Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Երեւանի Հիմնադրման 2800-ամեակի Ձեռնարկներուն Նուիրուած Yerevan2800.Am Կայքը Կը Սկսի Գործելու
«Երեւան 2800» մշակութային հիմնարկին կողմէ պատրաստուած եւ սկսած է գործելու Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի ձեռնարկները ծանուցող պաշտօնական կայքը` Yerevan2800.am-ը (https://www.yerevan2800.am/hy) :
«Երեւան 2800» մշակութային հիմնարկը կը տեղեկացնէ, որ կայքին վրայ պիտի տեղադրուին «մայրաքաղաքի հիմնադրման յոբելեանին առնչուող բոլոր նորութիւնները, պիտի լուսաբանուին նախատեսուած ձեռնարկները: Արդէն գործելու սկսած է կայքի նորութիւններուն բաժինը: Մօտ օրերս պիտի գործարկուին նաեւ միւս բաժինները, որոնց մէջ պիտի ներկայացուին Երեւանի ստեղծման եւ հազարամեակներու պատմութեան ժամանակագրութիւնը, հիմնադրման 2800-ամեակի տօնական ձեռնարկներուն օրացոյցը: Yerevan2800.am-ին մէջ կ՛ընդգրկուին նաեւ հարցազրոյցներ` յայտնի երեւանցիներու հետ, հետաքրքրական պատմութիւններ, ակնարկներ Երեւանի մասին: Կայքը պիտի ունենայ նաեւ ներարական բաժին, ուր պիտի գործէ շատերու կողմէ սիրուած հարցարարի (քուիզ) ձեւաչափը»:
Նշենք, որ Yerevan2800.am-ը պիտի գործէ չորս լեզուներով` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն:
Շուշիի Մէջ Հայկական Դրամի Թանգարան Բացուած Է
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան աջակցութեամբ, Շուշիի մէջ տեղի ունեցած է հայկական դրամի թանգարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուած են Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը եւ Հայաստանի նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Անոնք ծանօթացած են ցուցադրուած նմուշներուն:
Շուշիի դրամի թանգարանին մէջ ցուցադրութեան դրուած է հին հայկական` Ծոփքի հայոց թագաւորութեան, Արտաշիսեան տոհմի` Տիգրան Մեծի, Արտաւազդ 2-րդի, Կիլիկեան Հայաստանի, Ռուսական կայսրութեան եւ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջաններու մետաղադրամներ եւ թղթադրամներ:
Թանգարանին մէջ առանձնայատուկ տեղ յատկացուած է Արցախին նուիրուած ցուցադրութեան, ուր ներկայացուած են Տիգրանակերտէն յայտնաբերուած մետաղադրամներ, Շուշի քաղաքին մէջ 18-րդ դարու վերջը եւ 19-րդ դարու սկիզբը գործած դրամահատարանին մէջ հատուած արծաթէ մետաղադրամներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կողմէ տարբեր տարիներու հրապարակուած յուշադրամներ` նուիրուած Արցախին:
Շուշիի Հայկական դրամի թանգարանի պատասխանատու, Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան դրամագէտ Գէորգ Մուղալեանը ըսած է, որ թանգարանին առաքելութիւնը հայկական դրամագիտութեան եւ դրամաշրջանառութեան պատմութեան բազմաթիւ թղթադրամներու, մետաղադրամներու, յուշադրամներու, յուշամետալներու, ներառեալ եզակի նմուշներու եւ հաւաքածուներու ներկայացումն է` սկսեալ հայկական առաջին դրամներէն, մինչեւ ժամանակակից նմուշներ:
«Շուշիի Հայկական դրամի թանգարանը կարելիութիւն պիտի տայ այցելուներուն` ծանօթանալու հայկական դրամաշրջանառութեան հարուստ պատմութեան, ինչպէս նաեւ` պատկերացում կազմելու ելեւմտական եւ դրամատնային համակարգի զարգացման մասին: Թանգարանին մէջ ներկայացուած է 700 մետաղադրամ եւ թղթադրամ, որոնցմէ ամէնէն հինը Աղեքսանդր Մակեդոնացիի արծաթէ մետաղադրամն է, որ գտնուած է Հայաստանի տարածքէն եւ կը թուագրուի ՆՔ 4-րդ դարու վերջէն», ըսած է Գ. Մուղալեանը եւ` աւելցուցած, որ անիկա Արցախի եւ Հայաստանի տարածքին իր տեսակին մէջ եզակի է:
Նշենք նաեւ, որ թանգարանի բացման ներկայ եղած են նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու պետական եւ ռազմական բարձրաստիճան պատասխանատուներ եւ հիւրեր:
«Յովնանեան» Հիմնադրամը 100 Հազար Տոլար Կը Յատկացնէ Հայաստանի Մէջ 10 Ընտանիքներու Բնակարանային Կարիքներու Համար
«Հրայր եւ Աննա Յովնանեան հիմնադրամ»-ը 100 հազար տոլար նուիրած է «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ին, որ ուղղուած է Հայաստանի տասը համայնքներու մէջ բնակող տասը ընտանիքներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման:
«Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ը այս տարի կը տօնէ իր գործունէութեան` տան կարիք ունեցող ընտանիքներու պարզ, յարմարաւէտ եւ մատչելի բնակարաններով ապահովելու գործի տասը տարին եւ արշաւ յայտարարած էր` մինչեւ տարեվերջ կառուցելու նախատեսուածէն տասը յաւելեալ տուներ` տասը տնազուրկ ընտանիքներու համար:
«Յովնանեան» հիմնադրամին առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ` այդ ընտանիքները պիտի ունենան ո՛չ միայն բարեկարգ բնակարաններ, այլեւ` ապագայի նկատմամբ վերածնած յոյս եւ մարդկութեան նկատմամբ նորոգուած հաւատք:
«Մեր կազմակերպութեան գործունէութեան 10 տարիները եղած են ուրախութեան արցունքներու, երազանքներու իրականացման տարիներ` աւելի քան 630 ընտանիքի համար», կ՛ըսէ «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի (www.fcharmenia.org) նախագահ Աշոտ Եղիազարեանը:
Յիշեցնենք, որ «Հրայր եւ Աննա Յովնանեան հիմնադրամ»-ը հիմնուած է 1986-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ, իսկ Երեւանի մէջ կը գործէ 12 տարիէ ի վեր:
Մայիսեան Հերոսամարտերու Եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով Էջմիածինի Մէջ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանը եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը մայիս 22-ին կը հրաւիրեն գիտաժողովի` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին` «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ ու հոգեւորականութեան դերակատարութիւնը հայոց պետականութեան կայացման գործին մէջ (1918-2018 թուականներուն)» խորագրով:
Հաղորդենք, որ գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ: Զեկուցումները պիտի հրատարակուին «Էջմիածին» ամսագիրին մէջ եւ առանձին ժողովածուով:
ԹՈՒՄՕ-ի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախի Զբօսաշրջութեան Նոր Քարտէսը
Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան կողմէ պատուիրուած Արցախի մասին պատմող Ինֆոկրաֆիքի աշխատանոցի ցուցադրութիւնը: Քարտէսը մշակուած է յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Ստեփանակերտին եւ Շուշիին` նկատի ունենալով զբօսաշրջիկներու կողմէ այդ քաղաքներուն հանդէպ գոյութիւն ունեցող հետաքրքրութիւնը:
Ըստ «Արցախփրես»-ի, աշխատանոցը իրականացնելու նպատակով Միացեալ Նահանգներէն Արցախ եկած է գծագրիչ-ձեւաւորող Անի Ճաֆերեանը:
Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ-ի ղեկավար Կորիւն Խաչատուրեան յայտնեց, որ նախագիծին վրայ սկսած են աշխատելու 2017-ի ամրան:
«Աշխատանոցը ընթացաւ երկու փուլով: Առաջինը տեղի ունեցաւ անցեալ տարուան սեպտեմբերին` Մոսկուայէն եկած դասընթացավար Արամ Միրզոյանցի կողմէ, որ մինչ այդ Երեւանի եւ Դիլիջանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոններուն մէջ վարած էր ծրագրաւորման դասընթացք: Ստեփանակերտի մէջ ան արցախցի ուսանողներու հետ պատրաստեց Արցախի, Ստեփանակերտի եւ Շուշիի նոր քարտէսները: Անիկա վերջնական տեսքի բերելու համար ալ այս տարուան մարտին տեղի ունեցաւ Անի Ճաֆերեանին աշխատանոցը: Ծրագիրին մասնակցեցան 22 ուսանողներ: Մեզի համար շատ կարեւոր էր որակ ապահովելը, որպէսզի տեսանելի ըլլայ ուսանողներու կողմէ կատարուած աշխատանքը, եւ պատուիրատուն գոհ մնայ: Այս մէկը ԹՈՒՄՕ-ի 29-րդ աշխատանոցն էր Ստեփանակերտի մէջ», պատմեց Կ. Խաչատուրեանը:
Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան նախագահ Արտակ Գրիգորեան իր հերթին տեղեկացուց, որ թէեւ Արցախի զբօսաշրջութեան քարտէսներ մինչ այդ կային, սակայն այս մէկուն մէջ ներառուած են նոր ենթակառուցուածքները:
«Համոզուած էինք, որ ԹՈՒՄՕ-ն որակեալ արտադրանք պիտի տայ: Արդիւնքը տեսանելի է, եւ ունինք նոր` արդիականացած քարտէս: Բացի գեղագիտական հաճելի տեսքէն` քարտէսը ունի նաեւ գործնական նշանակութիւն: Մօտ ժամանակներս անիկա պիտի տպագրուի օֆսեթ տարբերակով եւ պիտի բաժնուի տեղեկատուական կեդրոններուն եւ անցակէտերուն մէջ: Նպատակը այն է, որ զբօսաշրջիկը իմանայ իր տեղը, նաեւ` այն զբօսաշրջավայրերը, ուր կը փափաքի այցելել: Քարտէսը պիտի ունենայ նաեւ իր առցանց տարբերակը», ըսաւ Գրիգորեանը:
Աշխատանոցի դասընթացավար Անի Ճաֆերեանը յայտնեց, որ գործ ունէր տաղանդաւոր ուսանողներու հետ: Ըստ անոր, ասիկա իր առաջին աշխատանոցն էր ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մէջ, որ եղաւ արդիւնաւէտ եւ յաջող:
«Գերմանիա» Օդանաւային Ընկերութիւնը Հայկական Շուկայ Կը Մտնէ
Գերմանական «Գերմանիա» (Germania) օդանաւային ընկերութիւնը Հայաստանի կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական թռիչքներու գլխաւոր վարչութեան դիմում ներկայացուցած է` Պերլին-Երեւան-Պերլին երթուղիով կանոնաւոր թռիչքներ իրականացնելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի քաղաքացիական թռիչքներու գլխաւոր վարչութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ ուղիղ օդային կապ հաստատելու շուրջ քննարկումները սկսած էին 2016-ի ամրան, երբ գլխաւոր վարչութեան նախագահ Սերգէյ Աւետիսեանը տեսակցութիւն ունեցած է «Գերմանիա» օդանաւային ընկերութեան եկամուտներու կառավարման եւ երթուղիներու ցանցի զարգացման տնօրէն Քլաուս Ալետենպուրկին եւ ընկերութեան շուկայադրումը կառավարող Ֆլորիան Ստահլին հետ:
Տեղեկացնենք, որ Պերլին-Երեւան-Պերլին երթուղիով թռիչքներու մեկնարկը կը տրուի 16 յունիսին: Թռիչքները կ՛իրականացուին շաբաթը անգամ մը:
Էլթըն Ճոն Բարեսիրական Առաքելութեամբ Մը Հայաստան Պիտի Այցելէ
Մայիսի վերջերը Հայաստան պիտի գայ անգլիացի նշանաւոր երգիչ եւ երգահան Էլթըն Ճոն:
Հաղորդենք, որ այցելութիւնը կազմակերպուած է լսողութեան դժուարութիւն ունեցողներու օժանդակող ամերիկեան «Սթարքի» բարեսիրական հաստատութեան նախաձեռնութեամբ:
Աւելի Քան 300 Արեւային Կայաններ Արդէն Միացուած Են Ցանցին
Հայաստանի մէջ մինչեւ 500 քիլովաթ հզօրութեամբ 314 արեւային կայաններ միացուած են ելեկտրական ցանցին, իսկ 85-ը միացման փուլին մէջ է: Կայաններու ընդհանուր հզօրութիւնը 5,2 մեկավաթ է:
Յայտնենք, որ Հայաստանի մէջ սկսած է ելեկտրական ուժանիւթի շուկայի ազատականացման գործընթացը, ստեղծուած է արեւային վահանակներու տեղական արտադրութիւն:
1 Միլիոն Տպաքանակով Հայաստանի Մասին Չինարէնով Զբօսաշրջութեան Նիւթ Կը Հրապարակուի
Հայաստանի զբօսաշրջութեան գրաւչութեան մասին չինարէնով լայնածաւալ նիւթ հրապարակուած է «Նէյշընըլ ճիոկրաֆիք թրավըլըր Չայնա» պարբերականին մէջ, որուն ընդհանուր տպաքանակը 1 միլիոնի կը հասնի:
Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ արձանագրած է Սոնա Սահակեանը, որուն հրաւէրով Հայաստան ժամանած է պարբերականի գլխաւոր խմբագիրը:
«Ես շատ հպարտ եմ` տարածելով առաջին յօդուածը Հայաստանի մասին, իբրեւ զբօսաշրջութեան ուղղութիւն «Նէյշընըլ ճիոկրաֆիք թրավըլըր Չայնա» -ի մէջ: Եւ ասիկա միայն սկիզբն է», կը գրէ Սոնա Սահակեանը:
Հայաստանի Զբօսաշրջիկներուն Պիտի Սպասարկեն Նաեւ Ուղղաթիռները
Շուտով Հայաստանի զբօսաշրջիկները պիտի կարենան օգտուիլ ուղղաթիռներու սպասարկութենէ:
Հայաստանի կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական թռիչքներու գլխաւոր վարչութենէն ստացուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ` «Անհրաժեշտ ներդրումներու ապահովման, Հայաստանի օդակայաններու մէջ ուղղաթիռներու սպասարկման համար արդիւնաւէտ պայմաններու ստեղծման նպատակով շահագրգիռ կողմերու հետ տարուած աշխատանքին իբրեւ արդիւնք` Հայաստանի մէջ հիմնադրուած «Արմինիըն հելիքոփթերզ» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւնը արդէն օդանաւ շահագործողի վկայական ստանալու դիմումնագիր ներկայացուցած է Հայաստանի կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութիւն: Ընկերութեան գործունէութիւնը խթանելու նպատակով, Հայաստանի կառավարութեան 2018 թուականի ապրիլ 19-ին որոշմամբ, «Արմինիըն Հելիքոփթերզ» ընկերութիւնը անհրաժեշտ սարքաւորումներու ներկրման համար կ՛օգտուի մաքսային արտօնութիւններէն:
Յառաջիկային Հայաստանի քաղաքացիները եւ Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկները կարելիութիւն պիտի ունենան ամերիկեան Ռոպինսըն Ռ66 եւ եւրոպական Էրպաս – Ի. Սի. 130 Թի.2 ուղղաթիռներով շրջագայելու ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ Հայաստանէն դուրս:
Ընկերութիւնը կը նախատեսէ յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին իրականացնել շուրջ 10 միլիոն տոլարի ներդրում եւ ստեղծել նոր աշխատատեղեր: