«Մենք Եւս Սահմանուած Ենք Ժառանգելու Յարութեան Կեանքը, Եթէ Պատուած Ենք Մեր Մարմինները Հետեւելով Քրիստոսի Կեանքի Օրինակին» Հաստատեց Շահէ Արքեպիսկոպոս
Ուրբաթ, 2 ապրիլ 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ սրբազան արարողութիւն Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, թէ քրիստոնէական գրականութեան մէջ շատ քիչ նշմարներ կան Քրիստոսի խաչելութեան մասին, կարծէք մարդիկ խուսափած են...




















