Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ազգի մը անկախութիւնը կ’ենթադրէ իր հայրենիքին մէջ, ուր իր նախահայրերը ապրած են եւ` մշակոյթ ստեղծած, ինքզինք կառավարելու անկաշկանդ իրաւունք:
Անցեալին անկախութիւնը կ’ըմբռնուէր որպէս իշխողին, իշխանին, թագաւորին անսահմանափակ ազատութիւնը եւ իրաւունքը` իր տիրոյթի սահմաններուն մէջ, շնորհուած աստուածային կամքով. վեհապետութիւն:
Կայսրութեան մը մէջ բռնութեամբ ներառուած երկիր մը, ինքնակառավարման եւ վեհապետական անսակարկելի իրաւունքները զիջած կ’ըլլայ այլ վեհապետական իրաւունքի, նոյնիսկ երբ պահուին տեղական իշխանութիւններ` ենթակայ Վեհապետ-ի (երկիր կամ իշխան), օրինակ` Պարսկական եւ Բիւզանդական Հայաստանները, Արեւմտահայաստանը` օսմանեան տիրապետութեան տակ, Արեւելահայաստանը` ցարական կամ խորհրդային:
Այս` ինքնակառավարման հարցով:
Իրաւ անկախութիւնը կ’ենթադրէ նաեւ հիմնական այլ սկզբունք մը. ազգային հողամասի ամբողջութեան տիրութիւնը: Երկրի մը սահմաններէն ներս կ’ապրի ժողովուրդ մը, որ կը տնօրինէ ինք իր եւ հողամաս-հայրենիքին ճակատագիրը: Այս է գերիշխան պետութիւնը` ընդունուած եւ ճանչցուած հողամասի մը վրայ, որ ազգ է, ազգ կը պահէ, կ’ունենայ բանակ` պաշտպանուելու համար արտաքին սպառնալիքներու եւ անբարեացակամութիւններու դէմ, որոնք «Մարդը մարդուն գայլն է»-ի տիրող մարդկային յարաբերութիւններու անբարոյութեան հետեւանք են:
Մեծ պետութիւնները, կայսրութիւնները, գաղութարարները, տիրապետուած ժողովուրդներու, ազգերու, հայրենիքներու ինքնակառավարման եւ անկախութեան ցանկութիւնը դատապարտելի գտած են եւ համարած են անջատողականութիւն, իրենց հողային ամբողջականութեան եւ վեհապետական իրաւունքին դէմ ոտնձգութիւն, հետեւաբար անոր դէմ պաշտպանութիւնը` ընդունելի եւ օրինական: Այսինքն ազատագրութեան եւ իրաւունք վերականգնելու միտումները ուզած են ճզմել:
Այսպէս, իրենց սահմաններէն դուրս տարածուած մեծ պետութիւններու հողային ամբողջականութեան ըմբռնումը եւ ժողովուրդներու եւ հայրենիքներու ինքնորոշման իրաւունքը կը հակադրուին: Հազարաւոր մղոններ Անգլիայէն հեռու գտնուող Հնդկաստանը կը պատկանէր Անգլիոյ թագին, Ալճերիան կը համարուէր ֆրանսական նահանգ: Շրջանին մէջ պատմութիւն եւ բնակութիւն չունեցող ներխուժողներ Արեւմտահայաստանը դարձուցած են իրենց երկիրը, իրենց ազգին, մշակոյթին եւ պատմութեան հետ կապ չունեցող Կոստանդնուպոլիսը` Իսթանպուլ եւ իրենց կայսրութեան մայրաքաղաքը:
Այս կացութիւնները կը բացատրեն ազատագրական պայքարները եւ ապագաղութարարութիւնը, որոնք տիրողին կողմէ կը համարուին անջատողականութիւն:
Մէկ հատիկ մարդկային օրէնք եւ բարոյական սկզբունք կարելի՞ է գտնել` բացատրելու եւ արդարացնելու համար, որ Անին թրքապատկան ըլլայ, Կոստանդնուպոլիսը թրքապատկան ըլլայ:
Միջազգային օրէնքները, ժողովրդավարութիւնը եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը տեւական հակասութեան մէջ են, որուն պատճառով կը գումարուին անվերջանալի ժողովներ, տեղի կ’ունենան բանակցութիւններ: Իրաւունքը մեկնաբանութեան հարց չէ, այլ` ճշմարտութեան եւ բարոյականութեան, որոնց պակասի պատճառով է, որ բանակցութիւնները չեն աւարտիր, եւ խաղաղութիւնը կը մնայ ցանկութիւն, եւ իրաւազրկուած ժողովուրդի իրաւունքի հետապնդումը` անջատողականութիւն, եւ կ’ըսուի, որ ան տուեալ երկրի մը ներքին հարցն է:
