ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 2 դեկտեմբեր 2019-ին հանդիպում մը ունեցաւ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանին հետ: Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ: Առաջնորդ սրբազան հօր կողքին էին առաջնորդական փոխանորդ Գեղարդ ծ. վրդ Քիւսպէկեանն ու Ազգային վարչութեան ատենապետ Համբիկ Գարայեանը: Իսկ Ի. Սաղաթէլեանին կ’ընկերանային ՀՅԴ Քանատայի ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանն ու անդամ` Սարօ Տէր Պետրոսեանը, ինչպէս նաեւ` Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեանը:
Հանդիպումը առիթ ընծայեց խորհրդակցելու գաղութը յուզող անմիջական հարցերու, կրթական ու հոգեմտաւոր աշխատանքներու առաւել զարգացման, ինչպէս նաեւ հայութեան դիմագրաւած ընդհանրական մարտահրաւէրներուն մասին: Խորհրդակցութեան նիւթ եղան նաեւ Ազգային առաջնորդարանի յառաջիկայի ծրագիրներն ու Հայաստանի մէջ համագործակցութեան ոլորտները: Առաջնորդ սրբազանը դրուատիքով անդրադարձաւ Ի. Սաղաթէլեանի նուիրեալ ծառայութեան մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր:
Ազգային առաջնորդարանը հայրենիքի մէջ մարդասիրական ծրագիրներ կը մշակէր Ի. Սաղաթէլեանի մարզպետութեան ժամանակներէն, որուն ցայտուն օրինակը վերջերս Գեղարքունիքի Մարզի Մաքենիս գիւղի միջնակարգ դպրոցի համակարգչային դասասրահի եւ Գեղամաւան գիւղին մէջ համայնքի կեդրոն-հաւաքավայրի վերանորոգութիւնն էր:
Իշխան Սաղաթէլեան իր այցելութիւններու ծիրին մէջ եղաւ նաեւ Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանին մէջ, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանի:
Այցելութեան ընթացքին Ի. Սաղաթէլեան ծանօթացաւ դպրոցի բաժանմունքներուն, հայ լեզուի, գրականութեան ու պատմութեան դասաւանդութեան ընթացքին եւ ծրագրին, ինչպէս նաեւ դպրոցական ու արտադպրոցական ձեռնարկներուն, ապա հանդիպում ունեցաւ աշակերտներուն հետ, որոնց հետ ունեցաւ մտերմիկ զրոյց: Ան նաեւ հանդիպեցաւ վարժարանի տնօրէն Լորի Ապրաքեանի հետ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հայկական մեծագոյն դպրոցը համարուող Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի տոմարին մէջ արձանագրեց իր տպաւորութիւնները:
Իշխան Սաղաթէլեան Քանատայի մէջ կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին նաեւ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ քանատահայոց էջմիածնական թեմի առաջնորդ Աբգար եպս. Յովակիմեանին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին յուզող շարք մը հարցեր:
Դեկտեմբեր 4-ին ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան քաղաքական իր հանդիպումները շարունակեց Քանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ եւ հիւրընկալուեցաւ Քանատայի խորհրդարանի անդամ, Լաւալ քաղաքի հայաշատ ընտրատարածքներէն Լաւալ-Լէ զ՛Իլի պատգամաւոր Ֆայսալ Խուրիին հետ, որուն հետ աշխատանքային հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Քանատա-Հայաստան բարեկամական փոխյարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները:
Իշխան Սաղաթէլեանին կ՛ընկերակցէին` ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան եւ ՀՅԴ Օթթաուայի «Վահան Յովհաննիսեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Գատէհճեան: