Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Լոնտոն
Հայկական Ժառանգութիւնը Իբրեւ Ազրպէյճանական Ներկայացնող Լոնտոնի Պաստառները Վերցուեցան
Բրիտանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ տեղւոյն հայ համայնքի ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է վերցնել տալ Լոնտոնի մէջ տեղադրուած ազրպէյճանական այն պաստառները, որոնք հայոց պատմութիւնը եւ մշակոյթը կը ներկայացնեն իբրեւ ազրպէյճանական:
Պաստառները Լոնտոնի գետնուղիի (մեթրօ) կայարաններէն հանուած են «Թրանսփորթ ֆոր Լոնտոն» ցանցին կողմէ:
Հայ դատի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքային կազմակերպութիւններուն կողմէ ներկայացուած պաշտօնական բողոքներէն ետք, Լոնտոնի գետնուղիի վիրաւորական պաստառները, որոնք հայկական պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւնը կը ներկայացնեն իբրեւ ազրպէյճանական, այժմ հանուած են Լոնտոնի գետնուղիէն:
Սպանիա
«Հայաստան Եւ Արցախ. Քրիստոնէութեան Կղզեակ» Ալպոմի Շնորհահանդէս
23 մարտին Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ Մոնսերատ Կաբալիէի «Հայաստան եւ Արցախ. քրիստոնէութեան կղզեակ» ալպոմին շնորհահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան: Իր ելոյթին մէջ դեսպանը նշեց, որ ձեռնարկը իրականացած է համագործակցութեամբ «Սթարմըս» փառատօնի հիմնադիր Գարիկ Իսրայէլեանի եւ Հայաստանի դեսպանութեան:
Յիշեալ ալպոմը աշխարհահռչակ երգչուհին ձայնագրած է 2013-ին Հայաստան եւ Արցախ կատարած իր այցելութիւններէն ետք: Այցելութիւնը նուիրուած էր Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունելու 1700-ամեակին:
Մոնսերատ Կաբալիէի դուստրը` սոփրանօ Մոնսերատ Մարտի յիշեց Հայաստան եւ Արցախ կատարած իրենց այցելութիւնները` նշելով, որ իր մայրը տպաւորուած էր հայկական մշակոյթով եւ բազմադարեայ եկեղեցական համալիրներով:
Ելոյթ ունեցողներու շարքին էր նաեւ յայտնի լրագրող Միկէլ Անխել Նիէտոն, որ ներկաներուն կոչ ուղղեց այցելել Հայաստան եւ բացայայտել առաջին քրիստոնեայ երկրի գրաւչութիւնները:
Թեհրան
Եսայի Շահիճանեանի Կիսանդրիի Տեղադրում
Նախաձեռնութեամբ Սպահանի Քաղաքային վարչակազմին եւ համագործակցութեամբ Կերպարուեստի դպրոցին, քաղաքի Չարբաղ-Բալա փողոցին մէջ տեղադրուեցան իրանահայ նշանաւոր նկարիչ Եսայի Շահիճանեանի եւ Սպահանի 10 այլ արուեստագէտներու կիսանդրիները:
Շուրջ 2 մեթր բարձրութիւն ունեցող Եսայի Շահիճանեանի կիսանդրիին հեղինակն է քանդակագործ Ալիրեզա Ղատամեարին:
Միացեալ Նահանգներ
«Արարատ-Էսքիճեան» Թանգարանին Հաւաքածոն Հարստացած Է Տիգրանակերտէն Եւ Աղթամարէն Եկած Եկեղեցական Իրերով
Վերջերս «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանը կրցաւ իր հաւաքածոյին վրայ աւելցնել եկեղեցական հինգ իրեր` 18-րդ եւ 19-րդ դարերէն մնացած քշոց մը, որ կը պատկանի Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ, նաեւ` չորս կանթեղներ, որոնք կը պատկանին Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եւ Ս. Սարգիս եկեղեցիներուն:
Թանգարանի վարիչ Մեկի Մանկասարեան Կոշի յայտնեց, որ Ցեղասպանութենէն փրկուած մասունքները կարելի եղած է ապահովել շնորհիւ «Աբրահամեան» հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեան, աւելցնելով, որ այդ իրերը մեր պատմութեան լուռ վկաներն են, որոնք նոր տուն մը կը գտնեն թանգարանին մէջ:
Յայտնենք, որ իրերը ներկայիս կը ցուցադրուին թանգարանին մէջ, սակայն աւելի ուշ պիտի տեղադրուին «Արարատ տան» Շին մատուռին մէջ:
Խաչատուրեանի Եւ Ռումելեանի Ստեղծագործութիւններուն Ցուցահանդէսը
17 մարտին «Թիւֆենքեան» գեղարուեստի ցուցադրասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Շարժուն բանաստեղծութիւն» խորագրուած Մաքօ Խաչատուրեանի եւ Վահան Ռումելեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 23 ապրիլ:
«Հայ Հոփս» Ծրագիրին Առաջին Փուլը Ամբողջացաւ
18 յունուարէն սկսեալ Կապանի Ն1 եւ Ն3 դպրոցներուն մէջ վեցշաբաթեայ առցանց դասաւանդութիւններ սկիզբ առին Արցախի պատերազմին պատճառով տեղահանուած եւ Հայաստան գտնուող աշակերտներուն համար:
Նախաձեռնութեամբ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Կրեկ Գրիգորեանի եւ համագործակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ գործող շարք մը կազմակերպութիւններու, «Հայ հոփս» կոչուող ծրագիրը առիթ կ՛ընծայէ Միացեալ Նահանգներէն դասատուներու հեռակայ դասաւանդութիւններ կատարելու նշեալ աշակերտներուն համար:
12 մարտին յաջողութեամբ ամբողջացաւ ծրագիրին առաջին փուլը եւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին հետ կարելի եղաւ համաձայնութիւն գոյացնել Սիւնիքի մարզին մէջ աւելի մեծ թիւով աշակերտներու աջակցելու նպատակով:
Գրիգորեան Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին նաեւ այցելած է առաւել քան 20 դպրոցներ` Կապանի, Մեղրիի, Գորիսի եւ Սիսիանի մէջ, մօտէն ծանօթանալու համար անոնց կարիքներուն:
Այս ծրագիրին շնորհիւ, տարբեր երկիրներէ կամաւոր ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ուսուցիչներ կ՛աշխատին ուսողութեան, անգլերէնի, գիտութեան, բնագիտութեան, արուեստի եւ համակարգիչի դասերուն վրայ:
Նշենք, որ «Հայ հոփս» ծրագիրը այս նպատակին համար գործածուող համակարգիչները տեղափոխեց Հայաստան:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Նշում
20-21 մարտին նշուեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը հիւրընկալեց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը:
Շաբաթ, 20 մարտի երեկոյեան «Սարոյեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան` Սմբատ վրդ. Սապունճեան, հոգաբարձութեան ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեան, եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան, յարակից միութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի առաջնորդ ընտրութենէն ետք Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին տուած անդրանիկ այցելութեան առիթով:
Սրբազանը, իր կարգին, բարձր գնահատեց նուիրեալ կամաւորներու եւ բարերարներու նիւթաբարոյական աջակցութիւնը Հայ եկեղեցւոյ եւ տեղւոյն հայութեան ու իր խօսքին մէջ յորդորեց ներկաները` գործելու միասնականութեան ոգիով եւ իրերօգնութեան սկզբունքով, յանուն համայնքային կեանքի առաւել զարգացման, ամրացման եւ բարգաւաճման:
Կիրակի, 21 մարտին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ առաջնորդ սրբազանը մատուցեց ս. պատարագ: Ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ սրբազանը ընդգծեց, որ պահոց ժամանակաշրջանը մարդուն համար ինքն իր մէջ ամփոփուելու, ինքնաճանաչման մէջ խորանալու, անդադար աղօթելու, աշխարհէն ու աշխարհայինէն կտրուելով Արարիչին հետ կապուելու պահ է, որպէսզի Աստուծոյ պատկերով եւ շունչով ստեղծուած մարդը գնահատէ այն բազում օրհնութիւնները, զորս Աստուած շնորհած է իրեն` աւելի լաւ մարդ դառնալու, մեղքէն հեռու մնալու եւ իր երկրային կեանքին մէջ միայն Յիսուս Քրիստոսի ճամբէն ընթանալու համար: Սրբազանը վեր առնելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նուիրուած տօնը` նկատել տուաւ, որ թէեւ կը տօնախմբենք ուրախ, յաղթական տօն մը, սակայն իրականութեան մէջ դէպքը ցաւալի է եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի չարչարանքներուն եւ վիրապ մտնելու յիշատակումն է: Սրբազանը յայտնեց, որ ան 13 տարի հոն մնաց ա՛յն հաւատքով եւ յոյսով, որ Աստուած մեծ ծրագիր մը ունի իրմով իրականացնելիք, որ իրօք հայ ժողովուրդի դարձն էր դէպի քրիստոնէութիւն:
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ Միութեան Ներկայացուցիչներու Այցելութիւնը Հիւպատոսարան
17 մարտին Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Բայբուրդեան ընդունեց Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան գործադիր մարմինի ղեկավար կազմի ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը` գլխաւորութեամբ ատենապետ Մարկ Կոսկերի: Հանդիպումին ներկայ էին` գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Էտկար Գրիգորեան, Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան գործադիր մարմինի փոխատենապետ Էտի Սարաֆօղլու եւ գործադիր մարմինի խորհրդական Թալին Սարաֆօղլու:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ` Արցախի դէմ Ազրպէյճանի հրահրած պատերազմէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ պատերազմէն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ քալիֆորնիահայ համայնքի ջանքերով մարդասիրական աջակցութեան յատկացման ուղղութիւններուն: Ներկաները խօսեցան նաեւ գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ Պոլսահայ միութեան միջեւ գործակցութեան ուղղութիւններուն մասին:
Քանատա
Մոնրէալի Բարեգործական Համերգին Հասոյթը` Հայաստանի Մանուկներու Երաժշտական Ծրագիրներուն
Հովանաւորութեամբ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի, 9 մարտին «Երաժշտական շրջապտոյտ» համերգաշարին ծիրին մէջ ուղիղ սփռումով ներկայացուեցաւ Մոնրէալի դասական նուագախումբի «Երեւանէն Մոնրէալ» խորագիրով բարեգործական համերգը` խմբավարութեամբ Պորիս Պրոթի, որ առցանց դիտելու համար տրամադրելի մնաց երկու շաբաթ:
Համերգին իր մասնակցութիւնը բերաւ հանրահռչակ սոփրանօ, քանատահայ Ալին Գութան:
Համերգին հիմնական նպատակն էր հանդիսատեսի նուիրատուութիւններուն շնորհիւ նպաստել «Ատգեն Արմէնեան» հիմնադրամին կողմէ Հայաստանի մարզերու մէջ իրականացուող մանուկներու երաժշտական ծրագիրներուն:
Համերգի ընթացքին ներկայացուեցան Արամ Խաչատուրեանի, Գէորգ Անտոնեանի եւ Արմէն Տիգրանեանի ստեղծագործութիւններէն կտորներ:
Պոլիս
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Հիւրընկալեց Ամերիկայի Դեսպանը
Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը:
Դեսպանը փափաքած էր ծանօթանալ պատրիարքին հետ, որ առաջին անգամ ըլլալով դեսպանին հետ կը տեսակցէր իր գահակալութենէն ի վեր:
Հանդիպումի ընթացքին դեսպան Սաթըրֆիլտ բացատրեց իր ընկալումը պոլսահայ համայնքին մասին` իբրեւ Թուրքիոյ կարեւորագոյն տարրերէն մին, որ հարուստ մշակոյթ մը ունի: Պատրիարքը պոլսահայ իրականութեան անցեալին եւ ներկային մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ներկայացուց եւ տեղի ունեցան կարծիքներու փոխանակումներ զանազան հարցերու շուրջ: