Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոմիտասի Ուղեղին Մէջ

Դեկտեմբեր 6, 2019
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Մատներս իրարու մէջ անցուցած` ափս կը սեղմեմ, քանի որ բեմին ետեւի ձախ կողմը «մարդ մը», սպիտակ հագուստով, կախուած է ուռկանէ մը ու մենախօսութիւն կ՛ընէ: «Խե՞նթ է, ի՛նչ է»,- կը մտածեմ, հիմա կ՛իյնայ»: Իսկապէս ալ «խենթ» է այդ «մարդը», եւ այս ամբողջ թատրերգութիւնը, կեանք մը` խենթութեամբ լեցուն, որ Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»  թատերասրահին մէջ ուռկաններով ցանկապատուած բեմին վրայ ներկայացուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին, «խենթութիւն» մըն է:

Կոմիտաս

Բեմը կը շրջի: Կեդրոնը կանգնած եկեղեցին կը շրջի, եւ փոխարէնը` սպիտակ պաստառ մը մէջտեղ կու գայ, ու անոր վրայ կ՛երեւին գիծեր, նշաններ, խազե՞ր ու միանալով կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն` Կոմիտաս անունը:

Հետաքրքրութիւնս կը սրի: Ուռկանէն վար եկած է մարդը, ու ահա կը սկսի անոր ներաշխարհին ճամբորդութիւնը, կամ` մեր ճամբորդութիւնը անոր ներաշխարհին մէջ:

Եւ բնական էր, որ գէթ պատկերներէն մէկուն մէջ տեսնէինք Կոմիտասի կեանքին հիմնական առաքելութիւնը` երաժշտական ազգագրութիւնը: Ահա բեմին կեդրոնը գտնուող եկեղեցւոյ մէջ Անահիտը իր հրեշտակային ձայնը ձգած` կ՛երգէ, իսկ Կոմիտաս գրի կ՛առնէ այդ երգը: Ա՛ս է մեր Կոմիտասը: Սակայն այս թատրերգութեան Կոմիտասը կ՛երթայ աւելի անդին:

«Ազդակ» օրաթերթին խմբագրատան մէջ «Թէաթրոն» թատերախումբի բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանն ու Կոմիտասը մարմնաւորող Կարէն Տարագճեանն են:

Սուրէն.- Այս ամբողջ ներկայացումը Կոմիտասի ուղեղին մէջ կը պատահի: Ներկայացումը կը սկսի Կոմիտասի մենախօսութեամբ` ուռկանին վրայէն, որ բանտը կը ներկայացնէ, ու կ՛աւարտի ճիշդ նոյն տեղը: Իսկ ինչ որ կը պատահի թատրոնին ամբողջ ընթացքին,  Կոմիտաս վարդապետին ապրումները (վերապրումները), զգացական աշխարհին անհաւասարակշռութիւններն են: Օրինակ` առաջին պատկերին մէջ Անահիտը կը տեսնենք, որ միայն մէկ անգամ բեմ կ՛ելլէ: Ան այն կայծն է, որ Կոմիտասը մղեց ազգագրութեան եւ երգահաւաքի աշխատանքին: Մեր կեանքին մէջ ալ ոմանք մուտք կը գործեն մէկ անգամ, սակայն մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան: Եւ Կոմիտաս միայն մէկ անգամ կը յիշէ Անահիտը այս թատրոնին ընթացքին,իսկ միւս դէպքերը միտքին մէջ աւելի մեծ տեղ գրաւած են, թէեւ բոլոր դէպքերը իր ստեղծագործական կեանքին մաս կը կազմեն»:

Կարէն.- Կոմիտաս փորձեց աստուածային արժանիքները գտնել մարդոց ստեղծագործութիւններուն մէջ: Կը յիշեմ իր խօսքերէն մէկը, որ կ՛ըսէ, թէ բնութիւնը Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է, իսկ եկեղեցին` մարդուն: Ան կը ներշնչուի բնութենէն ու համոզուած է, որ երաժշտութեան հանդէպ իր նուիրումը զինք շատ աւելի լաւ վարդապետ մը պիտի ընէ եւ աւելի պիտի մօտեցնէ Աստուծոյ»:

Սուրէն.- «Եւ հոն բախում մը կայ իր անձին մէջ` իր կիրքին եւ կղերական կեանքի նուիրումին: Բախում մը կայ նաեւ իր եւ եկեղեցւոյ միջեւ, որովհետեւ երաժշտութեան հանդէպ իր ունեցած սիրոյ արտայայտութիւնը խորթ կը թուէր կարգ մը եկեղեցականներու»:

Այս բախումին ներկայացումը այդքան ալ հեշտ չէր` թէ՛ տարածքի (բեմ) եւ թէ՛ ժամանակի (տեւողութիւն) սահմանափակ կարելիութիւններուն ներքոյ: Ութ ամսուան աշխատանքի արդիւնք է ան, որ նիւթաբարոյական նեցուկը վայելած է ԳՈՀԱՐ համոյթին: Դէպքերու սոսկ պատումի զուգահեռ,  կայ հսկայ արտադրութիւն մը, որ թատրերգութիւնը կը դնէ աննախընթաց եւ իւրայատուկ ներկայացումներու շարքին: Յանկարծ բեմին վրայ կ՛երեւին դիմակաւոր էակներ, մութ, թերեւս` քիչ մը վախազդեցիկ, որոնք կը դառնան Կոմիտասի շուրջ` պաշարելու անոր հոգին: Անոնք ներկայ են նաեւ ամէն անգամ, երբ Կոմիտաս կը տագնապի: Տարագրութեան ճամբուն վրայ արեան անձրեւ կը տեղայ բեմին կանգնած Կոմիտասի ու սպիտակ սաւանին վրայ` պատկերը դարձնելով թատրերգութեան բարձրակէտերէն մին ու հանդիսատեսը ափի բերան քամելով իր աթոռին: Շրջող բեմին վրայ կ՛երեւին ու կ՛անհետանան Կոմիտասի «Գուսան»-ը, որ հոն չէ պարզապէս երգելու, այլ մասնիկ է ներկայացումին ու անոր բառերը մէկ առ մէկ կ՛անհետանայ Կոմիտասի խելագարուած պահուն:

Սուրէն. Երբ կարդացի Լիլի Թոմասեանի գործը, իսկապէս սիրահարեցայ նիւթին եւ ստանալէ ետք հեղինակային իրաւունք անցանք աշխատանքի: Թոմասեան բացառիկ ներկայացում մը գրած է այս իմաստով: Ասոր վրայ եկայ աւելցնելու շոն: Շատ պատկերներ` դիմակաւորները, անոնց արտայայտչական պարը, երգչախումբին դերակատարութեան տարողութիւնը, բեմին վրայ թափած արեան անձրեւը, կախաղանները մեր բեմադրութիւնններ են: Օրինակ` դիմակաւորներու տեսարանը վարդապետին ներաշխարհն է, ապրումներն են, որոնք կը հալածեն զինք: Եւ այս տագնապները աստիճանաբար նոպայի կը վերածուին, քանի որ կեանքին մէջ խենթութիւնը մէկ անգամէն չի պատահիր, այլ պատճառներու կուտակման հետեւանք կ՛ըլլայ: Չէի կրնար հանդիսատեսը չդնել այս ընթացքի կառուցման մէջ, որուն համար պէտք էր նետուէի ժամանակակից տիպի աշխատանքի մը: Դասական թատրոն մը չէ այս: Կարեւոր է ինծի համար հանդիսատեսը լարուած պահել թատրոնին մէջ, եւ փաստօրէն պատահեցաւ, որ ներկայացումներուն առաջին արարին վերջին պատկերը սրահին մէջ քար լռութիւն ստեղծեց ներկայացումներուն: Կարեւոր է, որ ժողովուրդը սրահէն մեկնելէ ետք վերադառնալ ուզէ: Ի վերջոյ ամէն ինչ շրջան կ՛ընէ կեանքին մէջ: Բեմին վրայ ալ դէպքերը ետեւ եւ առջեւ կ՛երթան ու կու գան, որովհետեւ Կոմիտասի միտքին մէջն է ամէն ինչ»:

Կարէն.- Եռաչափ տարողութիւն մը ստեղծուեցաւ այս արտադրութեամբ, ու մեզի համար մարտահրաւէր մըն էր: Մեր նպատակը չէր Կոմիտասը որպէս սուփեր հիրօ ներկայացնել, այլ` մարդ, իրապաշտ ձեւով, իր ներաշխարհի տագնապներով: Արտադրութիւնը կու գայ օգնելու համար այս մէկուն: Կը կարծեմ ոեւէ երիտասարդ, որ ներկայացումը դիտէ, պիտի կարենայ ինքզինք հոն գտնել եւ միաժամանակ վայելել շոն, որովհետեւ Կոմիտասի տագնապները ընդհանուր տագնապներ են: Կը հաւատամ, որ ստեղծագործելու համար ներշնչում պէտք է, եւ այդ կու գայ սէրէն»:

Բեմին վրայ կ՛երեւին Կոմիտասն ու Մարգրիտը, որ Կոմիտասի հետ քանի մը բառ փոխանակելէ ետք ժպիտով մը վար կ՛առնէ գլխուն քողը:

Սուրէն.- Թատրերգութիւնը կարդալու ատեն զուգահեռներ տեսայ ասոր եւ «Հին աստուածներ»-ուն մէջ. ինծի համար Մարգրիտը Սեդան էր եւ Կոմիտասը` աբեղան: Կարծես Լիլի Թոմասեան հոնկէ ազդուեցած է երկուքին միջեւ պատկերին գրութեան ժամանակ:

Կարէն.- Եւ ատոր համար ալ կ՛ըսեմ, որ Կոմիտասին տագնապները ընդհանուր են: Ան յեղափոխական վարդապետ մըն էր: Ոեւէ երիտասարդ, ոեւէ անձ իր կեանքին մէջ տեղ մը ինքզինք գտած է տագնապի մը դիմաց` ընկերութեան օրէնքներուն եւ իր երազին կամ կիրքին միջեւ:

Սուրէն.- Կոմիտաս հին աւանդութիւններուն վրայ կ՛ուզէր կառուցել նորը, որովհետեւ անկարելի էր, դատարկ հողին վրայ սարքէր»:

Կարէն.- Եւ կիրքը կամ ներշնչումը միշտ ալ փորձութիւն է:

Դէպքերը անգամ մը մեզի աքսորի ճամբայ կը տանին, ուր շարժող բեմին վրայ կը քալեն աքսորեալները, իսկ Կոմիտաս տակաւին չի հաւատար արհաւիրքին մեծութեան, անգամ մը` Մարգրիտին քով, ուր կը գտնուին անաւարտ սիրոյ պատմութիւն մը ու աւանդութիւններու մէջ մխրճուած կարծրատիպերու բախում, անգամ մը` պատանեկութիւն, երբ անդադար մէկու մը կը սպասէ Սողոմոն, անգամ մը «Գուսան»-ին քով, եւ այս բոլորին արդիւնքէն կը ծնի կատարեալ խելագարութիւն:

Կոմիտաս` «Տէ՛ր ողորմեա՛» կ՛երգէ, երբ ետեւէն ցած ձայնով կը լսուի իսլամական էզանը:

Կոմիտաս կը գտնուի արեան անձրեւուն տակ:
Կոմիտաս կը պայքարի «Գուսան»-ին համար:
Կոմիտաս աքսորի ճամբուն վրան է:
Կոմիտաս աքսորէն կ՛ազատի:
Մերթ ընդ մերթ կը դադրի խօսելէ:
Կոմիտաս դարձեալ ուռկանին վրայ է:

