Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր Ճակատագիր (Ա.)

Մայիս 17, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Յիշեցի, որ մեր մեծերը ատենօք իրենց ցուցամատը իրենց ճակտին քսելով կ՛ըսէին.

«Հոս ինչ գրուած է, ա՛յդ կ՛ըլլայ»:

Նորածինի մը ճակատը փայլուն ու մասմաքուր է, երբ աշխարհ կու գայ, ո՛չ մէկ բիծ կայ հոն, ո՛չ մէկ արատ, ո՛չ մէկ խորշոմ: Ի՞նչ կրնայ գրուած ըլլալ հոն: Իսկապէս մարդուս ճակտին վրայ առաջին օրէն կը գրուի՞, թէ ինչպիսի՛ ապագայ մը կը սպասէ այդ մարդուն: Իսկապէս մարդը տող առ տող պիտի հնազանդի՞ իր ճակտին վրայ գրուածին, նոյնիսկ եթէ շատ անախորժ է այդ գրուածը: Ճակատագիր ըսուածը գոյութիւն ունի՞, թէ՞ չունի:

Աւելի քան հազար տարիէ ի վեր մարդիկ կը փնտռեն այս հարցումին պատասխանը: Կը փնտռեն, բայց չեն գտներ ու երբեք ալ պիտի չկարենան գտնել: Այս հարցումը պատասխան չունի: Կամ` մէկ պատասխան միայն ունի: Հետեւեալը: Ճակատագիր ըսուածը գոյութիւն ունի, եթէ կը հաւատաս, որ ունի, ճակատագիր ըսուածը գոյութիւն չունի, եթէ կը հաւատաս, որ գոյութիւն չունի:

Մտածելու արժանի որքա՜ն շատ նիւթ կայ ծիծաղելիօրէն պարզունակ ու իբր թէ բան չըսող մեր այս նախադասութեան մէջ: Մինչդեռ այս նախադասութիւնը շատ բան կ՛ըսէ: Այս նախադասութիւնը իր ամէնէն կարճ ու տրամաբանական մեկնաբանութեան մէջ մեր կամքէն, մեր խելքէն ու մեր խելապատակէն կախեալ կը դարձնէ ճակատագիր կոչուածին գոյութիւն ունենալ կամ չունենալը: Այլ խօսքով, ամէն մարդ իր ուզած ձեւով կը լուծէ այս հարցը: Մէկը կ՛ըսէ, որ ճակատագիր մը կայ մեր բոլորին համար, ու մենք նախապէս ճշդուած այդ ճակատագիրը կ՛իրականացնենք ամէն օր, զայն կեանքի կը կոչենք շարունակ: Ատոր փոխարէն` մէկն ալ պիտի ըսէ, որ այդպիսի բան չկայ, մե՛նք ենք, որ ամէն օր մեր խելքով, մեր քմահաճ կամ մեր իմաստուն ընտրութեամբ կ՛իրականացնենք մեր լինելութեան եղանակը, ամէն օր կը ստեղծենք այն, ինչ որ մէկ օր առաջ յայտնի չէր:

Ամէն անգամ որ կը մտածեմ այս նիւթի շուրջ, նոյն պատկերը կը կենդանանայ աչքերուս առջեւ: Դիմացս տասը դուռ կայ, ու ասոնցմէ մէկը պիտի բանամ ու ներս պիտի մտնեմ: Ամէն դուռ բոլորովին տարբեր տեղ մը կը տանի զիս, զիս բոլորովին տարբեր ապրումի մը կը ղրկէ: Ես ո՞ր դուռը պիտի ընտրեմ ու ներս պիտի անցնիմ: Դեռ չեմ գիտեր: Բայց արդէն տեղ մը արձանագրուա՞ծ է արդեօք, թէ ես ո՛ր դուռը պիտի ընտրեմ, կա՞յ մէկը, որ առաջուց արդէն գիտնայ թէ ես սա կամ նա դռնէն ներս պիտի անցնիմ: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ: Չէ՞ր, որ ես ամէն վայրկեան կրնամ կարծիք փոխել, չէ՞ որ վերջին վայրկեանին կրնամ բանալ երրորդ դուռը, փոխանակ բանալու երկրորդը: Չէ՞ որ իմ կամայական ընտրութիւնները ամէն վայրկեան կրնան բան մը փոխել իմ երթալիք ճամբուս վրայ: Չէ՞ որ այս կերպով խաղ մը խաղացած կ՛ըլլամ ճակատագիր ըսուածին, եթէ այդպիսի բան մը գոյութիւն ունի մեզի համար:

Է՜հ, ան, որ կը հաւատայ ճակատագրի գոյութեան, պատասխան ունի իմ այս հարցումիս: Պիտի ըսէ, դուն կը կարծես, թէ քու ազատ կամքով է, որ կ՛ընտրես դուռը, քու ազատ կամքով է, որ վերջին վայրկեանին յանկարծ երեք թիւ դուռը կը բանաս` փոխանակ բանալու երկու թիւ դուռը: Մինչդեռ այն, ինչ որ դուն քու ազատ կամքը կը կարծես, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` արդէն առաջուց որոշուած ընտրութիւն մը: Ամէն ինչ արդէն գրուած է այդ փոքրիկ ճակտիդ վրայ: Դուն չես կրնար կարդալ, բայց հոն գրուած է, թէ  վերջին վայրկեանին ո՛ր դուռը պիտի բանաս: Վերջին վայրկեանին տասն անգամ ալ եթէ կարծիք փոխես, ամէնէն վերջը դարձեալ պիտի բանաս այն դուռը, որ ճշդուած է քեզի համար: Այդ ճակատագրէն դուրս չես կրնար ելլել:

Այս բանավէճը վերջ չունի, վերջին պատասխան մը չունի, որովհետեւ հարցում-պատասխանները հարիւր անգամ կրնան իրենք զիրենք կրկնել, ինչպէս որ եթէ կանգնիս դէմ դիմաց դրուած երկու հայելիներու մէջտեղ, այլեւս դիմացդ կը տեսնես տասնեակներով հայելիներ, որոնք կ՛երկարին, կ՛երթան նոյն տեսարանը կրկնելով:

Բայց իրականութեան մէջ բան մը կը փոխուի՞, եթէ ճակատագիր ըսուածը կայ կամ չկայ: Մեր առօրեայ ապրումներուն մէջ արդէն ինչե՜ր կան, որոնք գիտենք, թէ մեր կամքէն կախեալ են, եւ ինչե՜ր ալ կան, որոնք գիտենք, թէ մեր կամքէն կախեալ չեն: Ինչեր կան, որոնք մարդկային կարողութեան սահմաններուն մէջ կ՛իյնան, եւ ինչե՜ր կան, որոնք մարդկային կարողութիւններէ դուրս կը մնան: Ես մինչեւ  քանի՞ մեթր կամ մինչեւ քանի՞ սանթիմ կրնամ դէպի վեր ցատկել, չեմ գիտեր, բայց գիտեմ, որ չեմ կրնար ցատկել մինչեւ երեք, չորս կամ հինգ մեթր բարձրութիւն: Ես կրնամ առջեւս դրուած չորս դռներէն մէկը բանալ ու ներս մտնել, բայց  չեմ կրնար նոյն վայրկեանին մտնել երկու դռներէ ներս: Այս կարելիութիւններն ու անկարելիութիւնները ի՞նչ յարաբերութիւններ կրնան ունենալ ճակատագիր կոչուածին հետ, կամ կրնա՞ն արդեօք որեւէ յարաբերութիւն ունենալ: Մարդուս ճակատագիրը իր կարելիութիւններու ցանցին մէջէն ընտրուածներո՞վ է արդեօք, որ կը կերտուի, թէ ոչ կը կերտուի այն յաջողութիւններով կամ ձախողութիւններով, որոնք կ՛արձանագրուին անկարելիութիւններու դէմ մղուած պայքարի գծով:

Հարցումնե՜ր, հարցումնե՜ր, որոնք պատասխան չունին, կամ որոնց պատասխանները արդէն իրենք են:

 

 

 

Նախորդը

Երկրաշարժ

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?