ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Կիրակի է… Սովորական կիրակիներու նման կիրակի մը, սակայն` քիչ մը տարբեր միւսներէն, քանի որ ան մօտալուտ 2026 տարուան գալուստը աւետող կիրակի մըն է:
Տանս մէջ ամփոփուած, փոքր պաստառի առջեւ նստած` կ՛ուզեմ հետեւիլ օրուան անցուդարձերուն եւ տեղեկանալ լուրերուն: Կ՛ուզեմ փոքր պաստառէն ստանալ հաճելի լուրեր եւ ականջ շոյող խապրիկներ: Սակայն… հեռատեսիլս կու լայ… այո՛, կու լա՜յ… աշխարհի վրայ ամէն կողմ իրարանցում է, ամէն կողմ գուպար, աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրան տակնուվրայութիւն… Ծայրագոյն Արեւելքէն մինչեւ ծայրագոյն Արեւմուտք` պատերազմ… սպանդ… քանդում… ոճիր… յափշտակութիւն… հրկիզում… մարդասպանութիւն… ցեղասպանութիւն… Բայց ո՞ւր ես, Աստուա՛ծ…: Մարդոց աչքերը միայն քեզ կ՛որոնեն:
Պահ մը յոգնած այս մտատանջութիւն սերմանող տեսարաններէն ու լուրերէն` կ՛ուզեմ անջատուիլ եւ լսել սրտիս ձայնը եւ խոկալ: Բայց հազիւ աչքերս փակած եմ ու կը փափաքիմ կեդրոնանալ, յանկարծ ականջիս կը հասնի մօտաւոր թաղի եկեղեցւոյ զանգակատան ղօղանջը… Կ՛ուզեմ ունկնդրել լռութեան ձայնը պատռող ղօղանջին ինծի հասցուցած անբացատրելի հաճոյքը:
Նոյն րոպէին ուղեղս կը դառնայ հի՜ն հին յիշատակներ փոխադրող դիպաշար, ու ես նոյն պահուն կամացուկ մը մտքով կը ճամբորդեմ ու կը փոխադրուիմ դէպի իմ երբեմնի մանկութիւնը… Սեբաստիոյ աւերակ հայկական եկեղեցին… Պոլսոյ Խասգիւղ թաղամասի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին… Իւսկիւտարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին ու Սուրբ Խաչ դպրեվանքի աշակերտական տարիներս… Անթիլիասի մայրավանքը… Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, որուն պատերը թնդացին երեսուն տարի իմ ձայնի թրթռացումով… ապա` հայրենի աշխարհ… Էջմիածնի մայր տաճարը… Գեղարդը… Կեչառիսը… Արցախը… Գանձասարը… Ղազանչեցոց եկեղեցին… Դադի վանքը… Ամարասը… երբ մեր եկեղեցական սրբազան շարականները ամէն առիթով կը հնչեցնէի սքանչելի ներշնչումով` ապրելով հոգեկան մեծ գոհունակութիւն:
Բայց այս բոլորը արդէն հիմա միայն դիպաշարի մնացորդներ են… կամ` պատռուած յիշատակարանի ցաւցնող էջեր… քանզի հոգիս խռոված է, սիրտս բզկտուած եւ հոգեկանս` լման քանդուած… Պատճառը շատ յստակ է եւ պարզ: Հոգիս գաղթական է, եւ ան կը փնտռէ յափշտակուած իմ հայրենիքը… աչքերս ակամայ կու լան մօտիկ անցեալին զիս գինովցուցած ու հպարտացուցած երբեմնի փառքը…
Բայց ինչո՞ւ… ինչո՞ւ համար ամէն ինչ պիտի քանդուէր, եւ հայութիւնը պիտի դառնար ուղեկորուստ, ուշակորուստ… գլխահակ… եւ օր մըն ալ ակամայ կորսնցնէինք մեր արժանապատուութեան հետ «Հպարտ քաղաքացիներ» ըլլալու կարճատեւ հանգամանքը… Ճակատագրի խա՞ղ…
Ուժաթափ, յոգնած ու պարտասուն ակամայ տամուկ աչքերս կ՛ուղղուին հեռատեսիլին… Ան մինչեւ այս պահը գունաւոր էր… երփներանգ… պահ մը, սակայն, անոր վրան երեւաց «սեւ ու ճերմակ» տեսարան… խղճալի եւ աղքատ հեռատեսիլս կորսնցուց իր քիչ առաջուան զուարթութիւնը` ինծի պատճառելով անանուն տխրութիւն: Գորշ գորշ ամպեր ծածկեցին սենեակիս առաստաղը…
Հզօր Հայաստանս ալ հինգ տարի առաջ աչքիս վայրկեանի մը մէջ կամքէս անկախ դարձաւ իրապէս սեւ ու ճերմակ, երբ ցաւեցան բոլորիս սիրտերը… Պատճառները գիտեմ, գիտէ նաեւ ամէն հայ, կոյր ձեւանալու ձախող կարիք չկայ, կարելի չէ մեծ ասեղը պահել բամպակեայ բազմոցի մէջ… ան կը դառնայ խոցելի եւ ծակծկող: Բայց ողբալու չենք: Յանձնուելու չենք… ամէն խաւար գիշերէն ետք կը ծագի հրաշալի արեւը…
Մօտալուտ եկեղեցւոյ ղօղանջները կը շարունակեն հնչել ուժգին ու ուժգին… կարծես անոնք նոր թափ ու ուժ առած ըլլան եւ հետզհետէ կը դառնան` աւելի ազդեցիկ, խօսուն, զարթնող ու արթնցնող: Անոնք մեզ կը հրաւիրեն` մեր ապրած թմբիրէն զարթնելու, ոտքի կանգնելու, ուժերը լարելու, մատները պրկելու, աչքերը սեւեռելու հեռուն… դէպի հեռաւոր հորիզոնը… յիշելու մեծ անցեալը ու մօտիկ անցեալը… վերյիշելու եւ վերարժեւորելու երէկի եւ մօտիկ երէկի փառքը… սքանչանալու Հայոց պատմութեամբ եւ պատմութիւնը զարդարած հերոսներով` Հայկ նահապետով, Վահագնով, Տիգրան Մեծով, Արտաշէս արքայով, Տրդատ թագաւորով, Մեսրոպ Մաշտոցով, Մովսէս Խորենացիով, Վարդան Մամիկոնեանով, Ղեւոնդ Երէցով, Նարեկացիով, Շնորհալիով, Շիրակացիով, Սայաթ Նովայով, Սարդարապատով, Անդրանիկով, Նժդեհով, Խրիմեանով, Կոմիտասով, Վիքթոր Համբարձումեանով, Մարտիրոս Սարեանով, Վազգէն վեհափառով, Ալեքս Մանուկեանով եւ այլ հերոսներով: Ո՞վ կը համարձակի մոռացութեան տալ այս փաղանգը նուիրեալներու…
Երբ լռութեան մէջ հոգեկան մեծ տագնապով կը վերյիշէի անցեալէն մեզի աւանդ հայկական փառքը, եկեղեցւոյ ղօղանջները ալիք առ ալիք սկսան դիպչիլ սրտիս լարերուն, եւ ան` սիրտս, աւելի ու աւելի աշխուժացաւ, իսկ իմ դէմ գտնուող փոքրիկ պաստառս, կարճ ժամանակ աչքիս տխուր երեւնալէ ետք, յանկարծ վերստին ցոյց տուաւ վերաշխուժանալու եւ ապրելու եռանդ: Ան ժպտաց թեթեւ թեթեւ, ծաղկեցաւ յոյսով, գունաւորուեցաւ` լուսաւորելով, եւ շուրթերս սկսան փոքր ուրախութեամբ երգել` «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան» երգը: Բայց աւելի ուշ շուրթերս, ենթարկուելով կամքիս հրահանգին, սկսան երգել` «Ծաղկիր, ազատ իմ հայրենիք» երգը` ոգեշնչելով հիւծած կորովս, որ հագաւ կարմիր, կապոյտ ու նարնջագոյն տարազ, եւ յանկարծ սիրտս պոռթկաց.
– Սուլթան կ՛ուզէ ջնջել մեզի, զարթիր լաօ, մռնիմ քեզի…
… Այս պահուն, երբ ղօղանջները կը շարունակեն հազարներու սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ ցանել խաղաղութեան Փրկիչին աշխարհ գալու աւետիսը, Նոր տարուան նախօրէին, կիրակնօրեայ աղօթքիս կը միանայ էութեանս եւ ինքնութեանս գոյատեւման համար առ Աստուած բարձրացող աղերսս, եւ ես ձեռքերս ու աչքերս պարզելով երկինք` աղաչական արտայայտութեամբ մը կը բարձրաձայնեմ.
– Տէ՛ր, տո՛ւր աշխարհին խաղաղութիւն, եւ երկու փոքրիկ երկիրներուն` Լիբանանին եւ Հայաստանին անդորրութիւն, իսկ ազգիս հայոց` սէր, միութիւն:
21-12-2025


