«Տէ՛ր, Ողորմեա՛»-ն Ըրի՞ն…
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Դարձեալ կիրակի էր: Մէկը` ա՛յն կիրակիներէն, որուն տէրը չեմ կրցած ըլլալ: Ու այս անգամ հոգեհանգիստի մը «սիրոյն», այր եւ կին, մեր քաղաքէն քիչ մը հեռու, եկեղեցի մը կ՛երթայինք: Ու նկատի առնելով ճամբուն երկարութիւնն ու խճողումը` կանուխէն ճամբայ ինկանք եւ ժամանակէն առաջ հասանք եկեղեցի ու փորձեցինք արագ մը ներս մտնել: Փորձեցինք մտնել... Աստուա՜ծ իմ, ներսի խճողումը` մուտքի դռնէն կարելի...




















