Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Տնտեսական Տագնապի Դիմագրաւման Քայլեր

December 5, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական պատերազմն ու երկրի տնտեսական շրջափակումը իրենց բացասական անդրադարձը ունեցան յատկապէս ժողովուրդին վրայ: Փաստօրէն ժողովուրդն էր զոհը տարածաշրջանին մէջ գերպետութիւններու շահերու բախումին, զինուորական ներխուժումներուն եւ յատկապէս Սուրիոյ տնտեսական շրջափակումին:

Պատերազմի ընթացքին, մարդկային կորուստներուն կողքին, ապահովական վատ վիճակէն առաջին ազդուողը եղաւ երկրին տնտեսութիւնը:

Սուրիական լիրայի արժէքին անկումը, երկրէն ներս տիրող սղաճն ու անգործութիւնը անել կացութեան մատնեցին քաղաքացին, հակառակ անոր որ Սուրիոյ տնտեսութիւնը պատերազմի ողջ տարիներուն գնահատելի դիմադրութիւն ցոյց տուաւ` բաղդատած տարածաշրջանի այլ երկիրներու, սուրիական դրամատուները երբեք չփակեցին իրենց դռները: Աւելի՛ն. Սուրիան, ըլլալով տնտեսապէս ինքնաբաւ երկիր, կրցաւ ոտքի մնալ ու թաւալգլոր անկումէ փրկել երկրին տնտեսութեան անիւը:

Հակառակ այս բոլորին` տնտեսական տագնապը նուազեցուց Սուրիոյ քաղաքացիին դիմադրողականութիւնը: Այս կացութիւնը որոշ համեմատութեամբ բարելաւելու եկաւ Սուրիոյ նախագահին աշխատավարձերու յաւելման վերջին հրամանագիրը, որ գործադրութեան պիտի դրուի 1 դեկտեմբերէն սկսեալ:

Այդուհանդերձ, անհրաժեշտ է, որ այս յաւելումը ընդգրկէ նաեւ մասնաւոր հատուածի աշխատողները, որպէսզի անոնք կախեալ չմնան գործատէրերու քմահաճոյքէն եւ արդարօրէն օգտուին յաւելումի այս օրէնքէն:

Միւս կողմէ` անհրաժեշտ է, որ պետական մարմիններ վերահսկողութիւն բանեցնեն կենսական ապրանքներու համար ճշդուած գիներուն վրայ, որովհետեւ եթէ առեւտրականներու քմահաճոյքին թողուն զանոնք, յաւելումին պիտի յաջորդէ համապատասխան սղաճը, ինչ որ պիտի իմաստազրկէ աշխատավարձերուն յաւելումը:

Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկման նիւթ դարձած մաքսատան պաշտօնէութեան գործունէութեան վերահսկողութիւնը եւ այդ ոլորտին մէջ փտածութեան վերացումը եւս էական նշանակութիւն պիտի ունենան մասնաւոր հատուածի տնտեսական ծրագիրներու արդիւնաւորման վրայ:

Եթէ այս երկու հարցերը լրջօրէն չհետապնդուին պետական վերահսկող ատեաններու կողմէ, երկրի տնտեսական ճըգնաժամէն դուրս գալու քայլերը իմաստազուրկ պիտի դառնան:

Կառավարութիւնը իր կարելին ի գործ կը դնէ արդիւնաբերութեան ոլորտը բանեցնելու համար: Այս իմաստով, Սուրիոյ տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարարին համաձայն, կառավարութիւնը, օրինակ, այս տարուան պետական պիւտճէին մէջ 20 միլիառ սուրիական ոսկի յատկացուցած է արդիւնաբերական, գիւղատնտեսական եւ նման ոլորտներու ընկերութիւններուն ցած տոկոսներով վարկեր տրամադրելու համար:

Քաղաքացիին արժանապատիւ կեանք ապահովելու եւ անոր գնողական ուժը ի սպառ չվատնելու համար անհրաժեշտ է աշխատավարձերու յաւելումին յաջորդող տնտեսական ներքին ամբողջական քաղաքականութեան մը որդեգրումը:

Այս բոլորին լոյսին տակ ակնկալելի է, որ ազգային ու միութենական մարմինները եւս աշխատավարձերու համապատասխան յաւելում կատարեն, որովհետեւ տնտեսական տագնապը իր ճիրաններուն մէջ առած է Սուրիոյ ողջ ժողովուրդը: Յաւելումին կողքին, անհրաժեշտ է, որ անոնք եւս ունենան տնտեսական հեռանկարային քաղաքականութիւն, որպէսզի իրենց կարելիութիւններու առաւելագոյն օգտագործումով հաւասարակշռուած պահեն համայնքի տնտեսական կարողականութիւնը:

«Գ.»

Նախորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեք Արտայայտութիւն, Որոնցմէ Ծնողները Պէտք Է Խուսափին

Յաջորդը

Զարմանալի Նմանութիւններ. «Պի.Պի.Սի.»-ի Անդրադարձը

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.