Յօդուածներ

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Քեսապի Մէջ Ընթացք Առաւ «Միսաքեան» Մշակութային Կեդրոնին Վերանորոգման Ծրագիրը Նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, ներկայութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ Շանթ Ակիշեանի, գիւղապետ Վազգէն Չափարեանի, Հայ աւետարանական եկեղեցիներու ժողովականներու եւ քեսապահայերու,  25 մարտին Քեսապի մէջ մեկնարկը տրուեցաւ «Միսաքեան» մշակութային կեդրոնի Վերանորոգման ծրագիրին, որ մշակութային կեանքի զարթօնքի նոր յոյս պիտի ներշնչէ քեսապահայ նոր սերունդին:...

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

Վազրիկ Շողակ Յովհաննէսեան - Ի՞նչ է ծրագիրդ: Քիչ մը պատմէ այդ մասին: Ծրագիրս կը կեդրոնանայ նկարչական վէպ մը (շարանկար) ստեղծելու վրայ: Շարանկարը ուրեմն պատկերներու եւ գրութեան միաձուլում մըն է, ուր անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր գործառոյթը: Պատմութիւնը տեղի կ՛ունենայ Պուրճ Համուտի մէջ եւ կը ներկայացնէ հոն բնակող հայ ծագում ունեցող Վազրիկ Լուցկիին կեանքին մէկ ակնթարթը, որ կը մեկնաբանուի զուգահեռ աշխարհներու դիտանկիւնէն:...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Քանի՞ Յուշարձան Պէտք Է Փճացնեն…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Իւրաքանչիւր արեւածագի հետ Արցախէն նոր գոյժ մը կը հասնի հայաշխարհին: Խօսքը միայն պատերազմի օրերուն նահատակուած զինուորներու աճիւններուն մասին չէ, այլ նաեւ` եկեղեցիներու, գերեզմաններու, մշակութային կոթողներու փճացման, հայութեան հետքերու ջնջումին մասին: Օր աւուր երկարող ցանկին դէմ, բողոքի եւ ընդվզումի արտայայտութիւնները... «մենք կ՛ըսենք` մենք կը լսենք» առաւելաբար: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան ԻՐԱԿԱՆ աշխարհին մէջ, մեր ու տեսնել ուզողներո՛ւ աշխարհի աչքերուն...

«Արտաւազդ» Թատերական 20-րդ Մրցանակաբաշխութիւն

«Արտաւազդ» Թատերական 20-րդ Մրցանակաբաշխութիւն

Մարտ 27-ին` Թատրոնի միջազգային օրը, Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արտաւազդ» ամէնամեայ թատերական մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ներկայ էին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Դումանեանը եւ նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը: Յայտնենք, որ յոբելենական 20-րդ մրցանակաբաշխութիւնը նուիրուած էր Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, մրցանակաբաշխութեան հիմնադիր Երուանդ Ղազանչեանի յիշատակին: Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Նուիրեալ Դաշնակցական Կարօ Քեպապճեան Յետմահու Պարգեւատրուեցաւ «Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան «Եռաբլուր»-ի մէջ յետմահու պարգեւատրուեցաւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով : Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը յանձնեց Կ. Քեպապճեանի տղուն եւ ըսաւ, որ` «Կարօ Քեպապճեանի կեանքը ինքնին եղած է մեր ժողովուրդին պատմութեան արտացոլացումը: Անոր ծնողները մազապուրծ...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Մելիք Եգան Եւ Ելիզաւետա Պետրովնա Կայսրուհի ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ջրաբերդ Ամրոցը Եւ Մելիք Ալլահ Ղուլի Սուլթան Խամսայի մելիքութիւններու կառավարիչ Դիզակի մելիք Եգան, Իրանի Նատիր շահի մօտիկ զինակիցը, վստահելին ու խորհրդատուն, մօտիկ կապեր ունէր նաեւ ռուսական արքունիքին հետ եւ ռուս պետական ու զինուորական շրջանակներու յարգանքը կը վայելէր: Մելիք Եգան Պետրոս Մեծի պարսկական արշաւանքներու ժամանակ մեծ ծառայութիւններ մատուցած էր ռուսական բանակին: Ներկայ եղած...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի

Վերջին օրերուն, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարական ղեկին կառչած վարչախումբի որոշ ներկայացուցիչներ՝ հանդէս եկան «տարածաշրջանային համագործակցութեան», Թուրքիոյ հետ «չթշնամանանք»ի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը նսեմացնելու յայտարարութիւններով, միաժամանակ, կասկածի տակ առնելով հայրենիքի պատմական տարածքներու պատկանելիութեան իրողութիւնը։ Օրէ օր աւելի ակնյայտ կը դառնայ թէ Արցախի երրորդ պատերազմի պարտութեան մեղքի ու ամօթի խարանը իր ճակտին կրող այս խմբակցութիւնը՝ ի գործ կը դնէ Նոյեմբեր 9-ի անձնատուական...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի

(Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու մասին) Երկու ամիսէ ի վեր, Հայաստանի այսպէս կոչուած «իշխանական» շրջանակէն կը հնչեն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման բացայայտ կոչեր, առեւտրա-տնտեսական բարելաւման եւ սահմանի բացման քօղին տակ, որ սակայն խորքին մէջ կը միտի մեր ժողովուրդի պատմական անցեալը մատնել մոռացութեան, հրաժարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային պահանջէն, ինչպէս նաեւ՝ արցախեան հիմնահարցէն: Այլ բացատրութիւն չունին արտաքին գործոց նախարարի, Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարի, Ազգային Ժողովի...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի

Սիրելի հայրենակիցներ, Ծանր ու վտանգաւոր կացութեան մէջ է Հայաստանը։ Վտանգուած է պետութեան գոյութիւնը, որովհետեւ տիրող վարչախումբը, անցնող մօտաւորապէս 3 տարիներուն ընթացքին, կարծէք միտումնաւոր կերպով, օրէ օր տկարացուց Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառոյցները։ Իսկ պատերազմի օրերուն, նոյն այդ վարչախումբին ու անոր ղեկավար ՆիկոլՓաշինեանի ապաշնորհ ու դաւաճանական կառավարման իբրեւ արդիւնք, մենք ունեցանք շատ ծանր կորուստներ, թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ հողային։ Ունեցանք տասնեակ հազարաւոր...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դէպի Ո՞ւր, Հա՛յ Ժողովուրդ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մասթըր Կարոն` Մեր Բոլորին Մասթըրը

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Սրտի խոր կսկիծով տեղեկացայ հանրածանօթ եւ վաստակաւոր, սերունդներու դաստիարակ` յարգարժան Կարօ Քեպապճեանի վաղաժամ մահուան մասին, որ պատահեցաւ մարտ 31-ին, հայրենիքի մէջ: Ուրկէ՞ սկսիլ, ինչպէ՞ս նկարագրել անձ մը, որ պէտք չունի որեւէ ծանօթացման, որովհետեւ անոր ամբողջ կեանքը եղած է զոհաբերում հայ ժողովուրդին, հայ ազգին եւ հայրենիքին: Արդարեւ, կ՛ուզեմ պարզապէս վկայութիւններս մէջբերել այս եզակի անձին մասին, որ մեծ դեր...

Անտեսեցին Մեր Նահատակների Կանչը, Պատգամը, Հասարակութիւնը Վերջնականապէս Պառակտեցին

Անտեսեցին Մեր Նահատակների Կանչը, Պատգամը, Հասարակութիւնը Վերջնականապէս Պառակտեցին

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ ՇԱՂԻԿ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ Պատկերացնո՞ւմ էք` ինչ կը լինէր, եթէ 2020թ. նոյեմբերի 11-ին «իմքայլական» պատգամաւորները հաւաքուէին, պահանջէին բոլոր առումներով ձախողած վարչապետի հրաժարականը, կազմակերպէին արագացուած հանրային լսումներ, հաւաքէին բոլոր, անխտի՛ր բոլոր քաղաքական ուժերին մի սեղանի շուրջ, գային համաձայնութեան, ընտրէին ընդունելի վարչապետի թեկնածու, ժամանակաւոր կառավարութիւն, որը, բոլորի օգնութեամբ, երկիրը կը հասցնէր նուազից գոնէ 0-ական մակարդակի, հող կը նախապատրաստէր արտահերթ ընտրութիւնների:...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Արցախեան 1001 Պատում. Ծիծաղ Եւ Ափսոսանք. Աղանդներու Եւ Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւններու Դարաշրջան

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Կար ժամանակ, որ աղանդներու գործունէութեան լուրերը ողողած էին հայ իրականութիւնը, մասնաւորաբար` հայրենիքի մէջ: Հակառակ զգուշացումներու եւ հերթական բարձրաձայնումներու` անոնց վտանգաւոր գոյութեան ու ազգաքանդ աշխատանքին մասին, միայն ծիծաղի ու հեգնանքի արտայայտութիւններ կը լսուէին այս ու այդ կողմ, պատասխանատուի(ներու) կամ հոգեւոր պետի(երու) բերնէն: Կարծես, ոչինչ կը պատահէր` հայ կեանքը յուզող կամ ալեկոծող երեւոյթներու դէմ յանդիման: Ազգային կեանքի թերութիւններն ու ղեկավար...

Թաւշեայ  Յեղափոխութեան Վարչապետը ` Գիրքի Հեղինակ. «Երկրի  Հակառակ  Կողմը» –  Նիկոլ Փաշինեան

Ակնարկ. Հայաստանը Մե՞րն Է

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Այս տարօրինակ հարցումը կ՛ուղղեմ հայրենի ժողովուրդի այն հատուածին, որ տակաւին Նիկոլի «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-էն գինովցած` թմբիրի մէջ կ՛ապրի ու դեռ չէ արթնցած տեսնելու համար հայրենիքի արդի պատմութեան սեւ  էջը: Երեք տարիներ առաջ համայն հայութեան երազներու հորիզոնին վրայ  ուրուագծուած ծիրանի գօտին հազիւ եռամսեակ մը ապրեցաւ, ոմանք շուտով անդրադարձան, որ  այդ ծիրանի գօտիի շքեղ գոյներուն տակ թաքնուած են «սեւն ու սպիտակ»-ը:...

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

Սփիւռքահայ Գրողներ Յարութ Կիւլիւզեան - Ի՞նչ է ծրագիրդ: Ծրագիրս սփիւռքահայ վեց գրողներու` Անդրանիկ Ծառուկեանի, Աբրահամ Ալիքեանի, Պօղոս Սնապեանի, Պէպօ Սիմոնեանի, Սարգիս Կիրակոսեանի եւ Յակոբ Մանուկեանի մասին վաւերագրական տեսերիզներ պատրաստել է: Իւրաքանչիւր գրողի պարագային, սկզբունքով, խօսք պիտի առնեն անոր ընտանիքի անդամներէն մէկը, գրչընկեր մը կամ գրականագէտ մը ու մտաւորական մը: Միջանկեալ պէտք է ըսեմ, որ կարգ մը գրողներու պարագային, ինչպէս` Ալիքեանի...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.   Եռաբլուրը Որո՞ւ Պիտի Քուէարկէ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Եռաբլուրը Որո՞ւ Պիտի Քուէարկէ

«Հռչակը անհասկացողութեան թերեւս ամենավատ ձեւն է» ԽՈՐԽԷ ԼՈՒԻՍ ՊՈՐԽԵՍ (Արժանթինցի վիպագիր, 1899-1986) Աւելի քան շաբաթ մը առաջ, ետ ու առաջ քանի մը ոստոստումէ ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յանկարծ յարմար նկատեց, որ Հայաստանի մէջ կարիքը կայ ընտրութիւններու... Հարց կը ծագի. կանխահա՞ս, կանխայա՞յտ, թէ՞ ... կանխամտածուա՞ծ: «Աստուած գիտէ»` պիտի ըլլայ մինչեւ իսկ ամէնէն անհաւատ հայորդիին պատասխանը: Հետաքրքրական էր, որ յարգուած եւ լայն...

Առանց Դափնիների Ու Ծափերի…  «Ալիք»-ի 90-Ամեակի Առիթով

Առանց Դափնիների Ու Ծափերի… «Ալիք»-ի 90-Ամեակի Առիթով

1931 թ. մարտի 22-ի իր առաջին ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ-ով նորամուտ «Ալիք»-ը ազդարարում էր հետեւեալ գաղափար-բանաձեւը. «Գիտենք եւ այն, որ ոչ մի հայ հրապարակագիր չի պսակուել մեզանում դափնիներով...»: Եւ իրաւամբ, 90 տարի անց այդ գաղափար-բանաձեւը չի դադարում արդիական լինելուց, քանզի տասնամեակներ շարունակ ծափեր որսալն ու դափնեպսակներով «զարդարուելը» մեզ մօտ սեպուել են որպէս անինքնանպատակ, անցողիկ ու անհեռանկար թերարժէքներ... Այս վերջիններս, սակայն, փոխարինուել են գերնպատակային...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Ա.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու ՆԱՍԱ-ի (Ազգային օդանաւորդային եւ անջրպետի վարչութիւն հիմնուած 1958-ին) 30 յուլիս 2020-ին դէպի Հրատ մոլորակ արձակած հրթիռը 18 փետրուար 2021-ին յաջողութեամբ մոլորակին գետինը հասցուց «Փըրսի»-ն` երկրէն կառավարուող հետազօտական ռոպոթ ինքնաշարժը (1): «Քիւրիոսիթի»-ին նախորդն էր, որ կարմիր մոլորակին գետինը հասաւ 5 օգոստոս 2012-ին, որուն պատրաստութեան համար աշխատած հայ մասնագէտներուն մասին նաեւ կ՛անդրադառնամ ստորեւ: 1. Հայկազեան քոլեճի Հրթիռներու ակումբին...

Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979

Երկու Դրուագ Քեսապի «Տայի» Ովսիա Սաղտըճեանէն

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ ժողովուրդը իր սիրած ու հեզահամբոյր նկարագիր ունեցող ղեկավարներու յաճախ «Քեռի» մակդիրը տուած է: Այսպէս, Չորրորդ գունդի հրամանատար Քեռին` Արշակ Գաւաֆեանը, իր զինուորներէն ու ժողովուրդէն սիրուած ըլլալուն պատճառով անոնցմէ ստացած է «Քեռի» կոչումը: Նոյնպէս Տէրսիմի քեռին եւ, այսպէս, Քեսապի քեռին` Տային` Ովսիա Սաղտըճեանը: Հասկնալու համար այս անզուգական մարդուն քեռի անուանումին պատճառը, նախ պէտք է, որ համառօտ տամ...

Սուրբ Ծնունդի Պատգամ.  Քրիստոսի Ծնունդով` Աստուծոյ  Շնորհքը  Յայտնուեցաւ

Զատկական Պատգամ Գերերջանիկ Տէր Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Սիրեցեա՛լ զաւակներ, Եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս, Ներկայ աշխարհը վախի աննախընթաց օրեր կ՛ապրի այս օրերուս. ի մէջ այլոց, մարդկութիւնը կը հարուածեն ահռելի աղէտներ, որոնց նմանը չէր տեսնուած ցայսօր` ահ ու սարսափի մատնելով ամէնքը: Վախը կը տարածուի ամէն կողմ, «Քորոնա» կոչուած տիտղոս մը կրելով, ան կը հարուածէ ու կը փճացնէ իր անցքին վրայ ամէն ինչ, մահաշուք հիւանդութեամբ մը,  որ արագաքայլ կը...

«Քրիստոսի Հետ Պէտք Է Գերեզմանենք Մեր Մեղքերը, Որպէսզի Իր Յարութեամբ Դառնանք Նոր Մարդ», Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Քրիստոսի Հետ Պէտք Է Գերեզմանենք Մեր Մեղքերը, Որպէսզի Իր Յարութեամբ Դառնանք Նոր Մարդ», Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հակառակ համաճարակին ստեղծած ոչ նպաստաւոր պայմաններուն, Աւագ Շաբթուան, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 2 ապրիլ 2021-ին` Քրիստոսի թաղման արարողութեան, ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հաւատացեալներ` հաղորդուելու Քրիստոսի երկարաւոր առաքելութեան վերջին հանգրուանին առնչուած դրուագներէն փոխանցուած խորհուրդով: Թաղման արարողութեան նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս` շրջապատուած միաբան հայրերով: Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը: Արարողութեան աւարտին վեհափառը իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին` վեր առնելով Քրիստոսի թաղման իմաստն ու...

Page 437 of 1112 1 … 436 437 438 … 1,112

Արխիւներ