ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Ժողովուրդին կողմէ ՄԵԾ ԶԱՏԻԿ ճանչցուած Ս. Յարութեան տօնը հայ քրիստոնեաներուն առաջնակարգ տօնն է, որուն մեկնակէտը կը սկսի Բարեկենդանով եւ վերջակէտը կը դրուի Համբարձումով:
Այս ժամանակամիջոցի երեք ամիսները մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին հարուստ շրջանը կը հանդիսանան` Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող քառասուն օրերով եւ կանխող եօթը շաբաթներով:
Կրօնական վերլուծումներն ու բացատրութիւնը կը ձգենք կղերականներուն: Այս ժամանակամիջոցին զուգահեռաբար կ՛ընթանայ երկար շղթայ մը` աւանդութիւններու եւ սովորութիւններու, որոնք յատուկ են յետցեղասպանութեան արեւելեան հայաբոյր գաղութներու, անոնք շատ մը այլ արժէքներու հետ Երկրէն սփիւռքի կայքեր բերած ու պահպանած են, անոնց գլխաւորներէն կը հանդիսանայ Հալէպը:
Տարուան առաջին տօնը` Ս. ԾՆՈՒՆԴ-ը ժողովուրդը «Պզտիկ Զատիկ» մկրտած է, փոքրը երէցէն առաջ գալու դրութիւնը նաեւ առածի վերածելով` «Պզտիկ զատիկը մեծէն առաջ եկաւ» կ՛ըսեն, երբ կրտսերը կը խախտէ կարգը եւ իրմէ երէցը կանխելով` կ՛ամուսնանայ:
Մեծ պահքի ժամանակամիջոցն ալ երկար ըլլալով` այդ երեւոյթը յաճախ կը նոյնացուի սպասուածէն երկար հարցի մը, երբ կ՛ըսեն` «Մեծ պահքէն աւելի երկարեցաւ»: Իսկ պահեցողութեան շրջանին փակ վարագոյրով ս. պատարագի դրութեան հակասող «Բաց պատարագ» ըսելաձեւն ալ կ’օգտագործուի գաղտնիք մը հանրութեան դրսեւորուելու պարագային:
Այլ պահեցողութիւն մըն ալ` առաջաւորաց պահքը, զոր ժողովուրդը անուանած է «Ս. Սարգիսի պահք», որ կը սկսի երկու օրերու եւ երեք գիշերներու ծոմապահութեամբ, հաւատքի եւ կամքի զօրութիւնը հաստատող այս կամաւոր անօթութիւնն ալ անցած է ուխտի կարգի` բաղձանքի կամ իղձի մը իրականացման տենչը ունեցողներուն կամ այլ ցանկութեան մը ձեռքբերման ուրախ առիթով:
Մեր ժողովուրդին մէջ տարածուած անուններէն Ս. Սարգիսի անուանակոչութեան օրուան յաջորդ կիրակին Բուն բարեկենդանն է որուն նախորդող երեքշաբթին ու հինգշաբթին կը յիշատակուին Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօները:
Պրազիլի աշխարհահռչակ Թրոփիքալն ու Վենետիկի քարնաւալը Բարեկենդանի ժողովրդային տօնահանդէսներ են, որոնց մանրանկարը մեր դպրոցականներուն համար դիմակահանդէսներու եւ ծպտուած տիպարներու ներկայացման տօնակատարութիւն մըն է:
Ազգային Հայկազեան նախակրթարանի տղոց բաժինի «Պէյթ Ղազալէ»-ի ապարանքի մէջ կայացած օրերուն սովորութիւն էր դպրոցական օրը սկսիլ Լիւանին մէջ` «Առաւօտ լուսոյ» շարականի երգեցողութեամբ, աւարտական դասարանի աշակերտներու կողմէ: Մեծ պահքի շրջանին այդ շարականը կը փոխարինուէր «Յարեւելից մինչ ի մուտս»-ով: Աղջկանց բաժնի երէց աշակերտուհիները Աւագ երեքշաբթի կը մասնակցէին երեկոյեան ժամերգութեան` աւետարանական ընթերցումներով, «Տասը կուսանաց» յիշատակին, իսկ դպրոցի վեց կարգերը հերթաբար իւրաքանչիւր չորեքշաբթի առաւօտուն ներկայ կը գտնուէինք արեւագալի արարողութեան, Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ: Տարուան ընթացքին ալ նոյնպէս դասարանային կարգով` կիրակնօրեայ պատարագներուն: Ծխական վարժարաններու յատուկ սովորութիւն մը, որ այդ սերունդը փոքր տարիքէն հաղորդակից կը դարձնէր եկեղեցական արարողութիւններուն:
Բարեկենդանը, Միջինքը, Ծաղկազարդը, Ճրագալոյցը եւ Համբարձումը առիթներ են յատկապէս նշանուած զոյգերու եւ նորապսակներու խնամիներուն` փոխադարձ հրաւէրներ սարքելու եւ նուէրներ փոխանակելու:
Ընտանեկան օճախներու տոհմիկ կերակրատեսակներով հիւրընկալելու սովորութիւնն ալ, այլ երեւոյթներու նման, բարգաւաճ կեանքի եւ քաղքենիացման հետ փոխադրուեցաւ փարթամ ճաշարաններ` կարօտալի դարձնելով տուներու ջերմ մթնոլորտը:
Վերոնշեալ տօները առիթներ են նաեւ միութենական հասութաբեր ձեռնարկներ կազմակերպելու, տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր միութիւն, անգիր օրէնքի նման, տօնացոյցին հետ ունէր իրեն յատուկ տարեկան ձեռնարկի օրը:
Միջինքի առիթով ծանրաբեռնուած ձեռնարկներէն ետք հալէպահայ տանտիկիններուն համար «Զատկուան մաքրութեան» ժամանակամիջոցն է, ամիսներ առաջ պատ սրբողներու հետ ժամադրութիւններ կը դասաւորուին, սովորամոլութիւններուն առաջնահերթութիւնը մաքրութեան զօրակոչն է, արդէն իսկ յաճախակի մաքրուած տան մէջ կահոյքներու տեղաշարժ մը կը կատարուի, առաստաղէն կախուած ջահերն անգամ կը փայլին, տաժանակիր այս աշխատանքը կ՛աւարտի Ծաղկազարդին:
Ծաղկազարդը հալէպահայութեան համար նորաձեւութեան տօնահանդէս մըն է, մեր մանկութեան օրերէն զատկական նոր զգեստը այդ օր կը հագուէինք: Մեծ ու փոքր անխտիր կը փութան եկեղեցի` ձիթենիի օրհնուած ճիւղը բերելու:
Հալէպի մէջ վերջին տասնամեակին կը բնակէի Վիլլաներու շրջանը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դրացնութեամբ, այդ օրը առաւօտուն կը շտապէի ծնողքս մեր տունը բերելու, արդէն կանուխ ժամերէն ինքնաշարժներու երթեւեկը կը դադրէր, մայթերը նեղ կու գային եկեղեցի փութացող ժողովուրդին, մանուկները կը մասնակցին թափօրին, եւ ամբողջ պողոտան տօնական գոյներով կը յորդէր, հայրս յառաջացած տարիքին հաճոյքով կը դիտէր հալէպահայութեան ծաղկումը:
Հաւատացեալ զանգուածը Աւագ շաբաթը ամբողջութեամբ կը տրամադրէ եկեղեցական արարողութիւններու մասնակցութեան: Աւագ հինգշաբթի կէսօրէ առաջ «Յիշատակ ընթրեաց»-ի պատարագը հիմն է այդ սուրբ խորհուրդին, արարողութիւններով լեցուն օր մը` ոտնլուայ, ապա մինչեւ ուշ գիշեր` կարգ չարչարանաց, որուն ընթացքին Աստուածաշունչէն եօթը տարբեր համարներ կը կարդացուին, կարգ մը ներկաներ իրենց հետ բերած թելերուն վրայ իւրաքանչիւր ընթերցումի հետ հանգոյց մը կ’ընեն, ապա կը բաժնեն բացակայ հարազատներուն` որպէս պահապան, մինչեւ Համբարձման օրը, երբ կ՛այրի այդ թելը ուրախ մթնոլորտի մէջ:
Աւագ ուրբաթ յետմիջօրէին, թաղման կարգի եւ թափօրի արարողութիւններէն ետք, եօթը եկեղեցիներ այցելելու սովորութիւնը յատուկ է Հալէպի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն: Սալիպէէն սկիզբ առնելով Ազիզիէէն, ապա Սուլէյմանիէ ու Նոր Գիւղ կարելի է կրկնապատիկ այցելութիւն կատարել: Այս շրջագայութեան ընթացքին որքան կը մօտենաս հայաբնակ թաղերուն, այնքան կը զօրանայ Ս. Զատկուան կարկանդակներու բոյրը` միախառնուելով նախատօնական մթնոլորտին հետ:
Մեր մանկութեան օրերուն, երբ տուներու մէջ արդիական փուռեր չկային, մարդիկ իրենց թաղի փուռը կը տանէին տան մէջ պատրաստած տօնական կարկանդակը, ժամեր առաջ կը բերէինք փռապանի սկուտեղները, որոնք անդադար տունէ տուն կը շրջագայէին մինչեւ ուշ գիշեր: Շաբաթներով ուտելու քանակութեամբ կարկանդակը տեսակաւոր խառնուրդի մը կը վերածուէր, դրացիներու, խնամիներու, ծանօթներու ղրկուած լեցուն ամաններու փոխանակումէն ետք, պատկեր մը, որ երանգապնակն էր Արեւմտահայաստանի մեր գաւառներու խոհանոցի քաղցրաւենիներուն:
Կեանքի զանազան պահանջներու եւ երեւոյթներու արդիականացման հետ, հաւկիթ ներկելու եւ զարդարելու տեսակաւոր արտադրութիւններ յայտնուեցան, սակայն Քրիստոսի արեան գոյնը խորհրդանշող սոխի կեղեւներով խաշուած եւ ներկուած հաւկիթները աւանդական մնացին:
Հաւկթախաղով բացուած խթման երեկոյի ընթրիքին ձուկն ու ձուի եւ կանաչեղէնի խառնուրդով տապկուած շրջածուն առաջին կարգի ուտելիքներն են, Յարութիւնը տարածուած անուն ըլլալով` ոմանք հրաւիրուած կ՛ըլլան անուանակոչութեան այս տօնին:
Կար ժամանակ, երբ Հալէպի առաքելական եկեղեցիներուն մէջ Ս. Յարութեան տօնի կիրակնօրեայ ս. պատարագը կ’աւարտէր շատ կանուխ, արեւածագին հետ: Տան այրերը, չափահաս տղոց ընկերակցութեամբ, ծխատէր քահանաներու նման, կը շրջէին իրենց բոլոր հարազատներուն, ընկերներուն եւ բարեկամներուն տուները, այս պարագային կիները տուն մնալու պարտաւորութեամբ, կը հիւրընկալէին այցելուները:
Արտասահման ապրող հալէպահայերս կարօտով կը սպասենք տօնական առաւօտուն միութենական քարտաբաշխումի ելած մեր պարմանուհիներն ու պատանիները, որոնց հայաբոյր բացիկները կը զարդարէին մեր օճախները:
Այսպէս ջերմ էր Հալէպը տարիներ առաջ Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներուն: Յաջորդ օրը անդենականի բնակիչներու այցելութեան յատկացուած է, Շէյխ Մաքսուտի շրջանը Հայոց ազգային գերեզմանատունը, որ հիմնուած է 1932 թուականին, շուրջ յիսուն հազար քառակուսի մեթր տարածութեան վրայ, տարիներու ընթացքին յաճախակի ընդլայնումներով, արժանացած է Բերիոյ թեմի կալուածոց հոգաբարձութեան խնամքին:
Աղջկանս մանուկ հասակի, իր առաջին այցելութեան առիթով, անմեղօրէն ըսածը կը մտաբերեմ, երբ մուտք գործեմ գերեզմանատուն. «Այսքան հայեր եթէ ապրէին, հիմա մենք շատ կ՛ըլլայինք», ըսաւ, երբ տակաւին ծանօթ չէր Ցեղասպանութեան:
Ս. Զատկուան մեռելոցի առիթով այցելութիւնը, գարնան ջերմութեան հետ, գերեզմանոցը ծաղկաստանի վերածուած, աջ ու ձախ բարեւողներ, կը հանդիպիս նաեւ արտասահմանէն այցելութեան եկած նախկին հալէպահայերու տօնական արտայայտութիւններուն, եւ ծանրագոյն սգաւորն անգամ մխիթարական մթնոլորտի մէջ կը զգայ ինքզինքը, հոգեկան հանգստութիւն մըն է ապրողներուս համար, միւսները վերէն կը դիտեն մեզ:
Կէսօրէ ետք աւանդական ժամադրութիւնն է երիտասարդութեան հետ, ՀՄԸՄ-ի միջմասնաճիւղային հանդիպումներէն ետք, աւանդական տողանցքը, կակուղ թաթիկներ, փողերախումբ, հարիւրաւոր մարզիկներ: Մեր ժողովուրդի վերապրումն ու զարթօնքն է, որ կ՛եռայ կաթսայի մը մէջ:
Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը ընդհանրապէս կը յաջորդէ Ս. Յարութեան տօնին, յիշողութիւնս կ’երթայ մինչեւ յիսնամեակ, այդ օրերուն կը յայտարարուէր` «Մեծ եղեռնի սգատօն», կէս դարու տարեկան յիշատակի եւ պահանջատիրութեան յուշը ապրած եմ, եւ, ի պատիւ Հալէպին, բոլոր հոսանքները այդ օր մէկ մարդու նման կը ներկայանան ժողովուրդին:
Զատկական մթնոլորտին կը յաջորդէ Նոր կիրակի (կրկնազատիկ), Աշխարհամատրան կամ Կանաչ կիրակի, Կարմիր կիրակի, մինչեւ Համբարձում, Յարութեան տօնի քառասնօրեակին, գարնանային հասուն վարդերու եղանակն է, վիճակ կը քաշուի: Այս առիթով միութիւնները կ՛ունենան նախաճաշի ձեռնարկներ` հազարաւորներու ներկայութեամբ, բացօթեայ ճաշարանները Հայաստանի սահմաններուն մէջ կ՛առնուին, «Համբարձում եայլա, լաւ օրեր եայլա» կը մաղթեն իրարու:
Լրիւ տասնամեակ մը առաջ սուրիահայութիւնը կաղնիի նման հզօր էր, Արաբական գարնան ենթարկուեցաւ աննախընթաց յօտումի, հաստափոր ճիւղեր հատուեցան ու այլ գաղութներու հայապահպանման առաստաղին յենարան դարձան:
Կաղնիի բունը միշտ կանգուն նոր ծիլեր կ՛արձակէ` դժուար պայմաններու մէջ աւելի կարծր ճիւղերու վերածուելու նշաններ տալով:
Ժընեւ