Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Երիտասարդ Մատենագէտներ Եւ Այժմէական Հրամայականներ

Դեկտեմբեր 5, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շ. Գ.

Հայաստանի Ազգային գրադարանին կազմակերպութեամբ 28-29 նոյեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ մամուլի դերը ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորման եւ պահպանման գործին մէջ. ընտանիք, հայրենիք, եկեղեցի» նիւթով գիտաժողովը:

Ընտրուած նիւթը ներքաղաքական որոշ հնչեղութիւն ունէր` նկատի ունենալով յատկապէս թէ՛ խորհրդարանին, թէ՛ ընկերային ցանցերու եւ թէ՛ տարբեր ձեւաչափերով Հայաստանի մէջ արձանագրուող թէժ քննարկումները այս առումներով:

Գիտաժողովը մամլոյ ներկայացուցիչներու ցարդ կատարուած համախմբումներէն կը զատորոշուէր տարբեր առումներով: Նախ ի հարկէ մասնակիցները միայն թերթերու կամ ընդհանրապէս լրատուամիջոցներու առաջին դէմքերը չէին: Առաւելաբար մամլոյ պատմութեան իրազեկ պատմաբաններ, մամուլ ուսումնասիրած գիտաշխատողներ, գրադարանավարներ, որոնք յատկապէս մամլոյ հաւաքածոներու հաւաքումով, ամբողջացումով, ցուցակագրումով զբաղած են, եւ մասնաւորաբար հրատարակութիւններու եւ մամլոյ մատենագէտներ: Այս վերջին մասնագիտութիւնը առանցքային բաժինը կարելի է սեպել այս գիտաժողովի մարդուժին, որ ապահովեց նաեւ գիտականութեան բարձր որակ:

Հոգեւոր մամուլէն մինչեւ օտար, բայց հայալեզու մամուլ, ափրիկեան երկիրներու մէջ հրատարակուած մամուլէն մինչեւ առողջապահական բովանդակութիւն ունեցող մամուլ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ընթացքին ծաղկած թերթերէն մինչեւ գաւառական պարբերականներ, արեւմտահայ մամուլին մէջ ազատագրական պայքարի արտացոլացումէն հասնելով արեւելահայ մամուլի մէջ նամակագրութեան դպրոցի երեւոյթին, գրական, հասարակական, մշակութային, մարզական առանցքներ ունեցողներէն հասնելով թատերագիտականին, բանահիւսականին` գիտաժողովին մասնակիցները իրազեկ դարձան անգերազանցելիօրէն հարուստ մամլոյ համապատկերի մը, որ առաջադրուած ընդհանուր նիւթի բաղադրիչներուն կարեւորագոյն յենասիւներէն կարելի է նկատել:

Ուշագրաւ երեւոյթ էր, որ Ազգային գրադարանը յաջողած էր հրապարակ բերել երիտասարդ գիտաշխատողներու, մատենագէտներու տպաւորիչ փաղանգ մը, որ բոլոր մասնակիցներուն խորապէս համոզեց, որ գիտական այս մարզին մէջ սերնդափոխութիւնը ամէնէն արդիւնաւէտ եղանակով կ՛աշխատի:

Ներկայացուած նիւթերը արդէն մտածել կու տան, որ ուսումնասիրուածը թղթային մամուլն է յատկապէս` պատմական բնոյթը նկատի ունենալով: Հնչեց հետաքրքրական փիլիսոփայական մօտեցում, որ թղթայինը կամ գրաւորը միտքերու արտադրութեան հիմնական հարթակն է, մինչ ելեկտրոնայինի առաջնային գործառոյթը հաղորդակցիլն է:

Թղթայինի գերակայութիւնը սակայն, որեւէ ձեւով արգելք չէր, որ Ազգային գրադարանը վիթխարի աշխատանք տանէր եւ շարունակէ տանիլ մամլոյ հսկայական հաւաքածոներու անընդհատ թուայնացման ուղղութեամբ: Վստահաբար կարելի է ըսել, որ տպագիրի առընթեր Ազգային գրադարանը այսօր կը հանդիսանայ ելեկտրոնային մեծագոյն շտեմարանները ամբարած կեդրոնը հայաշխարհի մէջ:

Քննարկումներ կեդրոնացան եզրաբանութեան օգտագործման թէ  մատենագիտական մեթոտներու շուրջ  համահայկական համաձայնութիւն գոյացնելու վրայ: Եզրաբանութեան թերի օգտագործումը մամուլին մէջ կ՛առաջնորդէ ազգային հայեցակարգային թիւր ընկալումներու` սկսելով սփիւռք բառէն, ուր կը բացակայի ազգային բաղադրիչը, երբ կը խօսինք հայկական սփիւռքին մասին: Մինչ, միասնական մատենագիտութիւն ստեղծելու համար վստահաբար պէտք է յենիլ Ազգային գրադարանի օգտագործած դրութեան վրայ

. ներկայիս ո՛չ միայն որոնման անպատեհութիւններ կը ստեղծուին, այլ նաեւ յղումի կամ աղբիւրներու օգտագործման առումով շեղումներ կ՛արձանագրուին, գործնապէս:

Կար մտահոգութիւն, յատկապէս ռազմական գօտիներու մէջ յայտնուած հնատիպ մամուլի հաւաքածոներու ճակատագիրին մասին: Մամլոյ մշակութային ժառանգութեան հայրենադարձութեան հրամայականը ուղղակի թէ անուղղակի ներկայ էր քննարկումներու ընթացքին: Անկախ պատերազմական վտանգէն, հնատիպեր պահպանելու պայմաններու բացակայութիւնը եւս առաջադրանքի ընդգծման մասին կը խօսէր:

Անվերջ մատենագիտացման գործընթացի անհրաժեշտութիւնը յուշեց, որ միջոցները անհամեմատելի են հայրենիքի եւ սփիւռքի պարագաներուն մէջ: Մինչ Հայաստանի մէջ մատենագէտներու սերնդափոխութեան գործընթացը տպաւորիչ արդիւնքներ կը հրամցնէ, սփիւռքի մէջ նման աշխատանք իրականացնելու կարելիութիւնները հետզհետէ կը նեղնան` նուազագոյն ըսելաձեւը օգտագործելու համար:

Մատենագիտական շտեմարաններ սակայն միայն Ազգային գրադարանի համապատասխան բաժանմունքը չունի: Ակադեմիայի եւ պետական համալսարանի  պատմագիտութեան, գրականութեան, սփիւռքագիտութեան, մշակոյթի, արուեստի, ազգագրութեան, հնագիտութեան, ցեղասպանագիտութեան, քաղաքագիտութեան բաժանմունքներուն մէջ ուսում կը ստանան, կը մասնագիտանան եւ կ՛արտադրեն ուսանողներ, գիտաշխատողներ, փորձագէտներ: Իւրաքանչիւր հիմնարկ ունի  մամուլի բաժինի վերաբերող շտեմարանը: Միջշտեմարանային միացեալ հարթակ մը կրնայ ի մի խմբել այս պարագային հայ մամուլի մասին կատարուած գիտական տարբեր մօտեցումներու աշխատասիրութիւնները:

Եզրաբանութեան եւ նոր բառակերտումներու որդեգրման առաջադրանքէն մինչեւ միասնական մատենագիտութեան մեթոտաբանութեան որդեգրում, միջշտեմարանային հարթակէն մինչեւ ելեկտրոնային միացեալ քոտաւորում կամ մամլոյ մշակութային ժառանգութեան հայրենադարձութիւն` մամլոյ գործիչներու, մատենագէտներու, պատմաբաններու եւ գրադարանավարներու վերաբերող համահայկական օրակարգի մասնագիտական բաժինը կը կազմեն:

Այս գիտաժողովը բազմաթիւ ուղղութիւններով համակարգուած աշխատանքի ուղիները մատնացոյց ըրաւ եւ հեռանկար պարզեց. մանաւանդ` երիտասարդ գիտնականներու տպաւորիչ ներկայացումներով:

 

 

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Իսրայէլէն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Կոլանի Բարձունքներու Բռնագրաւումը

Յաջորդը

Եուվենթուս Նոր Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ Տիպալային

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?