Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վեհ Մասիսը*

December 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌԻ (Արցախ ռուց ինվեսթմընթ)

Այսպէս, իր սիրելի հայրենիքէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու, լուռ ու անշշուկ, մեզմէ առյաւէտ հեռացաւ դաշնակցական անկեղծ զինուորն ու Արցախի նուիրեալը` մեր սիրելի Մասիսը:

Գլխագիր ՀԱՅ, որ Արցախեան ազատագրական պայքարի առաջին իսկ օրերէն իր ճիտին պարտքը սեպեց, անշեղ հաւատքով եւ անսակարկ նուիրումով օժանդակեց ու իր ձեւով մասնակցութիւն բերաւ այդ մարտնչումին: Եթէ պատերազմական շրջանին օժանդակութիւնները սահմանափակուած էին անմիջական կարիքներով, ինչպէս` դեղորայք, պահածոներ եւ այլ պիտոյքներու ապահովում, ապա 1994-էն ետք, յարաբերաբար աւելի խաղաղ պայմաններու մէջ, Արցախի օժանդակութեան մարմինի ճիգերով այդ օժանդակութիւնները դարձան աւելի կազմակերպուած ու հետեւողական: Սակայն շուտով համոզում դարձաւ, որ միայն օգնութեամբ երկիր չի կառուցուիր, առ այդ ալ յառաջացաւ Արցախի վերաշինութեան ու վերաբնակեցման մարմինը-Արցախ ֆոնտը, իսկ աւելի ուշ` Արցախի պետականաշինութեան ներդրումային ծրագիրներուն մէջ սփիւռքի կարողականութիւնը ներգրաւելու նպատակով, սփիւռքի տարբեր գաղութներէ գործարարներ համախմբելով, կազմուեցաւ ԱՌԻ-ն` «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» բաժնետիրական ընկերութիւնը: Հայկական իրականութեան մէջ եզակի երեւոյթ դարձաւ ասիկա, որ կարողացաւ դժուար պայմաններու մէջ փոխադարձ վստահութեան միջավայր ստեղծել ու հանրային ու մասնաւոր ոլորտներու փոխշահաւէտ գործակցութիւնը իրականացնել: Հիմնական ու վճռորոշ եղաւ Մասիս Ալեքսանտրեանին ներդրումը այս աշխատանքներուն մղում տալու, ծրագրելու ու գործադրութեան դնելու մէջ: Ան իր անկոտրում կամքով, անսակարկ նուիրումով ու հետեւողական աշխատանքով յարգանք պարտադրեց ու վստահութիւն ներշնչեց իր շրջապատին: Հաւաքական աշխատանքի կուռ հաւատացող` երբեք յառաջ չմղեց իր սեփական «ես»-ը, ընդհակառակը իր անուղղակի հարցադրումներով քաջալերեց մտքերու համադրումն ու եզրակացութեան ձեւաւորումը: Մտքերու բախումէ ու անկէ բիւրեղացած իր կարգապահութեամբ օրինակելի գործելաոճ մը փոխանցեց գործակիցներուն: Հաշուեքննիչի բծախնդրութեամբ հաշուետուութիւն ներկայացուց թէ՛ նուիրատուներուն, թէ՛ ներդրողներուն ու Արցախի պետական կառոյցներէն յամառօրէն պահանջեց նոյն բծախնդրութեամբ ներկայացնել տարուած աշխատանքներուն կամ կատարուած ներդրումներուն հաշուետուութիւնը` ամէն անգամ յիշեցնելով, որ թափանցիկութիւնն է, որ կ՛ապահովէ վստահելի գործընկերութիւնը:

Գործեց անձայն, լուսարձակներէն խուսափելով, սակայն մանաւանդ ծանր ու յուսալքիչ պայմաններուն իր անշեղ լաւատեսութեամբ ու յանձնառութեամբ եղաւ մղիչ ուժը իր շրջապատին: Մեծ գուրգուրանքով մօտեցաւ երիտասարդութեան ու յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերեց անոնց նկատմամբ` հաւատալով, որ անոնց պատասխանատուութիւն տալով աշխատանքները որակական մեծ աճ կ՛արձանագրեն: Հայրական մօտեցումով եղաւ անոնց ուսուցիչն ու խորհրդատուն: Վարակիչ էին անոր յանձնառու ու անսակարկ նուիրումը, ազնուութիւնն ու պարկեշտութիւնը:

Արցախ հայրենիքի պատմամշակութային արժէքներու ծանօթացման շրջապտոյտներ կազմակերպեց` քաջ գիտնալով, որ այդ արժէքները անուրանալի հետք պիտի թողուն իւրաքանչիւրին մօտ: Մտահոգ` Արցախի հզօրացմամբ ու վերաբնակեցմամբ, գործեց իբրեւ Արցախի պետական համակարգի մէկ մասնիկը, գործակիցը, հետաքրքրուած Արցախի պետականաշինութեան ամէն մարզերով` գիւղատնտեսութիւն, անասնապահութիւն, արեւային ջեռուցման համակարգ, բնակարանաշինութիւն, դպրոցաշինութիւն, մշակութային կեդրոնի հաստատում, ընկերային կենսամակարդակի բարձրացում, հիւանդանոցի նորոգութիւն: Յատկանշականը այն էր, որ ան պատկերացում ու ծրագիր ունէր իւրաքանչիւր մարզի վերաբերող, եւ թէեւ պատկառելի է իրականացուած ծրագիրներու թիւը, սակայն ըստ իրեն, անոնք կաթիլ մըն են ծով կարիքներու մէջ: Մնայուն հեւքի մէջ էր աւելին ընելու ու կարծես,  կանխատեսելով դաժան օրերը, ժամանակին դէմ կռուելով կարգախօսի վերածած էր «Վաղը ուշ է» արտայայտութիւնը: Անակնկալի եկաւ, երբ Արցախի իշխանութիւնները ուզեցին զինք պարգեւատրել Արցախի օժանդակութեան առումով իր մեծ ներդրումին համար: Քաղաքավարութեամբ մերժեց` առարկելով, որ եղածը հաւաքական աշխատանքի արդիւնք էր, իսկ ազգային պարտաւորութիւնը գնահատանքի կարիք չունի:

Արցախի հայաթափումը, ինչպէս բոլորին, վստահաբար ծանր ազդեց նաեւ Մասիսին վրայ, սակայն իր ներաշխարհին մէջ պայքար մղեց ամէն տեսակի յուսախաբութեան ու յուսալքութեան դէմ: Անոնք, որոնք բախտը ունեցան զինք ճանչնալու ու հետը գործակցելու, Մասիսի մէջ համատեղուած գտան մարդկային վեհ արժանիքներն ու առաքինութիւնները, ուստի կարելի է հաստատել, որ ան մեզի կտակեց արժէքներով լի ժառանգութիւն, հաւատք, նուիրուածութիւն ու քաղցր յուշեր, որոնք այսօր առաւել քան երբեք մեզ կը պարտաւորեցնեն շարունակել իր սկսած ուղին: Սիրելի Մասի՛ս, մինչեւ վերջին վայրկեանը մեզ անտեղեակ պահեցիր քու անցուցած տագնապներէդ ու ձգեցիր այն տպաւորութիւնը, որ քու երիտասարդական եռանդովդ` «Business as usual» – Գործը ընթացքի մէջ էր: Հիմա, որ կ՛երթաս միանալու ԱՌԻ-ի նախագահ Սուրէն Սարգիսեանին, վստահ, որ վերէն հսկելու ես ու հետեւելու յառաջիկայ մեր քայլերուն:

Յիշատակդ անթառամ, սիրելի՛ Մասիս:

*«Արցախ ռուց ինվեսթմընթ»-ի անունով արտասանուած դամբանական:

Նախորդը

Կիրակնօրեայ Մտորումներ… Խաղաղութի՛ւն, Ալ Կը Բաւէ… Եկո՛ւր…

Յաջորդը

2026 Տարին` «Հրեղէն« Ձիու Տարի

RelatedPosts

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.