Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Նախագահ Սարգսեան Ներկայ Կը Գտնուի «Գիւմրի, Իմ Սէր» Խորագիրով Համերգին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող «Նախագահական համերգաշարի» ծիրին մէջ, դեկտեմբեր 6-ի երեկոյեան նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է Գիւմրիին նուիրուած` «Գիւմրի, իմ սէր» խորագիրով համերգը, որուն ներկայ գտնուած են` նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, պետական, հասարակական, գիտական եւ մշակութային գործիչներ, Հայաստանի մէջ...




