Հակառակ մեծանուն ժողովներու եւ օրէնքներու բազմացման` մարդկութիւնը դեռ չէ յաջողած սկզբունքային արդարութիւնը դարձնել ընդհանուր կանոն, եւ կը շարունակուի սովորութիւն դարձած տեւաբար կարկտաններ ընելու ընթացքը, իսկ կարկտաններու ցաւը այն է, որ անմիջապէս նոր կարկտանի կարիք կը զգացուի, քանի որ շահակցութիւններով կ’առաջնորդուի քաղաքականութիւնը եւ ոչ` բարոյական սկզբունքներով: Թէեւ սովորական է լսել, որ ամէնքն ալ կ’աշխատին յաւելեալ արդարութեան, խաղաղութեան եւ այլ դրական նպատակներու ձգտելով: Այսինքն քաղաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն կան մեծ եւ պզտիկ մաքիավելիներ` թաղապետութենէն մինչեւ նախագահ կամ թագաւոր, որոնք կ’ըսեն մէկ բան, կ’ընեն այլ բան:
Դարեր կ’անցնին, եւ հակառակ հոգեպարար խօսքերու եւ հոգեշահ զրոյցներու` Նիքոլա Մաքիավելի (1469-1527) կը շարունակէ մնալ բոլոր քաղաքական գործիչներուն, մեծ թէ պզտիկ, անփոխարինելի ուսուցիչը: Գրած է, որ իշխանները, իշխողները, տիրողները կրնային իշխանութեան հասնիլ եւ մնալ դիրքի վրայ` միշտ ցուցադրելով առաքինիի եւ պարկեշտի դէմք մը, շարունակելով իրենց խարդախութիւնները եւ խորամանկութիւնները, որոնք իշխանութիւնը պահելու զէնքեր են:
Մաքիավելի լաւ դիտած է մարդը եւ բարքերը: Ըստ իրեն, առաքինութեան եւ պարկեշտութեան պատկերը կը բաւէ` համոզում ստեղծելու, քանի որ մարդիկ ընդհանրապէս աչքով կը դատեն եւ` ոչ ձեռքով, տրամադրուած ըլլալով տեսնելու, քան շօշափելու: Ամէն ոք կը տեսնէ այնպէս, ինչպէս որ կ’երեւիք, քիչեր ձեզ կը ճանչնան խորքով, եւ այդ քիչերը երբեք պիտի չհամարձակին մեծամասնութեան կարծիքին դէմ երթալ: Զանգուածին միշտ պակսած է առարկայական ըլլալու կարողութիւնը, եւ աչքին խտիղ տալով կամ յուզական ճառով առաջնորդած են զայն:
Մտածողներուն համար միշտ հարց եղած է, եւ է, քաղաքականի եւ բարոյականի տարբերութեան ըմբռնումը: Քաղաքական յարաբերութիւնները, միջազգային հաւասարակշռութեան եւ խաղաղութեան պահպանումը բաւարար պատճառներ կրնա՞ն ըլլալ պատմութեան ընթացքին գործուած անարդարութիւններու շարունակման, այս կամ այն ձեւով օրինականացման: Անարդարութիւնը կատարուած իրողութիւն համարել ո՞ր բարոյական եւ մարդկային օրէնքով կրնայ արդարանալ:
Ճանչնալ երկրի մը անկախութիւնը` առանց անոր իրաւունքներու վերականգնումին, անբարոյութիւն է: Կամ ճանչնալ երկրի մը անկախութիւնը եւ անոր չվերադարձնել իր հարստութիւնը, հանքերը, արտադրամիջոցները, զայն ճզմել պարտքերու բեռան տակ եւ նոյնհետայն զայն պահել ենթակայութեան վիճակի մէջ` կրկին անբարոյութիւն է: Այս տեղի կ’ունենայ մեր աչքին առջեւ:
Բայց ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պիտի խօսուի այս խնդիրներուն մասին, եւ լուծում գտնուի:
Մանաւանդ` այս օրերուն, երբ դրամի ներազգային եւ միջազգային տիրապետութիւնը քաղաքական յարաբերութիւններու լծակն է, բոլոր մակարդակներու վրայ: Անցեալին դեռ կային պարկեշտ եւ հեղինակութիւն ունեցող քաղաքական կարգ մը ղեկավարներ, որոնք գիտէին զատել մարզերը: Զօրավար Շարլ տը Կոլ առիթով մը ըսած էր, որ Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը սակարանի մէջ չ’որոշուիր (La politique de la France ne se fait pas à la corbeille): Թերեւս վերջին միամիտն էր, կամ` բարոյականութեան տէր ղեկավարը: Միջազգային կեանքի բոլոր մակարդակներուն եւ երկիրներու մէջ քաղաքականութիւնը հարկատու է դրամին, քաղաքական դիրքերու հասնելու համար դրամը անհրաժեշտ է, քաղաքական դիրքն ալ, իր կարգին, բազմատեսակ մենաշնորհներու դռները կը բանայ, մասնաւորաբար` դրամական: Յաճախ կ’ըսենք, որ երկրի մը նախագահ ընտրուիլ` կ’ենթադրէ մեծ գումարներ: Տնտեսագիտութեան մեծ մասնագէտը կամ իմաստասիրութեան փայլուն դասախօսը ոչ մէկ հնար ունին այդ դիրքին հասնելու: Աչքի առաջ ունեցէք բազմաթիւ միլիոնները, որոնք կը ներդրուին նախագահական ընտրապայքարի մէջ:
Հետեւեցէ՛ք մեծերու, նախագահներու եւ նախարարներու կենսագրականին եւ վարած պաշտօններուն: Անոնք ընդհանրապէս կու գան դրամի օղակներէն:
Նոյն երկրին եւ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ խիստ կարեւորութեամբ կը դրուի քաղաքական կեանքի բարոյականացման հարցը:
Անկախութիւնը եւ բոլոր անկախութիւնները փուճ կը դառնան, երբ մարդկային բարոյական եւ իրաւ արդարութիւն կը բացակային: Այս` ընդհանրապէս: Բայց նաեւ` մեր պարագային, երբ անկարող կ’ըլլանք անկախութիւնը փոխադրել հասարակական կեանքի մէջ` անհաւասարութիւնները, անարդարութիւնները եւ չարաշահումները շարունակելով:
Անկախութիւնը հարկ է լրացնել հայ քաղաքացիին անկախութեամբ, որ սոսկ քուէատուփին մէջ նետուած թղթիկը չէ, ոչ ալ` բողոքելու եւ տրտնջալու ազատութիւնը, այլ` այն պարզ սկզբունքը, որ բնութեան եւ գիտութեան բարիքները հաւասարապէս պէտք է ծառայեն բոլորին:
Իսկ հայուն եւ իր հայրենիքին անկախութիւնը մասնակի է, մինչեւ այն ատեն որ բռնագրաւուած հայրենիքը եւ իրմէ կողոպտուած ինչքը արդարութեան վճիռով մը չեն վերադարձուիր:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը ամբողջական ըլլալու համար պէտք է հասնինք հայրենիքի ամբողջացման, կողոպուտի վերադարձին` ըլլայ ինչքի թէ հողի, եւ ի վերջոյ` գործուած ոճիրի որպէս այդպիսին ճանաչման ու դատապարտութեան:
Իսկ հայը` ինք, այս արդարութեան պահանջի եւ իրականացման ճանապարհին պիտի ըլլայ տէր եւ ծառայ` հայրենատիրութեամբ, հայրենադարձութեամբ, իր հարազատ ինքնութեան պաշտպանութեամբ:
Մեր իրաւունքի վերականգնումի պայքարը քաղաքական եւ միջազգային անբարոյականութեան դէմ պիտի ըլլայ, ներսը եւ դուրսը, այդ բարոյականութեան գլխարկով ներկայացողներէն պահանջելով, որ իրաւունքը յարգուի:
Հայ ժողովուրդի այսօրուան եւ վաղուան ռազմավարութիւնը պիտի ըլլայ անկախութեան լրացումը, որ է` միացեալ ամբողջացած հայրենիքին մէջ որպէս միացեալ ազգ ապրելու իրաւունքը:
Այս է նաեւ պատմութեան բեմէն չանհետանալու ճիշդ ընտրանքը` մենք մեզի եւ աշխարհին ըսելով եւ ձեռնածալ չմնալով, որ հայ ժողովուրդի լինելութիւնը սակարաններու մէջ չ’որոշուիր:
Ոմանց համար` տոնքիշոթութիւն, բայց քաղաքական յարաբերութիւններու բարոյականացման զէնքը մեր լաւագոյն նեցուկն է, ոչ ոք խիղճի հանդարտութեամբ կրնայ խուլ եւ կոյր ըլլալ արժէքներու դիմաց` գիտնալով մանաւանդ, որ օր մը արձակուած պումըրանկը զիրենք ալ կրնայ հարուածել:
Իսկ մենք պիտի գիտնանք, թէ ի՛նչ ըրինք եւ կ’ընենք հրավառութիւններէն առաջ, ի՞նչ պիտի ընենք, երբ անոնք մարած ըլլան:
Մենք` Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):
Ինքզինք յարգող ազգ մը կրնա՞յ նպարավաճառի պէս շահ-վնասի տոմարներուն մէջ արձանագրել իր կորուստները: Այդ կորուստները անհատական չեն, հաւաքական են, հետեւաբար կ’ենթադրեն բարոյական առանց ճապկումի տիրութիւն:
19 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան