ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Նախապէս յօդուածով մը անդրադարձած էի, որ Քալիֆորնիա նահանգը հակամէտ է հրդեհներու եւ երկրաշարժերու: Գրած էի հրդեհներու մասին, սակայն «անտեսած» էի երկրաշարժերը: Հաւանաբար իր «անտեսուած» ներկայութիւնը մեզի յիշեցնելու միտումով ապրիլ ամսուան 5-ին Լոս Անճելըսի մէջ բնութիւնը աննշան, քանի մը երկվայրկեան տեւողութեամբ երկրաշարժ մը «պարգեւեց»: Աննշան երկրաշարժ մը, սակայն նոյնիսկ «անզգաները» զգացին:
Տակաւին գործի վայրս էի, երբ շէնքը երերաց` ալեկոծ ծովու մը վրայ գտնուող նաւու մը տպաւորութիւնը ձգելով: Կողքիս նստող պաշտօնակիցիս կատակելով ըսի.
– Կը բաւէ` գրասեղանս շարժես:
Կատակս չհասկցաւ:
– Երկրաշարժ է,- ըսաւ ցած ձայնով, ուր ակներեւ էր իր վախն ու մտահոգութիւնը:
Շէնքը հազիւ սկսած էր օրօրուիլ, պատասխանատու-վերակացուն ճչաց:
«Անմիջապէս գրասեղաններուն տակը մտէք», սակայն տեւողութիւնը այնքան կարճ էր, որ «աքչխփուկ» խաղալու կարիքը չունեցանք: Փոխարէնը` մեծամասնութեան համար ոսկի առիթ մը եղաւ անմիջապէս դիմելու իրենց բջիջային հեռաձայներուն` պատճառաբանելով, որ իրենց հարազատներուն հետ կ՛ուզեն կապուիլ:
Աւելի ուշ լուրերէն իմացանք, որ ուժգնութիւնը 5,3 տարողութեամբ էր, եւ եթէ նոյն ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը տարբեր երկրի մը մէջ պատահած ըլլար, վստահաբար կրնար աւերներ գործել, սակայն Լոս Անճելըսի բնակարանները տախտակաշէն են եւ մեծամասնութեամբ` միայարկանի, իսկ առեւտրական բարձր շէնքերը այնպիսի ձեւով կառուցուած են, որ «կը գոհանան» օրօրուելով: Չեն «խոնարհիր»:
Բնականաբար աւելի ուժգին երկրաշարժի մը պարագային, կրնան…
Կը նախընտրեմ չմտածել այդ մասին:
Նոյն օրը, Պէյրութ գտնուող բարեկամներէս մէկը, պարզ զուգադիպութեամբ, առանց իսկ տեղեակ ըլլալու մեր քով պատահած երկրաշարժէն, ե-նամակով մը կը հարցնէր.
– Ձեր քով ի՞նչ նորութիւն ունիք:
«Երկրաշարժ» պատասխանս ահ ու դողի մատնեց զինք: Հանգստացուցի` ըսելով, որ մտահոգուելիք ոչինչ կայ, եւ մեզի համար բնական դարձած երեւոյթ մըն է այդ մէկը:
«Հէնց այսպէս ենք ապրում, Լոս Անճելըսում» (Ֆորշ)
***
1994 յունուար 17: Առաւօտեան ժամը 4:30:
Ահաւոր երկրաշարժ մը 6,7 ուժգնութեամբ ցնցեց Լոս Անճելըս քաղաքը: Այդ երկրաշարժին տրուեցաւ «Նորթրիճի երկրաշարժը» անունը:
Կեդրոնը Նորթրիճ քաղաքին մէջ կը գտնուէր: Տեւողութիւնը մօտաւորապէս 10-20 երկվայրկեան էր, ինչ որ բաւական երկար կարելի է համարել նման ուժգնութեամբ երկրաշարժի մը համար:
Նորթրիճ քաղաքը բնակարանէս շատ հեռու չէ, սակայն բարեբախտաբար մասնաւոր վնասներու չենթարկուեցաւ տունս: Պարտէզիս ցանկապատը փուլ եկաւ, քանի մը սենեակներու պատերուն վրայ փոքրիկ ճեղքեր եւ… այդքանով «ազատեցայ»:
Երկրաշարժի ժամանակ անկարելի է նկարագրել բոլորիս վախը: Ցնցումէն աւելի` աղմուկն էր, որ սոսկում կը պատճառէր. կու գար հողին տակէն եւ այն տպաւորութիւնը կը ձգէր, որ գետինը պիտի բացուի եւ մեզ կուլ պիտի տայ, կամ` եօթը գլխանի հրէշ մը կը գտնուի մեր մօտերը:
Հաւատացեալ կինս սկսած էր աղօթել, իսկ ես շուարած, վստահ չէի` տունէն դո՞ւրս գամ, թէ՞ տանը մէջ մնամ դռներու միջեւ, ինչպէս մեզի սորվեցուցած էին գործատեղիներուն մէջ: Շատ բան սորվեցուցած էին, սակայն այդ վայրկեանին մեր բոլոր գիտելիքները ցնդած էին: Կը նմանէինք աշակերտներու, որոնք իրենց լաւ պատրաստած դասը ամբողջութեամբ կը մոռնան քննութիւններու ժամանակ ու… կը ձախողին:
Ելեկտրականութիւնը անմիջապէս ընդհատուեցաւ, ինչպէս նաեւ` հեռաձայնային կապերը: Բջիջային հեռաձայները տակաւին չէին ընդհանրացած: Իմ եւ կնոջս հարազատները իրարմէ շատ հեռու չեն բնակիր, սակայն իրարմէ ամբողջովին կտրուած էինք: Ամէնուրեք հրշէջներու ինքնաշարժներու ահազանգերը կը լսուէր, ինչ որ ենթադրել կու տար, որ հրդեհներ ծագած են: Կը լսուէր նաեւ հիւանդատար կառքերու ճչակներու ձայնը: Վիրաւորներ կը փոխադրէին հիւանդանոց:
Հարազատներու հետ կապուելու միակ միջոցը իւրաքանչիւրին տունը կարգով այցելելն էր: Այդպէս ալ ըրինք:
Փողոցները ամայի էին: Մարդ չէր համարձակեր տունէն դուրս գալ, եւ մենք մեր «ծխական» այցելութիւնները կու տայինք:
Փլատակներէ աւելի` կը հանդիպէինք հրդեհներէ վնասուած բնակարաններու, որոնք շատ հաւանաբար ելեկտրական խանգարումներու պատճառով յառաջացած էին:
Բարեբախտաբար մեր հարազատները լուրջ վնասներ չէին կրած: Պատերուն վրայ ճեղքեր եւ` քանի մը փշրուած ապակեղէն:
Յաջորդ օր ելեկտրականութիւն ունեցանք, եւ հեռաձայնային կապերը վերահաստատուեցան:
Տասնեակներով հեռաձայներ ստացանք, նախ` տարբեր նահանգներու մէջ գտնուող մօտիկ բարեկամներէ, իսկ աւելի ուշ` Պէյրութ գտնուող հարազատներէ:
Ամէնքը մտահոգ էին: Հեռատեսիլէն այնպիսի նկարներ ցոյց կու տային, որ կարծես Լոս Անճելըսը հիմնայատակ կործանած ըլլար: Ամերիկեան լրատուական միջոցներու մասնագիտութիւնն է չափազանցուած լուրերու հաղորդումը:
Այս անգամ` «ազատեցանք»:
Ո՛չ ոք կրնայ վստահեցնել` իսկապէ՞ս ազատած ենք, թէ՞ ոչ:
Փաստուած իրողութիւն մըն է, որ Լոս Անճելըսը կը սպասէ շատ աւելի ուժգին երկրաշարժի մը: The big one, ինչպէս կ՛ըսեն ամերիկացիք: Դպրոցներու եւ գործատեղիներու մէջ յաճախ դասընթացքներ կը տրուին` վերյիշեցնելու, թէ ի՛նչ պէտք է ընել երկրաշարժի մը պարագային: Բոլորիս բաժնած են մասնաւոր ծրարներ, որոնք պէտք է օգտագործել աղէտէն ետք ողջ մնացած, սակայն շէնքի մը փլատակներու տակ բանտարկուած մնալու պարագային:
***
Բնական աղէտներով լեցուն վայր մըն են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները:
Մեր քով` Ամերիկայի Արեւմտեան ափը, հրդեհներու եւ երկրաշարժի վախը միշտ առկայ է:
Արեւելեան ափի ցուրտ կլիման եւ ձիւնամրրիկները սովորական դարձած են: Այդ շրջանի բնակիչները վարժուած են: Չեն գանգատիր:
Հաուայեան կղզիներու մէջ յաճախակիօրէն ժայթքող հրաբուխները բնական երեւոյթ դարձած են:
Կեդրոնական բաժինը հակամէտ է պտուտահողմերու (tornado): Ամէն տարի հարիւրաւոր փոթորիկներ տեղի կ՛ունենան, որոնց արագութիւնը կրնայ հասնիլ ժամական մինչեւ 300 մղոնի (460 քմ): Արմատախիլ կ՛ընեն հսկայ ծառեր, հիմնովին կը քանդեն տախտակաշէն բնակարաններ: Կանգնած ինքնաշարժներ «կ՛աւլեն» ու կը տանին:
Բնակարանները բոլորը անխտիր օժտուած են ստորերկրեայ բաժինով մը: Աղէտներու ժամանակ հո՛ն կ՛ապաստանին:
Պտուտահողմերու տեւողութիւնը կրնայ ժամեր երկարիլ, մինչ երկրաշարժերը քանի մը երկվայրկեանի մէջ կրնան շատ աւելի մեծ աւերներ գործել:
Երկրաշարժը առանց «ժամադրութեան» կ՛այցելէ: Պտուտահողմերը աւելի «քաղաքավար» են: Նախքան իրենց այցը` կը տեղեկացնեն:
«Ճամբայ ելած ենք արդէն: Պատրաստուեցէ՛ք»:
Մարդիկ քանի մը ժամ առաջ ինքնապաշտպանութեան պատրաստութիւններ կը տեսնեն: Դռներուն ու պատուհաններուն տախտակներ կը գամեն: Աւազի տոպրակներ կը զետեղեն պաշտպանուելու համար յորդառատ անձրեւներէն, կը մտնեն իրենց տան «խոր վիրապը» ու… կը սպասեն, իսկ երբ փոթորիկներու աւարտին դուրս ելլեն իրենց ապաստանարաններէն, շատ յաճախ աննկարագրելի տեսարան մը կը պարզուի իրենց աչքերուն դիմաց: Քանդուած բնակարաններ: Պատերազմ տեսած քաղաք մը ըլլայ կարծես:
***
Ամերիկա մնայուն պատերազմի մէջ է բնութեան դէմ: Նաեւ պատերազմի մէջ է երկրագունդի տարբեր երկիրներու մէջ` հեռու իր սահմաններէն:
Առաջինի պարագային նախայարձակը, նաեւ յաղթականը եղած է մի՛շտ բնութիւնը: Երկրորդի պարագային, նախայարձակը դարձեալ Ամերիկան է:
Պատրուակներ կը հնարէ ու կը յարձակի մեծամասնութեամբ բնական հարստութիւններով հարուստ երկիրներու վրայ: Կը յարձակի յանուն «մարդկութեան» եւ քար ու քանդ կ՛ընէ երկիրներ: Բազմահազար անմեղ զոհերու պատճառ կը դառնայ: Կը սպաննուին նաեւ իր զինուորներէն, սակայն այդ մէկը բնաւ չի յայտարարուիր: Մի՛շտ «յաղթական» դուրս կու գայ եւ ամօթահար ետ կը քաշէ իր զինուորները: Իր երկիրը կը լեցուի «պարտուած» երկիրներու գաղթականներով:
Կասկածէ վեր է, որ Ամերիկա հզօր գերպետութիւն մըն է:
«Իրաւունքը զօրաւորին է», եւ բնութիւնը ամենահզօրն է, որուն դիմադրելու անկարող են նոյնիսկ գերպետութիւնները:
Շատ հաւանաբար Ամերիկայի աշխարհագրական դիրքին պատճառով է, որ հոն տեղի կ՛ունենան յաճախակի բնական աղէտները: Շատեր այդ աղէտները կը վերագրեն Ամենակալէն ղրկուած «պատիժ»-ի եւ կը նմանցնեն Ջրհեղեղի աւանդութեան: «Աստուած կը պատժէ այս անաստուած երկիրը»:
Ես անձնապէս ծիծաղելի կը գտնեմ նման արտայայտութիւններ: Եթէ այդ մէկը իրականութեան համապատասխանէր, ներկայիս ո՛չ Թուրքիա պէտք էր մնար, ո՛չ ալ թուրք ժողովուրդ:
Աշխարհի ամենատանջուած, կոտորուած ազգն ենք: Ցեղասպանութիւն գործուեցաւ մեր ազգին դէմ, եւ կարծես այդ մէկը բաւարար չըլլար, 1988-ի դեկտեմբեր 7-ին ահռելի երկրաշարժ մը հազարաւոր անմեղ զոհեր խլեց: Վստահաբար հայ ազգը արժանի չէ նման «պատիժներու»:
«Ի՞նչ էր մեր յանցանքը, գործած «ոճիրը»:
Ոճի՞ր էր լոյսի զաւակ, ԼՈՅՍ կ՛աղաղակէինք ու չէինք ուզեր հաշտուիլ խաւարին հետ»:
(Գերապայծառ Սահակ Կոգեան)
Լոս Անճելըս, 2018