Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը
17 նոյեմբերին, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ ձեռամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի:
Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Սիրան Աւընեան-Ամպարճեանի գծագրած Աստուածամօր սրբապատկերի օծումը:
Սրբազանը իր քարոզին մէջ օրհնաբեր եւ արեւշատ օրեր մաղթեց բոլորին, գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւ Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանը, նաեւ` եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ ուխտաւոր ժողովուրդը:
Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն, որմէ ետք «Արարատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:
Այնուհետեւ «Գանձասար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ: Նորանշանակ թաղական կազմի ատենապետ Վահէ Կարճիկեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց սրբազան հօր, որմէ ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ սրբազան հայրը գնահատեց անուանակոչութեան տօնին պատրաստութեան համար սիրով ծառայող կամաւորները` մաղթելով որ Աստուածամօր բարեխօսութեամբ խաղաղութեան արշալոյսը անմար մնայ Սուրիոյ երկնակամարին վրայ:
Միացեալ Նահանգներ
«Նեմեսիս» Գործողութեան 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, վերջերս «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Նեմեսիս» գործողութեան 100-ամեակի նշում:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Սեւակ Ճիէրեան, որ խրախուսական խօսքերով ողջունեց երիտասարդութեան ներկայութիւնը շեշտելով, որ բոլորը միշտ քաջալերուած են արդարահատոյց գործողութեան յաջողութեամբ: Ան յայտնեց, որ որ իրենք միշտ կը յիշեն երկու բառեր` «հատուցում» եւ «գոյատեւում» եւ շեշտեց, որ մեր պայքարը երբեք վերջ չէ գտած եւ «Նեմեսիս» գործողութիւնը կը քաջալերէ զինք աւելի գործօն ըլլալու գաղութային կեանքին մէջ:
Օրուան բանախօս Յովսէփ Աւագեան խօսեցաւ «Նեմեսիս» գործողութեան կարեւորութեան մասին` յիշելով հայ ժողովուրդի կեանքին դժուար պայմաները այդ տարիներուն: Ան նկատել տուաւ, որ Հայաստան կորսնցուցած էր իր անկախութիւնը ռուսական համայնավար վարչակարգին հաստատումով, եւ հայ ժողովուրդը Եղեռնին պատճառով ցիրուցան եղած էր: Այդ թշուառ վիճակէն դուրս կը ժայթքի հայ վրիժառու բազուկը եւ արդարութեան հատուցումը կը կատարէ` սրբելով արցունքը Եղեռնէն վերապրած բազմահազար հայերուն:
Բանախօսը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց «Նեմեսիս» գործողութեան պատմականը` շեշտելով այն գաղափար, որ գործողութիւնը Հայ դատի խթան հանդիսացաւ մինչեւ Ներկայացուցիչներու տան յաջողութեան, որ օրեր առաջ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ մանրամասն կերպով կը ներկայացուի արդարամարտիկներուն գործողութիւները:
Քանատա
Արցախի Բարեկամներու Համաժողովին Մասնակցած Քեպեքի Խորհրդարանի Անդամ Կի Ուելեթի Այցելութիւնը «Հորիզոն»-ի Խմբագրատուն
22 նոյեմբերին Քեպեքի Խորհրդարանի անդամ Կի Ուելեթ հիւրընկալուեցաւ «Հորիզոն»-ի խմբագրութեան կողմէ եւ հարցազրոյց ունեցաւ ֆրանսերէն բաժինի աշխատակից Աստղիկ Աբրահամեանին հետ: Կի Ուելեթ մասնակիցներէն էր 11 հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ կայացած ՀՅԴ-ի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրը կրող Արցախի բարեկամներու քառօրեայ համաժողովի: Խորհդաժողովին կը մասնակցէին 30 երկիրներէ 150 հասարակական, քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ: Ժողովին մասնակած էր նաեւ Քանատայի Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան:
Հարցազրոյցի աւարտին «Հորիզոն»-ի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեան եւ վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեան Ուելեթին ծանօթացուցին «Հորիզոն»-ի 40-ամեայ պատմութեան եւ յատկապէս Քանատայի դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական մակարդակներու վրայ «Հորիզոն»-ի ծաւալած լրագրական գործունէութեան:
Պոլիս
Պոլսոյ Մէջ Կոմիտասի Յուշարձանի Տեղադրում
Վերջերս Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի բակին մէջ տեղադրուեցաւ հայ մեծ երաժիշտ, մանկավարժ եւ խմբավար Կոմիտասի յուշարձանը` պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեանի հովանիին ներքեւ, հովանաւորութեամբ Սարգիս Գիւլեկեչի: Յուշարձանի հեղինակն է պոլսահայ քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեան, որ բացման հանդիսութեան ընթացքին իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Կոմիտասի դերին եւ անոր կատարած աշխատանքին մասին:
Յայտնենք, որ Կոմիտաս իր կեանքի որոշ շրջանի մը գործած է Պոլսոյ մէջ, ստեղծած է «Գուսան» հանրածանօթ երգչախումբը, որ մեծ դեր ունեցած է պոլսահայութեան կեանքին մէջ:
1915-ին օսմանեան Թուրքիոյ կազմակերպած եւ իրագործած Հայոց ցեղասպանութիւնը ողբերգականօրէն կ՛ընդհատէ հանճարեղ երաժիշտին գործունէութիւնը, եւ ան կը ձերբակալուի ու կ՛աքսորուի պոլսահայ մտաւորականներուն հետ: Որոշ ժամանակ ետք, ամերիկեան դեսպան Մորկընթաուի միջնորդութեամբ, զայն աքսորէն կը վերադարձնեն հայրենիք, սակայն ապրած արհաւիրքին պատճառով ան կը կորսնցնէ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ կը դադրի ստեղծագործելէ: 1916-1919 Կոմիտաս գտնուած է Կ. Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի հոգեբուժարանին մէջ, իսկ իր կեանքի վերջին 16 տարիները անցած են Փարիզի Վիլ-էւրար եւ Վիլ-ժուիֆ արուարձաններու բժշկական հաստատութիւններուն մէջ:
Կոմիտաս վարդապետը վախճանած է 22 հոկտեմբեր 1935-ին, Փարիզ: Մէկ տարի անց անոր աճիւնը տեղափոխուած է Երեւան եւ ամփոփուած` հայ մշակոյթի գործիչներու պանթէոնին մէջ, որ ներկայիս կը կրէ Կոմիտասի անունը:
«Լուսաւորիչ» Երգչախումբի 90-ամեակ
17 նոյեմբերին «Լուսաւորիչ» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի, համերգով մը յիշատակեց իր հիմնադրութեան 90-ամեակը: Համերգը նաեւ ձօնուած էր Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին:
Արդարեւ, երգչախումբը առաջին հերթին մեկնաբանեց Կոմիտասի մշակումներէն երգեր, որոնց յաջորդեցին Մակար Եկմալեանի, Բարսեղ Կանաչեանի եւ Խաչատուր Աւետիսեանի ստեղծագործութիւններէն նմուշներ: Երգչախումբին դաշնամուրով կ՛ընկերակցէին Ռոպեր Տողանայ եւ Մելինէ Թեմելճի:
Համերգին երկրորդ մասով ելոյթ ունեցաւ երգչախումբի մանկանց կազմը` ղեկավարութեամբ Հրանդ Չիզմեճեանի:
Աւարտին գնահատական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ Սահակ արք. Մաշալեան, որ յատկապէս ընդգծեց խումբի երիտասարդական կազմակերպութիւն մը ըլլալու հանգամանքը` յոյս յայտնելով, որ շուտով արժանանան նաեւ խումբին դարադարձը նշելու:
Ֆրանսա
Մանուկներու Մշակութային Մէկ Շաբթուան Սեմինար
Վալանսի Հայ մշակոյթի տան հանդիսաւոր բացումէն ետք` 28 հոկտեմբերին, մեկնարկեց Մանուկներու մշակութային մէկ շաբթուան սեմինարը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 5-11 տարեկան մօտաւորապէս 20 մանուկներ: Սեմինարի դաստիարակներն էին` Ռոզին Սարեան, ժուլիա Գիզիրեան, Անահիտ Մկրտչեան, Սոնա Ճաննազեան եւ Լիզա Սարեան:
Մէկ շաբթուան ընթացքին մանուկները հետեւեցան կրթական օգտաշատ եւ զուարճալի ծրագիրի մը` երգելով, պարելով, խաղալով եւ հիմք ունենալով սորվիլ հայերէն, խօսիլ հայերէն:
Մշակութային սեմինարի փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ նոյեմբերին, որուն ընթացքին փոքրիկները հանդէս եկան իրենց սորված երգերով, պարերով եւ ձեռային աշխատանքներով:
ՀՄՏ նախագահ Նազօ Ալան Ճինպաշեան շնորհակալական խօսք ուղղեց ծնողներուն` իրենց վստահութեան համար, ապա բեմ հրաւիրեց սեմինարի դաստիարակները, որոնք սիրայօժար իրենց ժամանակը տրամադրեցին սոյն ձեռնարկը իրագործելու համար: Այնուհետեւ սեմինարի ղեկավար Ռոզին Սարեան մանրամասնօրէն ներկայացուց մէկ շաբթուան ծրագիրը, որուն յաջորդեց տեսերիզի ցուցադրութիւն, ուր ցուցադրուած էին սեմինարի նկարները:
Փոքրիկները դարձեալ պիտի հաւաքուին յունուարի սկիզբը` Նոր տարուան թեմայի շուրջ միօրեայ սեմինար կայացնելու համար: Իսկ մէկ շաբթուան սեմինարը պիտի կրկնուի փետրուարի արձակուրդին:
Ատրպատական.
Թեմի Առաջնորդին Հանդիպումները
* 19 նոյեմբերին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան այցելութիւն տուաւ Խոյ քաղաք:
Նոյն օրը, առաւօտուն, սրբազանը կեդրոնական շէնքին մէջ հանդիպում ունեցաւ կուսակալ Ապետի հետ: Սրբազանը անդրադարձաւ Խոյ քաղաքի պատմական անցեալին եւ շեշտեց, որ քաղաքին եւ շրջակայքին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիները վկայութիւն են անցեալին հայ քրիստոնէութեան հայահոծ ներկայութեան մասին:
Սրբազանը իր բարձր գնահատանքը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց կուսակալին այն ջանադիր հովանաւորութեան համար որ ան ցուցաբերած է եւ կը ցուցաբերէ Խոյի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ` հայոց եկեղեցիներու վերանորոգութեան մեծածաւալ աշխատանքներուն:
Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան նաեւ այլ հարցեր, որոնք յառաջիկային պիտի բիւրեղացուին` միասնական նոր ծրագիրներու գործադրութեամբ:
Հանդիպման աւարտին սրբազանը թեմին անունով, որպէս յուշանուէր, գեղակերտ արծաթեայ բարձրաքանդակ մը յանձնեց կուսակալին:
* Սրբազան հօր աշխատանքային այցելութեան երկրորդ վայրը քաղաքապետարանն էր, ուր ան հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետ դոկտ. Աքպարզատէի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին սրբազանին մանրամասն տեղեկութիւններ տրուեցան Խոյի հնագոյն հրապարակին վրայ գտնուող հայոց Ս. Սարգիս եւ Մահլազան գիւղի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն մասին:
Սրբազանը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կրօնական սրբավայրերու հանդէպ անոնց ցուցաբերած հոգածութեանն համար եւ թեմի անունով յուշանուէր մը յանձնեց քաղաքապետին:
Այնուհետեւ սրբազանը այցելեց Խոյի Ս. Սարգիս եկեղեցի եւ վերատեսութեան ենթարկեց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած վերանորոգման աշխատանքը` իր ցուցմունքը կատարելով յատկապէս խորանի վերակառուցման աշխատանքի գծով եւ շեշտեց եկեղեցին տօնական կամ որոշ առիթներով ուխտաւորներու ներկայութեամբ գործող եկեղեցիի վերածելու հրամայականը:
Առաջնորդը այցելեց նաեւ Ս. Խաչ եկեղեցի, որուն վերանորոգման աշխատանքները գրեթէ հասած են իրենց աւարտին:
Կիպրոս
Սեդօ Եւ Շաքէ Պաղտասարեան Ամոլին Այցելութիւնը Կիպրոս
20 նոյեմբերին Ազգային առաջնորդարան այցելեցին լիբանանահայ արուեստագէտ, երաժիշտ եւ երգահան Սեդօ եւ Շաքէ Պաղտասարեան ամոլը` ընկերակցութեամբ Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ երգչախումբերու վարչութեան անդամներուն եւ հանդիպում ունեցան թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանին հետ:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան լիբանանահայ ու կիպրահայ գաղութները յուզող մշակութային, կրթական, ընկերային հարցեր, նաեւ` Լիբանանի քաղաքական ներկայ իրավիճակը: Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ երկար զրուցելու եւ յուշեր պատմելու լիբանանահայ կեանքի հետ կապուած դէպքերու, դէմքերու եւ հարազատներու մասին, որոնց մօտէն ծանօթ էր սրբազանը պատանեկութեան ու երիտասարդական օրերէն:
Յայտնեք, որ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբերու վարչութիւնը համախորհուրդ սրբազան հօր հետ, յատուկ հրաւէր ուղղած էր Սեդօ Պաղտասարեանին, որպէսզի իր մասնակցութիւնը բերէ Նիկոսիոյ քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած 22 նոյեմբերին տեղի ունեցած միջազգային փառատօնին, ուր եկեղեցւոյ երգչախումբի տարեկան պաշտօնական համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Յունաստանէն երգիչ Հայկ Եազըճեանը եւ իր նուագախումբը, ինչպէս նաեւ` «Քանաաք»-ի խուլ եւ համրերու հաստատութենէն խմբակ մը:
Ս. Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն
24 նոյեմբերին նշուեցաւ Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Պատարագը մատուցեց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան:
Սրբազանը իր քարոզին մէջ լուսարձակի տակ առաւ Աստուածամօր տիպարը` շեշտելով հայ մօր օրինակելի տիպարը: Ան անդրադարձաւ պատմութեան մէջ տեղի ունեցած իրողութիւններուն` ցոյց տալով հայ մօր կեցուածքն ու դերակատարութիւնը: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ ներկայիս արժէքները կը փոխուին, եւ նոր դարը իր առաւելիութիւններուն հետ կը բերէ նաեւ յոռի բարքեր, եւ մեր աւանդական արժէքները կը խախտին:
Անդրադառնալով հայեցի եւ կրօնական դաստիարակութեան ան ըսաւ, որ մեր արժէքներուն, լեզուին, պատմութեան եւ կրօնին հանդէպ հաւատարիմ պէտք է մնանք եւ մեր կրթական ծրագիրներուն մէջ պիտի շարունակենք հնազանդիլ այս արժէքներուն փոխանցած խորհուրդներուն` վառ պահելու համար զանոնք եւ եւ փոխանցելու մեր յաջորդ սերունդներուն:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք Նիկոսիոյ «Նարեկ» վարժարանի մուտքի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ անուշեղէնի պազար` կազմակերպութեամբ Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան: