«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ 10-րդ «Զարմանազան» ամառնային արեւմտահայերէն ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու Օթ-Սաւուա շրջանին մէջ` յուլիս 10-էն մինչեւ 5 օգոստոս 2026:
Ծրագիրը կը հիմնուի երեք սիւներու վրայ, որոնք սերտօրէն կապուած են իրարու.
– 10-17 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,
– 18-24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,
– Համալսարանական ծրագիր մը` ուղղուած սփիւռքի արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն:
Պատանիները եւ երիտասարդները, իրենց տարիքին համաձայն, զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին, որոնց շարքին են` տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, փիլիսոփայութեան, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ: Մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ, բոլոր նիստերուն եւ աշխատանոցներուն ընթացքին յարաբերելու եւ հաղորդակցելու լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը: Ծրագիրներու մասնակիցներուն թիւը սահմանափակ է:
Ուսուցիչներու ուղղուած ծրագրին կից, Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին (Ինալքօ) առաջարկած դասընթացքներուն հետեւելով` կարելի է ստանալ վկայագիր մը: Ծրագիրը առաւելագոյնը 15 ուսուցիչ կրնայ ընդունիլ:
«Զարմանազան»-ը այն վայրն է, ուր ծրագիրի մը շուրջ կը հաւաքուին` սփիւռքի երեխաներ, երիտասարդներ, ուսուցիչներ եւ ուղեկիցներ:
Դիմումները կ՛ընդունուին մինչեւ 22 փետրուար 2026, Կրինիչի միջին ժամով 23:00:
Ձեր դիմումը կրնաք կատարել այցելելով կայքէջը` www.zarmanazan.com
«Զարմանազան» մանկավարժական ծրագիրը ստեղծուած է 2017-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին կողմէ` որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագիրներուն մէկ բաժին: Ան կազմակերպուած է Լիոնի Հազար ու մէկ աշխարհ ընկերակցութեան եւ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին համագործակցութեամբ:
«Զարմանազան» ծրագիրը վաւերացուած է Ֆրանսայի կրթական նախարարութեան կողմէ:



