ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան 2019-2020 Տարեշրջանի Միջվարչական Խորհրդակցական Ժողով Եւ Նորագիր Անդամներու Դաստիարակչական Սեմինար
ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան 2019-2020 տարեշրջանի միջվարչական խորհրդակցական ժողովն ու նորագիր անդամներու դաստիարակչական սեմինարը տեղի ունեցան նոյեմբեր 23-24 շաբաթավերջի ընթացքին, Լաւալի Հայ կեդրոնին մէջ, շրջանի «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերուն հիւրընկալութեամբ: Սոյն սեմինար-ժողովին մասնակցեցան Վանքուվըրէն, Լաւալէն, Մոնրէալէն, Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Օթթաուայէն եւ Արեւելեան Ամերիկայէն ժամանած վարչական կազմերն ու յանձնախումբերու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ` դաշնակցական նորագիր երիտասարդներու մեծաթիւ փաղանգ մը, որոնց ընդհանուր...



















