութիւններով հակազդել Ազրպէյճանի հակահայ քարոզչութեան եւ անոր համար, արխիւային մանրակրկիտ հետազօտութիւններու զուգահեռ, նաեւ հաւաքած է շօշափելի ու անհերքելի տուեալներ, որոնք կ՛ապացուցեն, որ թուրք-ազրպէյճանական աղբիւրներուն տարածած լուրերը սուտ եւ անհեթեթ են:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ 30 վայրկեան տեւողութեամբ «Արցախ-Նախիջեւան` յանցաւոր լռութիւնը» փաստագրական ժապաւէնը, որ արտադրուած է 2017-ին:
Սպանիա
Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Նշում
Հովանաւորութեամբ Սպանիոյ Վայատոլիտ քաղաքի կարտինալ եւ Սպանիոյ Եպիսկոպոսաց ընդհանուր ժողովի նախագահ Ռիքարտօ Պլազքեզ Փերեզի եւ կազմակերպութեամբ Վայատոլիտ արքեպիսկոպոսարանի կրօնադաստիարակչական յանձնախումբի գրասենեակին, 28 ապրիլին նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակը:
Օրուան դասախօսն էր Պուրճ Համուտի զաւակ, հոգեբան-մանկավարժ եւ աստուածաբան դոկտ. Ղեւոնդ Ռոպեր Քենտիրճեանը, որ Սպանիոյ Ասդորկա թեմի առաջնորդին կողմէ նշանակուած է դասատու եւ վարիչ Քասթիյա եւ Լէոն ինքնավար համայնքի պետական երկու դպրոցներու կրօնի բաժանմունքի գրասենեակի:
Դասախօսը շեշտը դրաւ հայ ժողովուրդի նահատակութեան ու հրաշափառ յարութեան գաղափարին վրայ: Ան նկատել տուաւ, որ ամէն անգամ երբ վտանգուած են հայ ժողովուրդին նուիրական զոյգ արժէքները` կրօն ու հայրենիք, երբ հայ ժողովուրդը գտնուած է մահուան ու կեանքի երկընտրանքի դիմաց, Աւարայրի հերոսապայքարի խորհուրդով ու տեսիլքով գօտեպնդուած, գիտցած է միշտ զոհաբերութեան սեղանին վրայ դնել իր ուրոյն կեանքը` գերադասելով ազգային խղճմտանքը եւ իր պապերու հաւատքը իր սեփական կեանքէն:
Ան նաեւ յայտնեց, որ շնորհիւ հայ ժողովուրդի պայքարին եւ հայ հերոս ֆետայիներու անգերազանցելի զոհողութիւններուն` ունեցանք ազատ ու անկախ հայրենիք մը, որ ամբողջ աշխարհին կ՛ըսէ, թէ Հայ դատը անժամանցելի է, եւ հայ ժողովուրդը միայն ջարդուած ազգ մը չէ, այլ` նուարսակներ ու սարդարապատներ կերտած հայկազնեան անմահ ցեղին ժառանգորդն է:
Իրան
Երեւանի «Թաթուլ Ալթունեան»-ի Անուան Երգի Եւ Պարի Պետական Համոյթի Ելոյթ
Նախաձեռնութեամբ ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղին, հովանաւորութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի, 3 մայիսին Թաւրիզի Ազգային առաջնորդարանի «Հ. Ոսկանեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Երեւանի «Թաթուլ Ալթունեան»-ի անուան երգի եւ պարի պետական համոյթը:
ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Կարօ Ճորճեանը բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շնորհակալական խօսք ուղղեց խումբի գեղարուեստական ղեկավար Ժիրայր Ալթունեանին եւ խումբի բոլոր պատասխանատուներուն եւ անդամներուն` շեշտելով խումբին կատարած աշխատանքին կարեւորութիւնը եւ արժէքը հայ մշակոյթի տարածման ի նպաստ:
Ներկայացուեցան ժողովրդական, աշուղական, հայրենասիրական եւ ազգային-ազատագրական երգեր ու պարեր:
Աւարտին, ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի վարչութեան նախագահ Հենրիկ Աբրահամեանը շնորհակալութիւն յայտնեց խումբի ղեկավարին, պատասխանատուներուն, մենակատարներուն եւ բոլոր անդամներուն եւ բեմ հրաւիրելով խումբի գեղարուեստական ղեկավար Ժիրայր Ալթունեանը` անոր յանձնեց յուշանուէր մը:
Թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի Վենետիկ գտնուելուն պատճառով, անոր պատգամը կարդաց Մարտիրոս քհնյ. Ղուկասեանը: Սրբազանը իր պատգամին մէջ հաստատած էր, որ հայկական կոթողներու, ձեռագիրներու, կիրառական արուեստի նմուշներու եւ բազմաթիւ այլ ազգային արժէքներու պահապան հանդիսացող թաւրիզահայ գաղութը սոյն ելոյթով առաւել եւս քաջալերուեցաւ եւ իր գոյապայքարի երթը ամրապնդեց:
Յայտնենք, որ 2 մայիսին Ազգային առաջնորդարանի սեղանատան մէջ ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի վարչութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ` ի պատիւ համոյթի ամբողջ կազմին:
Հայաստանի Անկախութեան 100-ամեակի Տօնակատարութիւն
4 մայիսին, նախաձեռնութեամբ ՀՀ հիմնադրման 100-ամեակի տօնակատարութեան Նոր Ջուղայի ենթայանձնախումբին եւ համագործակցութեամբ համայնքի բոլոր միութիւններուն, Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդական տօնախմբութիւն:
Օրուան հանդիսավար Անի Ղազարեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք կազմակերպիչ ենթայանձնախումբին խօսքը կարդաց Անի Շահիճանեանը, որ ակնարկ մը նետելով մայիսեան յաղթանակին` նշեց, որ մայիս 28-ը ոչ միայն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման, այլեւ հայկական պետականութեան վերականգնման տօնն է:
Այնուհետեւ ազգային եւ հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցաւ Կարէն Օհանեանը` ընկերակցութեամբ «Անի» նուագախումբին: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր, եւ ցուցադրուեցաւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող տեսերիզ մը:կան տօնախմբութիւն:
Յունաստան
Գիրքի Շնորհահանդէս
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ գործակցութեամբ Թեսաղոնիկէի «Իանոս» գրախանութին, 26 ապրիլին «Իանոս» գրախանութին մէջ տեղի ունեցաւ Եորղոս Փոլիրաքիսի` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Կը խոստանամ չմոռնալ» գիրքին շնորհահանդէսը:
«Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ Մարի Քիւրքճեանը հատուածներ կարդաց գիրքէն, ապա «Քաթեմերինա» թերթի մէջ գրող Եոթա Միրզիոթին եւ Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի կողմէ Նատիա Պեքթաշեանը ներկայացուցին գիրքը:
Աւարտին, շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ գիրքին հեղինակը` Եորղոս Փոլիրաքիս: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր: