Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարութեան Տօնի Խորհրդածութիւն. «Տեսաւ Եւ Հաւատաց»

Ապրիլ 1, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Այն ատեն ներս մտաւ միւս աշակերտն ալ, որ առաջ գերեզմանը եկեր էր, տեսաւ ու հաւատաց: Վասնզի դեռ գրուածը չէին գիտեր, թէ պէտք է որ անիկա մեռելներէն յարութիւն առնէ» (Յովհաննու 20:8-9):

Յովհաննու աւետարանը իր գրութիւններուն մէջ իւրայատուկ մօտեցում-դիտարկումներ ունի` բաղդատած  Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս աւետարանիչներուն: Ան գրած է առաւելաբար Քրիստոսի յետյարութեան իրականութեան մասին: Անոր գլխաւոր նպատակն է ցոյց տալ Յիսուսի գեղեցիկ եւ հրաշափառ գործերը` որպէս ապացոյց, որ Ան Քրիստոսն է, եւ որ` Իրեն հաւատալով պիտի ունենանք Նոր կեանք:

Հատուածին մէջ զարգացող ընթացքը այս է: Քրիստոսի մահէն ետք Անոր մարմինը դրին գերեզման: Մարիամ Մագթաղենացին կ՛երթայ եւ կը տեսնէ, որ «քարը գերեզմանի դռնէն վերացած է»  (Յովհաննու 20:1), եւ Յիսուս հոն չէ: Նոյն փորձառութիւնը ունեցաւ Սիմոն Պետրոս, երբ տեսաւ, որ Յիսուս հոն չէր: «Չենք գիտեր` ո՛ւր դրին զանիկա» (Յովհաննու 20:2): Անոնք տեսան, որ գերեզմանը պարապ էր, եւ կար տարակուսանքը, թէ պարապութիւնը ի՛նչ կրնար նշանակել: Ոչնչութի՞ւն, թէ՞ ճշմարտութեան հաստատումը:

Աշակերտները հաստատեցին ճշմարտութիւնը: Անոնք «տեսան եւ հաւատացին», որ Քրիստոսի յարութիւնը իրական էր, եւ հոսկէ արժէ պարզել եւ տարանջատել «տեսան» բայ-բառի նշանակութիւն-հասկացողութիւնը:

Տեսնել-տեսան  յունարէն բնագրին մէջ կը բացատրուի որպէս զգալ, իմանալ, նշմարել եւ ըմբռնել: Ըմբռնելու մէջ պիտի ներառել մէկ կողմէ հասկնալու իրականութիւնը, բայց նոյնքան նաեւ` այդ հասկցածդ մտքիդ մէջ իւրացնել,  գիտակցիլ անոր բովանդակութեան եւ տրամաբանել: Երբ աշակերտները տեսան, որ գերեզմանը պարապ էր, անոնք կրցան զգալ եւ նշմարել այն կեանքը, որ անոնք ապրեցան իրենց Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի հետ, երբ Ան աշխարհի վրայ էր: Անոնք զգացին Յիսուսի հետ իրենց ապրած կեանքին իրականութիւնը եւ այժմէականութիւնը, բայց նաեւ հասկցան, որ  Քրիստոսի հետ այդ ապրուած կեանքը ճշմարիտ էր: Այդ ճշմարիտ կեանքին գիտակցեցան եւ իրենց մտքով իւրացուցին զայն եւ հաւատացին անոր:

Իսկ հաւա՞տքը:  Համոզմունք, վստահութիւն եւ յոյս է: Քրիստոնէական աստուածաբանութեան մէջ այդ կը նշանակէ ընդունիլ Աստուծոյ գոյութեան ճշմարտութիւնը: Աշակերտները հաւատացին, որ «գրուածը որ չէին գիտեր» ճշմարիտ է եղեր (Յովհաննու 20:9): Անոնք կրցան համոզուիլ այդ բոլոր բաներուն վրայ, որ Քրիստոս կը խօսէր իր կենդանութեան ընթացքին. «Քանզի ինչպէս Յովնան երեք օր ու գիշեր ձուկին փորին մէջ  մնաց, այնպէս Որդին Մարդոյ պիտի մնայ երկրի սրտին մէջ երեք օր ու երեք գիշեր» (Մատթէոս 12:40):

Աշակերտները հաստատեցին Քրիստոսի վկայութիւնը, որ Ան երեք օր ետք յարութիւն պիտի առնէ: Աշակերտները տեսան ու հաւատացին, որ Քրիստոս իսկապէս «Սրբութեան Հոգիին կողմէ Աստուծոյ Որդի յայտնուեցաւ զօրութեամբ` մեռելներէն յարութիւն առնելով» (Հռովմայեցիս 1:4), եւ որ` Քրիստոսի յարութեամբ անոնք եւ այսօր մենք ունինք յարութեան կեանքի ապահովութիւնը, որ վստահութիւն կը ներշնչէ. «Եթէ մենք մինչեւ Տիրոջը գալուստը ողջ մնանք, բնաւ ննջեցեալներէն առաջ պիտի չանցնինք» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4:14): Եւ նոյնքան նաեւ` որ  յարութիւնը ունի շարունակական ընթացք, իմա՛ յոյսը, որ մարդուն կը շնորհէ փրկութիւն եւ նոր կեանք` աշխարհի վրայ եւ յաւիտենականութեան մէջ. «Ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմինէն: Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տիրոջը` Յիսուս Քրիստոսի ձեռքովը» (Հռովմայեցիս 7:24-25):

