Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տոլմա – 2018» Փառատօնը Թիֆլիսի Մէջ

Մայիս 18, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ մշակոյթի մաս հանդիսացող հայկական խոհանոցը, ի մասնաւորի աւանդական ազգային ուտեստներու ժողովրդականացումը Վրաստանի հայ կիներու «Շուշանիկ» միութեան գործունէութեան ուղղութիւններէն մէկն է: Աւանդաբար կազմակերպուած փառատօներու միջոցով կ՛ամրապնդուին եւ կը տարածուին այնպիսի ոչ նիւթական արժէքներ, ինչպիսիք են` գաթան, հարիսան, ղափաման եւ հայկական ազգային ուտեստները: Այս անգամ հերթը տոլմայինն էր:

Տոլմայի փառատօնը Թիֆլիսի մէջ անընդմէջ կ՛իրականացուի  արդէն 6-րդ անգամ` տարեցտարի աւելի ու աւելի ընդարձակելով իր շրջանակները: Այս տարի անիկա, հարիսայի փառատօնին  նման, դարձաւ համահամայնքային ձեռնարկ, որ վիրահայոց թեմի աջակցութեամբ, հոգեւոր հովիւներու գլխաւորութեամբ  եւ ստեղծուած «Շուշանիկ» եկեղեցասէր տիկնանց միութիւններու կազմակերպմամբ մեծ հանդիսաւորութեամբ ու շուքով կ՛իրականացուի Վրաստանի հայաբնակ  վայրերուն մէջ:

Տոլմա-2018 փառատօնը մայիս 10-ին մեկնարկեց վիրահայոց թեմի Ռուսթաւիի Ս. Գրիգոր Նարեկացի հոգեւոր, կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնին մէջ, շարունակուեցաւ Ախալքալաքի շրջանի Դիլիսկա եւ Արակովա գիւղերուն մէջ եւ մայիս 18-ին կ՛եզրափակուի Ծալկայի մէջ: Մինչ այդ, մայիս 13-ին  փառատօներ տեղի ունեցան Թիֆլիսի, Պաթումի, Ախալքալաքի եւ Նինոծմինդայի մէջ` ամէնուրեք դառնալով յիրաւի տօնական ձեռնարկ, հայ ժողովուրդի միասնութեան դրսեւորում:

Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, թեմակալ առաջնորդի հանդիսապետութեամբ կիրակնօրեայ Սուրբ պատարագէն ետք, հաւատացեալները  տեղափոխուեցան եկեղեցւոյ բակ, ուր անոնց կը սպասէր հայ կիներու կողմէ  պատրաստուած տոլմայի տարատեսակները` իւրայատուկ ձեւաւորուած, բուրումնաւէտ եւ ախորժալի:

Փառատօնին ներկայ էին յատուկ այս առիթով Հայաստանէն ժամանած  առաջին խոհարար Սեդրակ Մամուլեանը` Եուրի Սարգսեանի, Էդուարդ Սիմոնեանի, Վազգէն Խաչիկեանի ընկերակցութեամբ:  Փառատօնի պատուաւոր հիւրն էր Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ, ծնունդով թիֆլիսեցի Լէյլա Սարիբեկեանը: Փառատօնը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան դիւանագէտները, թեմի հոգեւոր սպասաւորները:

Եկեղեցւոյ բակը լեփ-լեցուն էր մարդոցմով. եկած էին տեղաբնակներ, նաեւ` Թիֆլիսի յարակից շրջաններէն, այլազգիներ, զբօսաշրջիկներ, որոնք զարմանքով  ու հետաքրքրութեամբ կ՛իրազեկուէին ձեռնարկին մասին: Տոլմա-2018 փառատօնը կազմակերպած էր Վրաստանի հայ կիներու «Շուշանիկ» միութիւնը` վիրահայոց թեմի առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ եւ «Հայարտուն» կեդրոնի աջակցութեամբ:

Բանալով փառատօնը` վերոնշեալ կազմակերպութեան նախագահ Սուսաննա Խաչատրեանը անդրադարձ կատարելով տոլմայի աւանդական փառատօնին` այն անուանեց սիրոյ ճաշ, որ լայնօրէն կ՛իրականացուի Թիֆլիսի մէջ: Կարեւոր նկատեց փառատօնին «Վրաստան» թերթի, թիւ 104 հայոց դպրոցի, Շուլավերի «Hobby house» սթուտիոյի եւ վիրահայոց թեմի «Սուրբ  Գրիգոր Նարեկացի» կիրակնօրեայ դպրոցի եւ «Սուրբ Մովսէս Խորենացի» նախակրթարանի մասնակցութիւնը:

Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանը ներկաները շնորհաւորելով երկրորդ Ծաղկազարդի տօնին առիթով` արժեւորեց վիրահայ համայնքին մէջ  ուտեստներու ժողովրդականացման նպատակով  փառատօներու կազմակերպումը, նաեւ  անդրադարձ կատարեց վերջին օրերուն մայր հայրենիքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, փառատօնը գնահատեց որպէս ազգի միասնութեան արտայայտութիւն, համահայկական տօն:

Փառատօնին իրականացումը ողջունեցին Վրաստանի մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան լրատուական բաժնի ղեկավար Յարութիւն Հայրապետեանը եւ Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեանը: Վազգէն եպիսկոպոսին եւ Յակոբ աբեղային կողմէ օրհնուեցան տոլմայով լի կաթսաները, եւ փառատօնը յայտարարուեցաւ բացուած:

Մինչ կը տարածուէին ուրախ երգն ու երաժշտութիւնը, եւ մարդիկ կը համտեսէին հայկական տոլման, յարգարժան մրցատեանն իր գնահատականը կու տար տոլմայի տարբեր տեսակներուն` փառատօնի «Լաւագոյն համ», «Լաւագոյն ձեւաւորում» եւ «Հայկական տոլմա»  անուանակարգերուն մէջ յաղթողները որոշելու համար:

Կը ցնծար մէյտանը: Լէյլա Սարիբեկեանի կողմէ կատարուած հայրենաշունչ, ազգասիրութեամբ ու միասնութեան կոչով  լի երգերը ոգեւորիչ էին, տօնական տրամադրութիւն ստեղծող, շուրջպարի դուրս բերելով ներկաները` մեծէն փոքր:

Այնուհետեւ իրարու յաջորդեցին Երեւանէն ժամանած երգիչ եւ դերասան Արմէն Դալլաքեանի, թիֆլիսահայ մենակատարներ Հենրիխ Պետրոսեանի, Աննա Բադալեանի, Անի Յովհաննիսեանի, Ռուզաննա Միքայէլեանցի երգերն ու տուտուկի, տհոլի կատարումները:

Մրցատեանի որոշմամբ  փառատօնի բոլոր մասնակիցները ստացան  հաւաստագրեր եւ յուշանուէրներ,  անուանակարգերու յաղթողները`  պրոնզէ, արծաթէ եւ ոսկեայ մետալներ:

Ձեռնարկը հայկական լաւաշ հացով, զովացուցիչ ըմպելիքներով եւ փառատօնին անհրաժեշտ այլ պարագաներով ապահոված էին «Բեբոս լաւաշի» (Տատիկի հաց) եւ «Արմենիա» խանութի «VIVA» ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ` անհատ  նուիրատուներ: Վրաստանի հայ կիներու «Շուշանիկ» միութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ վիրահայոց թեմի առաջնորդարանին, հովանաւորներուն, բարերարներուն եւ նուիրատուներուն` փառատօնի իրականացման ցուցաբերուած աջակցութեան համար:

Նախորդը

«HAYQ – Armenian Application» Առաջին Հայկական Եռալեզու Ուղեցոյց Յաւելուածի Շնորհահանդէսը Մոսկուայի Մէջ

Յաջորդը

Եօթը Ծաղիկները

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?