Այս հսկայ արտադրութիւնը Լիբանանի տուեալ պայմաններուն մէջ իրականացնելը թէ՛ հաւատք եւ թէ՛ վճռակամութիւն կը պահանջէ, թէ՛ ալ «խենթութիւն» է: Կարէն Տարագճեան կը բացատրէ, որ Կոմիտասի կերպար մարմնաւորելը զինք փոխեց. «Իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է առնուազն իր զաւակին հայկական անուն տալը, քանի որ իսկապէս շատ մեծ արժէքներ ունինք մենք, իսկ Կոմիտասի կեանքը ինքնին արժէք մըն է: Ան ամէն գնով պայքար մղեց ամէն ինչի դէմ` վասն մեր մշակոյթին: Անշուշտ պիտի խելագարէր, երբ իր աշխատասիրութենէն մեծ մաս մը Ցեղասպանութեան պատճառով կը կորսուի: Անշուշտ այլ վարկածներ այլ վերլուծումներ կու տան: Կոմիտաս միշտ ալ կառչած մնաց իր կիրքին, երազին, թէեւ շատեր, նոյնիսկ` ճակատագիրը, դէմ կեցան իրեն: Ներկայիս հայերս շատ արուեստագէտներ ունինք, եւ եթէ մեր ջանքերը ի մի դնենք, շատ բան կրնան ստեղծագործել անոնք. «ԳՈՀԱՐ» համոյթին նեցուկը մեզի ատոր կենդանի օրինակն է, անոր նիւթական եւ բարոյական նեցուկը մեզի օգնեց այս պայմաններուն մէջ Կոմիտաս ներկայացնել: Աւելցնեմ նաեւ, որ Զաւէն վրդ. Նաճարեանին ներդումը, «Շնորհալի» երգչախումբին ղեկավարմամբ հոյակապ էր: Նշենք նաեւ, որ թատրոնին երաժտշութիւնը յատուկ այս ներկայացան համար պատրաստուեցաւ Հայաստանի մէջ»:

Սուրէն կ՛աւելցնէ. «Դժուար էր աւելի քան 50 հոգիով թատրոն մը պատրաստելը, մանաւանդ` Լիբանանի ներկայ ապահովական իրավիճակին մէջ: Լիբանանի վերջին շարժումին պատճառով մենք քանի մը շաբաթ դադրեցուցինք մեր փորձերը, իսկ երբ վերսկսանք, երբ տակաւին անորոշ վիճակ մը կը պարզէին ճամբաները, ուրախալի էր բոլորին պատրաստակամութեան ոգին, եւ ատոր համար կրցանք յաջողցնել: Բեմին վրայ տեսած ձեր դերասաններուն կողքին կայ նաեւ քուլիսներուն մէջ աշխատող հսկայ բանակ մը. բոլորն ալ սիրայօժար մասնակից դարձան գործին յաջողութեան:

Բեմին եւ դէպքերուն եւ զգացական աշխարհին մէջ կլորակ-կլորակ ճամբորդութիւններ կատարելէ ետք կը վերադառնամ ուռկանին վրայ կախուած մարդուն ու կը մտածեմ, որ իսկապէս խենթութիւն է ներկայ պայմաններուն մէջ նման գործի մը նախաձեռնելը, սակայն կը հասկնամ նաեւ, թէ ինչպէ՛ս Կոմիտաս չդադրեցաւ յուսալէ ու երգելէ, թէկուզ` իր լռութեամբ, կարելի չէ յանձնուիլ մեր առջեւ պարզուած մարտահրաւէրներուն` երկրի, համայնքի կամ անձնական մակարդակի վրայ, ու մարդը միայն կը մեռնի, երբ իր մէջ կը սպաննէ իր երազն ու հաւատքը:

 

 

 

Նախորդը

Զաւեշտի Երկիր Ազրպէյճան

Յաջորդը

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէի Նախաձեռնութեամբ Վերցուեցաւ «Տաշիր Պիցցա» Ցուցատախտակը

RelatedPosts

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
«Մեր Առաքելութեան Յարատեւման Ու Վերելքին Գաղտնիքը Պարզ Է` Կամք, Զոհողութիւն Եւ Ծառայութեան Ոգիին Նկատմամբ Հարազատութիւնը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պերճ Աբգարեան
Հարցազրոյց

«Մեր Առաքելութեան Յարատեւման Ու Վերելքին Գաղտնիքը Պարզ Է` Կամք, Զոհողութիւն Եւ Ծառայութեան Ոգիին Նկատմամբ Հարազատութիւնը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պերճ Աբգարեան

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?