Յարութիւնը ցոյց տուաւ եւ ապացուցեց, որ Քրիստոս, երբ մարդուն կողմէ դատապարտուեցաւ եւ մահացաւ որպէս «մեղաւոր», անմեղ էր: Աւելի՛ն. իր սէրը համապարփակ եւ բոլորին էր ու տակաւին է: Քրիստոսի անձնազոհութիւնը անսահման էր, որպէսզի աշակերտները` անոնք, որոնք տեսան, թէ գերեզմանը պարապ էր, տեսնեն եւ հաւատան:  Բայց նաեւ մենք` իւրաքանչիւրս այսօր, որ կեանքի տարբեր փորձառութիւններու մէջ դէմ յանդիման կու գանք  «պարապութիւն»-ներու, գիտակցինք եւ վստահինք, որ կայ Քրիստոսի շնորհած ճշմարտութիւնը: Ճշմարտութիւն մը,  որ կրնայ լեցնել եւ արժեւորել մեր կեանքերը, եւ որ` նոյնպէս կրնանք տեսնել զայն եւ հաւատալ անոր:

Աշակերտները տեսան, հաւատացին եւ նորէն «իրենց տունը գացին» (Յովհաննու 20:10): Ասորերէն բնագրին մէջ «տունը գացին»-ը ունի իւրայատուկ բացատրութիւն:  Այս կը բնութագրուի որպէս «իրենց հարազատ տեղը»: Իսկ հայերէնի պարագային, «տուն» բառը  ունի հնդեւրոպական բացատրութիւն-արմատ` dem, dem(o): Ան կը բացատրուի որպէս կառուցել եւ զիրար յարմարցնել: Աշակերտները, որոնք իրենց «տունը գացին», պիտի հասկնալ, որ անոնք իրենց տեսածը եւ հաւատացածը, իմա` Քրիստոսի յարութիւնը եւ անոր շնորհած նոր կեանքի գիտակցութիւնը, իրենց համար չպահեցին: Անոնք ուզեցին այդ փորձառութիւնը իրենց հարազատներուն հետ կառուցել եւ յարմարեցնել իրենց նոյնքան հարազատ տեղերուն մէջ: Իսկ հարազատը ու հարազատ տեղը նոյն մարդուն ինքնութիւնն է, ընտանիքը, շրջանակը ու անպայմանօրէն` ազգը եւ հայրենիքը:

Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին միշտ ալ կառչեցաւ յարութեան ճշմարտութեան եւ անոր շնորհած նոր կեանքի իրականութեան: Հայը ապրեցաւ Ցեղասպանութիւնը, որ իր կեանքին մէջ ստեղծեց «պարապութիւն», բայց ան կրցաւ զայն «լեցնել», իմա՛ բուժել, նոր կեանքին գիտակցութեամբ: Այս իմաստով հայը Ցեղասպանութենէ ետք նոր կեանք մը շինեց ու վերապրեցաւ: Հայուն կեանքը` անհատական, ընտանեկան, հաւաքական եւ ազգային: Հայը տեսաւ ու հաւատաց Քրիստոսի շնորհած յարութեան ուժին իրականութեան:

Այսօր պատմութիւնը դարձեալ ինքզինք կը կրկնէ: Արցախեան պատերազմէն ետք հայը այսօր դարձեալ կը գտնուի իր պատմութեան մէկ մեծ եւ բախտորոշ փուլի մը սեմին: Հայուն կեանքին մէջ դարձեալ ստեղծուած է «պարապութիւն» մը: Հայը կանչուած է դարձեալ լեցնելու իր կեանքին մէջ այս նոր ստեղծուած պարապութիւնը:

Հարցումը ինծի եւ իւրաքանչիւր հայուն` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ. պիտի կարենա՞նք դարձեալ տեսնել եւ հաւատալ Քրիստոսի յարութեան շնորհած ուժին: Ա՛յն ուժը, որ մեր պարպուած կեանքերը պիտի լեցնէ եւ բուժէ նոր տեսլականով: Նոր տեսլական մը, որ հայուն պիտի տայ նոր կեանք: Նոր կեանքը, ուր հայը պիտի շարունակէ ապրիլ այսօր եւ տակաւին դնէ զայն իր պատմութեան շարունակականութեան մէջ:

Իսկ նոր կեանքը:

Ան պիտի գայ` տեսնելով եւ հաւատալով: Տեսնել եւ հաւատալ, որ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնը Քրիստոսի: Այս այն օրհնեալ յարութիւնն է, որ մեր կեանքերու պարապութիւնը կը լեցնէ նոր կեանքով, եւ որ` արժէ տեսնել եւ հաւատալ անոր:

Քուէյթ, մարտ 2021

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Արարիչով` Նո՛ր Արարածներ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?