Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եկեղեցական Տագնապը Կը Շարունակուի Հայաստանի Մէջ

December 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գիշեր մը երազին մէջ տեսած էր, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը` Գարեգին Բ. Ներսիսեան, ժխտած էր իր կուսակրօնութեան ուխտը, հաւանաբար թուականէս առնուազն երեսուն տարիներ առաջ: Արթննալէ ետք, հաւատացեալ քրիստոնեայ վարչապետը քննարկած էր «Կանոնագիրք Հայոց»-ի երկու հատորները եւ գտած, Ե. դարուն գումարուած Շահապիվանի ժողովի կանոններուն մէջ կանոն մը, որ աղօտ կերպով կրնար պատշաճիլ տուեալ կացութեան: Ըստ Շահապիվանի ժողովի կանոնին, կաթողիկոսը պէտք է կարգազուրկ հռչակուած ըլլար: Քանի որ կարգազուրկ հռչակելու իրաւունքը վերապահուած է յանցաւոր եկեղեցականին հոգեւոր մեծաւորին, որ գոյութիւն չունի, կամ ազգային եկեղեցական բարձրագոյն ժողովի մը, որ դժուար է արագօրէն գումարել տալ, Նիկոլ Փաշինեան իր սովորութեան համաձայն ինքնուրոյն մեկնաբանելով տուեալ կանոնը, կարգազուրկ հռչակած է կաթողիկոսը եւ սկսած զայն անուանել իր աշխարհական անունով` կտրիճ Ներսիսեան: Աշխարհական մը չի կրնար կաթողիկոս ըլլալ բնականաբար: Պետական վարչամեքենան, ըստ Սահմանադրութեան, չի կրնար միջամտել Հայ եկեղեցւոյ կառավարման հարցերուն. վարչապետը որոշած է կաթողիկոսի փոփոխութեան գործը վերցնել անձամբ իր վրայ եւ Գարեգին Բ. Ներսիսեան կաթողիկոսը յայտարարել կարգազուրկ, իսկ կաթողիկոսութիւնը` թափուր:

Վարչապետին գործակիցները եւ բարեկամները զինք առանձին պիտի չթողնէին վստահաբար: Այսպէս, նախարարներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, մարզպաններ, համայնքապետներ, ոստիկանութիւն, ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն, լրագրողներ եւ նոյնիսկ հանրապետութեան նախագահը զօրավիգ կանգնեցան Նիկոլ Փաշինեանին եւ դարձան Հայ եկեղեցին բարեկարգող հաւատացեալ քրիստոնեաներ: Տեղի ունեցան ձերբակալութիւններ. չորս եպիսկոպոսներ բանտարկուած են: Աշխարհականներ եւս փակի տակ առնուած են: Նիկոլ Փաշինեան ամէն կիրակի եկեղեցի մը կ՛երթայ մեծ շքախումբով եւ կը մասնակցի պատարագին, ուր կաթողիկոսի անուան յիշատակումը զանց կ՛առնուի: Յայտարարութիւններ կը հրապարակուին. կ՛ըսուի, որ կաթողիկոսը օտար տէրութեան մը գործակալ է (Իմա՛ Ռուսիոյ Դաշնութեան), որ Հայ եկեղեցին ոչ թէ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի շահերուն կը ծառայէ, այլ օտար շահեր կը սպասարկէ: Բնականաբար ոչ մէկ փաստ կը ներկայացուի. վարչապետին վկայութիւնը բաւարար է ու համոզիչ:

Զգայացունց նորութիւն մը հանդիսացաւ տասը եպիսկոպոսներու համատեղ յայտարարութիւնը. դժգոհ եպիսկոպոսներու այս խումբը կը պահանջէ կաթողիկոսին հրաժարականը եւ հանգստեան կոչուիլը: Ութ եպիսկոպոսներ հանդիպում ունեցան Նիկոլ Փաշինեանի հետ ու հաւանաբար համաձայնեցան առնուելիք քայլերու շուրջ: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հրաւիրեց եպիսկոպոսական ժողովի մը, որ ստիպուած եղաւ յետաձգելու: Ձախողեցաւ նաեւ Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի նիստը: Կաթողիկոսը պարտաւորուեցաւ փոփոխութեան ենթարկելու Հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի կազմը:

Յայտարարուեցաւ, որ դժգոհ եպիսկոպոսները հինգշաբթի, 18 դեկտեմբերին պիտի երթան Էջմիածին` պահանջելու կաթողիկոսին հրաժարականը: Շրջապատուած մեծաթիւ ոստիկաններով եւ ապահովական անտարազ պաշտօնեաներով, եպիսկոպոսները ներկայացան Էջմիածին եւ դիմաւորուեցան բազմահազար մարդոց կողմէ, որոնք եկած էին պաշտպանելու կաթողիկոսն ու կաթողիկոսութիւնը: Քարտուղարութեան յանձնելէ ետք իրենց նամակը, եպիսկոպոսները հեռացան գլխիկոր, բազմութեան կշտամբող աղաղակներուն տակ, շրջապատուած ոստիկաններով:

Յաջորդ զարգացումը կաթողիկոսին եղբօր` Եզրաս արքեպիսկոպոսի անդամակցութիւնն է խորհրդային գաղտնի գործակալութեան` Քա. Կէ. Պէ.-ին: Հրապարակուած է 1986 թուակիր անդամակցութեան փաստաթուղթ մը, որով կ՛ուզեն փաստել, որ Եզրաս սրբազանը գործակալ է, ուրեմն իր եղբայր կաթողիկոսը եւս… գործակալ է: Այսպէս, իջած ենք անպարկեշտ պարսաւանքի խորխորատին մէջ:

Ափսոսանքով ու խոր ցաւով կը գրենք Հայ եկեղեցին թիրախաւորող խորշակին մասին: Օգտագործուած բառամթերքը եւ կիրարկուած ոճը անպատշաճութեան բոլոր սահմանները անցած են: Ո՛չ պատկառանք կայ, ո՛չ ալ ինքնազսպում: Կը խօսուի հայ ինքնութեան անբաժան մաս հանդիսացող հազար եօթհարիւրամեայ սրբազան հաստատութեան մը մասին ամէնէն հասարակ ու լկտի եղանակով: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ընդհանրապէս չի հակադարձեր ու կը պահպանէ արժանապատիւ կեցուածք: Երբ առիթներով արտայայտուի, կը բաւարարուի զգաստանալու ու եկեղեցւոյ կանոնական սկզբունքներուն վերադառնալու կոչով:

Պետական իշխանութեան հակադրութիւնը` անուանապէս կաթողիկոսին, բայց իրողապէս Հայ եկեղեցւոյ դէմ, նպատակ ունի եկեղեցին հպատակեցնել իշխող վարչակազմին, ինչպէս սովոր էին ընել խորհրդային շրջանին, երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք: Եկեղեցին պէտք է մնայ անկախ քաղաքական բոլոր տեսակի կաշկանդումներէ: Անհրաժեշտ բարեփոխումները, կանոնական պատշաճեցումները պէտք է կատարուին ըստ պատմական աւանդութեան, Ազգային եկեղեցական համապարփակ ժողովի միջոցով: Հանրապետութեան իշխանութիւնը ընելիք չունի այնտեղ:

 

 

 

 

Նախորդը

Թրքական Պատգամը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ. Ճէյլըն Պրաունի Եւ Քոն Քնուփելի Հերոսութիւնները

RelatedPosts

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.