Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Եւս Սահմանուած Ենք Ժառանգելու Յարութեան Կեանքը, Եթէ Պատուած Ենք Մեր Մարմինները Հետեւելով Քրիստոսի Կեանքի Օրինակին» Հաստատեց Շահէ Արքեպիսկոպոս

April 5, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 2 ապրիլ 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ սրբազան արարողութիւն Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման յիշատակին: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, թէ քրիստոնէական գրականութեան մէջ շատ քիչ նշմարներ կան Քրիստոսի խաչելութեան մասին, կարծէք մարդիկ խուսափած են նկարագրելու այդ պահը: Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց Քրիստոսի  խաչելութեան դրուագին` նկատել տալով, որ այդ օրերուն խաչուողները չէին արժանանար թաղումի, այլ անոնց մարմինները կը փտտէին խաչին վրայ եւ կեր կը դառնային գազաններուն, սակայն Քրիստոս արժանացաւ թաղումի պատիւին գէթ ոչ հանդիսաւոր պայմաններու մէջ: Սրբազանը հաստատեց, որ Քրիստոս մարմնապէս յարութիւն առաւ, որովհետեւ Աստուած պատուեց իր միածինը, որ իր կեանքի տեւողութեան պատուաբեր ընթացքով ապրած էր իր կեանքը` աւելցնելով, որ հարկ է մենք եւս չմոռնանք մեր մարմինը, զոր Աստուած մեզի տուած է, յատկապէս Քրիստոսի թաղման յիշատակին առիթով դառնանք Աստուծոյ` գիտակցելով, որ Քրիստոս իր յաղթական կեանքով փշրեց եւ քայքայեց մահուան յաղթանակն ու խայթոցը:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը նկատել տուաւ, որ Աւետարանի պատմութիւնները մեզի չեն փոխանցուիր պարզապէս, որպէսզի զանոնք կարդանք եւ մտքով ըմբռնենք, այլ որպէսզի անոնց մէջէն դասեր եւ օրինակներ քաղենք եւ ըստ այնմ ուղեւորուինք մեր կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին: Ան ըսաւ, որ մենք յաճախ կը խօսինք հոգիի փրկութեան մասին, բայց կ՛անտեսենք մարմինը, որ Աստուծոյ համար բնակարան եւ տաճար պէտք է ըլլայ եւ, ըստ մեր կամքին, կը վարուինք մեր մարմիններուն հետ, այսինքն`  մեր կենցաղին եւ ապրելակերպին հետ, այդ պատճառով ալ մենք զմեզ կը դատապարտենք մատնուելով տեսակաւոր դժբախտութիւններու, դժուարութիւններու, հիւանդութիւններու եւ ախտերու: Սրբազանը բացատրեց, թէ պէտք է հաւատքով ըմբռնենք, թէ մենք եւս սահմանուած ենք ժառանգելու յարութեան կեանքը, եթէ մեր մարմինները պատուած ենք` հետեւելով Քրիստոսի կեանքի օրինակին, որ իր կեցուածքով պատուեց իրեն վստահուած մարմինը: «Մենք ալ մեր ապրելակերպով պատուենք մեզի յանձնուած մարմինը` զայն վերածելով սուրբ տաճարին, որուն մէջ Աստուած կը բնակի, այլ խօսքով` մեր ապրելակերպին մէջ ներկայ ունենանք զԱստուած, չտարուինք կեանքի երեւոյթներէն` քաջ գիտնալով, որ մեր ժամանակները դժուար են եւ տեսակ-տեսակ հարցերով եւ մեզ այլասերող խնդիրներով խճողուած են» հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ միայն տնտեսական խնդիրներ չունինք, այլ նաեւ հոգեւոր տագնապներ, որոնց դիմաց պէտք է քաջաբար կանգնինք քրիստոնէական արի կեցուածքով  ու հաւատքով դիմագրաւենք առօրեայ ամէն տեսակ հարցերը, որպէսզի Աստուած մեզի ցոյց տայ լուսաւոր ճանապարհ:

Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը յորդորեց ներկայ հաւատացեալներուն ըմբռնելու, թէ մեր կեանքով եւ ապրելակերպով նաեւ մենք զԱստուած պէտք է պաշտենք եւ պատուենք` պատիւ բերելով իրեն, մեր շրջապատին մէջ իր անունը սուրբ պահելով եւ հռչակելով:

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

«Քրիստոսի Հետ Պէտք Է Գերեզմանենք Մեր Մեղքերը, Որպէսզի Իր Յարութեամբ Դառնանք Նոր Մարդ», Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին

October 13, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.