Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Բագին» Գրական Հանդէսի Վերջին Երկու Տարիները

Մայիս 16, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Արդէն երկու տարի է Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսը լոյս կը տեսնէ նոր  խմբագրական կազմով մը` գլխաւոր խմբագիր` Սոնիա Քիլեճեան-Աճեմեան, փոխխմբագիր` Նորա Բարսեղեան, խմբագրական խորհուրդ` Քրիստիան Բատիկեան, Մարուշ Երամեան, Վիգէն Թիւֆենքճեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Աւետիս Հաճեան, Վարդան Մատթէոսեան, Շաղիկ Մկրտիչեան, Արքեմնիկ Նիկողոսեան, Արամ Պաչեան, Սեւան Տէյիրմենճեան, Միրնա Տուզճեան եւ Յարութիւն Քիւրքճեան: Ձեւաւորումը վստահուած է  Անուշ Ակներեանին, իսկ էջադրումը` Գօգօ Հաւանճեանին:

Խմբագրութեան անդամները  երէց եւ  երիտասարդ սերունդի  գրողներ են, որոնք  նոր շունչով, նոր մօտեցումներով  եւ նոր տեսիլքով սկսան հրատարակութեան տալ «Բագին»-ը:

Լոյս տեսած են արդէն  2016-ի եւ  2017-ի թիւերը`  եռամսեայ հերթականութեամբ, ընդամէնը`  7 թիւ (2016-ի առաջին երկու թիւերը` միացեալ,  նուիրուած` Գրիգոր Պըլտեանին):

Նախքան որեւէ խօսք ըսելը` անհրաժեշտ է քանի մը հաստատումներ կատարել:

Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսը արդէն 57 տարիներէ ի վեր լոյս կը տեսնէ եւ ստեղծած է վաստակ մը, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ: Կուտակուած է պատկառելի արխիւ, որ հայ գրականութեան  20-րդ դարու  ստեղծագործութիւններու կարեւոր շտեմարան  մը կը նկատուի:

Յատկապէս 20-րդ դարու երկրորդ կէսին համար «Բագին»-ը բեմը եղած է հայ գրականութեան թէ՛ սփիւռքահայ, թէ՛ հայրենի գրողներուն: Շատ մը կարեւոր հրատարակութիւններ առաջին անգամ «Բագին»-ով հրամցուած են մեր ժողովուրդին: Այս պատճառներով «Բագին»-ը արդարօրէն տիրացած է բարձր գնահատանքի` դառնալով Համազգային մշակութային միութեան կարեւոր իրագործումներէն մէկը:

Հաւատալով անոր կարեւոր առաքելութեան` Համազգայինի իրերայաջորդ կեդրոնական վարչութիւնները ամէն  ջանք ի գործ դրած են «Բագին» գրական հանդէսը անընդմէջ հրատարակելու,  նոյնիսկ երբ հետաքրքրութիւնը նուազած է հայ գրականութեան հանդէպ, եւ բաժանորդներու թիւը անհամեմատօրէն անկում կրած է…

«Բագին»-ի վերջին երկու տարիներու 8-ը թիւերու ընթերցումը ընթերցողը կը փոխադրէ  գրական նոր հարթակ մը, ուր տիրական են հայ գրականութեան վերջին շրջանի գրողներու ստեղծագործութիւնները` առանց մոռացութեան տալու մեր անցեալի գրական աւանդը:

Արդիական շունչ մը կը փչէ «Բագին»-ի էջերէն:

Կը ներկայացուին    գրողներ, որոնք հայ գրականութեան վերջին տասնամեակներու ստեղծագործողներ են: Եթէ անոնցմէ ոմանք արդէն հանրածանօթ գրողներ են (Զարեհ Որբունի, Վահէ Օշական, Գրիգոր Պըլտեան, Մարուշ Երամեան, Փանոս Ճերանեան, Յարութիւն Պէրպէրեան…) եւ ունին շատ մը հրատարակուած հատորներ, ուրիշներ «Բագին»-ի ընթերցողներուն  նուազ ծանօթ  անուններ  են  (Զաւէն Պիպեռեան, Թենի Արլեն, Անահիտ Սարգիսեան, Արամ Պաչեան, Արամ Մամիկոնեան, Հրայր Անմահունի, Ճեսսի Արլեն, Գէորգ Փալանճեան, Աննա Արզումանեան, Յասմիկ Սիմոնեան, Քրիստիան Բատիկեան, Թամար Պոյաճեան…): Կան նաեւ շատ աւելի երիտասարդները` իրենց գրական առաջին քայլերով (Հրակ Փափազեան, Անուշ Ակներեան, Գարոլինա Սահակեան…):

Ուրեմն, «Բագին»-ը հաւատարիմ  իր առաքելութեան` կը կամրջէ հայ գրականութեան վերջին երեք սերունդներու սպասարկուները`  թերթը հետաքրքրական դարձնելով բոլորին համար, ստեղծելով գրական իր այլազանութեամբ եւ արդիականութեամբ յատկանշուող հարուստ եւ  բաբախող  բեմ մը:

Հաւատարիմ նաեւ  իր անցեալի գրական ճանապարհին` խմբագրութիւնը կը շարունակէ լայն տեղ տալ գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու` հիներու կողքին (Անահիտ Տէր Մինասեան,Վարդան Մաթէոսեան, Մարկ Նշանեան, Յարութիւն Քիւրքճեան, Վրէժ-Արմէն…) տեղ տալով նաեւ նոր վերլուծաբաններու (Կարօ Յովհաննէսեան, Վիգէն Թիւֆենքճեան, Միհրան Մինասեան, Կարէն Ջալլաթեան, Րաֆֆի Աճեմեան, Յակոբ Կիւլիւճեան, Թագուհի Ղազարեան, Դալար Շահինեան, Ճենիֆր Մանուկեան, Նորվան արք. Մանուկեան, Աւետիս Հաճեան, Թագուհի Ղազարեան, Նաթալի Նազիկ Գարամանուկեան, Սիրանուշ Դւոյեան, Սեւան Տէյիրմենճեան…):

Կը ներկայացուին նաեւ շարք մը նոր անուններ, ինչպէս` Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (ծանօթ` իր  հրապարակագրական յօդուածներով), Խաչիկ Տէտէեան, Թենի Արլեն…

Ինչպէս կարելի է նկատել, «Բագին»-ի խմբագրութիւնը իր հովանիին տակ  յաջողած է համախմբել հայ գրականութեամբ ապրող եւ ստեղծագործող հոյլ մը գրողներ, որոնք ունին` տարբեր տարիք, տարբեր մասնագիտութիւն եւ մանաւանդ տարբեր տեսիլք: Այս է պատճառը, որ գրական թերթը հարուստ է այլազանութեամբ, տարբեր ոճերով եւ տարբեր նիւթեր շօշափող գրութիւններով:

«Բագին»-ի տարբեր թիւերը ունին նաեւ տարբեր  շեշտաւորումներ: Եթէ առաջին երկու թիւերը նուիրուած են Գրիգոր Պըլտեանի գրականութեան, չորրորդը լուսարձակի տակ կը բերէ Զարեհ Որբունին, մինչ վեցերորդը կը ներկայացնէ պոլսահայ գրող Զաւէն Պիպեռեանը, իսկ եօթներորդ եւ ութերորդ թիւերուն մէջ տիրական ներկայութիւն է սփիւռքահայ եզակի գրող Վահէ Օշականը:

Ակներեւ են նաեւ թերթին տեսքն ու ձեւաւորումը, որոնք համահունչ են «Բագին»-ի նոր տեսիլքին:

Եւ այսպէս, հայ գրականութեամբ ապրող խումբ մը նուիրեալներ կ՛աշխատին վառ պահել «Բագին»-ի կրակը` հակառակ արդի կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն: Կը մնայ մաղթել, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը շարունակէ հովանաւորել «Բագին»-ի հրատարակութիւնը` հակառակ առկայ բոլոր դժուարութիւններուն:

11 մայիս 2018                                                        
Մուսա լեռ-Այնճար

Նախորդը

10 Տարի` Յստակ Առաքելութեամբ Ու Արդիւնաւէտ Աշխատանքով

Յաջորդը

Նիկոլ Փաշինեանի Ծրագրային Ելոյթը Ազգային Ժողովին Մէջ

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?