Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցոյցերը` Երկսայրի Սուրեր

Դեկտեմբեր 6, 2019
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Բարեփոխումներ պահանջելու եւ պարտադրելու ամէնէն տարածուած եւ ազդու միջոցներէն են ցոյցերը, որոնք յատկապէս վերջին տասնամեակին աւելի յաճախակի եղան եւ իրենց ծիրերը ընդարձակեցին: Ցոյցերուն յաճախ կ՛ընկերանան խռովութիւններ, բախումներ, որոնք մութ ուժերու կողմէ կ՛օգտագործուին այլազան նպատակներու համար: Երբեմն նոյնիսկ կը մոռցուին հիմնական պահանջները, եւ ժողովուրդներ, երկիրներ կը պառակտուին: «Փրեսփեքթիվ» կայքը վերջերս հրապարակած է երկու հոգեբաններու` Չայա Պենիամինի եւ Պերի Ռիչըրտի յօդուածները, որոնց մէջ անոնք կ՛անդրադառնան ցոյցերու հոգեբանական երեսներուն:

Ն.

 

Ցոյցերու Հոգեբանութիւնը

Եկէք` նկատի առնենք ընդհանուր բանավէճ մը, որ կ՛երթայ ցոյցէն անդին` դէպի քաղաքական մասնակցութեան ամբողջ դաշտը: Որքան ալ մենք հասկնանք մեր քաղաքականութիւնը,  կարեւոր է տեսնել, որ քաղաքական մասնակցութիւնը հիմնուած է որոշ յոյզերու, ազդեցութեան կամ զգացմունքի վրայ: Աւելի՛ն. այս յուզումը պէտք է հոգեբանական ձեւով հասկնալ: Ասիկա կրնայ տարօրինակ թուիլ. ուրիշ ինչպէ՞ս ատիկա կարելի է հասկնալ: Բացատրելու համար ես կը գործածեմ «հոգեբանական» բառը իսկական իմաստով` նկատի ունենալով անհատին մէջի ներքին ուժերը: Կրնան ըլլալ զգացումները հասկնալու կրնան ըլլալ այլ միջոցներ, որոնք ոչ մէկ յղում կ՛ընեն ներքին մղումներուն, ուրեմն ատոնք  այս հաստատ առումով իսկապէս հոգեբանական չեն:

Օրինակ` կորիզային ջարդի սարսափը, որ բազմաթիւ մարդիկ 1950-ականներէն մինչեւ 1980-ական թուականները մղեց «Արգիլել ռումբը» բողոքի շարժումին, կրնայ նկատուիլ ուղղակի, արդար արձագանգ արտաքին աշխարհի մը, ուր հակամարտող երկիրներ կորիզային զէնքեր ունին եւ անոնց օգտագործումը թոյլատրելու համար սահմանուած կարգ: Մենք պէտք չունինք հարցումներ ուղղելու վախի հոգեբանութեան մասին, ինչպէս` «Ինչո՞ւ դուն վախցած ես», «Ի՞նչ բանէ վախցած ես»: Այս հարցումներուն պատասխանները մենք կը տեսնենք արտաքին աշխարհին, այլ ոչ` անհատին միտքին մէջ:

Նմանապէս, կուռքերը քանդող 1967 թուականի հակամշակութային ոգեւորութիւնը եւ անոր հրահրած բողոքի ցոյցերը կարելի է հասկնալ զուտ արտաքին միջավայրի առումով: Բացատրութիւնը այստեղ թերեւս աւելի քիչ ակներեւ է, քան` կորիզային վախի պարագային. ատիկա  ընկերաբանական վերլուծում կը պահանջէ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս 1960-ականներուն ընկերա-տնտեսական փոփոխութիւնները կը վերափոխեն ժողովրդական մշակոյթը: Լայնօրէն փորձուեցաւ անհատական ազատութեան զգացում մը, ազատիլ աւանդական սահմանափակումներէ` իբրեւ կեանքի իրագործման եւ հաճոյքի որոնում: Հիփփի շարժումը պարզապէս մշակութային այս լայն ձգտումին, հակումին մաքուր արտայայտութիւնն էր, ուրեմն կրնաք բացատրել անհատներու ներգրաւուածութիւնը հակամշակութային գոյութիւն ունեցող կարգի մերժումին` իբրեւ ժամանակներու պարզ արտացոլում, արտաքին մշակութային փոփոխութեան անմիջական ազդեցութիւն, որ ատիկա հասկնալու համար  չի պահանջեր ներքին, հոգեբանական փոփոխելիներ:

Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել յեղափոխական զայրոյթի մասին, յոյզ մը, որ մենք կրնանք ակնկալել` գտնել ամէնէն դաժան եւ պահանջկոտ բողոքող շարժումներու հիմքին մէջ: Ասիկա դիւրաւ կը դիտուի ընկերաբանական ձեւով` իբրեւ պատասխան անարդարութեան դրսեւորում որեւէ ձեւի, ինչպիսիք են` ճնշող զինուորական բռնագրաւումը, ընկերային շատ խոր անհաւասարութիւնը կամ կարգ մը վայրերու յատուկ խտրականութիւնը, ցեղապաշտութիւնը: Եթէ աշխարհի մէջ տառապանքներու մեծ մասը կը տեսնէք` իբրեւ որոշ համակարգի կամ ուժային յարաբերութիւններու կապուած, ապա ատիկա կարճ քայլ մըն է պարտաւորեցնելու դուք ձեզ այդ համակարգի տապալման համար յանձնառու ըլլալու: Արդարեւ, ձեր բարոյական պատասխանատուութեան զգացումը կրնայ նշանակել, որ յեղափոխական գործունէութիւնը ուղղակի կ՛ենթադրէ այն, որ կը տեսնէք աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները` անկախ ձեր մասին որեւէ բանէ, իբրեւ ներքին կեանք ունեցող անհատ:

Այդուհանդերձ, այս ընկերաբանական բացատրութիւններու կառոյցին մէջ գոյութիւն ունի մեծ ճեղք մը: Թերութիւնը պարզապէս ասիկա է. հակառակ անոր որ մենք բոլորս կ՛ապրինք նոյն աշխարհին մէջ, մենք բոլորս անոր նոյն ձեւով չենք արձագանգեր: Ինչո՞ւ ամէն ոք չմիացաւ 1960-ական թուականներու Կորիզային զինաթափման արշաւին, կամ` 1960-ականներու վերջին տարիներու հիփփիներու

«drop out» հաւաքին, 1970-ականներու մարքսիստական շարժումին: Ինչո՞ւ բոլոր աշխատաւորները չմիացան  յեղափոխութեան, որ 1968-ի մայիսին Փարիզի մէջ ուսանողներ կը փորձէին իրականացնել:

Հոգեբանութեան մէջ կայ մտածումի դպրոց մը, որ կը փորձէ ճանաչողական իմաստով պատասխանել այդպիսի հարցումի` ըսելով, որ մարդոց արձագանգելու ձեւի տարբերութիւնները պայմանաւորուած են անով, թէ ինչպէ՛ս անոնք կը տեսնեն աշխարհը, եւ, ուրեմն, ամէն բան կախեալ է ըմբռնումներէն, թէ մենք ինչպէ՛ս կը կառուցենք աշխարհը: Ընկերային  կառուցողական մօտեցումներու խնդիրն այն է, որ անոնք պարզապէս կը տեղաբաշխեն հարցը, որ ապա կ՛ըլլայ` ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ մենք տարբեր ձեւով կը կառուցենք աշխարհը: Ինչո՞ւ մենք կ’ընտրենք որոշ տեղեկատուութիւն` վրան կեդրոնանալու համար, եւ ինչո՞ւ մենք կը նախընտրենք վերլուծում մը միւսէն: Պատասխանը այն է, որ ընկալումները եւ հասկացողութիւնները դրդուած են, եւ մենք պէտք է դիմենք յոյզերուն` հասկնալու համար դրդապատճառները: Մեր աշխարհայեացքները կ՛առաջնորդուին յուզական կարիքներով` իրերը յատուկ ձեւերով տեսնելու եւ որոշ բաներու  հաւատալու, ուրիշներու` ոչ:

