Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2026-ի Սեմին. Հայրենիքի Փրկութիւնը Կը Հրամայէ Ուժերու Մէկտեղում Եւ Վերականգնումի Գործադրելի Ծրագիր

December 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

«Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի…»
Դ. ՎԱՐՈՒԺԱՆ

2026-ի սեմին մենք ալ` հայերս, աշխարհի ժողովուրդներուն պէս, կլանուած ենք մարդկութիւնը յուզող ու տագնապեցնող բազմաթիւ ողբերգութիւններով: Այդ ողբերգութիւնները ունին բազմաթիւ ընդհանուր խորագիրներ, ինչպէս` մահասփիւռ ու քանդիչ պատերազմներ, քաղաքական տհաս ղեկավարներու ձախաւերութիւններ, բնական աղէտներ, խաղաղութեան հետամտութեան փոխարէն` նոր պատերազմներու հնոցներու սարքում եւ այլն: Ամէնէն ցաւալի ողբերգութիւններէն մէկն ալ այն է, որ մարդիկ, իյնալով այս կամ այն ստախօս քարոզիչին կամ խեղաթիւրող քարոզչական մեքենային ազդեցութեան տակ, յայտնապէս կորսնցուցած են ՃԻՇԴՆ ու ՍԽԱԼԸ իրարմէ զանազանելու կարողութիւնը, այն ալ` աշխարհի մը մէջ, ուր ուսումն ու գիտութիւն-գիտելիքը հիմա շա՜տ աւելի հասանելի են եւ համատարած, քան` տասնամեակներ, հարիւրաւոր տարիներ առաջ:

Բնական է, որ Նոր տարուան սեմին մարդիկ աւանդաբար պահ մը առանձնանան իրենց խորհրդածութիւններու սենեակին մէջ, փորձեն պատասխաններ գտնել այսպիսի հարցումներու. աշխարհը հիմա ո՞ւր է, ուրկէ՞ հասաւ հոս, անցեալ մէկ կամ քանի մը տարիները դրական ու աւերիչ ի՞նչ «ներդրումներ» ունեցան մեր շոգեկառքին հոս հասնելուն մէջ, սակայն աւելի կարեւորը` ասկէ անդին ո՞ւր կ՛երթանք… Փաստօրէն անցեալը եղած-աւարտած է, անփոփոխելի է, որքան ալ որ մէկը (ո՛վ որ ալ ըլլայ ան) փորձէ պատմութիւն ու աշխարհագրութիւն վերախմբագրել, խեղաթիւրել եւ չեղածը իբրեւ եղած ներկայացնել, եւ` հակառակը:

Այս ու նման հարցումներու պատասխաններէն շատերը ծանօթ են, մեծ մասը` ակներեւ կերպով: Մեր այս սիւնակին նպատակը չէ մօտակայ եւ հեռաւոր գօտիներու մէջ պատահածներուն ծաղկաքաղը ընել, այլ այդ բոլորը իբրեւ խորապատկեր ընդունելով` կեդրոնանալ մեզ անմիջականօրէն մտահոգող, շահագրգռող վիճակներուն վրայ, որոնք կապ ունին մեր մայր հայրենիքին, անոր լինելութեան կապուած զարգացումներու (կամ նահանջներու) հետ:

Եւ քանի որ Հայաստան կը գտնուի Ազգային ժողովի ընտրութեան տարուան սեմին (անկախ անկէ, որ երկիրը շատո՜նց պէտք էր ձերբազատած ըլլար այս վնասաբեր իշխանաւորներէն), եւ իշխանութիւն թէ ընդդիմադիրներ մտած են ընտրական մրցավազքին մէջ, պէտք է լայնածիր ու արագ ակնարկով մը դիտենք իրականութիւնները եւ տեսնենք, թէ Դ. Վարուժանի «Պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի…» խօսքը որքա՞ն եւ ինչո՞ւ այժմէական է:

Քանի Մը Ընդհանուր Նշում

Մեր` Հայաստանի եւ սփիւռքի, մէկ խօսքով` համայն հայութեան դիմաց կանգնող մարտահրաւէրներուն դաշտը մտնելէ առաջ, պահ մը կանգ առնենք քանի մը ընդհանրական իրականութիւններու առջեւ, իսկ ընդհանրական ըսելով` ի մտի ունինք նա՛եւ Հայաստանի սահմաններէն անդին, շա՜տ անդին տարածուող տարածքներ, որոնց բեմերուն դիպաշարերը ուղղակի կամ անուղղակի աղերս ունին մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին հետ: Այդ դէպքերը չեն սահմանափակուած Ուքրանիայով կամ Միջին Արեւելքի սա կամ նա տագնապով, այլ, կրկնենք, կլանած են ամբողջ մարդկութիւնը:

Արձանագրենք մէկ քանի կէտ (անկարելի է սպառիչ ըլլալ), որոնց «ճառագայթումները» այլապէս տեսանելի են, պէ՛տք է տեսանելի ըլլան մեր աչքերուն եւ ուղեղներուն:

Ա.- Աշխարհի տարածքին երկիրներ ու ժողովուրդներ պատանդ բռնուած են, կամայ թէ ակամայ, մեծապետական հաշիւներու, այսինքն` «մեր գլուխներէն շա՜տ վերերը» սարքուող առ-եւ-տուրերու ոլորապտոյտին մէջ, որ կը հարկադրէ օժտուիլ իւրաքանչիւր երկրի, ցամաքամասի սահմաններէն անդին պատահարները տեսնելու եւ ճիշդ կշռադատելու ակնոցներով, կողմնացոյցով: Անմիջապէս ըսենք, որ «մեծապետական» հասկացողութիւնը ապրած է ի՛ր եղափոխութիւնը, անպայման ՄԵԾ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ խաղերուն չի վերաբերիր, այլ` անոնցմէ՛ ալ վեր կանգնող ուժերու: Եթէ տեսնենք այդ տարածքը, այսինքն` մեծ պետութիւններու «ամպերէն վեր» գտնուող տարածքները, կրնանք դիւրութեամբ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ որոշ պատերազմներ կը դառնան անվերջանալի (չեն նմանիր միջնադարուն տեղի ունեցած 30, 100 կամ այլ երկար տեւողութեամբ պատերազմներուն), ինչո՞ւ երէկի դաշնակիցներ դարձած են հակառակորդներ, մինչեւ իսկ ամէնէն ոխերիմ թշնամիներ հռչակուած երկիրներ բացայայտ կամ թաքուն գործակցութիւններ ունին` իբրեւ խորագիր ունենալով… ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՇԱՀԸ:

Հայաստանի դիտանկիւնէն, տեսողութեան դաշտի ընդարձակման հրամայականը (հորիզոնական եւ ուղղահայեաց գիծերու վրայ) շա՛տ աւելի շեշտուած է, որովհետեւ մենք կը գտնուինք հող ու հայրենիք կորսնցնելու վտանգին տակ, իսկ մեր սահմաններէն հեռու եռեւեփող «կաթսաներուն» խոհարարները (ինչպէս որ էր Խրիմեան Հայրիկի օրերուն) երբեք ալ շահագրգռուած չեն մեր պահանջներով, եթէ մենք չգտնենք յարմարագոյն շերեփները եւ զանոնք ի գործ դնելու ձեւերը:

Բ.- Դրսեցին` դրսեցի: Եթէ մեր աչքերը կեդրոնացնենք «ներքին» կոչուած բեմին վրայ, բացայայտ է, որ այս իշխանութիւնը ԱՄԷՆ ՄԻՋՈՑԻ կը դիմէ եւ պիտի դիմէ ապահովելու համար երկրի ղեկին իր տիրութիւնը: Սուտը, փաստացի եղելութիւններու խեղաթիւրումը,  տնտեսական-ընկերային ու այլ հարցերու ամբոխահաճոյ շահագործումը միայն մէկ մասնիկն են իր «գործիքներուն», որոնց կողքին կան իշխանութեան գրեթէ անսահման եւ անհակակշռելի միջոցները: ՔՊ-ապետը պատրաստ է զոհելու իր ամէնէն վստահելի գործակիցները, կրնայ սունկի պէս նոր կուսակցութիւններ ստեղծել կամ զինք գովաբանողներուն առջեւ ճամբայ բանալ, սակայն նման աճպարարութիւններ պէտք չէ գլխապտոյտ պատճառեն, որովհետեւ ան յաճախ դիմած է այս ձեւին: Իր կորստաբեր ընթացքին մէջ ունի բազմաթիւ աջակիցներ. Եւրոպայէն վերջերս` դեկտեմբերի առաջին օրերուն, հասած խոստում մը` ընտրութիւններուն ի նպաստ դրամական օգնութեան մասին (այսինքն` ազդելու «ներքին» ընտրապայքարին վրայ), միայն մէկ մանր ապացոյցն է այս իրականութեան: Նո՛յնքան բացայայտ է, որ իշխանութեան համար Հայաստանի, Արցախի ու մեր ժողովուրդին շահերը, պահանջները ոչինչ են, պատրաստ է շարունակելու իր այն առաքելութիւնը, որուն համար բերուած է ղեկին, կը պահուի հոն: Խմբապետին ու գործակիցներուն շահերը, պաշտօններու ըստ կամս բաշխում-բաժնեկցութիւնը, շահակցութիւնը` գաղտնիք չէ շատո՜նց: «Խնամի-ծանօթ-բարեկամ» դրութիւնը,  պաշտօնի շահագործումն ու մանաւանդ չարաշահութիւնները բարձրացած են աննախընթաց բարձունքի… Գոնէ 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած աւելի քան հինգ տարիները բազմաթիւ փաստեր կուտակած են հիմնաւորելու համար այս հաստատումները: Ու եթէ կար ժամանակ մը, երբ այս կորստաբերներուն ընթացքին համար չքմեղանքներ յառաջ կը քշուէին, թէ` «խեղճերը ի՜նչ ընեն, անփո՜րձ են», «ճամբայ ելած են լաւ նպատակով» (մինչեւ իսկ նախընթաց իրագործումները ջրելն ու «զերօ կէտէն պիտի սկսիմ»-ը պահ մը ընկալուեցաւ տհաս լաւատեսութեամբ), հիմա արդէն յստակ է, Արցախի յանձնումէն, Մինսքի խմբակին լուծարքէն ու Հայաստանէն ալ հողերու նուիրումէն ետք բացայայտ է, որ այս իշխանութիւնը կամովին գործիք ու գործակից է երկրին կորուստին, անմնացորդ լծակիցը` Հայաստանի ու հայութեան թշնամիներուն: Չմտնենք ծանօթ մանրամասնութիւններու մէջ:

Գ.- Պէտք է մաշած-սպառած նկատել շարք մը «վարկածներ», ինչպէս` հիներ-նորեր, սեւեր-ճերմակներ, հին-նոր Հայաստան, Արցախը Ազրպէյճանի պատկանած է, Արարատին հետ կապ չունինք, պահանջատիրութիւնը Հայաստանի բնակիչներուն հետ կապ չունի, իսկ ամէնէն ծիծաղելին` խաղաղութեան դարաշրջան մտած ենք (կ՛ըսեն` մի՛ լսէք, մի՛ հաւատաք, թէ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ինչպիսի՜ պահանջներ, նախապայմաններ եւ հայաստանաջինջ ծրագիրներ կը հետապնդեն բանիւ եւ գործով): Նման մաշած, բայց շահաւէտ, պահեստի դրամագլուխի ցանկին վրայ են` Եկեղեցւոյ դէմ արշաւները, երկրի ուժային կառոյցներուն տկարացումը, տնտեսութեան, մշակութային  նահանջները (Արցախի մէջ փոշիացումները` այլ ողբերգութիւն), իսկ այն հարցումը, թէ ասոնցմէ ո՞րն է աւելի մտահոգիչը, ունի մէկ պատասխան. բոլորն ալ հաւասա՛րապէս մտահոգիչ են, տարբեր մարզերու մէջ մեր կորուստներուն պատճառած ցաւերը մրցումի մէջ են իրարու հետ: Այս ընդհանուր պատկերին մէջ պէտք է յստակօրէն տեսնել, թէ «այսինչը կը հաւնիմ, այնինչը չեմ հաւնիր, պէտք է քաղաքական դաշտէն հեռու մնայ» ու նման «նորոգուած գիւտեր» ինչպիսի՛ նոր պատուհասներու, բաժանումներու եւ անիմաստ մրցակցութիւններու կը տանին փրկարար ձեռքերը, կը ջլատեն, կը բթացնեն հայրենապաշտպաններու կարողութիւնները: Իսկ իշխանախումբին պետը չի ծածկեր, թէ պիտի աշխատի ի՛նք տնօրինել յաջորդ խորհրդարանի կազմը, եւ բնականաբար պիտի աշխատի (երկար ատենէ ի վեր կ՛աշխատի) խորհրդարան մտցնել իրեն համախոհ կազմակերպութիւններ (անգլերէնով կայ Yes man հասկացողութիւնը…), հեռացնել իր ձախաւերութիւնները քննադատողները, իր վնասաբեր քայլերուն ՈՉ ըսողները:

Դ.- «Պայքա՜ր, պայքա՜ր…»-ին անսացողները պէտք է իրազեկ ըլլան (շատեր գիտեն), որ մեր հայրենիքն ու ազգը ունին միայն մէկ ուղղակի թշնամի` Թուրքիա-Ազրպէյճան զինակցութիւնը, համաթուրանականութեան երազը հետապնդողները: Հայաստանի մէջ անոր լծակիցները, իսկ «հզօրներու աշխարհ»-ին մէջ նման ծրագիրներու համախոհները, քիչ թէ շատ կրաւորական դիրք բռնողները այլ տարածքներ կը կազմեն, թուաբանական հաւասարութիւններու դիտանկիւնէն` փոփոխելի-փոփոխական են: Ուրեմն պէտք է մարտավարութիւնն ալ մշակուի այս գիտակցութեամբ, այս շրջահայեացութեամբ: Երէկի բարեկամներ ու զօրակիցներ հիմա ձեռնածալ են (ձրի պատրուակ շահած են) նա՛եւ այն պատճառով, որ նոյնինքն Հայաստանի իշխանութիւնը յիշեալ պատճառներով կը խափանէ օգնութեան ձեռք երկարողներուն գործը (եւ ճիշդ չէ այն, որ նախորդ փուլերուն հայ քաղաքական միտքն ու ձեռքը միայն հով քաղած է): «Չլացող մանուկին կաթ չեն տար»-ը մասնակիօրէն, միայն մասա՛մբ ճիշդ է այս պայմաններուն մէջ:

Ե.- Ահա թէ ինչո՛ւ կը կրկնուի ու պիտի կրկնուի այն ճշմարտութիւնը (հոս կրկին արձանագրենք այն) որ մեր, այսինքն` հայրենիքի հողն ու շահերը, ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանողներուն ԲՈԼՈՐ ՁԵՌՔԵՐՈՒՆ միացումը անյետաձգելի պահանջ է, զիրար դրժելու, զիրար նսեմացնելու կամ հրապարակէն դուրս հրելու, ընդդիմադիրներու դաշտէն քուէ «գողնալու» փորձերը` մերժելի եւ ու վնասարար, ջուր կը լեցնեն, ուղղակի թէ անուղղակի կերպով, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար,  իշխանական խումբին ջաղացքին: Տակաւին կայ այն վտանգը (զոր պէտք է դիմագրաւել ու յաղթահարել նոյնպէս միացեալ ճիգով), թէ մեր լաւագոյնը մէկտեղելով իսկ` մենք մեզ պիտի գտնենք գերիվեր հակադարձութիւններու դիմաց, ինչ որ յաճախ կը տարազուի «անկարելի առաքելութիւն» եզրերով: Հոս ալ ի զօրու կը դառնայ Դ. Վարուժանի ճակատագրակից պայքարողի մը` Սիամանթոյի մէկ արտայայտութիւնը. «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»: Այս տողերը չենք յիշեր զգացական տրամադրութիւններով, այլ` մեր ու ճակատագրակից այլ ժողովուրդներու ապրուա՛ծ փորձառութիւններուն հիմամբ:

Զ.- Կարեւոր մանրամասնութիւն մըն ալ. լիովին չտարուիլ ու չհրապուրուիլ այս կամ այն օտար պետական կամ կրօնական առաջնորդին «նպաստաւոր» դատուած յայտարարութենէն, ո՛չ ալ` հակառակը: Նման յայտարարութիւններ կրնան յետին հաշիւներ պահել իրենց ծալքերուն մէջ: Օրինակներ թուելը պիտի երկարէ այս բաժինը: Կարեւորը` մնայուն զօրակցութիւն ապահովելն է, մէկուն ըրած նպաստաւոր յայտարարութեան «ետեւէն վազել»-ն ու զայն հաշուետուութեան կանչելն է, երբ նկատուի, որ ան ետքայլ կ՛ընէ կամ կը դառնայ կրաւորական դիտող: Այդ ընելու համար կան բազմաբնոյթ շերեփներ…

Թւումը չերկարենք: Մէկ խօսքով, մեր դիմաց կան լեռնակուտակ մարտահրաւէրներ, անխուսափելի հրամայականներ: Մեկնա՞րկը: Միացնել բոլոր ձեռքերը, լուսանցքի վրայ նետել մինչեւ իսկ ամէնէն սուր տարակարծութիւններն ու հակադրութիւնները, ի մի բերել բոլորին կարողականութիւնները, մասնագէտներու ՍԵՐՈՒՑՔԸ, մարմնաւորել բազմաճիւղ ու բազմայարկ աշխատանքի ծրագիր մը, որուն իրականացումը հետապնդելով` կարենանք յաղթահարել մեր հայրենիքին նօսրացման եւ բնաջնջման միտող բոլոր դաւերը, չէզոքացնել գործադրողները: Այս մտածումը կարելի է պատկերացնել իբրեւ «համախոհ հակառակորդներու միջեւ կառավարական դաշնակցութիւն կազմել» բանաձեւով: Սա սոսկական բաղձանք կամ երազ չէ, ունինք պատմական վկայութիւններ:

Համախմբող Ծրագիր     

Ազգային ժողովի ընտրութիւնները նախատեսուած են տարուան կիսուն, երբ շատո՜նց մեր ետին թողած պիտի ըլլանք արցախեան աղէտալի պատերազմները (2020 եւ 2023), երբ պատմական հայրենիքի անբաժան մէկ մասը կորսնցուցինք (չենք մոռնար Նախիջեւանը, Արեւմտեան Հայաստանը, Կիլիկիան եւ այլ հայապատկան հողեր). կայ հարիւր հազարաւոր բռնագաղթուածներու տագնապը «մարսել» փորձող Հայաստանը (տասնեակ հազարաւոր արցախցիներ լքած են Հայաստանը…), որ այլապէս հողային կորուստներ ունի եւ նորեր ալ կրնան հասնիլ շուտով, միաժամանակ կը դիմագրաւէ տնտեսական նահանջի, ընկերային, մշակութային յաւելեալ կորուստներու վտանգները:

