Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ութ Հարիւր Ընդդէմ Ութսունի…

December 5, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Ի հարկէ տխուր է, երբ հայրենի ոստիկանութիւնը հրապարակ կը բերուի ութսուն երկսեռ երիտասարդ ցուցարարներու խաղաղ ցոյցը խափանելու: Հրապարակ կը բերուի ներկայ իշխանութեան որոշումով…Մտածեցէք պահ մը, թէ ինչպիսի՜ անհեթեթութեան դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր հայոց ազգը աշխարհով մէկ: Բնական պայմաններու մէջ այս ոստիկանները խաղաղապահի իրենց առաքելութեամբ պիտի պաշտպան հանդիսանային իրենց քաղաքացիական իրաւունքներուն համար պայքարող այս հրաշք պատանիներուն: Չէ՞ որ նորին վսեմութիւն պր. վարչապետն էր, որ շաբաթ մը առաջ Ազգային ժողովի ամպիոնէն ի լուր աշխարհին կը հռչակէր գերազանցութիւնը մարդկային իրաւանց իրաւակարգին…

Ես կը յիշեմ ելեկտրական սակացոյցին դէմ բողոքող Բաղրամեան պողոտայի հսկայ ցոյցը` նախորդ իշխանութեան օրով: Ցուցարարները գրաւած էին քաղաքային աղբամանները եւ` պատնէշ կառուցած: Բաղրամեան պողոտան դադրած էր ծառայելէ քաղաքային շրջանառութեան: Իսկ ոստիկանութիւնը կանգնած էր եւ համբերութեամբ կը լսէր ցուցարարներու բողոքը: Ոչ մէկ ատեն իշխանութիւնը դիմեց բիրտ ուժի: Ձեր բոլորին կողմէ մերժուած իշխանութիւնը գիտցաւ, այնուամենայնիւ, արժանավայելօրէն յարգել քաղաքացիի մարդկային իրաւունքները եւ հաղորդակցիլ ցուցարարներուն հետ:

Կը վերադառնանք նոյն խնդրին: Փակ համակարգի մէջ գործող իշխանութիւնը, հակառակ իր հռետորաբանութեան, այսօր կը դիմէ բիրտ ուժի ատով իսկ ծանուցելով իր ցաւալի սնանկութիւնը երիտասարդներու քաղաքացիական անհնազանդութեան դիմաց: Եւ, ի դէպ, բացայայտելո՛վ դաշնակցական երիտասարդութեան համեմատական ուժը® Ութսուն անզէն երիտասարդներ, որոնք զինուած են գաղափարներով, իրենց ներկայացուցած սարսափելի «վտանգով» կը հրաւիրեն բիրտ զօրաշարժը ութ հարիւր ոստիկանի®Այս է իշխանութեան կողմէ ճշդուած համեմատական կշիռը մեր տղոց եւ աղջիկներու գաղափարական ուժին: Իսկ մենք կ՛ըսենք, որ իշխանութիւնը չարաչար կը սխալի: Այդ ուժին դիմաց ութ հազարն ալ անզօր է, քանի որ իշխանութիւնը այս երիտասարդներու աչքերուն մէջ կը տեսնէ իսկական յեղափոխութիւնը, զոր այլեւս կարելի չէ կասեցնել:

4 դեկտեմբեր, 2019

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

Այսօր Պէտք Է Գործել Յանուն Ներկայի Եւ Ապագայի

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.