Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կենսատու Աւիշ ԼՕԽ-ի Կամաւոր Բանակին

Մայիս 18, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերոյիշեալ խորագիրով է ահա՛, որ յունուար 2018-ին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպական յանձնախումբին «Թերթիկներու գրքոյկ»-ը:

Գրքոյկ մը, որ կը բաղկանայ հարիւր տասներեք (113) էջերէ եւ կը բովանդակէ ԼՕԽ-ի կազմակերպական յանձնախումբին վերջին քսան տարիներու պատրաստած երեսունվեց (36) թերթիկները, որոնք ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն հրամցուած են մասնաճիւղերու հերթական ժողովներու ընթացքին: Արդարեւ, մեկնելով ԼՕԽ-ի ծրագիր-կանոնագրի 3-րդ յօդուածի Թ. կէտի առաջադրանքէն կազմակերպական յանձնախումբը նախաձեռնած է թերթիկներու պատրաստութեան` սատարելով ՀՕՄ-ի անդամներու միութենական դաստիարակութեան եւ քաջալերելով անոնց մասնակցութիւնը հանրային կեանքին:

Իրենց շօշափած այլազան եւ բազմապիսի թեմաներով սոյն թերթիկները, ընտրուած կամ պատրաստուած` համաձայն օրուան պահանջներուն, կը մնան միշտ այժմէական եւ ազդու` շարունակելու համար իրենց դաստիարակիչ դերը: Հոն կը գտնենք հակիրճ կենսագրականները` Էտկար Ակնունիի, Արշակ Ջամալեանի, Ղազար Չարըգի, Բիւզանդ Քեհիյեանի եւ տոքթ. Վահրամ Փոթուքեանի նման հսկաներու, ազգային գործիչներու, որոնք հիմնած, կերտած եւ իրենց հոգածութեան առարկան դարձուցած են կանացի բարեսիրական այս հսկայ կազմակերպութիւնը: Հոն կը գտնենք նաեւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ ՀՕՄ-ի ծննդոցին եւ կառոյցին մասին, ինչպէս նաեւ` ԼՕԽ-ի պատմականին, թէ ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ հիմնուեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, ե՞րբ ստացաւ պետական ճանաչում, ի՞նչ է անոր դերը լիբանանահայ իրականութեան մէջ, եւ ուրկէ՞ կը բխի անոր յարաճուն կենսունակութիւնը: Կազմակերպական մտահոգութիւնները, նաեւ լայն տեղ գրաւած են այս թերթիկներու շարքին: Հոն տրուած են յստակ բացատրութիւններ` ՀՕՄ-ի ժողովներու տեսակներուն եւ ժողովավարական կանոններուն մասին` ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն միութենական կազմաւորումն ու միութենական դաստիարակութիւնը ապահովելու նպատակով: Տակաւին, այս գրքոյկին մէջ առկայ են հայ թէ օտարազգի գրագէտներու գործեր, որոնք կը ջատագովեն ծառայասիրութեան ազնիւ կոչումը ընդհանրապէս եւ ԼՕԽ-ի մարդասիրական, բարեսիրական առաքելութիւնը` յատկապէս: Միսաք Մեծարենցի «Արդի մարդուն Հայր Մերը, տո՛ւր ինծի, Տէր», Վարդուհի Քուշերեանի «Ժողովուրդին ծառայելու կոչուած ազնիւ կազմակերպութիւնը», Ռիշար Վալոյի «Կամաւորներու աղօթքը», Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Տալու մասին» եւ նմանօրինակ բովանդակութեամբ թերթիկներ իրենց յուզականութեամբ կը գերեն ԼՕԽ-ականի հոգին եւ զայն կը մղեն իր կարողութիւնները, ժամանակն ու սիրտը առաւելագոյն չափով դնելու ի սպաս հայ ժողովուրդի բարօրութեան:

Միութենական մտահոգութիւններուն զուգահեռ, այս թերթիկները միշտ ալ արձագանգած են հայ իրականութիւնը յուզող հարցերուն եւ ԼՕԽ-ականը իրազեկ դարձուցած` իր շուրջի անցուդարձերուն, ինչպէս` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակ, Մայրենի լեզուի օր, 2013-ը` հայ մօր տարի եւ այլն: Հոս անպայմանօրէն պէտք է յիշել Արամ Ա. կաթողիկոսին ստորագրած «Հայ մայրը այսօր նոր մարտահրաւէրներու դիմաց», Հրանդ Տինքի «Ներաշխարհս, որ աղաւնիի նման անհանգիստ է», Շահանդուխտի «Հայոց նորագոյն պատմութիւնը», Մանուկ Մանուկեանի «Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ապրիլ 24-ը դարձաւ Մեծ եղեռնի զոհերու ոգեկոչման օր» կտորները, որոնք հայ ժողովուրդի դարաւոր տառապանքներուն ընդմէջէն կը յայտնաբերեն անոր հոգեմտաւոր արժէքները:

Այս ճոխ եւ օգտաշատ բովանդակութիւնը պարփակուած է ընտիր եւ ներկայանալի կազմուածքի մը մէջ: Կողքին երեսը պատկերազարդուած է ԼՕԽ-ը խորհրդանշող խորիմաստ գծագրութեամբ մը, որ գործն է լիբանանահայ երիտասարդ արուեստագէտ` Սիրուն Սարեանի, իսկ կռնակին տպուած է լիբանանահայ վաստակաւոր գրագէտ եւ կրթական մշակ Բիւզանդ Եղիայեանի գնահատական խօսքերը` ուղղուած ԼՕԽ-ի հասցէին: Գիրքի առաջին էջերուն վրայ տեղադրուած են ԼՕԽ-ի կազմակերպական յանձնախումբին պատրաստած խօսքը, ուր կը բացատրուի գրքոյկի հրատարակութեան նպատակը, նաեւ` ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի խորհրդանշանը, ինչպէս նաեւ` ՀՕՄ-ի քայլերգը:

Հատորին մեկենասութիւնը ստանձնած է ամերիկաբնակ հայորդի մը, որ կը հաւատայ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առաքելութեան: Օրինակելի գործ մը` ազնիւ անձի մը կողմէ, որ համացանցի այս դարուն տակաւին կ՛արժեւորէ գիրքին առթած խորհրդաւոր հմայքը:

Սոյն գիրքը խմբագրած ու հրատարակութեան պատրաստած է Կարօ Յովհաննէսեանը: Երախտարժան եւ արժէքաւոր գործ մը, որ արժանի է զարդարելու իւրաքանչիւր հայու գրադարանը` կենսատու աւիշ ներարկելով ոչ միայն ԼՕԽ-ի կամաւոր բանակին, այլեւ համայն հայութեան, մանաւանդ` նորահաս սերունդին:

ԼՕԽ-ԱԿԱՆ ՄԸ

Նախորդը

Եօթը Ծաղիկները

Յաջորդը

Արհեստագիտական Նորութիւններ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?