Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ 129-ամեակի Տօնակատարութիւն Պուէնոս Այրեսի Մէջ

Դեկտեմբեր 6, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Ամերիկայի «Ահարոնեան» Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ եւ Պուէնոս Այրեսի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի կազմակերպութեամբ, 30 նոյեմբեր 2019-ին Խրիմեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 129-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը` աւելի քան 200 ներկաներով:

Նախքան հանդիսութեան սկսիլը` ՀՅԴ «Մանուկեան» կոմիտէութեան շարքերը համալրեցին 7 նորագիրներ: Երդման

արարողութեան ներկայ գտնուեցան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները` առաջնորդութեամբ Ժանիկ Քէչեանի: Նորագիրներուն կնքահայրն էր Յակոբ Թապագեան, որ իր ամփոփ խօսքով շեշտեց նորագիրներուն Դաշնակցութեան միջոցով ազգին ծառայելու յանձնառութիւնը: Ան յորդորեց զանոնք` նուիրումով եւ պատրաստակամութեամբ ծառայել ազգին ու հայրենիքին:

Հանդիսութիւնը գործադրուեցաւ կոկիկ եւ բաւական բարձր մակարդակով: Յայտագիրին մէջ կար յուզիչ ներկայացում` Գալուստ Ճանսզեանի արտասանութեամբ:

Այնուհետեւ խօսք առաւ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Ակուսթին Անալեանը, որ ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը իր ծնունդէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը եղած է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի յառաջապահը: Արցախի ազատագրական պայքարին իր բերած անփոխարինելի ներդրումով եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ու Արցախի պետականութեանց իր անվերապահ զօրակցութեամբ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հաւատարիմ կը մնայ իր առաքելութեան, եւ այդ նուիրական գործին այսօր մենք կը միանաք` ապահովելով անոր շարունակականութիւնը:

«Այն օրը, երբ երդումը կատարենք, կ՛ըլլայ առաջինը` երկար տարիներու ազգանուէր գործունէութեան եւ մեր պահանջատիրական պայքարի ամբողջական նուիրաբերումին: Ժողովուրդին ծառայելն ու ժողովուրդի ծառայութեան գործն են, որ իմաստ կու տան Դաշնակցութեան գոյութեան ոգի եւ սլացք կը ներշնչեն դաշնակցական մարդոց եւ, վերջապէս, ծառայութեան ու գործի արգասիքներն են, որ զանգուածները վերջ ի վերջոյ հետեւորդ ու համակիր կը դարձնեն Դաշնակցութեան:

«Դաշնակցութիւնը միշտ կայ. նշուած դէպքերը թող չափազանցութիւն չթուին կամ Դաշնակցութեան հաշուոյն անհամեստութիւն չարձանագրուին: Անցեալը կ՛ըլլայ չափանիշը, անշուշտ: Բոլո՛ր այն հանգրուաններուն եւ իրադարձութիւններուն վրայ, որոնք հայութիւնը յուզած են կամ տագնապներու դուռ բացած են հայութեան մէկ մասնիկին համար, պիտի տեսնենք, որ հոն ներկայ է Դաշնակցութիւնը` տագնապի լուծման գործին մէջ իր բաժինը վերցնելու, իր ծառայութիւնը մատուցելու համար: Եւ մենք յարգելով մեր անցեալը` որոշեցինք հանդիսատես ըլլալ այն պատմութեան, սակայն այս ժամանակներուն մէջ ըլլալ գլխաւոր դէմքեր:

«Ժողովուրդէն ծնած եւ մեր ժողովուրդի պայքարին ի խնդիր յարատեւող Դաշնակցութիւնը հաւաքականին ծառայող եւ հաւաքական մշակոյթի սկզբունքներով առաջնորդուող կազմակերպութիւն է: Այս իրականութիւնը այսօր առօրեայ իմաստով փորձութեան կ՛ենթարկուի: Գաղափարական մեր կողմնացոյցը երբեմն կը կորսնցնենք եւ մեր ուղղութիւնը կը ճշդենք անհատական կարծիքներու բանաձեւումով` փոխանակ տեսնելու զանոնք մեր ծրագիրին ու կանոնագիրին մէջ: Զգո՛ւշ, սիրելի՛ ընկերներ,

չանհատականացնենք Դաշնակցութիւնը: Քայլ առ քայլ այն խնդիրը մեզ պիտի տկարացնէ,  Դաշնակցականը, ո՛վ ալ ըլլայ ան, ՀՅԴ ծրագիրին եւ անոր ժողովներէն բխած որոշումներուն զինուո՛րն է: Անդրադարձած են այս իրողութեան նոյնիսկ Գէորգ Չաւուշի եւ Անդրանիկի պէս պանծալի դէմքեր, եւ նկատած, որ չկայ անհատ, որ կը գերադասէ Դաշնակցական ժողովի գծած ուղին եւ անոր գաղափարական սկզբունքները: Կառչած մնա՛նք այս ըմբռնումին, մանաւանդ` մութ եւ ծանր օրերուն: Պաշտպանենք եւ պահակը ըլլանք Դաշնակցութեան կարգապահութեան, որ 129 տարիներու ընթացքին կուսակցութիւնը կանգուն պահող կարեւորագոյն սիւներէն մէկն է եղած: Չմոռնաք, որ Դաշնակցութիւնը ընկերվարական սկզբունքները իւրացուցած կազմակերպութիւն է, եւ իր ակունքները մարդու  իրաւունքներու ամբողջական արդարութեան ծառայելու հեռանկարով են ամրապնդուած», յայտնեց ան:

Ակուսթին Անալեան շեշտեց, որ Դաշնակցութեան պայքարը ազգային է, իսկ այնքան ատեն որ մեր ազգային ազատագրական պայքարը չէ հասած իր արդար լրումին, մենք պարտաւոր ենք բոլոր միջոցներով նուիրաբերուիլ անոր` հասնելու համար ազատ եւ անկախ, միացեալ Հայաստանի տեսլականի իրականացման:

Իր խօսքը եզրափակելով` Ակուսթին Անալեան կոչ ուղղեց բոլորին. «Իւրաքանչիւր դաշնակցական մարմին ու դաշնակցական ընկեր, խմբագիր, գործարար, ուսուցիչ թէ ուսանող, այսինքն մենք, պէտք է վերաթարմացնենք մեր ընթացքը ու վերանորոգենք մեր երթը` միշտ ու միշտ գլխաւոր չափանիշ ընտրելով ժողովուրդի ծառայութիւնը, հաշիւ տալով, թէ ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ որքանո՞վ ծառայութիւն կը մատուցենք մեր ժողովուրդին ու անոր Դատին», աւելցնելով, որ պէտք է ամուր պահենք մեր շարքերը, շարունակենք Հայ դատի լուծման սրբազան գործը եւ ընկերվարութեան ճամբայ բանանք, որպէսզի միասնաբար կերտենք նորանոր յաղթանակներ:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէի Նախաձեռնութեամբ Վերցուեցաւ «Տաշիր Պիցցա» Ցուցատախտակը

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի Տեսակցութիւնները Քանատայի Մէջ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?