Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-ը Կ՛ողջունէ Հայաստանի Խաղաղ Եւ Համաժողովրդային Շարժումը

Մայիս 17, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ օգնութեան միութիւնը կու գայ շնորհաւորելու հայ ժողովուրդի խաղաղ եւ անզէն վճռակամութեամբ համաժողովրդային շարժումը` դէպի աւելի արդար ու ժողովրդավար երկիր մը, որ պսակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան  Ազգային ժողովին կողմէ նոր վարչապետի մը  ընտրութեամբ:

Իրաւազուրկ ժողովուրդի մը զաւակներուն արդար ընդվզումով սկսած ազատագրական երկարատեւ պայքարէն է, որ 100 տարի  առաջ, մայիսեան պայծառ օր մը, լոյս աշխարհ եկաւ հայոց  անդրանիկ հանրապետութիւնը, որուն առաջին  հարիւրամեակը ազգովին կը տօնակատարենք այս տարի` ամբողջ աշխարհի մէջ:

Մէկ դար անց անկախ Հայաստանի գարնանային արեւին տակ իր յաղթակա՛ն լրումին հասած, յանուն արդար կարգերու հաստատման համաժողովրդային  «թաւշեայ» յեղափոխութիւնը  պարտադրեց իր աննկուն առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը` որպէս  նորահաստատ խորհրդարանական վարչակարգի  վարչապետ: Ձայն բազմաց, ձայն Աստուծոյ:

Հայ օգնութեան միութիւնը, ծնած` այդ նոյն ազատագրական պայքարէն, լոզունգ ունենալով  «Ժողովուրդի՛ս հետ, ժողովուրդիս համար»  հաստա՛տ մտասեւեռումը որպէս անմար փարոս իր  մօտ 11 տասնամեակներու գործունէութեան,  կ՛ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան  նորընտիր վարչապետը` մաղթելով անոր ամենայն  յաջողութիւն իր բոլոր աշխատանքներուն մէջ, ի  խնդիր ամբողջ հայաշխարհի բարօրութեան:

Ինչպէս միշտ, Հայ օգնութեան միութիւնը իր համահայկական ընդարձակ ցանցով կը մնայ  զօրավիգ` իր հայրենի պետականութեան ու անոր  բոլոր կառոյցներուն, ընդմի՛շտ մնալով իր  ժողովուրդին հետ, խնամատար` անոր բոլոր  կարիքներուն:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մայիսեան Շքերթ

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?