Զգացմունքային որոշիչները եւ, թերեւս, իմաստով մը բանականութեամբ անըմբռնելի բնոյթ կրողները չեն կրնար սահմանափակուիլ անոնց հետ, որոնք կրաւորականօրէն  դուրսն են իրենց իսկ գործունեայ խումբէն: Գործիչներու մասին լրացուցիչ հարցումը պէտք է ներկայացուի:

Հարցումներ ուղղել չի նշանակեր ապաքաղաքականացնել բողոքի շարժումը: Ես հոգեբանական մօտեցում կ՛առաջարկեմ, որ կը ձգտի ներքին եւ արտաքին գործօնները իրարու միացնելու, չջնջելու արտաքին գործօնները եւ այդպիսով բողոքի շարժումը նկատելու անվաւեր կամ հակաօրինական, եւ որոշ մարդիկ կը վախնան, որ այդպէս պատահի, երբ հոգեբանը սկսի վերլուծել բողոքի հիմքին մէջ գտնուող դրդապատճառները: Նոյնիսկ հոգեբանական քննութիւնը եթէ բացայայտէ, որ անձ մը բողոքի ցոյցի մէջ ներգրաւուած է անձնական շահեր ապահովելու համար, ատիկա բաւարար չէ  կարծիք կազմելու  այն հարցին վերաբերեալ, որ կը մարմնաւորէ տուեալ բողոքը:

Առնենք վախը Կորիզային զինաթափման արշաւին մասնակցողներուն: Կորիզային պատերազմի մը իսկական հաւանականութեան իրաւացի վախը միակ մէկ մասն է ատոր: Բողոքի ցոյցը նախաձեռնելու համար այդ վախը պէտք էր ունենար ստիպողական առաջնահերթութիւն: Ինչո՞ւ ցուցարարներո՛ւն վախերը աւելի ծանրակշիռ էին, քան` միւսներուն: Կը կարծեմ, որ ասիկա այն պատճառով էր, որ կան այլ վախեր, որոնք կցուած էին կորիզային պատերազմի սպառնալիքին: Յատկանշականօրէն այս վախերը գիտակցաբար արտացոլուած չեն: Հոգեվերլուծումի լեզուով` այդ վախերը պիտի կոչուէին անգիտակից պատրանքներ:

Անգիտակից պատրանք մը տեսակ մը նմուշ մըն է, որ կրնայ ձեւաւորել աշխարհի փորձը, որ որոշ առումներով նման է շրջանակի տեսութեան գաղափարի: Բայց մինչեւ «շրջանակ» ըլլալը կրնայ ըլլալ որեւէ բանի մասին, անգիտակցական պատրանքները միշտ կը ներառեն այն նախնական ուժերը, որոնք հոգեվերլուծութիւնը կը համարեն իբրեւ հոգեբանական կեանքի կեդրոնին մէջ` ցանկութիւն, յարձակողապաշտութիւն, մտահոգութիւն եւ մեղք: Այսպիսով, արտաքին իրականութեան որոշ մասի մը մեր փորձառութիւնը կրնայ ծանրաբեռնուած ըլլալ ուժեղ զգացումներով, ոչ թէ այդ իրականութեան բնորոշ բնոյթի պատճառով, այլ այն պատճառով, որ մենք ատիկա կը զգանք անգիտակցական պատրանքի ազդեցութեան տակ:

Ասիկա կրնայ վտանգաւոր հոլովոյթ ըլլալ, եթէ կը յանգեցնէ անոր, որ անձը կը զգայ, թէ աւելի վտանգուած է, քան` իրականութեան մէջ: Ատիկա ցոյց կու տայ մտային- հոգեբանական հիւանդութիւն ունեցող անհատներու սպանութիւնները` կարծելով, թէ անծանօթը ձեւով մը իրենց համար սպառնալիք է: Եւ ֆաշականութեան  հոգեվերլուծումը ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս յարձակողապաշտ ներքին մղումներ եւ սեռական կեանքի հանդէպ վախերը կրնան ներառուիլ գաղափարախօսութեան մէջ եւ գործել որոշ մարդոց կապուած` աղէտալի արդիւնքներ ունենալով:

Ուրեմն, քաղաքականութեան մէջ զայրոյթի, բարկութեան հարցը կրնայ կարծուածէն շատ աւելի բարդ ըլլալ:

 Բողոքի Ցոյցերը Արդիւնաւէ՞տ Են

Կանտիի «Աղի քայլարշաւ»-էն մինչեւ Թիանանմեն հրապարակին ըմբոստութիւնը, մինչեւ «Քայլարշաւ մեր կեանքերուն համար» բողոքի ցոյցը` Միացեալ Նահանգներու կողմէ զէնքի հսկողութեան բացակայութեան դէմ, մինչեւ Հոնկ Քոնկի մէջ վերջերս տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը, որոնք աշխարհին ստիպեցին խօսիլ արտայանձնման օրինագիծին մասին, մարդկութիւնը ամէն տարի կը բողոքէ ցոյցերով:

Եւ մինչ ամբոխի պէս ոչինչ ուշադրութիւն  կը գրաւէ, կառավարական կամ հասարակական փոփոխութիւններու համար տարուէ տարի տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերու քանակի համեմատութիւնը ցոյց կու տայ, որ ոչ բռնի դիմադրութեան այս շրջադարձային իսկական յաջողութեան մակարդակը,  փաստօրէն, բաւական ցած է:

Ասիկա կը յառաջացնէ հետեւեալ հարցումը. «Բողոքի ցոյցերը արդիւնաւէ՞տ են»:

Ահաւասիկ` երեք պատճառներ, թէ ինչո՞ւ ցոյցերը ազդեցիկ են, եւ` երեք պատճառներ, թէ ինչո՞ւ` ոչ:

Ըսէ՛ բարձրաձայն, ըսէ՛ հպարտ

Բողոքի շարժումները առաջին դիրքի վրայ կը բերեն ընկերային պայմաններով եւ տնտեսապէս լուսանցքայնացած խումբերը:

Ածխահանքի աշխատաւորները անկասկած ախոյեաններն են բողոքի շարժումներուն: Երբ համաշխարհային տնտեսութիւնները սկսան ածուխէն հեռանալ, հանքափորները կը տառապէին վճարումներու նուազումէն, հանքերու փակուելէն եւ եկամուտներու կորուստէն: Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ մէջ  հանքափորները բողոքի շարժումներ կ՛իրականացնէին իրենց պայքարը հանրութեան ներկայացնելու համար եւ յաղթեցին:

Բոլորովին վերջերս Չինաստանի Լոնկամի ածխահանքի ընկերութեան աշխատաւորները կառավարութիւնը դրդեցին, որպէսզի ընդունի դրամական դժուարութիւնները եւ պահանջէ փոխհատուցել հազարաւոր աշխատողներու:

«Գրաւէ Ուոլ Սթրիթը» շարժումը նոյնպէս ազդեցիկ էր` իր ձայնը միացնելով  Միացեալ Նահանգներու աւելի նուազ եկամուտ ունեցողներուն` լոյս սփռելով մեծ եկամուտ ապահովող ամերիկացիներու մէկ առ հարիւրին եւ մնացեալներուն վրայ:

Բողոքի ցոյցերը կը նպաստեն համերաշխութեան

Բողոքի ցոյցերը միայն տուժածներու, զրկուածներու դաշինքներ չեն, այլ աւելի ճիշդ կը հասկացուին իբրեւ ընդհանուր ճակատագիրի արտայայտութիւն:

«Կիներու քայլարշաւ Ուաշինկթընի դէմ», «Կանգնած ռոք» ցոյցերը եւ ներգաղթի կողմնակցող ցոյցերը ունեցած են մասնակիցներ, որոնք  անտարբեր եղած են կիներու հիմնական դժգոհութիւններուն, Ամերիկայի բնիկներուն եւ ներգաղթեալներուն հանդէպ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ մարդոց ինքնութիւնը կը ղեկավարուի նոյնքան իրենց արժէքներով, որքան` իրենց գոյնով, դասակարգով եւ կրթութեամբ:

Ըսուածին ապացոյցը. Վերջին ցոյցերը Հոնկ Քոնկի մէջ, ընդդէմ Չինաստանի ոտնձգութիւններու ազդեցութեան, հրահրած է համերաշխութեան ցոյցերու` Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի այլ վայրերու մէջ: Բողոքի ցոյցերը կարելիութիւն կ՛ընձեռեն օգտագործել արժէքները` իբրեւ անոնց հիմնական նոյնացնողներ,  թոյլ տալով աւելի մեծ նոյնականացում տարբեր խումբերու մէջ:

«Կիներու քայլարշաւ Ուաշինկթընի դէմ» ցոյցը , որուն ընդարձակ հարթակը հրապուրած, համախմբած է մէկ միլիոն մասնակից ամբողջ երկրին մէջ` 670 բողոքի ցոյցի հաւաքներէ, հաւանական է, որ պատմութեան ամէնէն մեծ ցոյցն է:

Աւելի՛ն. այս շարժումը եւ ցոյցերը կը շարունակուին:

Ցոյցերը արդիւնք կու տան

Հաստատուած է, որ ցոյցերը ազդեցութիւն կ՛ունենան քաղաքականութեան վրայ: Սերպերը տապալեցին բռնապետ մը` ոչ վայրագ դիմադրութեամբ, եւ եգիպտացիները այդ տեսակին հետեւեցան 10 տարի ետք: Ամերիկեան ներկայիս քաղաքականութիւններուն մէջ, հիմնական ցոյցերը, որոնք  տեղի ունեցան ամերիկեան օդակայաններու մէջ, հակազդելով Թրամփի 2017-ի  գործադիր հրահանգին, որ կ’արգիլէր շարք մը մեծամասնութեամբ իսլամ բնակչութիւն ունեցող երկիրներու գաղթականներուն եւ քաղաքացիներուն մուտքը Միացեալ Նահանգներ, հրահրեց արագ իրաւական գործողութիւններ, որոնց շնորհիւ` մուտքի արտօնագրեր ստացող բազմաթիւ անձեր մնացին երկրին մէջ:

Մի՛ վատներ կորովդ

Բողոքի ցոյցերը դժուար թէ հասնին իրենց նպատակներուն

Բողոքի շարժումները այնքան արդիւնաւէտ չեն, որքան ցուցարարները կը ցանկան մտածել: Երբ կը կարդաք այս խօսքերը, հազարաւոր բողոքներ տեղի կ՛ունենան ամբողջ աշխարհի մէջ: Այս ջանքերուն մեծ մասը կ՛անցնի առանց որեւէ նկատողութեան` բացայայտելով ընդհանուր առմամբ բողոքի ցոյցերու փոքր ազդեցութիւնը:

Ուսումնասիրութիւն մը բացայայտած է, որ օրէնսդրութիւնը  դժուար թէ ենթարկուի հասարակական կարծիքին, եւ բողոքներուն մեծամասնութեան արդիւնքները կը հաստատեն  ատիկա: Վիեթնամի մէջ պատերազմը, Միացեալ Նահանգներու զինուորական գործողութիւնը մերժող շարժումը, որ  ժողովրդական դարձած էր համալսարաններու բակերուն մէջ 1955-ին, ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցան պատերազմական գործողութիւններուն վրայ, որոնք փաստօրէն  շարունակուեցան մինչեւ պատերազմի աւարտը,  1973-ին: Իրաքի պատերազմին դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած ցոյցերը ոչինչ կրցան ընել` շրջանցելու համար ներխուժումը: Կիներու օրուան քայլարշաւը 2016-ին նոյնիսկ բախեցաւ այնպիսի արդիւնքներու, որոնք կը հակասէին իրենց նպատակին ` ամբողջ աշխարհի մէջ Կիներու վերարտադրողական իրաւունքներու ապահովում: Բողոքի ցոյցէն միայն երկու օր ետք նախագահ Թրամփ ստորագրեց գործադիր կարգադրութիւն, որով կը կասեցուի Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը` վիժումի ծառայութիւններ մատուցող օտարերկրեայ հաստատութիւններուն, իսկ ներքին ասպարէզին մէջ վերարտադրողական իրաւունքներու խթանման հետագայ նուազումներ կը հետեւին:

Ցոյցերը առանձին չեն կրնար փոփոխութիւն նուաճել

Մարթին Լութեր Քինկի` «Ես երազ մը ունիմ» ճառը, ճիշդ է, կանխեց Քաղաքացիական իրաւունքի շարժման երթը դէպի Ուաշինկթըն, սակայն երթը  ինքնին չի կրնար գնահատուիլ անոր յաջորդած քաղաքացիական օրէնսդրութեան համար: Բողոքի ցոյցը միայն մէկ մասն էր շարժումին կողմէ տասնամեակ մը առաջ կիրարկուած ոչ բռնի դիմադրութեան` նախքան որեւէ օրէնսդրութեան ստորագրութիւնը:

Բողոքի շարժումները կրնան բացայայտել հարց մը, բայց անոնք չեն կրնար մղել օրինական պայքարներ` փոփոխութիւնը կարելի դարձնելու: Նկատի առէք 2016 թուականի «Կանգնած ռոք» ցոյցը` ընդդէմ Տաքոտայի խողովակաշարին: Մինչ տեղեկատուական միջոցներու ուշադրութիւնը  կրնայ ըլլալ արագացուցած էր իրաւական որոշումները` խողովակաշարը Սիուքս հողերուն վրայ կառուցելու հարցին վերաբերեալ, սակայն վերջնական ճակատամարտը վերջապէս որոշուեցաւ Սպիտակ տան եւ դատարանին մէջ, իսկ բողոքի գիծերը արագօրէն փակուեցան:

Բողոքի շարժումները շահ-պարտութիւն առաջադրութիւններ են, որոնք կը կարեւորեն գաղափարական տարբերութիւններ եւ տարակարծութիւններ կը յառաջացնեն

Բողոքի բարքը, կենցաղը, արմատաւորուած է բախումի, վէճի մէջ: Հարցի լուծում չէ: Դիմադրութիւնը, նոյնիսկ` ոչ բռնի դիմադրութիւնը, պատերազմի հռչակագիր, արարք է, որ նպատակաուղղուած է` փոխելու քաղաքական իրականութիւնը: Բողոքի հռետորութիւնը աւելի երգչախումբին քարոզելն է, քան` սիրտերն ու միտքերը փոխելը: Միաձայն, առանց բանավէճի  մօտեցումը զերօ գումարով խաղ է, որ կռուի կը դրդէ բողոքող ցուցարարները իրենց շրջապատին դէմ եւ որոշ չափով` ընդդէմ անոնց, որոնք  չեն բողոքեր: Լարուած մթնոլորտը յաճախ կ’առաջնորդէ վայրագութեան, որ բողոքի նպատակներուն կը հակադրուի: Օրինակ` Անթիֆա ցուցարարները եւ վայրագութեան իրենց յարիլը, կը նսեմացնէ ֆաշականութեան դէմ պայքարի իրենց նպատակները:

Եզրակացութիւն

Մինչ բողոքի ցոյցերը կրնան շատ բան ընել` ուշադրութիւնը ուղղելու դէպի հրատապ, վիճայարոյց հարցեր, սակայն միայն ուշադրութիւնը չէ, որ անպայման անհրաժեշտ է փոփոխութիւններ կատարելու համար:

Դուք կը հաւատա՞ք, որ ցոյցերը կրնան փոփոխութեան առաջնորդել:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Դեկտեմբեր 1969)

Յաջորդը

Կեդրոնականցի Արմենակ Եւ SOS Chrétiens d՛Orient

RelatedPosts

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025
Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները
Մշակութային եւ Այլազան

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մարտ 28, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?