Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կաթիլ Մը Պատմութիւն»…

December 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ ձեռնակառքի վրայ վաճառուող գիրքերու մէջ աչքիս զարկաւ գիրք մը` «Կաթիլ մը պատմութիւն» խորագիրով: Գնեցի եւ տուն վերադարձիս աչքէ անցուցի: Ամբողջութիւնը քաղուածք մըն է  հին ու նորագոյն պատմական դէմքերու յանցագործութեանց  եւ նշանաւոր  դէպքերու, որոնց հիման վրայ հեղինակը կը յանգի այն եզրակացութեան, որ «Վայրագութիւնն է պատմութեան ծնունդ տուող դայեակը» (յունարէն` մամի-դայեակ):  

Հեղինակը` Տիմիթրի Քամպուրաքի, յայտնի լրագրող-վիպագիր մըն է, որ նաեւ հաղորդումներ կը կատարէ յունական հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայաններէ: Յայտնօրէն  հաղորդումներու շարքի  մը համար տարբեր ազգերու պատմութեանց մէջ պրպտումներ կատարած է,  ապա զանոնք մէկտեղած` հատորին մէջ: Իր պրպտումներու լոյսին տակ, գիրքի նախաբանին մէջ ան կը խտացնէ  իւրայատուկ խորհրդածութիւն մը, ըստ ինծի, նոյնքան իւրայատուկ բանաձեւումներով, որոնց համար ալ «արժանի» նկատեցի անոր խտացեալ թարգմանութիւն-հայացումը հրամցնել ընթերցողներուս:

Ահաւասիկ նախաբանը.

«Պատմութիւնը պոռնիկ մըն է, որ սակայն կը վայելէ մեր խորունկ  յարգանքը : Քանի որ  ան կրնայ  հմայել քեզ կամ… սարսռացնել: Կրնայ ըլլալ, որ նոյնիսկ սիրահարիս անոր, կամ… գանիլ անկէ: Այնպէս կ՛ընէ, որ  սիրահարիս իրեն  կամ հակառակը` զզուեցնէ քեզ: Կրնայ սորվեցնել քեզի, նաեւ` ոչնչացնել: Դարձնել քեզ հետապնդող, շնական կամ երազատես: Ոճրագործ կամ առաքեալ (միսիոնար): Յանցագործ, կամ զոհաբերող, կամ զոհ: Եւ այսպէս. նոյնն է պատմութեան համար, ինչպէս եւ` պոռնիկին համար: Ան երբեք հետաքրքրուած չէ քու զգացումներովդ:  Պատմութիւնը բացարձակ ազատութիւն կու տայ անոնց, որոնք կ՛ուզեն հետազօտել զինք ու վերլուծումներ կատարել այնպէս, ինչպէս պոռնիկը ազատութիւն կու տայ իրեն այցելողներուն, որոնք կը ցանկան սեռային յարաբերութիւններ ունենալ իրեն հետ: Անոր համար բացարձակ արժէք  չունի, թէ պատահական այցելուն իրեն սիրահարա՞ծ է, թէ՞ ոչ, աւազա՞կ է, թէ՞ առաքինի, գեղեցի՞կ է, թէ՞ տգեղ, քնքուշ, կամ անողոք, արդար կամ անարդար: Մարդկային այս ըմբռնումները պարզապէս  անոր մէջ ծիծաղ կը յառաջացնեն: Պատմութիւնը արդարութեան կշիռք չունի իր ձեռքին:  Անոր  համար  մարդիկ կ՛արժեն այն, ինչ որ կ՛արժէ սեղանի մը վրայի փոշին: Ան կրկնապէս կը զուարճանայ, երբ պատմաբաններ կը ձգտին ուսումնասիրել զինք եւ իմաստուն  եզրակացութիւններով  առաջարկներ կը ներկայացնեն: Ինչո՞ւ. որովհետեւ  պատմութիւնը  անվերջ է, նոր իրադարձութիւններով յղի… Մինչ մենք վերջ մը ունինք, եւ մեզմէ վերջ պատմութիւնը պիտի շարունակուի, երբ մենք չկանք արդէն: Այնպէս որ ի՞նչ կրնան արժել պատմաբանին վերլուծումները, երբ անոր մահէն ետք պատմութիւնը պիտի շարունակուի առանց վերջի…

«Կայ նաեւ լրջագոյն խնդիր. յայտնի ալ չէ, թէ ի՞նչ չափանիշերու հիման վրայ կը գնահատուին պատմութեան գործողութիւնները: Չին աշխատողը կը սպաննուի չինական Մեծ պատի կառուցման ժամանակ, ամերիկացին ոտք կը դնէ լուսնի վրայ, Հռոմի պապը կը հրամայէ սուրբ դատաստան սարքել ու հաւատաքննել, տեղ մը երեխայ կը զոհաբերուի  հրէշի մը, ամերիկացի օդաչուն հիւլէ ռումբ կը նետէ Ճափոնի վրայ: Համաշխարհային պատմութեան այս ցրուած իրադարձութիւններէն ո՞րն է աւելի կարեւոր: Յայտէ, ըսէք նայիմ: Ո՞վ կարող է վստահօրէն ըսել, որ Ատոլֆ Հիթլերի կեանքը աւելի կարեւոր էր պատմութեան համար, քան՛ կեանքը Մեծն Սուլէյման  թուրք սուլթանի կանանոցին մէջ (հարեմ) տառապող   ստրուկ կնոջ …

«Պատմութեան հոգին ամրօրէն կնքուած անթափանցելի գաղտնիք մըն է: Այդ  գաղտնիքը փնտռող մարդիկ կը նմանին կասկածոտ այն ամուսնոյն, որ իր կնոջ հաւատարմութիւնը ստուգելու փնտռտուքին կ՛ելլէ եւ որքան կը մօտենայ անհաւատարմութեան փաստի, այնքան կը հեռանայ իր յուսացած արդիւնքէն, այսինքն` հաւատարիմ կողակից մը ունեցած ըլլալու հաւաստիքէն..

«Պատմութեան հոգի՜ն… Ոչ ոք պիտի կարենայ  բացայայտել պատմութեան հոգին: Մարմնավաճառը իր մարմինը կ՛առաջարկէ յաճախորդներուն: Բայց շատ կը նեարդանայ եւ կը սրտնեղի, երբ առանձնասենեակին մէջ անոնք կը փորձեն իր յուզաշխարհին մօտենալ, եւ թոյլ չի տար, որ  հոգին պեղեն: Նոյնն է պատմութեան պարագային:

«Վերջին հաշուով, ի՞նչ է պատմութիւնը: Ճակատագի՞ր է: Աստուա՞ծ է: Յաղթողներու քաջագործութիւննե՞րն են, որոնք կը վերածուին  պատմական անհերքելի որոշակիութիւններու, թէ՞ պարտուածներու ճիչերն են, որոնք յուսահատ` ճեղք կը փնտռեն ազատագրուելու  համար: Պատմութիւնը ՄԱԿ-ի գործուն էութի՞ւնն է արդեօք, թէ՞ զանգուածներու շարժում է: Արդեօք  արտադրողական ուժերն ու արտադրողական յարաբերութիւննե՞րն են: Արդեօք  գիտնականներու մտքերու մէջ շլացուցիչ փայլատակումնե՞րն են, զօրավարներու հանճարեղ քայլե՞րը, քաղաքական գործիչներու տրամաթիկ որոշումնե՞րն են, որ պատմութիւնը կը կազմեն: Արդեօք  անյայտ ճակատագրի պողպատէ կա՞մքն է, որ կ՛առաջնորդէ տիեզերքի բնակչութիւնը: Արդեօք  իրադարձութիւններու պատահական յաջորդականութի՞ւնն է, որ պատմութիւն դարձած է միլիառաւոր տարիներու ընթացքին, միլիառաւոր մարդոց կեանքով …

«Անհեթեթութիւն: Այս բոլորէն ոչ մէկն է եւ ոչ ալ միւսը: Պատմութիւնը պարզապէս պոռնիկ մըն է»:

***

«Կաթիլ մը պատմութիւն» գիրքի բազմապիսի կաթիլներէն կաթիլ մըն ալ այս մէկն է.

«1957-ին, պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով, Խորհրդային միութիւնը երկու ամսուան մէջ` մէկը հոկտեմբերին, իսկ միւսը` նոյեմբերին, տիեզերանաւ ղրկած էր անջրպետ: Երկրորդին` շնիկով մը, որ վերադարձին սատկած գտնուած էր խցիկին մէջ թթուածինի պակասէն: Կը նշանակէր, խորհրդայինները արհեստագիտութեան մէջ աւելի յառաջացած կը թուէին ըլլալ, քան` Ամերիկան… Արեւմուտքը ցնցուած էր: Ի գործ կը դրուէր ահաւոր քարոզչութիւն` կենդանասէրներու զգացումները գրգռելով: Քիչ մը ամէն տեղ, յատկապէս Լոնտոնի մէջ եւ ազնուականներու մասնակցութեամբ զանգուածային ցոյցեր կը կազմակերպուէին սատկած շան կեանքին համար. «Տեսա՞ք, թէ որքան անգութ են ռուսերը, որ հաշուի չեն առներ շան մը կեանքը…»:

Եւ ըսել, թէ այդ ցոյցերէն քիչ առաջ, նոյն Անգլիան  Նիկոսիոյ հրապարակին վրայ կախաղան կը բարձրացնէր  տասնեակ ազատամարտիկներ, որոնք  պայքարած էին Կիպրոսի ազատագրութեան համար անգլիական լուծէն… Պատմութեան հոգի՜ն:

Աթէնք, 18 դեկտ. 2025

 

 

Նախորդը

Խմբագրական. Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Դ.) Եզակի Հանգամանքի Մը Փոխանցած Պարտաւորութիւնները

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.