Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մամուլը Հանրային Դաստիարակութեան Դպրոց Է. Դաշնակցական Մամուլը Աւելին Է, Քան` Կուսակցական Մամուլը

Դեկտեմբեր 7, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, տարեսկիզբին, 2019-ն հռչակած էր «Հայ մամուլի տարի»:

Տարին ահա իր աւարտին կը հասնի եւ,  բնականաբար, ժամանակն է հաշուեյարդարի` քննելու եւ գնահատելու համար, որ ընդհանրապէս հայ մամուլը ինչպիսի՛ տարի մը բոլորեց, որքանո՛վ արդարացուց իր առաքելութեան կապուած մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնները:

Յատկապէ՛ս հայ մամուլը կրցա՞ւ յառաջխաղացք նուաճել դէպի ազգային-հանրային ծառայութեան կենսական ու անփոխարինելի դերակատարութեան կոչուած հոգեմտաւոր ազատ ու պատասխանատու բեմի իր բարձունքը` ներշնչուելով եւ խրախուսուելով վեհափառ հօր Քաջ հովիւի հոգածու կոչերէն եւ գործնական աջակցութեան նախաձեռնութիւններէն:

Երեւութապէս լաւատեսութիւն թելադրող շատ ազդանշաններ նկատելի են, մանաւանդ եթէ հայ մամուլի սահմանումին մէջ համախմբենք այն ամէնը, ինչ մօտէն կամ հեռուէն կապ ունի հայկական զանգուածային հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներուն հետ` տպագիր թերթերէն մինչեւ ձայնասփիւռի կայանները, ելեկտրոնային պաստառներէն մինչեւ համացանցի համատարած եւ համայնակուլ ոլորտները, անոնց լեզուամտածողական ողջ խայտաբղէտութեամբ:

Ակնբախ է համընդհանուր` մակերեսային, այլեւ մոլորեցնող աշխուժութիւն մը:

Օրը նոր` լրատուութիւն հրամցնող եւ մեկնաբանութիւններ աչքդ կոխող ինքնակոչ հասցէատէրերը նոր. շատեր սունկի պէս արագօրէն կը բուսնին, իրենց ներկայութիւնը կը պարտադրեն համացանցի վրայ նաւարկողին եւ իրենց գործը կատարած վարձկանի ինքնագոհութեամբ մէկ կողմ կը քաշուին, որպէսզի նոյնքան արագութեամբ փոխարինուին նորելուկ նմանորդներով:

Ուրիշներ հայ ընթերցողի մտահորիզոնին կը փարին տզրուկի պէս եւ կը մերժեն դադար տալ ամէնօրեայ, նոյնիսկ ժամ առ ժամ երեւալու իրենց ախորժակին, որպէսզի իրենց եւ նմաններու նախասիրած կեղծ ու շինծու լրատուութեամբ «աղբանոց»-ի վերածեն հայ հանրային կարծիքը:

Ահա՛ «Հայ մամուլի տարի»-ին բերած համընդհանուր աշխուժութիւնը, եւ չկայ բարոյական հեղինակութիւն մը, որ հասարակ մահկանացուներուս պաշտպանէ «fake news»` «կեղծ, շինծու լուրեր» կոչուած ապատեղեկատուական, այլեւ հակատեղեկատուական մանրէներ տարածող 21-րդ դարու այսօրինակ ցեցերէն:

Կեղծ ու շինծու լրատուութեամբ յատկորոշուող մերօրեայ հոգեմտաւոր ցեցերու եւ գաղափարական մակաբոյծներու համատարած գրոհը ահաւոր է այն աստիճան, որ արդէն խլուած է մեզմէ սեփական կողմնորոշումը ունենալու տարրական ազատութիւնը` անուանապէս կարծիքի, խօսքի եւ շարժումի անկաշկանդ իրաւունքներն ու ազատութիւնները երաշխաւորող մեր օրերուն:

Աղէտը անշուշտ համաշխարհային տարողութիւն ունի: Օրինակ` անգլիական Տը Թելեկրաֆ օրաթերթի 20 նոյեմբեր 2019-ի համարով իր լոյս ընծայած «Կեղծ կամ շինծու լրատուութիւն` ճիշդ ի՞նչ է, ինչպէ՞ս կրնաս մատդ դնել անոր վրան» յօդուածով Ճէյմս Քարսըն կ՛ահազանգէր. «Եզր մը չէր, զոր շատ քիչ թուով մարդիկ կը գործածէին չորս տարի առաջ, բայց «fake news»-ը այսօր կը նկատուի ժողովրդավարութեան, ազատ վիճարկումին եւ արեւմտեան կարգուկանոնին սպառնացող մեծագոյն վտանգը: Տանըլտ Թրամփի նախընտրած եզրը ըլլալով` անիկա նաեւ կոչուեցաւ 2017-ի տարուան բառը` ժողովուրդներու միջեւ լարուածութիւններ յառաջացնելով եւ ընկերային լրատուամիջոցներու կանոնակարգման զսպամիջոցներու առաջնորդելով»:

Աղէտին ահաւորութիւնը կը բարդանայ որոշապէս այն նկատառումով, որ թէ՛ «fake news»-ի անարգել տարածումը, թէ՛ անոր հակակշռումի կառավարական կամ միջկառավարական ճիգերը յղի են մարդկային հիմնական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու կաշկանդման ու ոտնակոխման վտանգներով:

Հետեւաբար, աղէտին համաշխարհային տարողութիւն ունենալը ոչ միայն «մեղմացուցիչ դէպ յանցանաց-ի մխիթարա՜նք չէ հայերուս համար, այլեւ ողբերգական հարուած կը հասցնէ մեր բաժան-բաժան եղած ժողովուրդին եւ աջէն ու ձախէն բռնագրաւեալ մեր հողերէն հայահաւաք ու հողահաւաք իրականացնելու համազգային մեր ոգեւորումին, նոյնինքն Հայ դատի սիզիֆեան ուժաքամ պայքարին:

Զգետնող հարուածի տակ ինկած է, առաջին հերթին եւ ամէն բանէ վեր, հայ մամուլին գոյութիւնը իմաստաւորող առաքելութեան կոչումը` ազգային-հանրային դաստիարակութեան մշտահոս եւ մշտանորոգ աղբիւր ըլլալու աւանդը:

Հանրային դաստիարակութեան դպրոցի առաքելութեամբ ոչ մէկ մամուլ կրնայ իր կոչումին բարձրութեան վրայ մնալ, երբ լրատուութիւնը ինքնին կեղծ ու շինծու դարձած է եւ իր կողմնակալ յերիւրանքներով թունաւորած ու պառակտած է հանրային կարծիքը` «աղբանոց»-ի վերածելով հայոց սերունդներու արժանաւոր մեծերու արեամբ ու քրտինքով նուաճուած մեր թերթերը:

Իսկ նման վարձկանի ծառայութեան կոչուած լրագրողներէ, հրապարակագիրներէ եւ մեկնաբաններէ ի՜նչ ազգային-մտաւորական յանձնառութիւն կարելի է յուսալ ու սպասել:

Խօսքը չի վերաբերիր միայն հայաստանեան լրատուական եւ քարոզչական դաշտին: Ամբողջ հայաշխարհի տարածքին հայ մամուլը մեծ մասով կանգնած է նոյն կեղծ ու շինծու լուրերով եւ կողմնակալ բեւեռացումով պառակտուելու` հայ հանրային կարծիքն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը անվստահութեան անդունդը գլորելու վտանգին առջեւ:

Նոյնքան եւ աւելի ահաւոր է այս մեծ չարիքէն ձերբազատելու առաջադրանքով աջէն թէ ձախէն հնչող ահազանգը, որ համաշխարհային հոսանքին համահունչ` կ՛առաջադրէ վերանայումի ենթարկել կամ կանոնակարգման պատրուակով կաշկանդումի տակ առնել ոչ միայն ազատ կարծիքի արտայայտութիւնները, այլեւ` մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքներն ու ազատութիւնները ընդհանրապէս:

«ՀԱՅ ԼԱՅՖ» անունը կրող տեղեկատուական կայքէջի մը 26 նոյեմբերի հրապարակումէն առնուած է հետեւեալ հաղորդումը.

«Գագիկ Քամալեանը ֆէյսպուքեան իր էջում գրել է. «Քոչարեանը իր վարձկանների բերանով մշտապէս ահաբեկում է իշխանութիւններին, թէ բա հէնց կրկին գանք իշխանութեան, բոլորիդ ուղարկելու ենք բանտ®» Այն, որ նման կերպ կը վարուէք, ոչ մէկը չի կասկածում, որովհետեւ մէկ անգամ հայաստանեան հասարակութիւնը այդ ամէնը տեսել է: Այն, որ կարող էք նաեւ ֆիզիքական հաշուեյարդար տեսնել, դրան էլ ոչ մէկը չի կասկածում: Պարզապէս դուք այլեւս իշխանութեան չէք գալու, այդ մէկը ականջներիդ օղ արէք»:

Այս մէկը իշխանութեանց կողմնակիցի դիրքերէն «կը գրոհէ» եւ անպայման հակադիր ճամբարէն հնչած սպառնալիքներու պատասխան տալու դիտաւորութենէն չի ներշնչուիր: Միեւնոյն ոճի յայտարարութիւններով եւ վերջնագիրներով կ՛արտայայտուին նաեւ իշխանութեանց դէմ մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու հրապարակային երդում կատարողները: Երկու բեւեռներէն հնչող ռազմի շեփորները առօք-փառօք կը հիւրընկալուին «իւրայիններ»-ու պաշտօնական լրատուամիջոցներու էջերուն, ալիքներուն, պաստառներուն եւ կայքէջերուն վրայ: Բայց դժուար է հանդիպիլ այս կամ այն բեւեռի պատկանող պաշտօնական որեւէ բեմի կամ լրատուամիջոցի, որ տրամադիր ըլլայ հիւրընկալելու կամ արձագանգելու երկու բեւեռներէն եկող հաղորդումներուն ալ` կողմի պատկանող լրատուամիջոցի ընկալեալ հեռաւորութիւնը պահելով կամ վերապահութիւնը բանաձեւելով հանդերձ:

Հակի՛րճ. հայ մամուլի պատասխանատուութեան ու արժանահաւատութեան հիմնական կոչումին` հանրային դաստիարակի առաքելութեան կռնակ դարձուցած են գրեթէ բոլորը:

Անկումային այս ընթացքը չի կրնար շարունակուիլ եւ անոր թումբ կանգնելու առաջնահերթ պատասխանատուութիւնը ունին կոչումի տէր հայ մամուլի աւանդակիրները, կուսակցական ի՛նչ պատկանելութիւն ալ ունենան:

Մարտահրաւէրին արժանաւորապէս պէտք է ընդառաջեն յատկապէս հայ մամուլի ազգային-քաղաքական եւ հրապարակագրական-գաղափարական աւանդներուն տասնամեակներով դրօշակիր կանգնած դաշնակցական թերթերը, որոնք շուրջ մէկ դարու ճանապարհ կտրած են եւ ինքնահաւատարմօրէն առաջնորդած են մեր ժողովուրդին կեանքը` դէպի Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրութեան աննահանջ պայքարը:

Ի տես հայ հանրային միջավայրը ապականող ու թունաւորող ինքնանպատակ հակամարտութեանց եւ աթոռակռուի գարշահոտ ցեխարձակումներուն` որոշապէս դաշնակցական մամուլը ունի գաղափարական եւ բարոյական հեղինակութեան անհրաժեշտ աւանդները, որպէսզի քաղաքական ապականումի այսօրուան մթնոլորտին մէջ հանրային հաշուետուութեան կանչէ բոլոր հրձիգները:

Ի վերջոյ դաշնակցական մամուլը միշտ ալ աւելին եղած է, քան` սոսկ կուսակցական թերթ մը: Դաշնակցութեան դրօշակիրը ըլլալու եւ մեր ուղին պաշտպանելու, հիմնաւորելու եւ հունաւորելու իր ամէնէն յանձնառու ծառայութեան մէջ անգամ` դաշնակցական թերթը երբեք մտահան ըրած չէ, որ իրեն ծնունդ տուած կուսակցութեան պէս ինք եւս, իբրեւ ՀՅԴ միտքին եւ խօսքին դարբինը, անվիճելիօրէն կը պատկանի իրեն հաւատացող ժողովուրդին, որ միաժամանակ իր գերագոյն դատաւորն է:

Աւելի՛ն. ինչպէս որ Դաշնակցութիւնը արդէն ազգային արժէք է եւ կը պատկանի ոչ միայն իր կուսակցականներուն, այլեւ` իր Ծրագրին ու Գործին հաւատացող մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, այնպէս ալ դաշնակցական թերթը համարատու է ոչ միայն կուսակցական այս կամ այն մարմինին, այլեւ ամէն բանէ վեր իր ընթերցող հասարակութեան` իրեն փարած մայր ժողովուրդին:

Նոր Հայաստանը կեանքի կոչած մեր ժողովուրդի թաւշեայ յեղափոխութենէն ասդին, ծայր աստիճան բեւեռացուած` քաղաքականացուած ու «կուսակցականացուած» է հայաշխարհը: Հակամարտ ու թշնամական ճամբարներու շուրջ յառաջացած անվստահութեան ճահիճը իր թունաւոր մթնոլորտով վարակած է, առաջին հերթին, հայ մամուլն ու զանգուածային լրատուամիջոցները, որոնք, ըստ իրենց կոչումին եւ առաքելութեան, արթուն պահակներն են ու այդպիսի՛ն պէտք է մնան հայ քաղաքական միտքի բոլոր ոգորումներուն ընթացքին, բոլոր ժամանակներուն եւ յատկապէս` պատմութիւն կերտող այս օրերուն:

 

 

 

Նախորդը

Հայ Մամուլին Նուիրուած Գիտաժողով Եւ «Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան» Հիմնադրամի Հաստատում

Յաջորդը

Խմբագրական «Զգոյշ»-ի. Ըլլա՛նք Զգաստ Ու Զգօն

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?