Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Գիւմրիի Մէջ Տեղադրուած Է ՀՅԴ Անդամ, Շիրակի Նահանգապետ Կարօ Սասունիի Արձանը
Գիւմրիի համայնքապետարանի, «Կումայրի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի եւ թանգարանի մասնաճիւղ` Քանդակագործութեան ազգային թանգարանի ջանքերով, Պռօշեան եւ Գ. Նժդեհ փողոցներու խաչմերուկին տեղադրուեցաւ Շիրակի նախկին նահանգապետ Կարօ Սասունիի արձանը: Այս մասին տեղեկացուցին «Կումայրի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանէն:
Անոնք նաեւ հաղորդեցին, որ արձանի քանդակագործն է Միսակ Մելքոնեանը, եւ թանգարանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բարերարներուն եւ աջակիցներուն, իսկ արձանի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ շուտով:
Յիշեցնենք, որ հասարակական-քաղաքական գործիչ, իրաւաբան, պատմաբան, ՀՅ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ Կարօ Սասունի ծնած է 15 յուլիս 1889-ին, Սասնոյ Խուլբ գաւառակի Ահարոնք գիւղի` Մամիկոնեաններու իշխանական տոհմէն սերած Ղազարի եւ հերոսուհի Աննայի (Աննա Մայրիկ) ընտանիքին մէջ: Ան Ղազարի ութ զաւակներէն վեցերորդն էր:
1901 թուականին աւարտած է Մուշի Մխիթարեան վարժարանը, իսկ նոյն տարուան աշունէն սկսեալ ուսանած է Մշոյ Մուրատ – Մխիթարեան վարժարանը, որ շրջանի միակ միջնակարգ դպրոցն էր:
Կ. Սասունի Մխիթարեան վարժարանին մէջ կ՛ուսանի հինգ տարի մինչեւ 1906 թուականը, աչքի զարնելով` ուսումնատենչութեամբ եւ բացառիկ ընդունակութեամբ:
1912 թուականին ան աւարտած է Կ. Պոլսոյ համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը: Այնուհետեւ գործած է Տարօնի մէջ:
Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ եղած է հայկական կամաւորական շարժման գործօն մասնակից: 1916 թուականին, երբ ռուսական զօրքերը գրաւած են Մուշը, Կարօ Սասունի Տարօնի մէջ նշանակուած է ընդհանուր կառավարիչ եւ ռազմական խորհրդական: Ռուսական զօրքերու նահանջի ժամանակ կրցած է փրկել բազմաթիւ գաղթականներ եւ կազմակերպած է անոնց անցումը Արեւելեան Հայաստան:
1920 թուականի մայիսին նշանակուած է Ալեքսանդրապոլի նահանգապետ, մասնակցած է տեղւոյն մայիսեան խռովութեան ճնշման: Ընտրուած է Հայաստանի խորհրդարանի անդամ:
1921 թուականի Փետրուարեան ապստամբութեան ղեկավարներէն էր: Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի կազմին մէջ եղած է ներքին գործերու նախարար: Պոլշեւիկներու կողմէ Երեւանի վերագրաւումէն ետք անցած է արտասահման, նախ` Փարիզ, ապա` Պէյրութ, ուր զբաղած է ստեղծագործական, հրատարակչական աշխատանքով:
Պէյրութի մէջ 1962-1974 թուականներուն եղած է «Բագին» գրական-գեղարուեստական ամսագիրի վարիչ-խմբագիրը:
Ուսումնասիրած է հայ ազգային-ազատագրական շարժման, Հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմութեան հիմնահարցերը, որոնց հիման վրայ գրած է շարք մը արժէքաւոր պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ եւ գեղարուեստական երկեր: Կ. Սասունի մահացած է 1977-ին, Պէյրութ:
«Թումօ»-ն Կը Մեկնարկէ Հայաստանի Եւ Արցախի Յուշարձաններու Թուային Փաստաթղթաւորման Ծրագիր
«Թումօ» ստեղծագործական արհեստագիտութիւններու կեդրոնը յայտարարեց Հայկական մշակութային ժառանգութեան հիմնարկի գործարկման մասին, որ կը կեդրոնանայ Հայաստանի եւ Արցախի մշակութային յուշարձաններու պահպանման եւ թուային փաստաթղթաւորման վրայ:
Հիմնարկը ստեղծուած է «Թումօ»-ի հարթակին մէջ` իբրեւ 2020 թուականին մեկնարկած «Հայկական ժառանգութեան սքենաւորման նախագիծի» շարունակութիւն: «Թումօ»-ի գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան հիմնադրած է հիմնարկը, իսկ Գիւլէ Քեչիճեան եղած է տնօրէնը:
Նախագիծին հիմնական տարրը առցանց բաց հարթակն է: Օգտատէրերը անվճար մուտք պիտի ունենան Հայաստանի եւ Արցախի մշակութային ժառանգութեան վայրերու եռաչափ մոտելներուն, ինչպէս նաեւ անոնց պատմութիւններուն եւ մանրամասնութիւններուն` հետազօտութեան, կրթութեան եւ ստեղծագործութեան համար:
Թուային փաստաթուղթերէն բացի` հիմնարկը հաւաքած է բանաւոր պատմութիւնները, արձանագրած է աւանդութիւններ, պահպանած է երաժշտական եւ ձայնային ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ մշակած է կրթական ծրագիրներ` նոր մասնագէտներ պատրաստելու համար:
https://armenianculturalheritageinstitute.org/arm
Սիմոն Աբգարեան Նոր Ժապաւէնի Մը Մէջ Կը Մարմնաւորէ Շարլ Տը Կոլը
Առաւել քան հինգ տարիներու մշակումներէ ետք Շարլ տը Կոլի մասին ֆրանսական երկու մասերէ բաղկացած կենսագրական ժապաւէնը վերջապէս յառաջիկայ տարի պիտի ցուցադրուի ֆրանսական շարժապատկերի սրահներուն մէջ:
Ժապաւէնին մէջ տը Կոլի գլխաւոր դերը կը մարմնաւորէ ֆրանսահայ նշանաւոր դերասան, զանազան մրցանակներու արժանացած Սիմոն Աբգարեան: Ժապաւէնին մէջ դերեր ստանձնած են նաեւ` Պընուա Մաժիմել, Մաթիու Քասովից, Նիլզ Շնայտըր, Քարիմ Լըքլուն, Ֆլորիան Լեզիէ եւ Անա Մարիա Պարթոլոմէ:
«Deadline»-ը կը հաղորդէ, որ «Pathé» շարժապատկերի ընկերութիւնը ներկայացուցած է առաջին պատկերները եւ կարճ տեսերիզները` այս ժապաւէնը համարելով ցարդ իրագործած իր ամէնէն յաւակնոտ նախագիծներէն մէկը: «De Gaulle: Tilting Iron» եւ «De Gaulle: The Sovereign Edge» վերնագիրներով ժապաւէններուն անդրանիկ ցուցադրութիւնը պիտի կատարուի Ֆրանսայի մէջ, 10 յունիս եւ 3 յուլիս 2026-ին:
Ժապաւէնները ակնդիրները կը տանին Համաշխարհային Բ. պատերազմի վճռորոշ պահերը` զօրավար տը Կոլի եւ աչքերով անոնց, որոնք մերժեցին յանձնուիլ, երբ Ֆրանսա փուլ կու գար:
Նիւթը կը սկսի յունիս 1940-ին. Ֆրանսա կը յանձնուի, զինադադար կը կնքուի, եւ այդ օրերուն ոչ շատ յայտնի զօրավար տը Կոլ կը փախչի Լոնտոն` մէկ անսասան միտքով, թէ Ֆրանսայի համար պայքարը տակաւին չէ աւարտած:
Ժապաւէնը նաեւ կ՛ուսումնասիրէ Տը Կոլի բարդ յարաբերութիւնները Ուինսթըն Չըրչըլի հետ, որուն դերը ստանձնած է Սայմըն Ռասըլ Պիլ:
Բեմադրիչ Անթոնեն Պոտրի, որ նախկին դիւանագէտ է, ոգեշնչուած է իր անձնական փորձառութենէն: «Ես յաճախ կը մտածեմ, թէ ինչպիսի՛ մարդ պէտք է ըլլալ, որ 1940-ին հրաժարի յանձնուելէ` սեփական կառավարութեան չենթարկուելով եւ իր կեանքը Ֆրանսային նուիրելով: Այսպիսի մարդիկ հազուադէպ գոյութիւն կ՛ունենան: Ես այնքան հետաքրքրուած էի անոնցմով, որ որոշեցի նկարահանել ոչ թէ մէկ, այլ երկու ժապաւէն», յայտնեց Պոտրի:
«Արեւ» Խորագրով Հրայր Տիարպեքիրեանի Կտաւներուն Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը Երեւանի Մէջ
Վերջերս Երեւանի մշակութային կեանքին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն մը: Լիբանանահայ հռչակաւոր գեղանկարիչ Հրայր Տիարպեքիրեանի տարբեր տարիներու աշխատանքները ներկայացնող «Արեւ» խորագրեալ անհատական ցուցահանդէսը իր դռները բացաւ` կազմակերպութեամբ Երեւանի «Բինալ արուեստի հիմնադրամ»-ին (Yerevan Biennial Art Foundation «YBAF»), «Լաթիթիւտ» (Latitude art space) արուեստի սրահին մէջ:
Ցուցահանդէսը սկսաւ Լիւսի Թօփալեանի խօսքով: Լիւսին լիբանանահայ է, վեց տարիէ ի վեր հաստատուած է Երեւան: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն մեկնած է Քուէյթ, ուր 42 տարի մնացած է: Զանազան աշխատանքներէ ետք զբաղած է արուեստի գործերով. նախ` իր տան մէջ հաւաքելով եւ ցուցադրելով տարբեր ազգերու գեղանկարիչներու գործեր, ապա սեփականատէրը դարձած է «Արուեստի տուն» անունով կեդրոնի մը, ուր յաջորդաբար հիւրընկալած է աշխարհի տարբեր երկիրներէ գեղանկարիչներ, անոնց աշխատանքները ծանօթացուցած է հանրութեան, հրաւիրուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Տուպայի եւ այլ երկիրներու թանգարաններէ` իբրեւ կազմակերպիչ արուեստի գործեր ցուցադրելու տարբեր ցուցասրահներու մէջ: Քուէյթի մէջ անոր հիւրընկալած արուեստագէտներէն էր նաեւ Հրայր Տիապեքիրեանը:
Լիւսին հանգամանօրէն ներկայացուց արուեստագէտին անցած ամբողջ ուղին, կենսագրական մանրամասնութիւնները, թէ ինչպէ՛ս ան Պէյրութի արուեստի համալսարանին մէջ ուսանած տարիներուն մասնակցած է մրցոյթներու եւ` առաջնութիւնը ձեռք ձգած, որուն պատճառով համբաւը սկսած է հետզհետէ տարածուիլ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, ուր հետագային ունեցած է իր կտաւներուն ցուցադրութիւնը: Հրայրին կտաւները գնած են` արաբ իշխաններ, շէյխեր, եւրոպացի թագուհիներ եւ այլ ակնառու մարդիկ:
Հանդիսութեան աւարտին Հրայր կենդանի գեղանկարչական ներկայացում մը ունեցաւ, ուր ամբողջացուց նախապէս գծուած կիսաւարտ դեղնաւուն ձի մը: Ի միջի այլոց ձին կեդրոնական կերպարներէն է իր գեղանկարչութեան մէջ: Երբ հարցուցինք` ուրկէ՞ կու գայ ձիուն ազդեցութիւնը, պատասխանեց. «Երբ Պրազիլ կը գտնուէի 1970-ականներուն, շատ ընդարձակ ագարակներու մէջ կը բնակէր ժողովուրդը, իւրաքանչիւր ագարակ փոքր քաղաքի մը տարածութիւնը ունէր գրեթէ: Ձիով սկսանք տեղէ տեղ երթալ, հոն է, որ սիրեցի ձին: Անասուններ շատ կը սիրեմ, բայց ձին իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ ներաշխարհիս մէջ»:
Կենդանի գեղանկարչութենէն ետք տեղի ունեցաւ աճուրդ:
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան` արուեստագէտներ, հաւաքորդներ եւ բազմաթիւ արուեստի սիրահարներ, որոնք եկած էին ոգեւորելու արուեստագէտը եւ վայելելու անոր ստեղծագործութիւնները:
Ցուցահանդէսը կ՛արտացոլացնէ գեղանկարիչին խոր ներգրաւուածութիւնը լոյսի եւ ժառանգութեան նիւթերուն հետ: Հրայրը իր «Արեւը» տարիներու կարելիութենէն բերած է Հայաստան: Արուեստագէտին 24 ստեղծագործութիւնները կը ներկայացնեն անցեալէն մինչեւ այսօր անոր հարթած լուռ հասունութեան ճանապարհը: Աշխատանքներ, ուր արեւը միայն նշան չէ, այլ` ուժ, յիշողութիւն, անհատին ներսը կուտակուած կեանքի լոյս:
Հրայրին առաջին ցուցադրութիւնն է Հայաստանի մէջ, «վերադարձ» հոն, ուր տարիներէ ի վեր կը պատկերացնէր ինքզինք: Այլ խօսքով, անհատին` իր արմատներուն հանդիպելու պատմութիւնն է: ԱՐԵՒ-ը կը յենի լոյսի խորունկ խորհրդանիշին վրայ, ներքին կենսունակութեան եւ հոգեւոր վերելքի փոխյարաբերութիւնն է, որ կը սահմանէ Հրայրին գեղարուեստական տիեզերքը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած կտաւները կը կրեն արդի արուեստի վառ կնիքը` վառ գոյներ, ազատ վրձինի հարուածներ եւ անսպառ զգացումներ: Ստեղծագործութիւններուն մէջ կը միաւորուին արեւելեան աւանդութիւնները` արդի արուեստի միտումներուն հետ:
Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսը բաց է հանրութեան եւ պիտի շարունակուի ցուցադրուիլ մինչեւ 15 յունուար 2026: Այցելուները կարելիութիւն կ՛ունենան խորասուզուելու Հրայր Տիարպեքիրեանի գոյներու աշխարհին մէջ եւ բացայայտելու անոր արուեստին խորքերը, ինչպէս նաեւ` գնելու զանոնք Հայաստանի համար շատ մատչելի գիներով:
«Արարատ» Դրամատան Աջակցութեամբ Կը Հրապարակուի «Կարին» Գիտական Կեդրոնի Արխիւը
«Արարատ» դրամատան աջակցութեամբ կը հրապարակուի «Կարին» հայ աւանդական մշակոյթի ուսումնասիրման եւ հետազօտման գիտական կեդրոնի հսկայածաւալ արխիւը` պահ տալով սերունդներուն: Ան ստեղծուած է շուրջ 30 տարուան բանահաւաքչութեան շնորհիւ: Գագիկ Գինոսեան տասնեակ տարիներ շրջած է Հայաստանի բոլոր մարզերը` կանգ առնելով գիւղերու մէջ, տեսագրած եւ ձայնագրած է ինչպէս յայտնի, այնպէս ալ` նորայայտ հայ աւանդական երգեր, պարեր, պարերգեր, ծէսեր, որոնք մինչ այդ ոչ մէկ տեղ արխիւացուած էին: Ազգագրական արժէք ներկայացնող նիւթեր բերուած են նաեւ Արցախէն եւ արտերկրէն:
«Ազգային երգի ու պարի ակադեմիա» կրթամշակութային հիմնադրամի հետ համագործակցութիւնը մեկնարկած ենք ամիսներ առաջ եւ համագործակցութեան ծիրին մէջ աջակցած` «Կարին» գիտական կեդրոնի մշակութային ժառանգութեան արխիւի թուայնացման գործին մէջ: «Արարատ» դրամատան աջակցութեամբ ձեռք բերուած են շարք մը սարքաւորումներ, ծրագիրներ: Շուրջ 30 տարի բանահաւաքչութեան աշխատանքներու շնորհիւ` հաւաքագրուած մօտաւորապէս 600 երգի, պարի, ծէսի եւ աւանդոյթի թուայնացում կ՛իրականացուի: Այս պահի դրութեամբ գիտական կեդրոնին կողմէ շուրջ 90 պարի նմուշ արդէն թուայնացուած է», նշած է «Արարատ» դրամատան Հաղորդակցութեան եւ ընկերային պատասխանատուութեան ծրագիրներու համակարգման բաժինի ղեկավար Աննա Ալլահվերդեանը:
«Կարին» գիտական կեդրոնը տարիներ առաջ ձեռնամուխ եղած էր տարիներու ընթացքին հաւաքագրած, բանահաւաքչութեան շնորհիւ գրառուած, տարբեր ձեւաչափերով հաւաքագրուած պարերու թուայնացման, որպէսզի, Գագիկ Գինոսեանի խօսքերով, ժամանակի արհաւիրքը զանոնք անդառնալիօրէն չ՛ոչնչացնէ: Սակայն աշխատանքները կանգ առած էին տարիներ առաջ` համավարակի եւ պատերազմի ժամանակաշրջանին:
Այսօր արդէն արժէքաւոր հաւաքածուի թուայնացման գործը վերսկսած է «Արարատ» դրամատան աջակցութեամբ: Թուայնացման ենթակայ ընդհանուր արխիւի միայն 400 նմուշ պար Գինոսեանը հաւաքագրած էր Միացեալ Նահանգներու հայկական գաղթօճախներէն:
«Առաջին փուլին փորձած ենք կարելի բոլոր նիւթերը արխիւացնել, տեսակաւորել, որպէսզի հասկնանք` ի՛նչ ունինք, ի՛նչ տեսակի նիւթ ունինք: «Արարատ» դրամատան ֆինանսաւորմամբ ձեռք բերած ենք սարքեր, որոնք կ՛օգնեն այդ նիւթերը թուայնացնելու, որովհետեւ ցարդ անոնք պահպանուած են հին տեսերիզներու վրայ, որոնք ենթակայ են ժամանակի ազդեցութեան», դրամատան աջակցութիւնը կը կարեւորէ Ազգային երգ ու պարի ակադեմիայի կրթամշակութային հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Անի Գինոսեանը:
«Արարատ» դրամատան կողմէ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը ընկերային պատասխանատուութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է, եւ այս առաջին ծրագիրը չէ, ուր դրամատունը ներդրում կը կատարէ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցման կարեւոր առաքելութեան գործին մէջ: Վերջին վառ օրինակներէն մէկը Մատենադարանի հետ համագործակցութիւնն է` ձեռագիրներու վերականգնման, թուայնացման եւ պահպանման ծիրին մէջ:
«Արարատ» դրամատունը գործընկերներուն հետ կը շարունակէ ժողովուրդէն վերցուցած մշակոյթը պահպանելու, թուայնացնելու եւ, ի վերջոյ, փակ շրջանով ժողովուրդին վերադարձնելու կարեւոր առաքելութիւնը:







