Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

Մարտ 31, 2021
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Նշմար»

ՍԱՐԻՆ ՊԱՃԱՔԵԱՆ

Ի՞նչ է ծրագիրդ:

Ծրագիրս լուսանկարչութեան հետ կապուած է: Տասը տարիէ աւելի հետաքրքրուած եմ լուսանկարչութեամբ եւ յաճախ կատարած եմ փորձեր` ինծի հանդիպած մեծ ու փոքր պատկերները անշարժացնելու: Երբ «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ին յայտը տեսայ, մտածեցի, որ լաւ առիթ մը կրնայ  ըլլալ տարիներու նախասիրած զբաղումիս քիչ մը լուրջ բնոյթ մը տալու: Միշտ սիրած եմ ամէնէն սովորական երեւոյթներուն մէջ գեղեցիկը նշմարել եւ մեր ամէնօրեայ պարզ յարաբերութիւններուն մէջ մարդկային միտքի եւ զգացումներուն նրբութիւնները շեշտել: Տարիներէ կը հետեւիմ «Հիումընզ աֆ Նիւ Եորք» ծրագիրին եւ ամէն անգամ, երբ քաղաքին մէջ ըլլամ, նման ոսպնեակով է, որ կը դիտեմ շուրջս: Կը սիրեմ լսել մարդոց պատմութիւնները, նոյնիսկ եթէ անոնք ընդհանուր պատկերին համար աննշան բաներու մասին են: Ուրեմն մտածեցի պատկերն ու լեզուն իրարու միացնելով` ստեղծել աշխատանք մը, որ կը պատմէ սովորական մարդոց սովորական պատմութիւնները: Ինծի համար կարեւոր էր նաեւ վաւերագրել ձայնաւոր խօսքը, որովհետեւ հոն կան նրբութիւններ, որոնք գրաւորին մէջ չեն երեւիր: Ուրեմն ծրագիրս կը կոչուի «Նշմար» եւ կը նշմարէ հայու պատառիկներ` Պուրճ Համուտէն Այնճար, Այնճարէն Երեւան, եւ ուր որ պատահի:

Ինչպէ՞ս կ՛ընթանան «Նշմար»-ին աշխատանքները:

Լուսանկարչական գործիքս միշտ հետս է: Ընդհանրապէս, երբ աչքերովս բան մը նշմարեմ, շատ արագ կ՛ուզեմ թարգմանել  զայն լուսանկարի լեզուով: Նախօրօք ծրագրաւորելը շատ մեծ դեր մը չունի այս նախագիծին համար: Ես միշտ պատրաստ եմ «որսալու» պատկերներ: Բնական է` կը պատահի, որ գտնուիմ տեղ մը կամ անձերու հետ, որոնց լուսանկարչական գործիքս սիրահարի, եւ ես առատ նիւթ ստեղծեմ. այս մէկը բախտաւորութիւն է անշուշտ: Մարդոց արտայայտութիւնները շատ խիստ ձեւով կապուած են անոնց գտնուած միջավայրին հետ, եւ կան միջավայրեր, որոնք կը ներշնչեն աւելի քան ուրիշներ: Լուսանկարներս ընդհանուր գիծ մը չունին, անոնց մեծ մասը պատահականութեան ծնունդն է, եւ ինչպէս որ հասարակութիւնը կազմուած է իրարմէ անջատ, բայց մէջ մէջի հիւսուած տարրերով, նոյն ալ «Նշմար»-ն է:

Լուսանկարելու ընթացքին կը զրուցեմ խնդրոյ առարկային հետ եւ անոր պատմած պատմութիւններուն մասին հարցումներ կը հարցնեմ: Ձայնագրիչ գործիքս ալ միշտ հետս է, եւ անմիջական խօսակցութիւնները կը ձայնագրեմ: Անշուշտ նկարներուն մէջ եղող անձերը նախապէս տեղեկացուցած կ՛ըլլամ ծրագիրիս մասին եւ գործը կը շարունակեմ միայն այն անձերուն հետ, որոնք կը համաձայնին իրենց պատկերը, ձայնը եւ պատմութիւնը կիսել հանրութեան հետ: Մէկ վերջնական նիւթի հասնելու համար կ՛ունենամ տասնեակ լուսանկարներ եւ նոյնքան ձայնագրութիւններ: Այս բոլորը ուշադիր ուսումնասիրելով` կը համադրեմ եւ յետոյ ալ կը գրեմ փոքրիկ գրութիւն մը: Ուրեմն աշխատանքը բազմաբնոյթ է: Պատկեր, գրաւոր եւ բանաւոր խօսք:

Ի՞նչ պակաս կը լրացնէ այս ծրագիրդ մեր իրականութեան մէջ:

Գոնէ Լիբանանի հայկական շրջանակներուն մէջ յաճախ զրկուած ենք ազատ արտայայտուելու հնարաւորութենէն: Մեր դպրոցներէն սկսած` մենք կը մեծնանք կաշկանդուած միջավայրերու մէջ, եւ մեր զգացումներուն մասին խօսիլը ընդհանրապէս կը համարուի անիմաստ եւ անտեղի: Նախանձելի է տեսնել, թէ ուրիշներ որքան հանգիստ կրնան գործածել իրենց լեզուն` իրենց միտքերն ու զգացումներ արտայայտելու համար, առանց դատուելէ վախնալու: Մեզի համար այս մէկը դիւրին չէ, որովհետեւ հայերէնը կարծես միայն բեմերէն լուրջ նիւթերու մասին խօսելու համար է: Ուզեցի, որ այս ծրագիրը վայր մը ըլլայ, ուր ե՛ւ լուսանկարներուս հերոսները ե՛ւ ես կարենանք հանգիստ խօսիլ ամպի մը, թռչունի մը կամ սուրճի գաւաթին տակը երեւցող ճամբուն մասին:

Ինչո՞ւ կը կարծես, թէ կարեւոր է նման ծրագիրներ իրականացնել արեւմտահայերէնով:

Ես յաճախած եմ հայկական վարժարան եւ ամբողջ կեանքս շրջապատուած եղած եմ հայերէնով: Վերջին շրջանին, երբ արեւմտահայերէնի մասին խօսակցութիւնները սկսան հանրային դառնալ եւ ընկերային ցանցերու վրայ յաճախ քննարկուիլ լեզուին առնչուող նիւթեր, սկսայ ինքզինքս փնտռել այդ բոլորին մէջ: Հասկցայ, որ որոշ յառաջ քաշուած վարկածներ ճիշդ էին, եւ հակառակ որ իմ տուն-դպրոց-ընկերներ շրջանակս արեւմտահայերէնով միացած էին իրարու, բայց լեզուին հետ ես այնքան ալ հանգիստ չէի: Կը պատահի, որ ամէնէն պարզ բառերը անգամ գտնելու համար բառարանը բանամ կամ թարգմանիչը գործածեմ: Սկսայ ընկերային ցանցերու վրայ հետեւիլ արեւմտահայախօս էջերու եւ զրոյցներու ու փորձել կարելիս ընել գիտցածս գործածելու եւ զարգացնելու: Այս ծրագիրը կարծես ճիշդ ատենին վրայ հասաւ: Հիմա օրական դրութեամբ արեւմտահայերէնը մաս կը կազմէ իմ ստեղծագործութեանս ընթացքին, եւ կը կարծեմ, որ իմ գործածած պարզ եւ անմիջական լեզուն անոր կը վերադարձնէ որոշ բնական վիճակ մը:

Քեզի ի՞նչ կու տայ այս ծրագիրը:

Լուսանկարչական գործիքին ետեւը ըլլալը ինծի ուժ կու տայ: Առանց գործիքին` այնքան ալ մարդու մէջ մտնել չեմ սիրեր, եւ յարաբերութիւններ մշակելը դժուար է ինծի համար, սակայն լուսանկարչական գործիքը կը դիւրացնէ այս հարցը: Հակառակ որ հիմա հանգիստ օրեր չենք ապրիր եւ չենք կրնար հանգիստ հաղորդակցիլ իրարու հետ, կը զգամ, որ մարդոց ապրած ծանր օրերը շատցուցած են անոնց պատմութիւնները: Ցաւօք սրտի, Լիբանանի մէջ հիմա դէմքերուն մեծ մասը մտահոգութեան եւ ցաւի նոյն արտայայտութիւնները ունին, բայց կը յուսամ, որ մարդիկ իրենց պատմութիւններուն ընդմէջէն յիշեն իրենք զիրենք: Այս բոլորին մէջ ես ալ կը փնտռեմ գեղեցիկը, յոյսի նշոյլ մը եւ սփոփանքի պատճառ մը:

——————

Ես Սարին Սանտրա Պաճաքեանն եմ: Ծնած եմ Պէյրութ, 28 տարեկան եմ: Աւարտած եմ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, իսկ հիւրընկալութեան ղեկավարութեան համալսարանական վկայականս ստացած եմ Հայկազեան համալսարանէն:

Ուսումս բնաւ կապ չունէր «սիրած բաներուս» հետ: Փոքր տարիքէս կը պարէի, նախ պալէ, յետոյ հայկական եւ վերջապէս` Ֆլամենքոյի քանի մը դասեր:

Պարախումբի տարիներուն ձեռքերու շարժումները եւ երեսի արտայայտութիւնները նկարել շատ կը սիրէի: Այդ հետաքրքրութենէս ելլելով է, որ գնեցի լուսանկարչական առաջին սարքս եւ սկսայ նկարել:

Ինծի համար նկարելը շատ կարեւոր է, քանի որ միակ ձեւն է, որուն միջոցով կրնամ հասկնալ շրջապատս եւ այլ մարդիկը:

 

 

Նախորդը

Չարչարանքի Շաբաթը Եւ Մենք

Յաջորդը

Վեհափառ Հայրապետը Օրհնեց Տասը Կոյսերը Խորհրդանշող Փոքրիկները

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?