Հայ Մամուլը Հանրային Դաստիարակութեան Դպրոց Է. Դաշնակցական Մամուլը Աւելին Է, Քան` Կուսակցական Մամուլը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, տարեսկիզբին, 2019-ն հռչակած էր «Հայ մամուլի տարի»: Տարին ահա իր աւարտին կը հասնի եւ, բնականաբար, ժամանակն է հաշուեյարդարի` քննելու եւ գնահատելու համար, որ ընդհանրապէս հայ մամուլը ինչպիսի՛ տարի մը բոլորեց, որքանո՛վ արդարացուց իր առաքելութեան կապուած մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնները: Յատկապէ՛ս հայ մամուլը կրցա՞ւ յառաջխաղացք նուաճել դէպի ազգային-հանրային ծառայութեան կենսական ու անփոխարինելի դերակատարութեան կոչուած հոգեմտաւոր ազատ...



