Ընտրապայքարի դաշտը բացած են ՔՊ-ական իշխանութիւնները, կ՛ուզեն, կրկնենք, պահել աթոռները` իրենց անվիճելի կորուստներն ու պատուհասները «մարսողականներով» եւ ստապատիր յօրինուածքներով հրամցնելով ժողովուրդին, կը փորձեն քողարկել թշնամիին սիրայօժար գործակատարի իրենց դերակատարութիւնը: Ընդդիմադիր ճակատը լաւ գիտէ, որ այս իշխանութիւնը պիտի փորձէ իր առաջադրանքը իրականանցել առաւելաբար ապօրինի միջոցներով, ինչպէս ըրած է համապետական եւ շրջանային նախընթաց ընտրութիւններուն. տեղ-տեղ ձախողած է, ուրեմն դիմած է բռնամիջոցներու` ընտրեալներու բանտարկութիւն, սպանութիւն, անհիմն հալածանքներ, յերիւրածոյ մեղադրանքներ եւ այլն: Այս կործանարար ընթացքը` դաժան իրականութիւնները զանգուածին ցոյց տալու ճիգերը չհասան սպասուած արդիւնքին:

Ընդդիմադիր ճակատ ըսելով` ի մտի չունինք միայն խորհրդարանական ընդդիմութիւնը, այլ` բոլոր անոնք, ներառեալ` Եկեղեցին, որոնք կը տեսնեն եւ կ՛ողբան կորուստները: Իշխանութիւնը բացած է իր խաղաքարտերուն մէկ մասը: Չմանրամասնենք: Ընդդիմադիրները կործանարար ճշմարտութիւնը իբրեւ ահազանգ կը հնչեցնեն տարիներէ ի վեր, ամէ՛ն օր: Եւ թող ո՛չ ոք մտածէ, թէ շարուած մտավախութիւնը անհիմն է: Փաստը այն է, որ ընդդիմադիրներուն ԲՈԼՈՐ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ մէկ առ մէկ ու փուլ առ փուլ իրականութիւն դարձած են, նմանապէս` թուրքին ու ազերիին նախապայաններուն, պահանջներուն իրականացումը. վիճելի չէ, որ զանոնք մոռացութեան մատնելու իշխանաւորներու «մարտավարութիւնը» սնանկ է: Ընտրող զանգուածը կը կանգնի կորուստներուն ծանրութիւնը խորաչափելու եւ ըստ այնմ քուէատուփ երթալու հրամայականին դիմաց: Ասիկա ինքնաբերաբար չ՛ըլլար, այլ բացայայտ է, որ ընդդիմադիրները հոսանքն ի վեր Դիավարելու հերակլէսեան աշխատանք ունին:

Այս ոլորտներուն մէջ չենք նախընտրեր երկար դեգերիլ, որովհետեւ այս ուղղութեամբ, ինչպէս նշեցինք, հետեւողական եւ ժամը ժամուն աշխատանք կը տարուի: Հետեւաբար փորձենք անցնիլ իսկապէս էական հարցերու դաշտ` տեսնելու, թէ ի՞նչ նախադրեալներ պէտք է ամբողջանան ՔՊ-ականներու հեռացման համար (ըսել չենք ուզեր, թէ չկան, մեր խօսքը համալրումի մասին է):

Համախմբող Ծրագիր Եւ Կառավարութիւն

Կենսական է, որ յաջորդ իշխանութիւնը ձեւաւորուի ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ եւ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, ապա նաեւ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ համապարփակ ծրագիրի մը հիմամբ, որուն մէջ, անհատներէ աւելի,  առնուելիք քայլերուն մանրամասնութիւնները նկատի առնուին եւ մշակուին մասնագիտական մակարդակի վրայ: Ծրագիր մը ՀԵՌԱՀԱՍ է, անհատները անմահ եւ մնայուն չեն, որքան ալ որ երախտաւոր եւ բամիմաց-մասնագէտ ըլլան: Կենսական է, որ ընտրողը տեսնէ, թէ առաջադրուելիք ՄԻԱՑԵԱԼ ԾՐԱԳԻՐԸ պիտի չմնայ սոսկական խոստում, ո՛չ ալ անոր տէրերը պիտի ընեն խոստումներուն հակառակը, այլ գիտակից զանգուածին հետ ձեռք-ձեռքի` պիտի անցնին գործադրութեան:

Կ՛ուզնեք մասնաւորել կարեւոր կէտ մը. Հայաստանի (նաեւ` բազմաթիւ այլ երկիրներու) քաղաքական դաշտին մէջ սովորութիւն դարձած է ԱՆՀԱՏՆԵՐ դրուատելու կամ վատաբանելու ընթացքը: Սա ուշագրաւ կը դառնայ, եթէ հարցին մօտենանք հետեւեալ անկիւնէն: Ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ Փաշինեան մը (կամ Թրամփ մը, Մաքրոն մը կամ այլք) մէկ օրէն միւսը չքանայ հրապարակէն (չենք ցանկար, որ մեռնին, սակայն կեանքի մէջ ամէն բան հաւանական է, չէ՞): Է՞, լա՞ւ, անոնց հեռանալով`  ամէն բան կը փոխուի՞: Նոյնինքն Հայաստանի իրականութիւնները կու տան փաստացի պատասխանը. անձերու շուրջ եւ անհատներով պայմանաւորուած որոշ «երթեր» մնացած են անվաղորդայն, իբրեւ կուսակցութիւն ճանչցուածներ` նսեմացած ու նօսրացած: Եւ ահա հոս է, որ ի յայտ կու գայ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ծրագիրի մը պահանջը, հրամայակա՛նը, առանց անտեսելու անհատներու դերն ու արժէքը: Հաւաքական ներդրումով կազմուած ծրագիրը ո՛չ միայն աւելի՛ մնայուն կ՛ըլլայ, այլ զայն իրականացնողն ալ սոսկական անհատ մը չ՛ըլլար, այլ` նոյնինքն զայն ի մի բերողները, հոգ չէ, թէ անոնք այլապէս ունենան մեծ ու փոքր հակադրութիւններ: Այս դիտանկիւնէն ալ «տեսէք, թէ ես անցեալին ինչե՜ր ըրած եմ» մտածելակերպը պէտք է փոխարինուի` «տեսէ՛ք, թէ մեր կարողութիւնները միացնելով` ինչե՛ր կրնանք ընել, հայրենիքը ինչպէ՛ս պիտի փորձենք փրկել»-ով: Աւելի յստակ` պէտք է տեսնել, որ ընդդիմադիր ճակատին մէջ «ներքին նետարձակումներու» սովորութիւնը պէտք է մէկդի դնել, այս պայմաններուն մէջ նման «ժողովրդավարութեան խաղեր» պերճանք ալ չեն…

Կառավարութեան յաջորդ կազմը, հետեւաբար նաեւ զայն յառաջացնելու պարտականութիւնը ունեցող խորհրդարանը պէտք է մարմին ստանան ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԷ, ըլլան քաղաքական, դիւանագիտական, պաշտպանական (բանակ, ոստիկանական, սահմանապահ ուժեր), տնտեսական, մշակութային, ընկերային եւ այլ հարցերու հմուտ գործիչներ, եւ ո՛չ թէ` պարզապէս այս կամ այն կուսակցութեան կամ դաշինքին վկայականը ունեցողներ, ինչպէս որ են ՔՊ-ական երեսփոխաններն ու նախարարները, կառավարական համակարգին մէջ բերուածներուն կարեւոր մէկ մասը: (Անցեալին նման գործելաձեւ ա՛յսքան աղէտալի հետեւանքներ չէ ունեցած):

Յաջորդ իշխանութիւնը, ԱՆՊԱՅՄԱՆ ձերբազատած` ՔՊ-ականներէ եւ անոնց` թշնամիին հաճոյանալու քաղաքականութեան հաւատարիմ կիրարկողներէ, իր դիմաց պիտի ունենայ անկարելի թուացող առաքելութիւններ, սակայն պէտք է օժտուած ըլլայ անկարելին կարելի դարձնելու կամքով, այսինքն` «պայքա՛ր, պայքա՛ր…»-ի կամքով:

Մարտահրաւէրներ` Ի՞նչ Դաշտերու Մէջ

Կ՛արժէ, որ արագ թւում մը կատարենք «անկարելի առաքելութեան» կոչուողներուն ճիտին իյնալիք գործերուն, մարտահրաւէրներո՛ւն, որոնք համահաւասար չափով առաջնահերթ են: Այս մասին յաճախ խօսուած է, քննարկումներ եղած են մաս առ մաս, փորձենք, ըստ կարելւոյն, ի մի բերել առաջադրանքները:

ՀՈՂԵՐՈՒ ՎԵՐԱՏԻՐԱՑՈՒՄ. Մեր ապրած մեծագոյն ողբերգութիւնը, բազմահազար կեանքերու անվերադարձ կորուստին կողքին, հողային կորուստներն են, որոնք վերականգնելի են: Հոն կան քանի մը խորագիրները. կայ Արցախը (հարցին բոլոր երեսներով), կան Հայաստանէն խլուած հողամասեր (պաշտօնապէս` 240 քառ. քմ, իսկ իրականութեան մէջ` շատ աւելի լայն տարածքներ, մանաւանդ` ռազմավարական կարեւորութեամբ բարձունքներ), որոնք իրողապէս ինկած են ազերիներու վերահսկողութեան տակ, կան իբր թէ «փոխանակելի» հողամասեր` «կղզեակներ»-ը, կան «Արեւմտեան Ազրպէյճան» եւ «Զանգեզուրի միջանցք» ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ տակ գտնուող հողեր, որոնք ՔՊ-ականներու իշխանութեան շարունակման պարագային, պիտի անցնին կորուստներու ցանկին` «սահմանազատում» խաբկանքին ճամբով, մինչեւ Հայաստանի… սպառումը: Եթէ յիշեալները ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ վերականգնելիներու ցանկին վրայ են, կարելի չէ անտեսել մեր ԲՈԼՈՐ ՀՈՂԵՐՈՒՆ տիրութեան, պահանջատիրութեա՛ն իրաւունքը: Ըսել կ՛ուզենք, որ լիարժէք ծրագիրը պէտք է ունենայ անմիջական եւ աւելի հեռու ապագային իրականացուելիք  բաժիններ:

Պաշտպանական Ձեռքեր.

Նոր իշխանութեան առաջնային պարտաւորութիւններէն մէկը երկրի պաշտպանական ձեռքերուն վերստին հզօրացումն ու հայրենիքին ծառայութեան լծումն է` զանոնք հեռու պահելով իշխանաւորներու, մասնաւորապէս անոր պետին պահպանման ճղճիմ գործէն, սեփական ժողովուրդին դէմ յարձակումներու դաշտերէն: Պաշտպանական դաշտին մէջ բանակին, ոստիկանական ուժերու, սահմանապահներու, անվտանգութեան ծառայութիւններու գործունէութեան ու առաքելութեան ամբողջ մտածողութիւնը պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի: Բանիմաց զինուորականներու զինուորագրումը, պաշտօնի կոչումը անյետաձգելի են: Այս ծիրին մէջ բանգէտ նախարարի մը եւ կարող սպայակոյտի մը պահանջը ակներեւ է: Ինչպէս այլ բնագաւառներու, նոյնպէս ալ հոս Հայաստան զուրկ չէ կարող եւ փորձառու զինուորականներէ, փաղանգներէ:

ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՋՆՋՈՒՄ. ՔՊ-ականները իշխանութեան եկան աներեւակայելի «տեսլականով» մը. աւելի քան 7,5 տարուան փորձառութենէ ետք, տեսանք, թէ անիկա իրականացաւ ժողովուրդին մէջ բաժանուածութիւն, փոխադարձ ատելութեան մթնոլորտ սերմանելով: Պէտք է ցոյց տալ, որ չկան նախկիններ ու նորեր, որոնք պէտք է ատելութեամբ վերաբերին իրարու հետ: Տեսակէտներու տարբերութիւնը, այլակարծութիւնը որեւէ մարդու, ժողովուրդի բնական իրաւունքն է, մինչեւ իսկ եթէ կայ ԲՌՆԱՏԻՐԱԿԱՆ դրութիւն: Եթէ որոշ «դասակարգ մը» (կրնար կնքուիլ այս կամ այն պիտակով) սխալներ ըրած է, վնաս բերած, պէտք է արդար եւ օրինական միջոցներով հաշուետուութեան բերուի, եւ ո՛չ թէ տիրապետող դառնայ այն գործելաձեւը, որ օտար (անգլերէն) խօսքով մը լաւագոյնս կը բացատրուի. «Եթէ կ’ուզես շուն մը սպաննել, վատ անուն մը տուր անոր» (If you want to kill a dog, give him a bad name): Ատելութեան ալիքներէն պէտք է զերծ պահել նա՛եւ սփիւռքը, զայն լծակից պահել հայրենիքին, ինչպէս որ էր այս իշխանաւորներու «դարաշրջանէն» առաջ, միաժամանակ լծակից ըլլալ անոր հարցերուն, դիմագրաւած դժուարութեանց դարմանումին:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇՏ. Սա ընդարձակ եւ խորքին մէջ անպարագիծ կալուած մըն է, բաւականանանք քանի մը հիմնական կէտերով: Առաջին հերթին` սահմանադրութեան ու անոր կենսական կէտերուն պահպանումը: Որեւէ երկրի մէջ Սահմանադրութիւնը չի նկատուիր անհպելի, անփոփոխելի գիր. ըստ պատմական եւ այլ նորութիւններու, սահմանադրութիւններ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԵԱՆ կ՛ենթարկուին, կը վերամշակուին, սակայն հիմնական սկզբունքներ կը պահպանուին, կը դասուին անհպելիներու ցանկին: (Թող Ֆրանսայի հինգ հանրապերութիւններու սահմանադրութիւնները ուսումնասիրողները մեզի ըսեն, թէ հոն ի՞նչն է փոխուած-փոփոխական, եւ ինչե՞ր` անհպելի, նոյնը` ժողովրդավարութիւն կիրարկող այլ երկիրներու մէջ): Հայաստանի սահմանադրութիւնն ալ ենթակայ եղած է ու կրնայ ըլլալ բարեփոխութիւններու, սակայն կարելի չէ զայն ՎԵՐԱԽՄԲԱԳՐԵԼ: Աւելի՛ն. եղածը ծովը նետել ու նոր սահմանադրութեան մը հետամուտ ըլլալ, եթէ նորին ճամբով մոռացութեան պիտի տրուին ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ, ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ նախադրեալները, Արցախի իրաւունքները (Մինսքի խումբին չեղարկումը պէտք է… չեղարկել): Աւելի կարեւորը` որեւէ փոփոխութիւն չի կրնար կատարուիլ` թշնամիէն թելադրուած պայմաններու ընթացք տալով: Պէտք չէ մոռնանք, որ նոյնինքն Ազրպէյճան պահանջ դրած է, որ Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկուի եւ անկէ հանուին այնպիսի բաժիններ, որոնց վրայ հիմնուած են անկախութիւնն ու իրաւատիրութիւնը (մէկ այլ պահանջ է Եկեղեցւոյ ջլատումը): ՔՊ-ականները, որքան ալ փորձեն չընդունիլ այս իրականութիւնը, բանիւ եւ գործով լծուած են այդ «առաքելութեան», կը խոստանան, իշխանութեան վրայ մնալու պարագային, հանրաքուէով մը իրականացնել ազերիական այդ նախապայմանը եւս:

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ. Անկախ անկէ, որ այս դաշտին մէջ ալ պէտք է ՀԱՍԿՑՈՂՆԵՐ, փորձառու մասնագէտներ բերուին ճիշդ տեղերուն մէջ, այս պարագային` արտաքին գործոց նախարարութեան եւ յարակից համակարգին մէջ (ծանօթ խօսք է` «ճիշդ մարդը ճիշդ գործին համար»-ը, եւ սա` աշխատանքի բոլոր մարզերուն մէջ), պէտք չունինք կրկնելու, թէ դեսպաններու, մինչեւ իսկ արտաքին գործոց նախարարներու նշանակումը կը կարօտին մտածողութեան եւ վերադասաւորման համապատասխան մօտեցումի` մի՛շտ հաշուի առնելով Հայաստանի ու մեր ժողվոուրդի շահերը, իրաւունքները: Առաջնակարգ եւ երկրորդական պաշտօններու վրայ լաւագոյն բանիմացներու նշանակման զուգահեռ, այս համակարգը վիթխարի առաքելութիւն մը ունի. նախ` վերականգնել դիւանագիտական քայքայուած համակարգը, վերակառուցել յարաբերութիւններու կամուրջները` բարեկամներու եւ նուազ բարեկամներու, բայց նաեւ (եւ սա շատ կարեւոր կէտ է) չէզոք մնացողներու հետ: Մինչեւ իսկ թշնամիներուն հետ յարաբերութիւններու դաշտը պէտք է վերամշակել` զայն տարածելով Հայաստանի շահերուն եւ իրաւունքներուն պաշտպանութեան տեսլականով:

Դեսպաններ եւ դիւանագիտական այլ մակարդակի ներկայացուցիչներ պէտք է զգան, որ իրենք զբօսաշրջութեան համար չեն ղրկուիր տարբեր երկիրներ, այլ պետութեան մը, ժողովուրդի մը շահերուն ներկայացուցիչներն են: Դիւանագիտութեան դաշտին մէջ կայ «ներքին» մարզ մը, որ ընդհանրապէս անտեսուած, մոռցուած է, թէեւ ընդդիմադիրներ երբեմն յստակ քայլեր կ՛առնեն: Սա օտար դեսպաններու հետ յարաբերելու եւ գործակցելու մարզն է: Հայաստան եկած դեսպանները եւ այլ ներկայացուցիչներ պէտք է դառնան թիրախ,  երբ անոնց պաշտօնավարութեան մէջ անբաւարարութիւն կը տեսնուի: Նախարարութեան եւ դիւանագիտական անձնակազմի պարտականութիւններէն մէկն ալ Հայաստանի պահանջներն ու իրաւունքները, Հայաստանի՛ ու հայութեան, նա՛եւ արցախցիներուն դէմ անարդարութեանց` օտար դեսպաններուն յիշեցումն է ու հաշիւ պահանջելը, հաշիւ` իրենց ներկայացուցած երկիրներէն, որոնցմէ ոմանք մոռցած են, որ դասուած են Հայաստանի բարեկամ-պաշտպանի ցանկին մէջ: Օտար դիւանագէտներու իւրաքանչիւր շարժումը պէտք է պահուի հսկողութեան տակ, շեղողը սաստի ենթարկուի, յոռեգոյն պարագային, հռչակուի անբաղձալի անձ եւ վտարուի երկրէն: Անցեալ տարիներուն այս պահանջը քանի՜ քանի՛ անգամ զգալի դարձած է, սակայն իշխանութիւնները վարուած են այնպէս, թէ իրե՛նք են օտարներուն կամակատարը, հաշիւ տուողը: Ի դէպ, նախորդ իշխանութիւններու օրով ալ այս ընտրանքը լուսանցքի վրայ մնացած է:

Դիւանագիտական ասպարէզի տարածքին մէջ, եկէ՛ք, պահ մը կանգ առնենք յարակից դաշտի մը առջեւ, որ կը կոչուի ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: Հայաստանի կառավարութիւնը, մասնաւորաբար` արտաքին գործոց նախարարութիւնը (չխօսինք այլասերած-կամակատար` սփիւռքի յանձնակատարին մասին), բոլորովին անտես թողած է հսկայական ուժականութիւն, մինչդեռ, տարբեր միաւորներու, մասնաւորաբար Հայ դատի գրասենեակներուն հետ գործակցութեան խորացումով, կազմակերպումով` կրնայ մեր պահանջներուն հետապնդումը տարբեր տարածքներու հասցնել (հիմա եղածն ալ կը ջլատուի, ականատես եղանք մինչեւ իսկ արտաքին գործոց նախարարին` հազուադէպ ճիշդ կեցուածքները փոշիացնող վարչապետին ու այլ ՔՊ-ականներու «խրոխտ» կեցուածքներուն): Հոս կայ պատասխանատուութեան բաժին մը, որ կ՛անցնի կառավարութեան ու նախարարութեան շրջագիծէն անդին: Այդ նոյնինքն սփիւռքի աշխուժութիւնն է, կացութեան համապատասխան` ուժեղ քայլերու, նախաձեռնութիւններու դիմելու ունակութիւնը, կարողութիւնը. ընդունինք, որ սփիւռքը կարծէք թէ որոշ թուլացում եւ նահանջ արձանագրած է այս առաքելութեան ճամբուն վրայ: Եթէ միայն յիշենք, թէ սփիւռքը ինչպիսի՛ ուժգնութեամբ եւ ազդեցութեամբ հակազդեց «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» ու փրոթոգոլներուն, արդէն յստակ դարձուցած կ՛ըլլանք մեր մտահոգութիւնը: Ճիշդ է, որ արցախեան ծանրակշիռ օրերուն շօշափելի եւ ազդու շարժումներ արձանագրուեցան, սակայն, բացի որոշ «լճակներէ», սփիւռքի ովկիանոսը կարծէք թէ միացած է դիտող-հանդիսատեսի փաղանգներուն (կան, անշուշտ, «ազգընտիր»-ին վնասարար քայլերը հաշտ աչքով դիտող… կոյրեր): Այս դաշտին մէջ յատուկ կարեւորութիւն ունի Հայաստանի (իշխանութիւն եւ ժողովուրդ) ու սփիւռքի միջեւ կամուրջներու, լծակցութեան, գործակցութեան վերականգնումը: Եթէ սփիւռքի յատուկ նախարարութիւն մը դժուար է վերականգնել, կարելի է մտածել այլընտրանքներու մասին` այս բաժանմունքը աւելի գործօն եւ նպատակասլաց դարձնելու համար (Լիբանանի մէջ նախարարութիւն մը կը կոչուի ԱՐՏԱՔԻՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔՑԻՆԵՐՈՒ նախարարութիւն):

***

Մեր այս քննարկումն ու մօտիկ ապագայի պատկերացումները կրնանք շարունակել երկար, սակայն կը բաւականանանք յաջորդ իշխանութենէն այլ մարզերու մէջ սպասուածներուն արագ թուարկումով:

Այդ կալուածներուն խորագիրներն են` ԱՐԴԱՏԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆԸ, ՄՇԱԿՈՅԹԸ, ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ, ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐԸ (որուն մէկ երեսին անդրադարձանք քիչ առաջ), մէկ խօսքով` բոլոր այն կալուածները, որոնք կ՛երաշխաւորեն ԵՐԿԻՐ հասկացողութեան գոյատեւումը, բարգաւաճումը, հողային եւ այլ իրաւունքներու կենսագործումը: Արդարադատութեան մարզը, դատարաններէն ու իրաւաբանական համակարգէն սկսելով, կը կարօտին հիմնական վերականգնումի (նոյնը ըսինք դիւանագիտական եւ պաշտպանական դաշտին մասին): Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, որ արդարադատութիւնը իշխանութեան երեք հիմնական թեւերէն մէկն է, անկախ, եւ չի կրնար հետեւիլ «Հայաստանի մէջ չկայ դատաւոր մը, որ իմ (Փաշինեանի) կամքին հակառակ շարժի» ան-տրամաբանութեան: Մշակոյթի կալուածը բազմադաշտ է. կայ ուսումնական ծրագիրներու դաշտը (պատմութիւն, լեզու, գրականութիւն, աշխարհագրութիւն…), իսկ դպրոցի պատերէն անդին` մշակութային միաւորներու եւ հայատիպ պատկերի վերականգնումի պահանջը: Այս ծիրին մէջ առանձնացնենք ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ պարագան եւ բաւականանանք` աւելցնելով, որ Եկեղեցւոյ դէմ արշաւներն ալ պէտք է դիտուին անհատներու շրջագիծէն անդին, որովհետեւ ականատես ենք, որ անհատ կրօնաւորներու ուղղուած հարուածները, սպառնալիքները հարուած են նաեւ մեր ամբողջ ժողովուրդին, պետութեա՛ն, ներառեալ` Հայաստան սփիւռք կամուրջներուն: Իսկ երբ կը խօսինք Եկեղեցւոյ դիրքին լիարժէք վերականգնումին մասին, չենք կրնար աչքաթող ընել (մշակութային պարունակէն անդին` քաղաքական տարածքին մէջ) հայկական յարանուանութիւններո՛ւն դերակատարութիւնը: Հոն ալ զգալի է կրաւորականութիւն մը, «մեր հարցը չէ, մեր գործը չէ»-ի տպաւորութիւն մը: Հայրենիքի փրկութիւնը ԲՈԼՈՐԻՆ դիմաց կանգնող մարտահրաւէր է: Նոյն մօտեցումով ալ մեր ժողովուրդը արդար սպասում ունի ՄՇԱԿՈՅԹ հասկացողութեան հետ աղերս ունեցող բոլոր ասպարէզներու ծառայողներէն, անոնք ըլլան` գրող, երաժիշտ, քանդակագործ-նկարիչ, գիտնական, դասախօս, բժիշկ կամ այլ: Պէտք է յիշենք, թէ արցախեան շարժումին մէջ, տարբեր կալուածներու հեղինակութիւն վայելող անձնաւորութիւններ ինչպիսի՛ դեր ունեցան, դարձան շարժումը առաջնորդող յառաջապահներ: ՄՇԱԿՈՅԹի յիշեալ եւ այլ կալուածներու գործիչները, «ներքին»-ին կողքին, ունին նաեւ «արտաքին» գործ, դիւանագիտականին զուգահեռ` կապեր ստեղծել այլ երկիրներու համապատասխան կալուածներուն մէջ գործողներուն հետ` ամրացնելով պետութեան (եւ ոչ միայն հայրենապաշտպան անհատներու) հիմքերը: Այսօր մոռցուած է, թէ խորհրդային տարիներուն, հայ գրողներ, արուեստագէտներ ու գիտնականներ, մինչեւ իսկ մարզիկներ ինչպիսի՜ գործօն դեր խաղացած են ի շահ Հայաստանին: Փաստագրուած է, որ անոնք գտած էին կարմիր Մոսկուայի ճշդած «սահմաններէն» անդին երթալու ձեւերը…

