Յօդուածներ

2026 Տարին` «Հրեղէն« Ձիու Տարի

2026 Տարին` «Հրեղէն« Ձիու Տարի

Պատրաստեց`  ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Համաձայն չինական լուսնային օրացոյցին, անոնց տարուան անունը կը կրկնուի ամէն 12 տարին անգամ մը, նոյն կենդանիին կամ անասունին անունով: Այլ խօսքով, չինական աստղաբաշխութիւնը տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով: Այսպէս, չինական առաջին տարին սկսած են` մուկով, անոր յաջորդած են ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը: Այս ձեւով ամէն 12...

Ցաւակցագիր

Վեհ Մասիսը*

ԱՌԻ (Արցախ ռուց ինվեսթմընթ) Այսպէս, իր սիրելի հայրենիքէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու, լուռ ու անշշուկ, մեզմէ առյաւէտ հեռացաւ դաշնակցական անկեղծ զինուորն ու Արցախի նուիրեալը` մեր սիրելի Մասիսը: Գլխագիր ՀԱՅ, որ Արցախեան ազատագրական պայքարի առաջին իսկ օրերէն իր ճիտին պարտքը սեպեց, անշեղ հաւատքով եւ անսակարկ նուիրումով օժանդակեց ու իր ձեւով մասնակցութիւն բերաւ այդ մարտնչումին: Եթէ պատերազմական շրջանին օժանդակութիւնները սահմանափակուած էին անմիջական կարիքներով,...

Քաղաքական Երգիծանք. Նէօ-Սուլթանին Նոր Ախորժակը Եւ Համբերութեան Դառն Բաժակը…

Կիրակնօրեայ Մտորումներ… Խաղաղութի՛ւն, Ալ Կը Բաւէ… Եկո՛ւր…

 ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Կիրակի է... Սովորական կիրակիներու նման կիրակի մը, սակայն` քիչ մը տարբեր միւսներէն, քանի որ ան մօտալուտ 2026 տարուան գալուստը աւետող կիրակի մըն է: Տանս մէջ ամփոփուած, փոքր պաստառի առջեւ նստած` կ՛ուզեմ հետեւիլ օրուան անցուդարձերուն եւ տեղեկանալ լուրերուն: Կ՛ուզեմ փոքր պաստառէն ստանալ հաճելի լուրեր եւ ականջ շոյող խապրիկներ: Սակայն... հեռատեսիլս կու լայ... այո՛, կու լա՜յ... աշխարհի վրայ ամէն կողմ...

Փաշինեան Հրամայեց Իր Բիրտ Ոստիկաններուն` Ներխուժել Սուրբ Էջմիածինի Սրբազան Տարածք

Փաշինեան Հրամայեց Իր Բիրտ Ոստիկաններուն` Ներխուժել Սուրբ Էջմիածինի Սրբազան Տարածք

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Նախորդ շաբաթ, վերջին ամիսներուն ընթացքին արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սուրբ Էջմիածինի սրբազան տարածք ուղարկեց հարիւրաւոր ոստիկաններ եւ քաղաքացիական հագուստով գաղտնի գործակալներ` ներխուժման նպատակով: Խորքին մէջ անոնք կոչուած են ծառայելու ժողովուրդին, ոչ թէ` Փաշինեանին անձնական շահերուն: Անոնք պէտք չէ ենթարկուին անօրինական հրամաններու: Ցաւօք, այժմ Փաշինեան աւելի մեծ թիւով ոստիկաններ ունի իբրեւ անձնական թիկնապահներ, քան զինուորներ`...

Հին Տարուան Գոյժը, Նորին Ուժը

Հին Տարուան Գոյժը, Նորին Ուժը

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Հետզհետէ հրճուանքը կտրեցաւ ճարահատ ճիւղի պէս Արձագանգը չուեց թառեցաւ Բանի մէջ Հողմը կաղնիին բունը խլեց լքեց Արմատը տրտում բայց տոկուն մնաց Տարիները դէմքերը աղօտեցին Ժամանակի շրջանկարները մնացին Հին տարուան մակոյկը արդէն գնաց Պարոյկը օդէն կախուած մնաց Կենսախայտ հողը դարձաւ արիւնի լաւա Հին հողին վրայ կամուրջը կ՛երերայ Անուրջները ջնջուեցան վիշտով սորվեցանք Մահէն հեռու մնալու արուեստը Արեւափառ մակոյկն ու Հաստատակամ...

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»`   Աշակերտներուն Գրիչով

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

7 նոյեմբեր 2025-ին լոյս տեսաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբին հրատարակած թերթիկը, որուն գլխաւոր թեման էր 9 նոյեմբեր 2020-ին կնքուած եռակողմ ամօթալի համաձայնագիրը եւ Արցախի յանձնումը: Թերթիկի վերջին բաժինին մէջ Լիբանանի մէջ գործող հայկական վարժարաններու աշակերտութեան ուղղուեցաւ «Արցախը Նոր տարուան սեմին» խորագիրով յօդուած գրելու մարտահրաւէր մը: Առ այդ կը ներկայացնենք մարտահրաւէրին ընդառաջացած աշակերտներուն լաւագոյն յօդուածները: Արցախը` Նոր Տարուան Սեմին Այս նիւթը...

Աղօթք Ամանորի

ՀՐԱՆԴ   ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան… Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ սէրերը չմահանան… Կաթիլներու ջուրին նման վեր բարձրանան եւ ամպանանծածկեն գունտն այս ապականածու վար ցoղեն դանդաղօրէն եւ համօրէնիջնեն գլխուն մէն մի մարդու եւ սրտերո՛ւն,մաքրեն մաղձը ու նախանձըմաքրեն կիրքը եսին հիւանդ։ Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան… Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր…        Սերմերու պէս դաշտին նետուած           ԽՈՀը ցնցուղ ցանես մտքին մէն մի մարդու           եւ տաս անոր գիտակցութիւն՝           վեհին անեղծ           եւ վսեմին սրբամաքուր։...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

2026-ի Սեմին. Հայրենիքի Փրկութիւնը Կը Հրամայէ Ուժերու Մէկտեղում Եւ Վերականգնումի Գործադրելի Ծրագիր

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի...» Դ. ՎԱՐՈՒԺԱՆ 2026-ի սեմին մենք ալ` հայերս, աշխարհի ժողովուրդներուն պէս, կլանուած ենք մարդկութիւնը յուզող ու տագնապեցնող բազմաթիւ ողբերգութիւններով: Այդ ողբերգութիւնները ունին բազմաթիւ ընդհանուր խորագիրներ, ինչպէս` մահասփիւռ ու քանդիչ պատերազմներ, քաղաքական տհաս ղեկավարներու ձախաւերութիւններ, բնական աղէտներ, խաղաղութեան հետամտութեան փոխարէն` նոր պատերազմներու հնոցներու սարքում եւ այլն: Ամէնէն ցաւալի ողբերգութիւններէն մէկն ալ այն է, որ մարդիկ,...

«Կատարեալը Եւ Դուն». Վիգէն Յովսէփեանի Նոր Բանաստեղծական Հաւաքածոն

«Կատարեալը Եւ Դուն». Վիգէն Յովսէփեանի Նոր Բանաստեղծական Հաւաքածոն

ԴՈԿՏ. ՅԱՐՈՒԹ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Բանաստեղծական իր նոր հաւաքածոյով` «Կատարեալը եւ դուն», Վիգէն Յովսէփեան ընթերցողին կը ներկայացնէ անսովոր խորունկ աշխարհ մը` մտաւոր եւ զգացական ճամբորդութիւն մը, որ կը խօսի ոչ միայն հայու կեանքին, այլ նաեւ մարդկային գոյութեան ընդհանրական պայքարին մասին: Յովսէփեանի միտքերը իրար յաջորդող պատում մը ունին իրենց մէջ, միաժամանակ` խոր զգացական եւ մտաւոր ճշգրտութիւն մը: Գրուած արեւմտահայերէնով` հաւաքածոն ինքնին լեզուի պահպանում...

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան

Տօնածառի Լոյսերուն Մէջ Ընտանեկան Սրբութեան Վկայութիւն

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Կիրակի առաւօտ էր: Այնպիսի առաւօտ մը, որուն լռութիւնը տան մէջ կը տարածուի յստակ ու թեթեւ: Նեղացող սիրտերու լռութիւն չէ անիկա, այլ` այն տեսակ խաղաղութիւն, որուն մէջ մարդ կը զգայ, որ  բան մը կը մօտենայ, բան մը պիտի փոխուի, կարծէք`  բան մը պիտի յայտնուի երկինքէն: Կը զգայի, որ ոչ միայն դատարկութիւն է, ոչ միայն լռութիւն, այլ նաեւ ներքին արթնութեան...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Վերադարձ` Վերադարձի Յոյսով

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Վերադարձ` Վերադարձի Յոյսով

1917-ին Շուշիում լոյս տեսնող եւ ապա 1990-ականներին վերածնուած «Ապառաժ»-ը հայ մամուլի այն եզակի պարբերականներից է, որը ծնուել է ազգային զարթօնքի ու պատմական բեկումնային ժամանակաշրջանում: Այն եղել է ոչ միայն լրատուական հարթակ, այլեւ` գաղափարական դիրքորոշում, ազգային մտքի ու պայքարի խօսնակ: Տասնամեակների ընթացքում «Ապառաժ»-ը անցել է դժուար ճանապարհ. պատերազմներ, լռեցում, վերածնունդ եւ կրկին ընդհատում: Սակայն, ինչպէս իր անունն է յուշում, այն կանգուն...

Զարմանազան 2026

Զարմանազան 2026

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ 10-րդ «Զարմանազան» ամառնային արեւմտահայերէն ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու Օթ-Սաւուա շրջանին մէջ` յուլիս 10-էն մինչեւ 5 օգոստոս 2026: Ծրագիրը կը հիմնուի երեք սիւներու վրայ, որոնք սերտօրէն կապուած են իրարու. - 10-17 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը, - 18-24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը, - Համալսարանական ծրագիր մը`...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կաղանդ Պապուկին Խնդրանք Մը Ունիմ

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Կաղանդ է այսօր: Կաղանդի ծառին լոյսերն գոյնզգոյն կը վառին, կը մարին: Կարծես ըլլային աստղեր լուսեղէն` Բոցավառ, շողուն, կախուած երկինքէն: Ամէն վառող լոյս կը յուշէ ինծի Անցնող տարիէն օր մը կենցաղի, Որ իմ մտքիս մէջ կ՛անցնի, կը մարի Մարող լոյսին հետ Կաղանդի ծառին: Կաղանդ է այսօր: Բոցեր սրտիս մէջ կեանքի ցաւերէն կը վառին անշէջ, Պահ մը երանի անոնք ալ...

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)

«Կաթիլ Մը Պատմութիւն»…

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Քանի մը օր առաջ ձեռնակառքի վրայ վաճառուող գիրքերու մէջ աչքիս զարկաւ գիրք մը` «Կաթիլ մը պատմութիւն» խորագիրով: Գնեցի եւ տուն վերադարձիս աչքէ անցուցի: Ամբողջութիւնը քաղուածք մըն է  հին ու նորագոյն պատմական դէմքերու յանցագործութեանց  եւ նշանաւոր  դէպքերու, որոնց հիման վրայ հեղինակը կը յանգի այն եզրակացութեան, որ «Վայրագութիւնն է պատմութեան ծնունդ տուող դայեակը» (յունարէն` մամի-դայեակ):   Հեղինակը` Տիմիթրի Քամպուրաքի, յայտնի լրագրող-վիպագիր...

Սթափելու Ժամանակը

Եկեղեցական Տագնապը Կը Շարունակուի Հայաստանի Մէջ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գիշեր մը երազին մէջ տեսած էր, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը` Գարեգին Բ. Ներսիսեան, ժխտած էր իր կուսակրօնութեան ուխտը, հաւանաբար թուականէս առնուազն երեսուն տարիներ առաջ: Արթննալէ ետք, հաւատացեալ քրիստոնեայ վարչապետը քննարկած էր «Կանոնագիրք Հայոց»-ի երկու հատորները եւ գտած, Ե. դարուն գումարուած Շահապիվանի ժողովի կանոններուն մէջ կանոն մը, որ աղօտ կերպով կրնար պատշաճիլ տուեալ կացութեան:...

Թրքական Պատգամը

Թրքական Պատգամը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 22 դեկտեմբերին Հալէպի մէջ տեղի ունեցան Սուրիոյ կառավարական ուժերուն եւ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ բախումներ: Կառավարական կողմը քիւրտերը ամբաստանեց երկու կողմերուն միջեւ մարտին գոյացած համաձայնութիւնը խախտելու եւ բնակուած շրջաններ ռմբակոծելու մէջ: Քրտական կողմը հերքեց ամբաստանութիւնը: Ուշագրաւ է, որ բախումներու ծագումը «զուգադիպեցաւ» Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի, պաշտպանութեան նախարարի, ՄԻԹ-ի ղեկավարի եւ զինուորական բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը Դամասկոս այցելութեան:...

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Տօն Սրբոյն Ստեփանոսի Նախասարկաւագին Եւ Առաջին Մարտիրոսին

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Սրբոյն Ստեփանոսի Նախասարկաւագին Եւ Առաջին Մարտիրոսին

Հայ եկեղեցին Սուրբ Ծննդեան տօնէն առաջ կը տօնէ Աւագ տօները: Նախ` Դաւիթ մարգարէի եւ Յակոբոս Տեառնեղբօր յիշատակութեան օրը, ապա` Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի, այնուհետեւ` Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներու, եւ ապա` Որոտման որդիներ Յակոբոս առաքեալի եւ Յովհաննէս Աւետարանիչի տօները: Քրիստոսի Համբարձումէն ետք առաքեալները քարոզչութեան լծուեցան եւ Երուսաղէմի մէջ առաջին եկեղեցին հաստատեցին: Եկեղեցւոյ ծառայութեան համար եօթը սարկաւագներ ընտրուեցան: Սարկաւագ կը նշանակէ սպասաւոր, ծառայող,...

Հալէպահայերու Մէջ Վիրաւորներ  Չեն Արձանագրուած

Հալէպահայերու Մէջ Վիրաւորներ Չեն Արձանագրուած

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ նախանցեալ երեկոյեան, Սուրիական ժողովրդավարական ուժերու ներքին ապահովական ուժերու` Ասայէշի եւ սուրիական բանակին ու ապահովական ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած փոխադարձ հրաձգութիւններուն հետեւանքով Հալէպի հայաբնակ թաղամասերուն մէջ վիրաւորներ չեն արձանագրուած: Կարգ մը բնակարաններ մասնակի նիւթական վնասներ կրած են: Երէկ Հալէպի մէջ հանդարտութիւն կը տիրէր: Դպրոցները, համալսարանները եւ պետական հաստատութիւնները փակ էին` նկատի ունենալով Հալէպի նահանգապետի նախանցեալ գիշեր կատարած...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Գիւմրիի Մէջ Տեղադրուած Է ՀՅԴ Անդամ, Շիրակի Նահանգապետ Կարօ Սասունիի Արձանը Գիւմրիի համայնքապետարանի, «Կումայրի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի եւ թանգարանի մասնաճիւղ` Քանդակագործութեան ազգային թանգարանի ջանքերով, Պռօշեան եւ Գ. Նժդեհ փողոցներու խաչմերուկին տեղադրուեցաւ Շիրակի նախկին նահանգապետ Կարօ Սասունիի արձանը: Այս մասին տեղեկացուցին «Կումայրի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանէն: Անոնք նաեւ հաղորդեցին, որ արձանի քանդակագործն է Միսակ Մելքոնեանը, եւ թանգարանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բարերարներուն...

Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները. Հայ Գիւղը` Ազգագրական Եւ Մշակութային Ժառանգութեանց Պահպանման Օրրան

Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները. Հայ Գիւղը` Ազգագրական Եւ Մշակութային Ժառանգութեանց Պահպանման Օրրան

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ գիւղը, իր աւանդական ու նահապետական կեանքով, իր անցեալով, աւանդական բարքերով ու սովորութիւններով, այսօր այլեւս սփիւռքեան պայմաններուն տակ պատմութեան անցած է եւ ալ անգոյ է մեր իրականութենէն ներս: Այսօր, սփիւռքահայութեան մեծամասնութեան համար անծանօթ են գիւղական կեանքի առանձնայատկութիւնները: Սփիւռքեան պայմաններու տակ ապրող խարբերդցիին, չարսանճագցիին, զէյթունցիին կամ սասունցիին համար անծանօթ են իրենց պապերուն ապրած գիւղերը, գիւղական կեանքը, անասնապահութեամբ եւ երկրագործութեամբ...

Page 60 of 1110 1 … 59 60 61 … 1,110

Արխիւներ