Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հօրս Մտերմութեան Հետ

Ապրիլ 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱՄ

«Ապրոն Քնէյթրայէն կը ճանչնամ»:
«Ապրոն Դամասկոս դասընկերս էր»:
«Ապրոյին հետ յիշատակներ ունիմ Պոլոնեայէն»:
«Ապրոն խոնարհ ու հաւատաւոր ընկեր էր»:
«Ապրոն եղբայրս էր»:
«Առանց Ապրոյին եւ Գառնիկին, Արաքս փողոցը տարբեր է»:

40 օրերէ ի վեր այս խօսքերը կը լսեմ բոլորէն: Խօսքեր, որոնք կ՛ամփոփեն հօրս կեանքի 69 տարիները` սկսելով Քնէյթրայէն, անցնելով Դամասկոս, հասնելով մինչեւ Պուրճ Համուտ եւ Անթիլիաս: Այս գրութեամբ, կ՛ուզեմ ներկայացնել կարճ դրուագներ իրեն հետ ունեցած յիշատակներէս:

Ամբողջ կեանքը զոհած էր` փորձելով զիս բանէ չզրկել, մանաւանդ` ուսումէն: Մօտէն կը հետեւէր ուսմանս ընթացքին եւ միշտ կ՛առաջարկէր շարունակել ուսումս ու աւելի բարձր վկայականներու տիրանալ:

Յանձնառու անձի համար գաղափարը եւ սկզբունքը ընդհանրապէս շատ մեծ դեր կը խաղան առօրեայ կեանքին մէջ: Կը հաւատար, որ Հայաստանի մօտ գտնուող գաղութները պէտք է գոյատեւեն` ի գին ամէն բանի, եւ որ Հայաստանէն դուրս հայ մնալու միակ միջավայրը Միջին Արեւելքն է: Այս պատճառով ալ կը մերժէր արեւմուտքը իր նիւթեղէն փառքերով: 2015-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակի նուիրուած ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական մարմին կազմակերպած ձեռնարկին նախօրեակին, գրած էի «Յարգա՛նք ձեզ (Լիբանանի հետ, հայութեան համար)» խորագիրով յօդուած մը, որուն մէջ անդրադարձ կը կատարէի բոլոր այն տղոց, որոնք չնահատակուեցան պատերազմի ընթացքին, բայց որոնք իրենց երիտասարդ տարիքին, մէկ կողմ դնելով կեանքի հաճոյքն ու անձնական շահը, փութացին լիբանանահայութեան պաշտպանութեան: Այդ գրութեան հիմնական դրդապատճառը հայրս էր, որովհետեւ ան իմ իտէալս էր, ան իր երիտասարդութիւնը զոհելով փորձեց բոլորին օգնութեան հասնիլ, պահակութիւն ընել եւ այս ճամբուն վրայ նոյնիսկ կեանքը վտանգեց: Ան եւ իր տարեկիցները կը հաւատային, որ այսպիսով կը ծառայէին հայութեան եւ Հայաստանի դատին: Հայաստան մը, որ ան երբեք չտեսաւ, սակայն ամէն օր ապրեցաւ անոր երազով: Կը յիշեմ, նոյեմբեր 9-ի գիշերը ինչպէս խելագարի մը պէս արթնցուց ինծի` ըսելով. «Ե՛լ, ծախեց»: Ապրիլ 2018-էն ի վեր թունդ հակառակորդ էր Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն եւ վստահ էր, որ վատահամբաւ վարչապետը ուշ կամ կանուխ, իր բառերով, «պիտի ծախէր Արցախը»:

Կը փորձէր միշտ քուլիսներու ետին մնալ, չէր սիրեր ձեռնարկներուն առաջին շարք նստիլ, նոյնիսկ եթէ ի պաշտօնէ իրեն տեղ վերապահուած  ըլլար: Բոլոր հանդիսութիւններուն իր բնական տեղը կը սեպէր սրահի ետեւի մէկ անկիւնը եւ բուռն ձեւով կը քննադատէր բոլոր անոնք, որոնք առաջին շարք նստելու համար «վէճերու» պատճառ կը դառնային:

Ունէր դաստիարակութեան յատուկ ձեւ մը: Չէր ըսեր ի՛նչ պէտք է ընեմ կամ ինչպէ՛ս վարուիմ, այլ իր աշխատանքով ու վարուելակերպով կը դաստիարակէր: Այսպէս կը փորձէր իր կարողութեան սահմաններու մէջ ծառայել հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն (կուսակցութիւն, բարեսիրական-մշակութային միութիւն, եկեղեցի, դպրոց): Իր արհեստի բերումով կազմակերպութիւններ կը դիմէին իրեն` օժանդակելու իրենց ձեռնարկներու յայտարարութիւններու եւ պաստառներու պատրաստութեան. սիրով կ՛ընդառաջէր անոնց դիմումին եւ յաճախ առանց նիւթական  որեւէ ակնկալութեան: Երբ հարցնէի, թէ ինչո՛ւ իրաւունքդ չես պահանջեր, իրեն յատուկ ժպիտով կ՛ըսէր` «այս ալ իմ ծառայութիւնս է»:

Ամէն անգամ որ այցելէինք Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, չէր բաւարարուեր մոմ եւ խունկ վառելով մեր ընտանեկան պարագաներուն դամբարաններու վրայ: Միշտ պէտք էր նաեւ մոմ մը վառէր եւ կամ ականջիս փսփսալով խնդրէր, որ ես վառեմ ՀՅԴ պանթէոնին, Լիզպոնի տղոց եւ վերջին տարիներուն ալ, իր շատ սիրելի ընկերոջ` Սերժ Թովմասեանին դամբաններուն վրայ: Կը խոստանամ շարունակել այս սովորութիւնդ:

Երկու առիթով արցունք տեսած եմ հօրս աչքերու մէջ. առաջինը` հօրաքրոջս յուղարկաւորութենէն ետք, եւ երկրորդը` ամէն անգամ որ արտասանէր իր ընկերջ` Սերժ Թովմասեանի անունը: Ամբողջ էութիւնը կը փոխուէր, երբ յիշէր, իր արտայայտութեամբ, Սերժիկը եւ կը վերադառնար 1970-ականներու սկիզբը: Այսօր վստահ երկուքը իրարու միացած են, եւ վստահ եմ, որ հայրս իրենց առաջին հանդիպումին ուրախութեամբ պատմած է, որ գործադրած է իր խոստումը: Արդարեւ, ընկեր Սերժին ու հօրս իտէալը Արամ Մանուկեան էր, եւ որոշած էին իրենց առաջին տղայ զաւակը Արամ կոչել: Ընկեր Սերժին նահատակութենէն 13 տարի ետք հայրս կատարած է իր խոստումը (թէեւ քիչ մը նեղացնելով մեծ հայրս) եւ միշտ հպարտութեամբ կ՛արտայայտուէր այդ մասին:

1 յունուար 2021-ին արդէն «Քորոնա» ժահրի ախտանշանները սկսած էին ի յայտ գալ հօրս մարմնին վրայ: 2 յունուարին պնդեց գործի երթալ, առանց գիտնալու, թէ այդ պիտի ըլլար վերջին անգամը, որ կ՛այցելէր իր շատ սիրելի Պուրճ Համուտը: Այդ օրը իմացաւ նաեւ, որ իր ամենամտերիմ ընկերը` Գառնիկ Մկրտիչեանն ալ անհանգիստ է: 6 յունուարին վերջին անգամ ըլլալով դուրս ելաւ տունէն` ուղղուելու հիւանդանոց եւ իր վերջին հարցումը եղաւ. «Գառնիկէն ի՞նչ լուր»: Ընկեր Գառնիկը արդէն մահացած էր… Առանց գիտնալու մեկնեցաւ հիւանդանոց, ուր պատահմամբ իմանալով ընկեր Գառնիկի մահուան լուրը` անկողինին մէջ «եղբայրս մահացաւ» պոռացած է: Հիւանդանոց մնաց մինչեւ 13 փետրուար եւ վերջին շաբթուան ընթացքին այլեւս յուսահատ, կարծէք յանձնուած էր մահուան:

Մեր վերջընթեր հանդիպումին, 9 փետրուարին, իր առաջին հարցումը եղաւ. «Գառնիկը գնա՞ց»: Տակաւին չէր հաւատար եւ կ՛ուզէր, որ մէկը հաստատէ իրեն այդ իրականութիւնը: Ապա հարցուց բոլորին մասին, խրատներ տուաւ, իր «չաւարտած» գործերու մասին զեկուցեց եւ իր վերջին խնդրանքները պահանջեց: Մեր վերջին հանդիպումը, 11 փետրուարին, աւելի կարճ տեւեց, արդէն բաւական յոգնած էր, խնդրեց մայրս տեսնել: 12 փետրուարի վերջին խնդրանքն ալ կատարուեցաւ` մօտ մէկ ժամ մօրս հետ անցընելով: Իսկ 13 փետրուարի առաւօտեան ժամը 4:20-ին հայրս առյաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ` ձգելով յիշատակներու անծայրածիր երիզ մը:

Կարօտով, մէկ հատիկ զաւակդ`
ԱՐԱՄ

Նախորդը

Կարօ Քեպապճեանը

Յաջորդը

Բողոքի Ցոյցերը Արդիւնաւէ՞տ Են, Թէ՞ Ոչ

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?