Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մամուլին Նուիրուած Գիտաժողով Եւ «Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան» Հիմնադրամի Հաստատում

Դեկտեմբեր 7, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ 28-29 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ երկօրեայ գիտաժողով` «Հայ մամուլին դերը ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորման եւ պահպանման գործին մէջ` ընտանիք, հայրենիք, եկեղեցի» խորագիրով:

Մամուլի գիտաժողովին կը մասնակցէին Հայաստանի, սփիւռքի եւ Արցախի զանազան գիտակրթական եւ մշակութային հաստատութիւններէն աւելի քան քառասուն գիտնականներ ու հետազօտողներ: Ներկայացուեցան հետաքրքրական զեկոյցներ` Զմիւռնիոյ, Պոլսոյ, սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ տպագրուած թերթերու եւ ամսագիրներու մասին:

Գիտաժողովին բացումը կատարեց Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Հրաչեայ Սարիբէկեանը, ողջոյնի խօսք արտասանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի տնօրէն Արարատ քհնյ. Պօղոսեանը, որոնք կարեւոր նկատեցին հայութեան կեանքին մէջ անփոխարինելի արժէք ունեցող հայ մամուլին դերը եւ այս գիտաժողովին կազմակերպումը` հայ մամուլի պահպանման կեդրոններէն մէկուն երդիքին տակ:

Հայ մամուլին նուիրուած գիտաժողովին օրերուն յաճախ խօսուեցաւ հայ մամուլի նուիրեալներէն մէկուն` սփիւռքահայ բանաւահաք, մատենագէտ, ուսուցիչ, դասախօս, հրապարակախօս Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի մասին: Մեծանուն հայագէտին երկու որդիները` Տարօն եւ Զարեհ Տէր Խաչատուրեաններ, սփիւռքէն այս գիտաժողովին մասնակցելու համար ժամանած էին Հայաստան (մէկը` Միացեալ Նահանգներէն, միւսը` Լիբանանէն) եւ բերած էին իրենց հօր անձնական գրադարանէն հնատիպ գիրքեր եւ մամուլի անուններ, զորս սիրով նուիրեցին Հայաստանի Ազգային գրադարանին:

Տարօն Տէր Խաչատուրեան նաեւ զեկոյց մը ներկայացուց` «Հայ մամուլին դերն ու կոչումը` ըստ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի» խորագիրով: Հայաստանի Ազգային գրադարանին եւ Տէր Խաչատուրեաններուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք` գրադարանին մէջ պիտի հիմնուի «Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան» հիմնադրամը, ուր պիտի պահուի լիբանանահայ մատենագէտին հայագիտական ժառանգութենէն որոշ մաս մը: Իր ամբողջ կեանքը նուիրելով հայ գրատպութեան ուսումնասիրութեան եւ աշխատութիւններուն, բառարաններ պատրաստելով` Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան առանձնայատուկ սէր ու ակնածանք ունեցած է հայ մամուլին հանդէպ եւ ստացած` «Հայ մամուլի շրջուն դեսպան» բնորոշումը: Այս տարի կը լրանայ նաեւ լեզուաբանին, քերականագէտին, պատմաբանին, գրողին, ուսուցիչին մահուան 25-րդ տարին եւ գիտաժողովի երկու օրերուն, բազմիցս յիշելով Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի աւանդը, գիտաժողովը ձեւով մը նաեւ յարգանքի տուրք էր անոր յիշատակին:

Տարօն Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի ժառանգութիւնը, կանգ առաւ մանաւանդ անոր մամուլի ուսումնասիրութիւններուն վրայ` հայ մամուլի մատենագիտական գործերէն մինչեւ անտիպ մնացած ուսումնասիրութիւնները: Ան ըսաւ, որ, ըստ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի, հայ մամուլը միշտ հայ ժողովուրդին հաւատարիմ ուղեկիցը եղած է պատմութեան բոլոր դժնդակ օրերուն, իսկ իր հերոսը ան դարձուցած էր Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանը, զոր կը փառաբանէր հայ ժողովուրդի միւս հերոսներուն հետ: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան կը հաւատար, որ մամուլը եսասէր եւ եսապաշտ մարդը կրնայ դարձնել ընկերասէր, ազգասէր եւ մարդասէր: Տարօն Տէր Խաչատուրեան յիշեցուց իր հօր այն մօտեցումը, թէ ինչպէ՛ս ան մամուլին դերը հաւասարապէս կը դնէր եկեղեցւոյ, դպրոցի դերերուն քով, եւ հակառակ անոր որ մամուլը Հայ եկեղեցիէն եւ դպրոցէն ուշ ծնունդ առած է, սակայն իր ազդեցութեամբ չէ զիջած անոնց, հաւատացած էր, որ մամուլը հայրենիքէն դուրս ունի առաքելութիւն մը եւս, որ հայապահպանման սրբազան գործն է: Հայ լրագրութիւնը Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան կոչած է թանգարան: Ան հաւատացած է, որ այդ թանգարանը պիտի պեղուի, նկատի ունենալով, որ հոն կը քնանան մեր գրողներուն ստուար մասին գրութիւնները. ինք արդէն սկսած էր այդ գործին եւ պատրաստած` Լեւոն Շանթի, Շահան Պէրպէրեանի, Ռուբէն Զարդարեանի, Դանիէլ Վարուժանի յօդուածներուն եւ մամուլի մէջ լոյս տեսած անոնց այլ գրութիւններուն մատենագիտութիւնը:

Երեւանի Մանկավարժական համալսարանի դասախօս Արմինէ Յակոբեան զեկուցում մը կարդաց «Ազդարար»-ը մատենագիտական ցանկերուն մէջ» խորագիրով, պատմաբան Համօ Սուքիասեան գիտաժողովին ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի կողմէ պարբերական հրատարակելուն փորձերը` 1920-1930-ականներուն, որ քանի մը տարուան կեանք կ՛ունենայ: Նոյն հանդէսին անդրադարձաւ գիտաժողովի այլ մասնակից մը` Գայեանէ Պօղոսեան, որ ներկայացուց «Էջմիածին» հանդէսի գեղարուեստական ձեւաւորումը` կողքերը, տիտղոսաթերթերը եւ մանաւանդ անդրադարձաւ այդ գործին մէջ հայ նկարիչ Յակոբ Կոջոյեանի դերին:

Հայագիտութեան դոկտոր Մարգարիտ Խաչատրեանի զեկուցումին նիւթն էր ««Հայրենիք» ամսագիրն ու Համաստեղի գրական մուտքը»: Ան խօսեցաւ սփիւռքահայ գրականութեան ամենանշանաւոր դէմքերէն մէկուն` գրող Համաստեղի` Համբարձում Կէլէնեանի գրական առաջին քայլերուն մասին, որոնք կատարուած են «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ, 1917 թուականին: Գիտաժողովին առաջին օրը անդրադարձ եղաւ նաեւ ափրիկեան երկիրներու մէջ հայ մամուլի դերին` ազգային արժեհամակարգի ձեւաւորման եւ պահպանման առումով, այս նիւթը ներկայացուց Ազգային գրադարանի աշխատակից Մհեր Ղազինեանը: Մամուլի հետազօտող Մարիամ Յովսէփեանը ներկայացուց ընտանիք, հայրենիք, եկեղեցի եռամիասնութիւնը` Պոլսոյ «Ճակատամարտ» օրաթերթի էջերուն մէջ (1918-1924): Պատմաբան Էտկար Յովհաննիսեանը լուսարձակի տակ առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայապահպան գործունէութեան արտացոլումը` «Հասկ» պաշտօնաթերթի էջերուն մէջ (1930-1940-ականներուն):

Հայ մամուլին մէջ կիներու հարցերուն եղած անդրադարձին մասին խօսեցաւ ազգագրագէտ Կարինէ Բազէեանը, որ խօսեցաւ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը արեւմտահայ մամուլին մէջ կիներուն մասին եղած նիւթերուն եւ անոնց հիմնախնդիրներուն մասին, իսկ պատմաբան Էդիկ Մինասեանը խօսեցաւ նոյն ժամանակաշրջանի հայոց ազատագրական պայքարի մամուլին մէջ եղած արտացոլման մասին: Այլ երիտասարդ հետազօտող մը նիւթ ընտրած էր հայալեզու ասորական մամուլը եւ «Բաբելոն» հայալեզու ասորական պարբերականը:

«Բազմավէպ»-ի խմբագիր Սերոբ վրդ. Չամուրլեանը խօսեցաւ հայ մամուլի զարգացման գործընթացին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան դերին մասին եւ ներկայացուց մինչեւ այսօր հրատարակուող հայ մամուլի երկարակեաց անուններէն մէկը` «Բազմավէպ»-ը: Սփիւռքէն ժամանած Ներսէս աբղ. Ալոյեանը կը ներկայացնէր Երուսաղէմը. ան խօսեցաւ հայ պարբերական մամուլին համապատկերին մէջ «Սիոն» պաշտօնաթերթին մասին:

Ելոյթներ ունեցան նաեւ «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ զեկուցեց արդի ժամանակներուն տպագիր մամուլին դիմագրաւած հարցերուն մասին, մատանշեց զանոնք յաղթահարելու ճանապարհներ, ինչպէս նաեւ շեշտեց համագործակցութեան, հարցերը միասնական կերպով լուծելու անհրաժեշտութիւնը. Լիբանանէն գրող, հրապարակախօս Համբիկ Մարտիրոսեան խօսեցաւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ հայ մամուլի դերին մասին, Սուրիայէն վերջին տարիներուն Հայաստան հաստատուած պատմաբան Անի Ֆիշէնքճեան ներկայացուց սուրիահայ «Եփրատ» հրատարակչական ընկերութեան եւ Հալէպի «Եփրատ» հայաթերթը, որ տպագրուած է 1927-1930-ական թուականներուն: Նիւթ մը եւս եղաւ Միջին Արեւելքի մասին. լրագրող Սագօ Արեանը պատմեց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն հայ մամուլի դերին մասին:

Քալիֆորնիոյ համալսարանի աշխատակից Նորա Աւետեանը ներկայացուց համալսարանի գրադարանի հայկական պարբերականները, անոնց պահպանման եւ հասանելիութեան հարցերը: Երիտասարդ հետազօտող Սուզաննա Բարսեղեանը ներկայացուց սփիւռքի ինքնութեան ձեւաւորման գործին մէջ մամուլին դերը: Ազգագրագէտ Գոհար Ստեփանեանը ելոյթ ունեցաւ առողջապահական ուղղուածութիւն ունեցող հայ պարբերականներուն մասին: Գրականագէտ Նայիրա Պալայեանին նիւթն էր Փարիզի մէջ լոյս տեսած ազգային-մշակութաբանական աշխարհայեացքի ընդլայնման ծիրին մէջ «Անդաստան» արուեստի եւ գրականութեան ամսագիրի գործունէութեան վերլուծութիւնը, իսկ Նունէ Ամիրխանեանը անդրադարձաւ Փարիզի մէջ լոյս տեսած ուրիշ գրական պարբերականի մը. ան «Կեանք ու Արուեստ»-ի էջերէն ներկայացուց արուեստագիտական նիւթեր:

Վարդուհի Մելքոնեանը խօսեցաւ Ալեքսանդրապոլ-Լենինականի կրթական գործին մասին եւ մեկնաբանեց նիւթը` ըստ ժամանակի պարբերական մամուլին:

Ներկայացուեցան նաեւ հետեւեալ զեկուցումները «Արեւմտահայ ազգային ազատագրական շարժման արտացոլումը` Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագիրի էջերուն մէջ» (Խաչատուր Ստեփանեան), «Պուլկար ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը արեւմտահայ մամուլին մէջ» (Հայկ Մխոյեան), «Հայոց Եղեռնի գրականութեան մատենագիտական տեղեկատուական նշանակութիւնը պարբերական մամուլի էջերուն մէջ» (Զարուհի Տօնոյեան), «Հայ մամուլի գործառոյթներուն, դերին եւ նշանակութեան գնահատումն ու իմաստաւորումը Մկրտիչ Փորթուգալեանի «Արմէնիա» պարբերականի էջերուն մէջ» (Արմէն Կարապետեան), «Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» պարբերականը եւ անոր դերը ազգային հիմնախնդիրներու լուսաբանման գործին մէջ» (Թեհմինա Մարութեան), «Մուսա Լեռ-Սուէտիան Եգիպտոսի «Արեւ» պարբերականի էջերուն մէջ» (Խորէն Գրիգորեան), «Վայրի բոյսերու մշակոյթի արտացոլումը «Հայ Բոյժ» պարբերականին մէջ» (Անժելա Ամիրխանեան), «Հայ բանահիւսութիւնը «Բիւրակն»-ի էջերուն մէջ» (Թամար Հայրապետեան), «Մամուլը որպէս թատերագիտական հետազօտութիւններու աղբիւր» (Սուսաննա Բրիկեան), «Նամակագրութեան ժանրային զարգացումները Զմիւռնիոյ «Արեւելեան Մամուլ»-ին մէջ» (Քնարիկ Աբրահամեան), «Սիմէոն Տէր Մինասեանի «Գաւառ» շաբաթաթերթը» (Գէորգ Ստեփանեան):

Պարբերական հրատարակութիւններու մատենագիտական հարցերուն մասին ելոյթ ունեցաւ Մանկավարժական համալսարանի դասախօս Գագիկ Սուքիասեանը, իսկ Արցախէն միակ մասնակիցը` Յովիկ Աւանէսով խօսեցաւ ազրպէյճանական պետական հակահայ քարոզչութեան դէմ պայքարին մէջ սփիւռքի հայկական լրատուամիջոցներու դերին մասին:

Աննա Սարգսեան ներկայացուց Զապէլ Եսայեանը` դարասկիզբի «Մասիս»-ի էջերուն մէջ, իսկ Թամարա Անդրէասեան` պոլսահայ նորավիպագիր եւ հրապարակագիր Լեւոն Բաշալեանի «Լը Ֆուայէ» («Օճախ») պարբերականը: Իսկ «Ժամանակ»-ի աշխատակից Անուշ Թրուանց գիտաժողովին ընթացքին խօսեցաւ արեւմտահայ եւ պոլսահայ մամուլի «Կաղանդի բացառիկներ»-ուն մասին:

Մասնակիցները նաեւ կարելիութիւն ունեցան ծանօթանալու Հայաստանի Ազգային գրադարանի գործունէութեան: Հայագիտութեան կարեւորագոյն այս կեդրոնը հայ տպագիր ժառանգութեան աշխարհի ամէնէն մեծ շտեմարանն է, ուր գիրքերու եւ այլ հրատարակութիւններու կողքին, խնամքով կը պահուին աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ լոյս տեսած հայկական թերթերը, ամսագիրները, աւելին` վերջերս հիմնուած Հայ գրատպութեան թանգարանը:

Գիտաժողովին մասնակցողները այցելեցին Գրատպութեան թանգարան, ծանօթացան գրադարանի «Թամանեան» մասնաշէնքի միւս ցուցադրութիւններուն, որոնք յատկապէս այս գիտաժողովին առթիւ բացուած էին:

 

Նախորդը

Սպիտակի Երկրաշարժ. Կեանք Մահից Յետոյ

Յաջորդը

Հայ Մամուլը Հանրային Դաստիարակութեան Դպրոց Է. Դաշնակցական Մամուլը Աւելին Է, Քան` Կուսակցական Մամուլը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?