Պատրաստեց` ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Համաձայն չինական լուսնային օրացոյցին, անոնց տարուան անունը կը կրկնուի ամէն 12 տարին անգամ մը, նոյն կենդանիին կամ անասունին անունով: Այլ խօսքով, չինական աստղաբաշխութիւնը տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով: Այսպէս, չինական առաջին տարին սկսած են` մուկով, անոր յաջորդած են ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:
Այս ձեւով ամէն 12 տարին անգամ մը նոյն անասունը կը յիշուի չինական օրացոյցին վրայ: 2026 տարին ձիու տարի է: Չինական աստղաբաշխութեան մէջ ձին կը գրաւէ 7-րդ տեղը:
Կը կարծենք, որ շատեր հաւանաբար պիտի կարդան այս էջին խորագիրը միայն եւ թերեւս ալ անտարբերութեամբ պիտի դարձնեն զայն: Իսկ ասոնց ճիշդ հակառակը` ուրիշներ ալ, կը կարծենք, թէ, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս խանդավառութեամբ պիտի ուզեն գիտնալ, թէ ի՛նչ կամ ինչե՛ր պահած է իրենց կենդանակերպը:
Առ ի տեղեկութիւն` նախ ըսենք, որ չինական աւանդութեան համաձայն, կ՛ըսուի, թէ երբ Պուտտան երկինք պիտի բարձրանար, ուզած էր իրեն հետ իր աստուծոյն տանիլ 12 կենդանիներ: Անմիջապէս իր խնդրանքին ընդառաջած էր մուկը կամ առնետը, եւ ապա անոր յաջորդած են` ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:
Աւանդութիւնը կ՛աւելցնէ նաեւ, որ ամէնէն առաջ կատուն հասած էր, բայց մուկը զայն խաբելով` անոր տեղը գրաւած էր, ու այսպիսով կատուն դուրս մնացած է այս շարքէն:
Իր կարգին, Պուտտան իւրաքանչիւր անասունի անունը տարուան մը անունով մկրտած է: Ուրեմն չինական առաջին տարին սկսած է մուկով, եւ անոր յաջորդած են միւսները: Այս ձեւով է, որ ամէն 12 տարին անգամ մը կրկնուած է անասունին անունը:
2026 տարի – Ձիու տարի
Չինական կենդանակերպը կը հետեւի լուսնային օրացոյցին:
2026-ին չինական նոր տարին կը սկսի 17 փետրուարին եւ կ՛աւարտի 7 փետրուար 2027-ին:
2026-ի կամ ձիու տարին ծնածներուն լաւագոյն եւ բախտաւոր ամիսներն են` յունուար, մարտ, յուլիս:
Անոնք կ՛ըլլան ազնիւ բնաւորութեան տէր եւ լաւատես անձեր ու շուտով կը դառնան ուշագրաւ դէմքեր եւ բարձր դիրքերու տէր անձնաւորութիւններ:
Բնատուր աշխատասէր եւ քաջ անհատներ են, խելացի, նուրբ եւ բարեսիրտ: Նաեւ կ՛ունենան իւրայատուկ անհատականութիւններ` բոլորովին տարբեր իրենց շրջապատէն: Ուրիշներուն աջակցող եւ նպատակին հասնող յանձնառութիւններով: Նաեւ կ՛ըլլան` իրենց ասպարէզէն ներս մէկական բախտաւորներ` նորագոյն գիտելիքներով օժտուած, դժուարութիւնները յաղթահարող, տաղանդաւորներ, սուր միտքով զինուած, ուժեղ ու շատ յաջող եւ հարուստ: Տրամաբանող:
Երկար եւ հին ժամանակներէ ի վեր չին ժողովուրդին համար ձին նկատուած է հաւատարմութեան, հարստութեան, յիշողութեան եւ արագութեան խորհրդանիշ:
Ձիերը կը սիրեն ուրիշներու հետ միշտ հաղորդակցիլ եւ գործակցիլ: Շատ կը սիրեն կեանքն ու իրենց կեանքի ընկերը: Յաճախ կ՛ըլլան արկածախնդիր:
Ձիու տարիներուն ծնածները կ՛ըլլան նաեւ` մեծ դէմքեր, արուեստագէտներ, դերասաններ, հանրային գործիչներ, կրթական մշակներ: Անոնք կը սիրեն վտանգաւոր որոշումներ տալ կամ քայլեր առնել:
Բարի բնաւորութեան տէր են: Մաքուր մտածողութեամբ ու տրամաբանական եւ միշտ դրական մտածող, աշխատասէր, հաւատարիմ եւ իրենց ծրագիրներու իրականացման համար հնարաւորութիւններ ստեղծող: Կը սիրեն լաւ հագուիլ եւ զարդարուիլ: Ճաշակաւոր կ՛ըլլան եւ միշտ իրենց արտաքին տեսքին հոգ տանող:
Թէեւ բազմաթիւ են իրենց դրական կողմերը, սակայն նաեւ ունին ասոնց ճիշդ հակառակը` ժխտական կէտերը:
Այսպէս, անոնք յաճախ հարցերը կը բարդացնեն: Նոյնիսկ իրենց անօրինակ խանդավառութիւնը երբեմն տարբեր ուղղութեամբ կ՛առաջնորդէ ստեղծուած հարցերը, որոնք պատճառ կը դառնան ձախողութեան: Քիչ մը դժուար կ՛ընդունին քննադատութիւնները: Անոր համար անպատասխանատու ընթացքը զիրենք կը նետէ նախանձի մէջ, ու այս ձեւով անոնք կը կորսնցնեն իրենց ուժականութիւնը` նաեւ, իրենց համբաւն ու ժողովրդականութիւնը:
Ստորեւ չինական տարիներու բաժանումները` իրենց տարիներու դասաւորումով.-
1.- Մուկ կամ առնէտ – 1900-1912-1924-1936-1948-1960-1972-1984-1996-2008-2020-2032
2.- Ցուլ -1901-1913-1925-1937-1949-1961-1973-1985-1997-2009-2021-2033
3.- Վագր -1902-1914-1926-1938-1950-1962-1974-1986-1998-2010 -2022-2024
4.- Նապաստակ -1903- 1915-1927-1939-1951-1963-1975-1987-1999-2011-2023-2025
5.- Վիշապ -1904-1916-1928-1940-1952-1964-1976-1988-2000-2012-2024-2036
6.- Օձ – 1905-1917-1929-1941-1953-1965-1977-1989-2001-2013-2025-2037
7.- Ձի -1906-1918-1930-1942-1954-1966-1978-1990-2002-2014-2026-2038
8.- Ոչխար -1907-1919-1931-1943-1955-1967-1979-1990-2003-2015-2027-2039
9.- Կապիկ -1908-1920-1932-1944-1956-1968-1980-1992-2004-2016-2028-2040
10.- Աքլոր-1909-1921-1933-1945-1957-1969-1981-1993-2005- 2017 -2029-2041
11.- Շուն -1910-1922-1934-1946-1958-1970-1982-1994-2006-2018-2030-2042
12.- Խոզ -1911-1923-1935-1947-1959-1971-1983-1995-2007-2019-2031-2043
Բախտաւոր թիւերն են` 6-8-9
Նախասիրած գոյները` ճերմակ, դեղին եւ գոց կապոյտ:
Հետեւեալ տարիները ձիու տարի կոչուած են կամ կը կոչուին.-
1906-1918-1930-1942-1954-1966-1978-1990-2002-2014-2026-2038
Ձիու տարիներուն ծնած նշանաւոր դէմքեր
Պրուս Լի, Մայք Քանըր, Օփրա Ուինֆրի, Ժան Քենետի, Ճորճ Քլունի, Նիքոլ Քիտմըն, Շաքիրա, Թամի Լի:
Աւելի քան քսան աստղաբաշխներու, բախտագուշակներու եւ աստղաբաններու 2026 տարուան յատուկ հարիւրաւոր կայքերու վրայ հրապարակուած գուշակութիւններն ու զանազան կարծիք-տեսակէտները կարդալէ եւ ծանօթանալէ ետք փորձեցինք մեկտեղել այդ բոլորը եւ համադրելէ ետք, մեր ընթերցողներուն հրամցնել անոնցմէ ամէնէն հետաքրքրականը, ընդհանրականն ու յատկանշականը: Պէտք է ըսել, որ գրեթէ բոլորն ալ համակարծիք են, որ 2026-ը բոլորովին տարբեր պիտի չըլլայ 2025-էն: Շատեր կը պնդեն, որ նոյնիսկ ոչ միայն անոր շարունակութիւնը պիտի նկատուի, այլեւ պիտի դառնայ անոր աւելի չարագործ տարբերակը:
Այսպէս, անոնք կ՛ենթադրեն, թէ մէկ կողմէ մայր բնութիւնը իր պատերազմներով, երկրաշարժերով, հեղեղներով, հրդեհներով եւ փոթորիկներով պիտի շարունակէ աւերներ գործել, իսկ միւս կողմէ ալ մարդիկ պիտի չդադրին իրենց մահացու եւ չարագործ զէնքերը, դաւադրութիւններն ու ահաբեկչական արարքները իրարու դէմ գործածելէ: Նման ընթերցումներ անկասկած, որոշակի վախի եւ սարսափի կը մատնեն համեստ ընթերցողը, որուն մտածելակերպէն կախում ունի նման յայտարարութիւններու հաւատք ընծայելը:
Այլ խօսքով, երկրագունդի բնակչութիւնը, կամ աշխարհ կոչուած այս առեղծուածը եւ կամ աստուածային պարգեւը հետզհետէ աւելի խառնակ վիճակի պիտի մատնուի:
Պէտք է ըսել նաեւ, որ կարգ մը աստղաբաշխներ ոչ միայն այսքան յոռետես են, այլ նաեւ` բաւականին լաւատես: Այս վերջինները իրենց տեսակէտը կը հիմնաւորեն մարդու նոր զարթօնքով, այսինքն` ելեկտրոնային ամէնօրեայ նոր գիտութիւններով եւ գիւտերով:
Բայց ինչ որ ալ ըլլան 2026 տարուան մասին կարծիքները եւ գուշակութիւնները, մեր կարգին մեր ընթերցողներուն կը մաղթենք ամենայն բարին:


