22 դեկտեմբերին Հալէպի մէջ տեղի ունեցան Սուրիոյ կառավարական ուժերուն եւ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ բախումներ: Կառավարական կողմը քիւրտերը ամբաստանեց երկու կողմերուն միջեւ մարտին գոյացած համաձայնութիւնը խախտելու եւ բնակուած շրջաններ ռմբակոծելու մէջ: Քրտական կողմը հերքեց ամբաստանութիւնը:
Ուշագրաւ է, որ բախումներու ծագումը «զուգադիպեցաւ» Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի, պաշտպանութեան նախարարի, ՄԻԹ-ի ղեկավարի եւ զինուորական բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը Դամասկոս այցելութեան: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Դամասկոսէն յայտարարեց, թէ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը կը թուին կառավարական հաստատութիւններուն համարկուելու մարտի համաձայնութեան գործադրութեամբ հետաքրքրուած չըլլալ, ինչպէս նաեւ այդ ուժերուն Իսրայէլի հետ կապին ակնարկեց, եւ այդպիսով սուրիական կողմին քիւրտերուն դէմ քայլեր ձեռնարկելու հրապարակաւ «կանաչ լոյս» տուաւ:
Սուրիացի պաշտօնատարներ իրենց կարգին նշեցին, որ մարտի համաձայնութեան գործադրութեան ժամկէտը կ՛աւարտի այս տարեվերջին, եւ անիկա կարիքը ունի այլընտրանքներու: Հալէպի թրքական «կանաչ լոյս»-ով սկսած բախումները կը թուին այդ «այլընտրանքներու» բնորդը ըլլալ եւ անոնց բնոյթը յստակացնող պատգամ մը:
Այդ ընտրանքը, սակայն, բաւական բարդ է, նկատի ունենալով իսրայէլեան գործօնը: Արդարեւ, Թել Աւիւ բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ թրքական ազդեցութեան որեւէ ընդլայնման, եւ բնականաբար Սուրիոյ մէջ քրտական գործօնի վերացում պիտի չարտօնէ, մանաւանդ որ այդպիսի զարգացում մը խիստ վտանգաւոր պիտի ըլլայ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան համար խիստ կարեւոր Սուէյտա շրջանին համար, որովհետեւ քրտական գործօնի վերացման պարագային, թրքական կողմը իր ամբողջ ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէ այդ շրջանին վրայ:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը 18 դեկտեմբերին քիւրտերուն կոչ ուղղած էր` Դամասկոսի հետ բանակցութիւններ վարելու, զգուշացնելով. «Կը յուսանք միայն, որ հարցերը երկխօսութեան, բանակցութիւններու եւ խաղաղ ճամբով յառաջ կ՛ընթանան: Չենք ուզեր անգամ մը եւս զինուորական միջոցներու դիմելու կարիք տեսնել, սակայն Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը պէտք է գիտակցին, որ առնչակից գործօն կողմերու համբերութիւնը սկսաւ սպառիլ»:
Հալէպի բախումները պէտք է այս ծիրին մէջ դիտարկել: Անոնք այդ պատգամին լրջութիւնը ընդգծելու կը ծառայեն եւ ճնշումի բանեցման համար են: Անգարայի խօսքով ու գործով փոխանցած պատգամին ու ճնշումին հասցէատէրը, սակայն, քիւրտերը չեն, այլ` Միացեալ Նահանգները:
Թուրքիոյ ուզածը բանակցութիւններ է: Մանաւանդ որ քաջ կը գիտակցի, թէ քիւրտերը Ուաշինկթընի դաշնակիցն են, եւ Փալմիրի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ ամերիկեան ուժերու դէմ վերջերս կատարուած յարձակումն ու ամերիկացի զինուորներու սպանութիւնը եկան ընդգծելու այն իրողութիւնը, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը տակաւին անհրաժեշտ են ամերիկեան կողմին:
Վերոնշեալները մտածել կու տան, թէ ամերիկեան կողմը շուտով պիտի միջամտէ` վտանգաւոր ու բարդ կացութեան վերահսկողութենէն դուրս գալը կանխարգիլելու եւ զայն հանդարտեցնելու համար:



