Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԵՄ-ի Էջը. «Արցախը Նոր Տարուան Սեմին»` Աշակերտներուն Գրիչով

December 29, 2025
| ԼԵՄ-ի ԷՋ
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 նոյեմբեր 2025-ին լոյս տեսաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբին հրատարակած թերթիկը, որուն գլխաւոր թեման էր 9 նոյեմբեր 2020-ին կնքուած եռակողմ ամօթալի համաձայնագիրը եւ Արցախի յանձնումը:

Թերթիկի վերջին բաժինին մէջ Լիբանանի մէջ գործող հայկական վարժարաններու աշակերտութեան ուղղուեցաւ «Արցախը Նոր տարուան սեմին» խորագիրով յօդուած գրելու մարտահրաւէր մը:

Առ այդ կը ներկայացնենք մարտահրաւէրին ընդառաջացած աշակերտներուն լաւագոյն յօդուածները:

Արցախը`
Նոր Տարուան Սեմին

Այս նիւթը այսօր չափազանց յուզիչ եւ ցաւոտ է իւրաքանչիւր հայու համար: «Արցախը Նոր տարուան սեմին» արտայայտութիւնը այլեւս չի նշանակեր տօնական բազմութիւն Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ, կամ աւանդական պատրաստութիւններ` Շուշիի, Մարտունիի, Ասկերանի… մէջ:

Այս տարին ձմրան ցուրտը ուրիշ է. միայն եղանակի ցուրտը չէ, այլ` հոգիի: Արցախը մեզի համար աշխարհագրական վայր մը չէ քարտէսի վրայ, այլ` սրբազան մասունք մը, որ մեզի հետ բերինք մեր պայուսակներուն եւ յիշողութեան մէջ:

Այսօր, փակ դռներու ետին, գէթ պահ մը, թէկուզ մտովի, մենք կը տեղափոխուինք Ստեփանակերտ, Շուշի, Հադրութ… Այնտեղ, ուր հիմա խորհրդաւոր ու ծանր լռութիւն է, այնտեղ, ուր ժամանակին կեանքը կ՛եռար հա՛յ երեխաներու ճիչերով, մանուկներու փողոցի խաղերով, երգեցիկ պատանիներու հայրենասիրական երգերով… Կը յիշէ՞ք ճինկեալով հացին բոյրը, որ կը տարածուէր թաղամասերուն մէջ, շտեմարաններէն հանուող տնային պատրաստութեամբ գինին եւ այն իւրայատուկ ջերմութիւնը, որ միայն արցախեան օճախը ունէր: Այսօր այդ դռները փակ են, բանալիները` մեր գրպաններուն մէջ, իսկ տուները` մէկական որջ թշնամիի…

Այսպէս, Արցախը Նոր տարուան սեմին մեր առջեւ կը կանգնի ոչ թէ տօնական փայլով, այլ` վէրքերով… Բայց ո՛չ թէ պարտուողական հոգեբանութեամբ, այլ` դիմադրութեան նշաններով, լուռ աղօթքով ու սպասումով` իբրեւ «վերադարձ»-ի ճակատագիր ունեցող լուռ հերոս… Արցախը այսօր գուցէ լուռ է, բայց այդ լռութիւնը կը նմանցնեմ հպարտ առիւծի մը, որ նահանջած է, բայց իր սիրտը կը բաբախէ դեռ ուժգնութեամբ, եւ այդ բաբախումը կը հասնի մեզի Նոր տարուան գիշերը հետեւեալ պատգամով. «Մի՛ մոռնաք, ես դեռ կենդանի՛ եմ, կ՛ապրիմ ձեր յիշողութեան մէջ, ձեր լեզուին վրայ, ձեր ամէնօրեայ պայքարին մէջ. երբ դուք միանաք, երբ ձեր սրտերը դառնան վրէժխնդրութեան մէ՛կ կրակ, ես պիտի վերադառնամ ոչ թէ անպայման վաղը, այլ` անպայմա՛ն»:

Այո՛, սիրելիս, այս Նոր տարուան սեղանները գուցէ աւելի համեստ ըլլան, գուցէ պակսին այն ճոխութիւնները, որոնց սովոր էինք: Բայց փոխարէնը` այս տարի սեղաններուն շուրջ նստող հայեր իրարու ձեռք աւելի պինդ պիտի բռնեն:

Մենք հասկցանք, որ տօնը պատերուն մէջ չէ, այլ` մեր միասնութեան ու հաւատարմութեան մէջ: Մենք սորվեցանք, որ ամէնէն թանկ նուէրը ոչ թէ փաթթուած տուփն է, այլ` կողքիդ նստող հարազատին, հայրենակիցին հայրենի հողին տաք շնչառութիւնը: Եթէ նախապէս կը մաղթէինք «Բարի ու օրհնեալ տարի», հիմա մեր բաժակաճառերը մէկ իմաստ ունին` ՎԵՐԱԴԱՐՁ:

Այսօր Արցախը կը դառնայ մեր ապագայի կշիռը. մենք պիտի շարունակե՞նք սերունդներու շղթան հայու անունով, թէ պիտի դառնանք աշխարհին անտարբերութեան զոհը… Արցախը Նոր տարուան սեմին կ՛ապրի իւրաքանչիւր արցախցիի, իւրաքանչիւր հայու երազներուն եւ աղօթքներուն մէջ: Ստեփանակերտի հրապարակի տօնածառը այսօր լոյս չունի, բայց այդ լոյսը տեղափոխուած է մեր սրտերուն մէջ` իբրեւ յոյսի անմար կրակ:

Թող գալիք տարին ըլլայ ոչ թէ մոռացութեան, այլ ուժ հաւաքելու եւ ոտքի կանգնելու տարի: Արցախը մենք ենք, ո՛ւր որ ալ ըլլանք: Եւ քանի դեռ մենք կանք, կը յիշենք ու կը պահանջենք,  Արցախը երբեք չի մեռնիր:

ՆԱԶՕ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ազգային միացեալ վարժարան
ԺԲ. դասարան

Արցախի Վերադարձը

Արցախը բռնագրաւուած է, սակայն անոր հոգին ու եռանդը յաւիտեան մերն են:

Արցախը մեր անցեալէն ու ներկայէն հիւսուած իրականութիւն մըն է` անգութ թշնամիին կողմէ բռնագրաւուած, սակայն մեր սրտերուն մէջ` անմար ճրագ: Անոր բնութիւնը, լեռներն ու ձորերը, ջինջ օդն ու ջուրը` բոլորը մե՛րն են, հիւսուած թել մը` մեր հայրենիքէն ու ինքնութենէն: Իր կորուստը մեր ցաւերէն մէկն է:

Արցախի պաշտպանութեան համար նահատակուեցան հերոսներ. երիտասարդներ, որոնք նախընտրեցին իրենց արեամբ փրկել չքնաղ հայրենի տարածքը, պաշտպանել ժողովուրդը, որ բնակիչն է այդ հարստութեան:

Արցախը` իբրեւ տարածք, խլեցին մեզմէ, բայց յոյսի ճրագը Արցախին վերատիրանալու պայքարի ուժ կը դառնայ մեր մէջ. պայքար, որ կը բռնկի մեր սրտի զարկերուն հետ, ազատելու մեր սքանչելի տարածքը, կեանքի նոր ու պայծառ սկիզբ մը դնելու, մանաւանդ` Նոր տարուան սեմին, երբ կը պատկերացնեմ, որ Արցախ կը շնչէ իր ազատութեան մէջ եւ կը դիմաւորէ Կաղանդի ուրախութիւնը եւ իբրեւ նուէր` զայն կը բաժնէ իր փոքրիկներուն…

ԱՆԺԵԼԻՆԱ ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճ
ԺԱ. դասարան

Պիտի Վերադառնանք
Մեր Սուրբ Հողեր

1988-ին սկիզբ առաւ արցախեան պահանջատիրութիւնը, որուն յաջորդեց արցախեան առաջին պատերազմը: Աւելի ուշ անոր յաջորդեց 2016-ի քառօրեայ պատերազմը: Այս պատերազմներուն ընթացքին ունեցանք բազմաթիւ նահատակներ: Հայ ազատամարտիկները իրենց կեանքը զոհեցին Արցախի խաղաղութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար: Անոր վրայ հասաւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը, որ սկսաւ 27 սեպտեմբերի առաւօտեան:

Ազրպէյճան կիրարկեց օդային եւ ցամաքային յարձակում` Արցախի խաղաղ բնակչութեան վրայ: Հայ ժողովուրդի զանազան խաւերու պատկանող անհատներ, ներառեալ` բժիշկներ, կղերականներ, երգիչներ եւ դերասաններ, մաս կազմեցին հայկական բանակին եւ դարձան կամաւորագրեալ զինուորներ:

Սփիւռքի մէջ գործող հայ երիտասարդներ եւս, որոնց կարգին` ՀՄԸՄ-ականներ եւ ԼԵՄ-ականներ, միացան ազատամարտիկներու փաղանգին: Անոնք իրենց կեանքին գնով պաշտպանեցին Արցախի սուրբ հողաշերտը: Պատերազմը պատճառեց նաեւ նահատակներու հսկայական թիւ, որոնց կարգին կարելի է յիշել Գեղամ Մուշեղեանը, Գէորգ Հաճեանը, Քրիստափոր Արթինը, Կիմ Խաչատրեանը, Մհեր Յարութիւնեանը եւ շատեր, որոնք զոհուեցան Արցախի ազատութեան եւ գոյատեւման համար: Այս անմահ հերոսները միացան Վիգէն Զաքարեանի եւ Մհեր Ջուլհաճեանի անցած ուղիին: Սակայն 9 նոյեմբեր 2020-ին Արցախի զանազան շրջաններ դաւադրութեամբ յանձնուեցան Ազրպէյճանին: Երկու տարի ետք 120.000 արցախցիներ տեղահանուեցան իրենց տուներէն:

Արցախը այսօր կը գտնուի թշնամիին տիրապետութեան տակ, սակայն մենք կը յուսանք, որ պիտի վերադառնանք մեր սուրբ հողերը: Մենք կ՛ապրինք Արցախի շունչով, եւ Արցախը կ՛ապրի մեր սրտերուն մէջ: Կը հաւատանք, որ դարձեալ  մեր հայկական տօները եւ սովորութիւնները պիտի նշենք Արցախի հողին վրայ եւ դարձեալ հպարտօրէն պիտի պարենք մեր յաղթանակի պարը` Արցախի ամբողջական տարածքին:

ԱԼԵՔՍԻԱ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Անարատ յղութեան հայ կաթողիկէ քոյրերու
սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան
 ԺԲ. դասարան

Մաղթանք Արցախին

Արցախ…

Կորուստ, հիասթափութիւն, տխրութիւն, սրտի ցաւ:

Դժուար է գրել Արցախի մասին, մանաւանդ` տօնական օրերու սեմին:

Յիշողութեանս մէջ տակաւին թարմ կը մնան քանի մը տարի առաջ հօրս ու մօրս մտահոգ ու թախծոտ դէմքերը: Կը յիշեմ անոնց այդ օրերու աչքերը, երբ անոնք ամէն գնով կը ջանային աննկատ պահել մեզմէ իրենց արցունքները:

Այսօրուան պէս կը յիշեմ նաեւ, երբ ծնողներս լաւ լուր մը լսելու ակնկալութեամբ գամուած կը մնային հեռատեսիլին դիմաց: Գտած էին ազերիական (կամ թրքական) կայան մը, ուր հայերէնով «կ՛աւետէին» Ազրպէյճանի յաղթանակը: Երբ մեր ղեկավարները տակաւին «Յաղթելու ենք» կը յայտարարէին, ազերիները յաղթանակ կը տօնէին Շուշիի մէջ: Պարտութեան կը յաջորդէին Արցախի յանձնումն ու հայաթափումը:

Հակառակ այն իրողութեան որ ծնողներս կը փորձէին ինձմէ գաղտնի պահել իրականութիւնը, ես արդէն հետեւած էի լուրերուն, մանաւանդ` Դիմատետրէն: Մանկութեանս այցելած ըլլալով Արցախ եւ հիացած` անոր գեղեցկութեամբ, հարցուցի` սպիտակ Սուրբ Ղազանչեցոցը, «Տատիկն ու Պապիկը», «Ժայռերու առիւծը»,  Գանձասարն ու Ամարասը այլեւս մերը չե՞ն: Ծնողքիս հաստատումին վրայ սենեակս առանձնացայ ու լացի: Ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ, որ կորսնցուցինք այդ հրաշալի վայրերը: Չքացա՞ւ դարձեալ Արցախ այցելելու երազս:

Նոր տարուան սեմին ի՞նչ կարելի է ըսել Արցախի հայ ժողովուրդին, որոնք, իրենց պատմական եւ մշակութային հարստութիւններուն կողքին, կորսնցուցին նաեւ իրենց բնակարանները ու դարձան գաղթական: Կամ` արցախցի այն փոքրիկներուն, որոնք բաժնուեցան իրենց  սիրելի վայրերէն եւ կորսնցուցին ապահով ու երջանիկ մանկութիւն մը ապրելու իրենց իրաւունքը:

Սիրելի՛ արցախահայեր,

Դուք Դաւիթ Բէկի ժառանգորդներն էք: Մնացէ՛ք քաջ եւ ամուր, պահեցէ՛ք հայրենիք վերադառնալու ձեր կամքն ու յոյսը: Երազս ու մաղթանքս է, որ դուք շուտով  կը վերատիրանաք ձեր հողերուն եւ հոն, ձեր աւանդութիւններու համաձայն, կը նշէք Նոր տարին եւ այլ տօներ: Մենք քաջ գիտենք, որ երազները յաճախ դարձած են իրականութիւն:

ԼՈՌԻ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Հայ աւետարանական
Շամլեան Թաթիկեան վարժարան
ԺԱ. դասարան

Արցախը
Նոր Տարուան Սեմին

Նոր տարին նկատուած է նորութեան, լոյսի եւ յոյսի սկիզբ: Բայց երբ մեր սրտերուն մէջ տակաւին բաց են Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերող մեր վէրքերը, Նոր տարին կը դառնայ ոչ միայն տօն, այլ նաեւ` խոնարհում եւ յիշողութիւն:

Նոր տարին կը լուսաւորէ զանազան թաղեր, խանութներ եւ տուներ, սակայն իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ վառած է միայն մոմ մը` ի յիշատակ Արցախին:

Կը յիշենք նահատակները եւ կը համախմբուինք վաղուան Հայաստանին hամար` խոստանալով Արցախը պահել մեր սրտերուն եւ մեր երգերուն մէջ, նոյնիսկ` մեր լեզուին վրայ: Թող, որ այս Նոր տարին պարգեւէ վերականգնումի ուժ` յաղթահարելու համար բոլոր ցաւերը եւ շարունակելու ապրիլ հպարտ հայու նման:

ՓԱԹԻԼ ՄԱԶԱԳԵԱՆ
Անարատ յղութեան հայ կաթողիկէ քոյրերու
սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան
ԺԲ. դասարան

Նոր Տարի` Անկոտրում Հաւատքով
Եւ Վերադարձի Յոյսով

Արցախի հայ ժողովուրդը, արդէն իսկ քանի մը տարի ցաւալի ժամանակաշրջաններ տեսած, դաժան պայմաններու մէջ գոյատեւած, կորուստներ ունեցած` կը դիմաւորէ Նոր տարին նորանոր յոյսերով:

Արցախցիներուն փափաքն է` վերադառնալ իրենց տուներն ու գիւղերը, ապրիլ խաղաղ ու ապահով արցախեան հողերուն վրայ եւ շարունակել պաշտպանել այդ սուրբ հողը, պահպանել ազգային մշակոյթը եւ իրագործել դարերով փոխանցուած աւանդութիւնները:

Այդ բոլոր չարչարանքներուն ու դժուարութիւննեդուն կողքին, հայ ժողովուրդը, մանաւանդ արցախցին, տէրն է զօրաւոր կամքի, որեւէ ներքին կամ արտաքին ուժ չի կրնար անոնց հոգւոյն մէջէն ոչնչացնել անոնց պայքարի ուժը, հետեւաբար արցախցին կը պահէ իր տոկունութիւնը եւ կը վերագտնէ իր ներքին ուժը:

Նոր տարի մուտք գործելը սոսկ օրացոյցի նոր էջ մը դարձնել չէ, այլ ան իրեն հետ կը բերէ` նոր լոյս, նոր ժպիտ, նոր հաւատք, նոր առիթներ` ընտանիքներու վերամիացման եւ կեանքի բնականոնացման:

Այսօր Արցախի հայ ժողովուրդը կը դիմաւորէ Նոր տարին ոչ թէ անցեալի տառապանքները վերապրելով, այլ` վաղուան պայծառութեան հանդէպ ամրապնդած կամքով:

Այդ յոյսն է, որ կը զօրացնէ իւրաքանչիւր արցախցի, եւ այդ լոյսն է, որ պիտի առաջնորդէ դէպի աւելի անվտանգ, խաղաղ եւ արժանապատիւ ապագայ մը:

ՑՈԼԵՐ ՄԱՅԻՍԵԱՆ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան
բարձրագոյն վարժարան

ԺԲ. դասարան

Սուրբ Հող

Այո՛, մենք կորսնցուցինք մեր սուրբ հողատարածքը, պատկանելիութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկը, մեր հոգիին հիմնասիւներէն, բայց երբեք չկորսնցուցինք մեր սրտին մէջ աճող ու տարածուող արմատները Արցախի նկատմամբ:

Արցախը կ՛ապրի ու կը շարունակէ ապրիլ իւրաքանչիւրիս մտքին ու սրտին մէջ: Անոր դիւցազնական գաղափարը կը ծփայ հայ մանուկի մտքին մէջ: Հողատարածքը բռնագրաւուած է, բայց այդ իրավիճակը չի նշանակեր, որ հայերը պէտք է յուսահատին ու ուրանան անոր սուրբ գոյութիւնը: Այդ իրականութենէն մեկնելով, Նոր տարուան սեմին կը պատկերացնեմ` Արցախը շատ ուրախ, արցախեան բոլոր ճամբաները լեցուած իր բնակիչներու խանդավառութեամբ, զինուորները վերադարձած իրենց տուները` սրբելով արցունքը իրենց մօր աչքերուն: Երազ մը կ՛երեւի մտապատկերիս մէջ, երբ Արցախի երկնակամարին կապոյտ երկինքը կը ծածանի խաղաղութեան փաթիլներով, անթիւ կակաչները պատմութիւն ունին կրկնելիք հայ զինուորի սխրագործութեան մասին, նահատակներու արիւնը Հայոց պատմութեան յաղթանակը կը յուշէ, եռագոյնը կը վերականգնի ամէն տեղ, եւ մեր գերիները կը վերադառնան ողջ ու առողջ:

Արցախը` Նոր տարուան սեմին, դարձեալ պիտի վառէ իր լոյսերը…

ՎԱԼԵՐԻԱ ՍԳԱՅԵԱՆ
Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճ
ԺԱ. դասարան

 

 

Նախորդը

Աղօթք Ամանորի

Յաջորդը

Համազգայինի Հրատարակչականի Հիմնադրութեան 95-Ամեակին Առիթով` Հայ Գիրքի Համահայկական Ցուցահանդէս-Փառատօն

RelatedPosts

26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

December 22, 2025
Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Ինչպէ՞ս Դիմաւորել 2026-ը

December 22, 2025
Արցախի Ցաւը Նոր Տարուան Սեմին Եւ Սփիւռքի Կենսական Դերակատարութիւնը
ԼԵՄ-ի ԷՋ

Արցախի Ցաւը Նոր Տարուան Սեմին Եւ Սփիւռքի Կենսական Դերակատարութիւնը

December 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.