Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարան. Մայրերու Օրուան Տօնախմբութիւն

May 17, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի մանկապարտէզի կազմակերպած Մայրերու օրուան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ,12 մայիս 2018-ին, Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ: Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեանը ողջունեց ներկաները` քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը, հոգեւոր հայրերը, գիւղի պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները, ազգային երեսփոխան  տոքթ. Խաժակ Այնթապեանը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, տնօրէնութիւնը, խնամակալութիւնը,  օրուան պատգամախօս Քամիլա Երկանեան-Քէշիշեանը, ինչպէս նաեւ` մեծաթիւ մայրերն ու մեծ մայրերը: Ձեռնարկին յայտագիրը ներկայացնելով` ան նշեց, որ օրուան հանդիսութիւնը պիտի արտայայտէ մանուկներուն շրթներէն հոսող երախտագիտութիւնն ու բիւր յարգանքը իրենց մայրերուն հանդէպ:

Լենա Սթամպուլեանը հաստատեց, թէ միայն մայրն է, որ կրնայ յաղթահարել կեանքի որեւէ դժուարութիւն` պահելու համար իր ընտանիքը, դառնալով այդ սուրբ օճախին ճրագը:

Շարունակելով իր խօսքը` ան աւելցուց. «Մայրերու օրուան այս տօնակատարութիւնը Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակի սեմին կը գտնուի, ու մենք չենք կրնար չյիշել հայ մօր դերը անկախութեան կերտման ճանապարհին»:

Եզրափակելով իր խօսքը` վարիչ մանկապարտիզպանուհին մաղթեց, որ հայ մայրերու զաւակներուն աչքին լոյսը արեգակի պէս շողայ ու պայծառութիւն բերէ հայ ազգին:

Ապա ընթացք առաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը: Ծիլ, Բողբոջ եւ Կոկոն դասարաններու աշակերտները արտասանեցին, ապա Կոկոն ու Ծաղիկ դասարաններուն աշակերտները ներկայացուցին «Արեւ» եւ «Մայրիկիս» երգերը, այնուհետեւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները մօր նուիրուած խօսքեր արտասանեցին:

Օրուան պատգամը տուաւ Քամիլա Երկանեան-Քէշիշեանը, որ հայ մօր դերը վեր առնելով` յայտնեց, որ իւրաքանչիւր մայր իր բազմաբնոյթ դժուարութիւններով պէտք է շարունակէ իր նուիրեալ առաքինութիւններն ու առաքելութիւնը հայ մանուկին ու պատանիին մարդակերտման ու դաստիարակութեան մարտահրաւէրներուն ընդառաջ:

Քամիլա Երկանեան-Քէշիշեանը նախ մօր նուիրաբերումը դրուատելով` վեր առաւ հայ մօր մարտնչումը հայ ինքնութեան պահպանման մէջ:

Ապա ան ներկայացուց Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան խորհուրդին վրայ խարսխուած ամբողջական ինքնութեան մը հրամայականը, ուր հայ մօր դերակատարումը անփոխարինելի է: Պատահական չէ, որ հայ մեծանուն գրողներ, երաժշտահաններ, նկարիչներ ու քանդակագործներ, կեանքի տարբեր փուլերու, իրենց արուեստով արժեւորած եւ սրբացուցած են հայ մօր կերպարը, ինչպէս` Յովհաննէս Շիրազ, Պարոյր Սեւակ, Մուշեղ Իշխան եւ շա՜տ ու շա՛տ մեծութիւններ: Մենք ալ, մեր կարգին, կու գանք երախտիքի մեր ձօնը նուիրելու այն մայրերուն, որոնց համբերութեան, գիտակցութեան, նուիրումի եւ սիրոյ շնորհիւ կ՛ապրինք ու կը կերտենք վաղուան մեր պայծառ օրը:

Հայ մօր վճռորոշ եւ նուիրական դերը ներկայացնելով` Քամիլա Երկանեան-Քէշիշեանը անդրադարձաւ, թէ ո՛վ է հայ մայրը, երբ օրըստօրէ ուռճացող համամարդկային տագնապները զանազան առիթներով կ՛ոչնչացնեն` մեր ազգային նկարագիրը, ինքնութիւնը, ջերմ կենցաղն ու մեր աւանդութիւնները:

Ան հաստատեց, որ այսօրուան երիտասարդ հայ մօր ուսերուն դրուած է ո՛չ միայն իր զաւակներուն կենցաղային ու մարդկային դաստիարակութեան խնդիրը, այլ նաեւ, ի տարբերութիւն ուրիշ ազգերու, Հայ դատի հետապնդման, արցախեան պահանջատիրութեան, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ երեւցող յոռի երեւոյթներու կանխարգիլման ամբողջ ծանրութիւնն ու պատասխանատուութիւնը:

Եթէ հայ զինուորին դերը հայրենիքի պաշտպանութիւնն է, եթէ հայ ուսուցիչը կոչուած է հայեցի դիմագիծի դարբնումին, իսկ հայ արուեստագէտը հայ մշակոյթի սերմնացանն է, ապա հայ մայրը այս բոլորին հանրագումարով հայ ընտանիքին որմնադիրն է եւ կոչուած է հայ ընտանիքի հիմը ամուր պահելու բոլոր տեսակի ցնցումներուն դիմաց:

Ապա բեմ բարձրացաւ Դ., Ե. եւ Զ. կարգերու երգչախումբը` մայրերու «Գարնան երգով», որուն յաջորդեց Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն իւրայատուկ պարը:

Շարունակելով գեղարուեստական յայտագիրը` 7-րդ դասարանի աշակերտներէն Սեւան Սարգիսեանը ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Մեր մայրերը» բանաստեղծութիւնը:

Յայտագիրը վերջ գտաւ Ա. եւ Բ. կարգերու պարախումբին «Ծամերու» պարով:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ Դասախօսութիւն «Ալցայմըր» Նիւթով

Յաջորդը

Նշանաւոր Միջոցառում Հայաստանի Գրողների Միութիւնում

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.