Եզրակացութեան Փոխարէն

Այս սիւնակին մէջ մեր արձանագրած նշումներն ու ակնկալութիւնները մեծ մասամբ նորութիւն չեն: Այս կէտերը ներկայացնելով (չարձանագրուածներուն մասին հետեւութիւնները կը թողունք ընթերցողին)` փորձեցինք ներկայացնել կարգ մը դաժան իրականութիւններ, որոնց յաղթահարումն ու դարմանումը կը կարօտին ԲՈԼՈՐ ՈՒ ԲՈԼՈՐԻՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ մէկտեղող ծրագիրի մը, յաջորդ կառավարութեան համար մշակուելիք «ճամբու քարտէս»-ի մը` որուն կենսագործումը ճիտին պարտքն է բոլորին, ներառեալ, կրկնենք, սփիւռքին:

«Պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր»-ը պիտի տարուի քանի մը գիծի վրայ. ներքին գետիններու վրայ` ընդդէմ թշնամիին ստրուկը դարձած եւ ազգն ալ ստրկացման տանող իշխանաւորներուն, գիտնալով, որ անոնք ունին չափազանց լայն միջոցներ եւ դուրսերէն օժանդակողներ: Կան ասոնց քարոզչութեան ստրուկները: «Ներքին»-ին ծիրին մէջ կը դիտենք սփիւռք(ներ)ը… Իսկ արտաքին գետիններու վրայ, ինչպէս նշեցինք արդէն, կան Թուրքիա-Ազրպէյճան զինակցութիւնը, անոնց ծրագիրներէն շահեր ապահովողներն ու ցանկացողները (Ազրպէյճան վերջերս կը փորձէր եւրոպացիները ներգրաւել «Թրամփի ճամբու» ծրագիրներուն մէջ), եւ որքա՜ն կարեւոր է բարեկամ-թշնամիներուն, նոյնքան ալ` թշնամի բարեկամներուն ճիշդ գնահատումը:

Հիմա, երբ ընտրապայքարի դաշտը կը բացուի այս կամ այն ձեւով, մասնաւորաբար իշխանախումբին սուտ քարոզչութիւններով եւ ընտրողները ուղղակի ու անուղղակի ձեւերով կաշառելու ճիգերով, աւելի քան հրամայական է ընդդիմադիր խմբաւորումներուն` իրենց ուժերուն ճիշդ գնահատումը եւ զանոնք ԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐ մէկտեղումը: Ընտրապայքարը պէտք է հունաւորուի այնպէս, որ հայրենապաշտպաններու քուէները չչէզոքանան, չփոշիացնեն մէկզմէկու քուէն, այլ ի սկզբանէ ճամբայ ելլէ ՈՒԺԱԿԱՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ (քոալիսիոն) մը երաշխաւորելու մօտեցումով (*): Պէտք է ընդունինք, որ բազմաթիւ կուսակցութիւններու գոյութիւնը ձեւով մը քաղաքական աշխուժութիւն ցոյց կու տայ, մաս կը կազմէ ժողովրդավարութեան խաղին, սակայն նոյնքան ալ պէտք է ընդունինք, որ նոյն նպատակին ձգտող միաւորները պէտք է ճիշդ պահուն որոշեն իրենց ձայները տալ այն ուժերուն, որոնք աւելի մեծ հաւանականութիւն ունին մրցավազքէն յաղթական դուրս գալու եւ կազմելու ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ԱՏԱԿ վարչակազմ մը: Պէտք չէ մոռնալ, որ հայրենիքի փրկութեան եւ վերականգնումի պայքարի դաշտը շատ ընդարձակ է. վարչապետի, նախարարներու եւ նման պատասխանատուներու կողքին, Հայաստան պէտք ունի անհամար թիւով գործակիցներու, տարբեր աստիճանի զինուորներու: Ընդդիմադիր խմբաւորումներուն առաջնահերթ պարտաւորութիւններէն մէկն է ի սկզբանէ յստակ դարձնել յաջորդ գործադիրին եւ օրէնսդիրին դիմագիծը, ընելիքն ու զայն իրականացնողներու ուրուագիծը: Կարեւոր է նաեւ հեռացնել այն մտածումը, թէ անկարելիին նժարը շատ ծանր է, մեր լաւագոյնն իսկ պիտի չբաւարարէ կորուստներուն եւ վնասներուն վերականգնումը: Պէտք ունի՞նք յիշեցնելու, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչները, ապա նաեւ նոյնինքն արցախեան շարժումի առաջնորդները կը գտնուէին շատ աւելի ահաւոր վիճակի մէջ, սակայն գործեցին «նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար» կամքով: Վերջապէս, իրաւունք չունինք մտահան ընելու, որ Հայաստան կը գտնուի գոյութենական սպառնալիքի տակ, չունի այլ երկիրներու նման «քաղաքականութիւն-քաղաքականութիւն խաղալու» պերճանքը (ծանօթ է, որ Ֆրանսա աւելի քան տարիէ մը ի վեր կ՛օրօրուի կառավարական տագնապի ալիքներու վրայ), էական բաներ չկորսնցնելու հաւանականութիւնը, այլ` ընդհակառակը:

(*) Ծանօթ է, որ Հայաստանի մէջ կան բազմատասնեակ կուսակցութիւններ, եւ այս իրականութիւնը յաճախ դժգոհութեամբ կը դիտուի հանրութեան ու մասնագէտներու կողմէ (մաս մը` փոքրաթիւ անդամներով, ուրիշներ` կուսակցութեան մը համար գաղափարական նախադրեալի բացակայութեան պատճառով, կամ` ԱՆՀԱՏԻ մը շուրջ բոլորուածներու իրականութեամբ…): Եթէ նման պատկեր ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ եւ ազատութեան ցուցանիշ է, բացայայտ է նաեւ, որ ընտրական փուլերուն անիկա կրնայ դառնալ վնասաբեր ազդակ: Այս սիւնակը չուզեցինք ծանրաբեռնել այլ երկիրներու մէջ փոքրաթիւ կամ մեծաթիւ կուսակցութիւններու ցուցափեղկերուն մանրամասնութիւններով (կ՛անդրադառնանք այլ առիթով), սակայն եթէ ընթերցողը հետաքրքրուած է, կ՛արժէ, որ համացանցի ճամբով պրպտէ եւրոպական երկիրներու, Միացեալ Նահանգներու, մինչեւ իսկ Չինաստանի մէջ բազմակուսակցականութեան հասկացողութիւնները, տեսնել, որ նման վիճակ երբեմն պատճառ կը դառնայ կառավարական հանգոյցներու, իսկ այդ երկիրները չեն դիմագրաւեր Հայաստանի ու հայութեան դիմաց լեռնացող վտանգները:

4 Դեկտեմբեր 2025

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (27 Դեկտեմբեր 2025)

Յաջորդը

Աղօթք Ամանորի

RelatedPosts

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.