Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այժմէականութի՞ւն, Լայնամտութի՞ւն, Թէ՞…

Մայիս 16, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Նամակատուփս կը բանամ. դրամատան հաշուեցոյց, կեանքի ու տան ապահովագրութեան տեղեկագիր, յայտարարութիւններ ու տակաւին ինչե՜ր ու ինչե՛ր… Այս ամէնը երկու ձեռքերուս մէջ առած` ներս կ՛անցնիմ: Գրասեղանիս վրայ զանոնք տեղաւորելէ ետք, այս բոլորէն ո՞ր մէկը բանալու ընտրութեանս մէջ շուարած, առաջնահերթութեամբ մը, չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, ուշադրութիւնս գրաւող մեծ ու փայլուն, սասունցի հօրս խօսքերով` «պսսուն» պահարանին էր, որ ձեռքս երկարեցի:

Օտարազգի բարեկամուհիի մը զաւկին պսակի արարողութեան ներկայ գտնուելու հրաւիրատոմս էր այդ մէկը: Երէկուան պզտիկ տղան այսքան շո՞ւտ մեծցաւ, վկայուեցաւ ու հիմա ալ պիտի ամուսնանա՞յ… ինքնիրենս կ՛ըսեմ:

Ժամանակին այնքան արագ ընթանալուն համար ունեցած զարմանքս կարծես բաւարար չէր, որ ոեւէ հրաւիրեալի պէս, պահարանէն դուրս հանած հրաւիրատոմսիս ընթացիկ պարունակութիւնը կարդալով,  փեսային հօր ու մօր անունը որպէս ծնողք հոն չգտած, լայն-լայն բացուած աչքերուս հետ անզգալաբար յօնքերս ալ վեր բարձրացան: Սխալմա՞մբ, թէ՞ դիտումնաւոր ձեւով եղած էր այդ մէկը, չեմ գիտեր ու չուզեցի գիտնալ մինչեւ այն ատեն, երբ համալսարանի դասախօս ու նախապէս երկու մեծ ընկերութիւններու վերակացու նշանակուած բարեկամուհիս հեռաձայնեց.

– Մեր հրաւիրատոմսը ստացա՞ր,- հարցուց ու վերապահ կեցուածքէս ոչինչ հասկցած, խօսքը շարունակելով, «աւելի ճիշդը` պարունակութիւնը կարդացի՞ր», հարցուց:

Վիրաւորուած ըլլալու իր հոգեվիճակը շատ լաւ հասկցած, կրցածիս չափ խօսքերէն ելած ծուխն ու մուխը կրակի չվերածելու մտահոգութեամբ, զայն չկարդացած ձեւանալով` փորձեցի լուռ մնալ:

– Վաղը,- շարունակեց,- առանց ժամանակ կորսնցնելու` խնամիներուս հետ հանդիպում պիտի ունենամ, եղածին համար բացատրութիւն պիտի պահանջեմ:

Իրականացած էր այդ հանդիպումը, որուն ընթացքին «թեւեր առած» հարսնացուին հայրը.

– Ես եմ դրամ վճարողը.- կ՛ըսէ ան,- կամքովս պէտք է որ ըլլայ ամէն ինչ. առաջին պսակը չէ, որ կ՛ընեմ, նախապէս այս ձեւով երկու աղջիկ ամուսնացուցած եմ արդէն:

– Ես ալ,- կը պատասխանէ բարեկամուհիս,- ասկէ առաջ երկու տղայ ամուսնացուցած եմ, բոլոր ծախսերը ես եմ վճարած, բայց հրաւիրատոմսերուն մէջ երկու ծնողներուն անունները որպէս առաջնահերթութիւն երբե՛ք չեմ մոռցած. տարիներու սովորութիւն մը ինչպէ՞ս կրնաս անտեսել, գիտե՞ս, թէ այս ըրածդ ծնողքի մը համար ի՛նչ կը նշանակէ…- ու զիրար աւելի լաւ հասկնալու համար, որոշ լռութենէ մը ետք, իրարու հետ ունեցած խօսակցութիւնը հազիւ շարունակելու վրայ էին, երբ այս անգամ ապագայ հարսիկը, կարծես` եղած տարակարծութիւնները բաւարար չէին, խօսքի մէջ մտած` կեսուրին դառնալով աւելցուց.

– Կ՛ուզեմ, որ բոլոր այր մարդիկ պոչաւոր բաճկոն, կիներն ալ սեւ, երկար հագուստ հագուին այդ օր, իսկ ուտելիքները… անհոգ եղիր, հրաւիրեալներու քիմքին յարմար ամէնէն ընտրեալները արդէն իսկ ապսպրած եմ. քաղաքական մարդիկ ներկայ պիտի ըլլան պսակադրութեանս արարողութեան. մայրս նահանգապետին նախկին ընկերուհին էր, գիտէ՞ք:

Այսքանը լսելով` «ասոնց հետ ինչպէ՞ս պիտի յարաբերիմ»-ի մտահոգութեամբ, ու տղուն պսակի օրը սեւ հագուստ հագուիլը բացառած, այլեւս ըսելիք չունենալով` ընելիք միայն գտած, պայուսակը շալկելով` նստած տեղէն դուրս կու գայ ան:

Քանի մը օր անց էր, երբ անմիջական միայն ծանօթներու ուղարկուած երկրորդ հրաւիրատոմս մը ստանալով` զայն բացի, այս անգամ բարեկամուհիիս եւ ամուսնոյն անուններն ալ իբրեւ ծնողք` գրուած գտայ հոն:

Տղան ուրիշներու կողմէ որպէս գնուած ապրանք չէր ուզեր տեսնել. հիմնական մեծ փոփոխութիւն մըն ալ ընելու համար տղուն կողմէ` քիչ մը շա՜տ ուշ էր: «Ամէն մարդ իր կեանքը ունի», միշտ ըսած էր ան, ու առանց ժխտական կեցուածքներ ստեղծելու` իր ընտրութեան մէջ ազատ ձգած էր տղան, ազատութիւն, որուն սահմաններէն ներս թէ դուրս մնալու պարագային, անպայմա՛ն օր մը կրնաս վնասել կամ վնասուիլ:

Առաջատար Ամերիկայի մէջ ահաւասի՛կ` նոր օրերու խայտառակութիւն… մէկ պսակադրութեան համար երկու տեսակ հրաւիրատոմս. տղայ գնել ու` ընտանիք կազմել. ո՞ւր մնացին` այր մարդու ինքնասիրութիւնը, տան մէջ ունենալիք տեղը, արժէքն ու հեղինակութիւնը… Պատմութեան էջերուն մէ՞ջ, թէ՞ Արեւելքի սահմաններէն ներս, եթէ անշուշտ հոն ալ նոյնը մնացած է: Դրամի համար ուրիշի կամակատա՞րը դառնալ… Որքա՞ն ատեն մէկը կրնայ դիմանալ, հապա՞ որ այդ դրամը ձեւով մը պակսի, իսկ օր մըն ալ ամբողջութեամբ հալի… Այն ատեն է, որ միայն, հաւատացէք, իրարու հանդէպ լարուելով ու իրարու երես դարձուցած, ընտանիք պիտի քանդեն… առիթ տալով, որ երէկուան իւրաքանչիւր հրաւիրեալ, իրենց պսակադրութիւնը յայտարարող մեծ ու փայլուն պահարանին տժգոյն պարունակութիւնը վերյիշելով` անտարակոյս ըսէ. «Այդ օրուան ամպն էր, որ այսօրուան անձրեւը բերաւ»:

Օտար, բայց նոյնիսկ անմիջական մեր շրջապատին մէջ նման տարբերակներ շատ են: Եղածը այժմէականութի՞ւն է, լայնամտութի՞ւն, թէ՞ կիներու իրաւունքներու սահմաններու ընդարձակում… Ո՛ր մէկը կ՛ուզէք, հաշուեցէք, բայց ամբողջ դէպքը, իր դերակատարներով միասին, օտարի կողմէ հրամցուած որպէս չփախցուելիք մեծ նորութիւն, զայն յափշտակելով` չկապկենք… այն քաջ համոզումով, որ տարիներու ընթացքին ամէն տեսակի ու գոյնի մարդոց կողմէ ընդունուած, յարգուած ու յատկապէս մեզի համար այլեւս սկզբունք դարձած` «Քու հօր ու մօր յարգանք պատիւ չմոռնաս» պապենական սովորութիւնը, մէկ օրէն միւսը, վրայէ հանուած երէկուան` հին, իսկ այսօրուան ժամանակավրէպ հագուստի մը նման մէկ կողմ շպրտելով` ժամանակին ետեւ չ՛անցնիր, չէ անցած ու պիտի չանցնի տակաւին…

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

10 Տարի` Յստակ Առաքելութեամբ Ու Արդիւնաւէտ Աշխատանքով

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?