Յօդուածներ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Մելիք Եգան` Խամսայի Մելիքութիւններու Կառավարիչ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Տող Տող` Քաղաքական Եւ Վարչական Կեդրոն Խամսայի մելիքութիւններու ընդհանուր կառավարիչ Դիզակի մելիք Եգան մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր եւ Նատիր շահի բացարձակ վստահութեան արժանացած էր: Մելիք Եգան (Եգան կամ Աւան Յովհաննէս անուան բարբառային ձեւն է) Գտչավանքի վանահայր Ղուկաս վարդապետի որդին էր: Անոր նախահայրերը Արցախի նախարարական հնագոյն տոհմ Առանշահիկներէն սերած իշխան Յովսէփի եւ անոր որդի,...

Պատերազմի Փողը Կը Հնչէ… (Խորհրդածութիւն` Աւագ Շաբթուան Ընդառաջ)

Պատերազմի Փողը Կը Հնչէ… (Խորհրդածութիւն` Աւագ Շաբթուան Ընդառաջ)

ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ Դպրեվանք կաթողիկոսութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն կողմէ հաստատուած պահեցողութեան բարենպատակ, սնուցանող, փարթամ, հոգեկրթիչ եւ հոգեդաստիարակիչ քառասուն օրերը անցնելէ ետք, կը պատրաստուինք դիմաւորելու մեր Տիրոջ ու Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ, պանծալի, փառաւոր ու բերկրալի Ս. Յարութիւնը: Քառասուն օրեր Աստուծոյ փառքը ներկայացնող սուրբ սեղանը չտեսնելէ ետք, կը պատրաստուինք նորոգուած ու ա՛լ աւելի աճած հոգիի...

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Պտոյտ Մը Լիբանանահայ Թերթերու Հին Ծանուցումներուն Մէջ» Արմէն Պագգալեան Հաճիս, քիչ մը պատմէ ծրագիրիդ մասին: Ծրագիրը կը կոչուի «Պտոյտ մը լիբանանահայ թերթերու հին ծանուցումներուն մէջ»: Ամէն անգամ, երբ առիթը ունեցած եմ հին թերթեր սերտելու` հետազօտութեան մը համար նիւթ մը կամ յօդուած մը գտնելու նպատակով, միշտ աչքիս զարկած եւ ուշադրութիւնս գրաւած են այդ օրուան ծանուցումները: Այդ սեւ-ճերմակ (իրականութեան մէջ` դեղինցած) ծանուցումներուն...

Տառադարձութիւն

Հայրենի Յուշեր (8)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ      Բաւական շրջեցանք Մոսկուայի ճամբաներուն վրայ, ուր գրեթէ ոչինչ կար տեսնելիք, այլ հարց, թէ ի՛նչ կրնար գտնել կամ տեսնել մէկը, որ չէր ճանչնար քաղաքը, եւ մանաւանդ` այնպիսի եղանակի մը, որ այնքան ալ չէր մղեր նորութեան  կամ անակնկալի հետամտելու: Ո՛չ քաղաքը ինք կը հրապուրէր մեզ  իր համատարած ձիւնով, որ մերթ ընդ մերթ կը շարունակէր տեղալ, ո՛չ մարդիկ` իրենց ծածկուած դէմքերով...

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

Մեկուսացուածի Թափառումներ. Մարդ Եւ Ընկերութիւն Թագաժահրի* Հոգեբանական Եւ Տնտեսական Աղէտի Ցանցին Մէջ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Արդէն տարին անցաւ, եւ մարդկութիւնը, առանց գոյնի, սեռի, քաղաքական եւ տնտեսական տարբերութիւններու, թագաժահրի (covid 19) ցանցին մէջ բռնուած է, որ մինչեւ այսօր վարակած է 119 միլիոն մարդ, որոնցմէ 67 միլիոնը բուժուած է, իսկ մահացածներուն թիւը 2,7 միլիոն է, թիւ, որ ամէն օր կ’աճի: Համաշխարհային աղէտ, որ կը շարունակուի: Զարմանալի մարդկութիւն. համաշխարհային աղէտը զգաստութեան չէ հրաւիրած երկիրները, անոնց ղեկավարները...

Գարնանային

«Վահան»-Ս

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ Գիշեր է. լուռ են ցաւերս բոլոր: Լուսամուտէն դուրս, լուսնի լոյսին տակ հազարաւոր փաթիլներ պսպղալով վար կու գան մեղմայոյզ. ներսը, ճարճատող կրակին բոցերը սրտիս զարկերուն նման մերթ կը խոնարհին, մերթ կ՛ըմբոստանան: Անհամբեր կը սպասեմ «Վահան» գորգիս. հերոսական Արցախէն կու գայ այդ` արցախցի կնոջ նուրբ մատներով գործուած: Մինչ այդ հայրենիքս գրկած` նստած եմ: Աչքիս առջեւ տուներ կը հրկիզուին: Մատներուս արանքէն...

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան  Ուսումնական Խորհուրդին.  Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Ծանօթացման Առցանց Ձեռնարկ (Ասպարէզի Ուղղութիւն` Շրջանաւարտներէ)

Կազմակերպութեամբ Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդին. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Ծանօթացման Առցանց Ձեռնարկ (Ասպարէզի Ուղղութիւն` Շրջանաւարտներէ)

Նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 27 մարտ 2021-ին կէսօրէ ետք ժամը 2:00-4:00 տեղի ունեցաւ համալսարանական մասնագիտութիւններու ծանօթացման «Ասպարէզի ուղղութիւն` շրջանաւարտներէ» («Career guidance from the alumni») առցանց ձեռնարկը, մասնակցութեամբ ազգային վարժարաններու երկրորդական բաժինի 170 աշակերտներու, տնօրէններու, Ուսումնական խորհուրդի անդամներու եւ ձեռնարկին հրաւիրուած 25 մասնագէտներու: Ձեռնարկին նախօրեակին Ուսումնական խորհուրդը վարժարաններու տնօրէնութիւններու...

Ակնարկ.  «Շտկումներ» Հակառակ Ուղղութեամբ

Ակնարկ. «Շտկումներ» Հակառակ Ուղղութեամբ

Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը,  երեք անգամ խուսափելէ ետք իրեն ուղղուած հարցումին, թէ` «Թուրքիան թշնամի՞ է մեր պետութեան համար» պատասխանելէ՝ յայտարարեց, որ որոշ շտկումներ պէտք է ներառել այս հարցով մեր մօտեցումներուն մէջ: Այդ շտկումներու անհրաժեշտութիւնը քարտուղարը կը կապէր տարածաշրջանի ապաշրջափակման ընդառաջ պաշտօնական Անգարայէն հնչած յայտարարութիւններուն` հռետորաբանութեան մէջ որոշակի փոփոխութիւններ նկատելով: Իրողական գետնի վրայ սակայն ի՞նչ փոխուած էր, որ Թուրքիոյ նկատմամբ...

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Լիբանանը Դէպի Ո՞ւր

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Անցեալ երկուշաբթի օր անձկութեամբ կը սպասէինք նշանակեալ վարչապետին այցին նախագահական ապարանք: Պրն. Սաատ Հարիրի այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշել Աունին եւ լեռը... մուկ ծնաւ: Կը սպասէինք երկու նախագահներուն միջեւ արդիւնաւոր խօսակցութիւն, որ պիտի յանգէր կառավարութեան կազմութեան տեղւոյն վրայ կամ, վատագոյն պարագային, յառաջիկայ քանի մը օրերու ընթացքին: Սխալեցանք անգամ մը եւս, որովհետեւ պրն. Հարիրի, հանրապետութեան նախագահին հետ կարճատեւ զրոյցէ...

Շանթաժի Քայլ Մը

Շանթաժի Քայլ Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Յունական «Քաթիմերինի» օրաթերթը 22 մարտին հաղորդեց, որ Սպիտակ տան մէկ անանուն բանբերը ըսած է, թէ ամերիկեան վարչակազմը կը հաւատայ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ պատմութիւնը ճանչնալը կարեւոր է: «Եուրէյժա Կրուփ»-ի եւ համաշխարհային յարաբերութիւններու լուսաբանում կատարող «ԿԶԵՐՕ Մետիա»-ի նախագահ Եան Պրեմըր նոյն օրը յայտարարեց, թէ Սպիտակ տան իր աղբիւրը` պատասխանելով այդ մասին իր հարցումին, յայտնած է. «Պայտըն իր խօսքին...

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Կարմիր Մոմ» Կարէն Տարագճեան Եւ Սուրէն Խտըշեան  Ի՞նչ է ձեր ծրագիրը: Մեր ծրագիրը թատերական ներկայացում մըն է, բայց, սովորական սրահի մը մէջ տեղի ունենալու փոխարէն, անիկա պիտի ներկայացուի համացանցի վրայ: Համաճարակին պատճառով համաշխարհային բազմաթիւ թատերախումբեր դիմեցին համացանցին. մենք ալ ներշնչուեցանք այս ալիքէն եւ որոշեցինք մեր համեստ պայմաններով փորձ մը կատարել: Ներկայացումը նաեւ հանդիսատեսին հնարաւորութիւն պիտի տայ ընտրելու իր ուզած վերջաբանը`...

Մինչեւ Ե՞րբ

Հիւանդանոցային Համակարգը Հարցականի Տակ

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ   Լիբանան, որ իր դրամատնային ցանցերով, զբօսաշրջութեան եւ հիւանդանոցային համակարգով նշանաւոր էր Միջին Արեւելքի եւ արաբական աշխարհին մէջ, փաստօրէն, 17 հոկտեմբեր 2019-էն ետք, երբ դրամատնային եւ զբօսաշրջութեան մարզերը ամբողջովին անդամալուծուեցան, սնանկացան եւ քանդուեցան: «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիքին ուժգնութենէն ետք, փաստօրէն, այսօր Լիբանանի մէջ գործող 96 հիւանդանոցներու ճակատագիրն ու իրավիճակը հարցականի տակ են: Բժիշկներու եւ հիւանդապահուհիներու գաղթի մեծ ալիքը...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Շինծու Ջարդի Մը Հեքիաթը…

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Շինծու Ջարդի Մը Հեքիաթը…

Արցախի մէջ արձանագրած յաղթանակը ոչ մէկ խոչընդոտ ստեղծեց Պաքուի դիմաց, որպէսզի այս տարի եւս, սովորականին նման, փորձէ դարձեալ աղաւաղել պատմական անփոփոխելի իրականութիւնը եւ քարոզչական լծակները գործի լծելով` աշխարհին ներկայանայ անհիմն յանկերգի վերածուած իր երեւակայական եւ շինծու յերիւրանքներով` «Խոջալուի ջարդ»-ի պատմութիւններով (փետրուար 25-26, 1992-ին): Պարզ իրականութիւնը այն է, որ  այդ օրերուն, երբ հայրենի ուժեր Արցախը ազատագրելու ճակատամարտը կը մղէին, Խոջալուն դիտմամբ...

Շուշիականութիւն

Շուշիականութիւն

ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ համաշխարհային պատմութեան ամպիոնի վարիչ, պատմական գիտութիւնների դոկտոր, փրոֆեսէօր Հայ իրականութեան մէջ եղել են եւ կան մի շարք երեւոյթներ, որոնք ոգեղէն նշանակութիւն են ունեցել եւ շարունակում են ունենալ մեր ժողովրդի համար: Այդպիսի երեւոյթներ կարող ենք համարել Հայկ նահապետին, հին հայոց ռազմի, քաջութեան, յաղթանակի եւ ամպրոպի գերագոյն աստուած Վահագնին, Արտաշէս Ա. եւ Տրդատ Մեծ արքաներին, Մեսրոպ...

Երգի Մը Պատմութիւնը.   «Դաշնակցական Զինուորը» («Խնուսից Գալող Հայ Զինուորները Քաջ») Երգին Պարունակած Մարտունակ Հնչեղութիւնը

ՀՅԴ Երդումը Յարատեւ Պայքարի Եւ Անձնազոհութեան Սահմանագիծ Է

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ «Մի կէտ ճշմարիտ է. դաշնակցականը պէտք է ընդունի իր կուսակցութեան ծրագիրն ու կանոնագիրը եւ երդումով հաստատէ իր համամտութիւնն ու հնազանդելու յօժարութիւնը: Բայց այս պարագան ոչ թէ բռնութիւն է, այլ` պայման, ինչպէս` թատրոնի տոմսը յաճախորդի համար. առանց տոմսի թատրոն մտնողը չի կարող բռնութիւն համարել, երբ դռնապանը նրան ներս չառնէ»: ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ Բառարանային իմաստով, երդում կը նշանակէ «ուխտ, խոստում կամ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Ուսուցիչն  Ու Ուսուցչութեան  Ասպարէզը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ուսուցիչն Ու Ուսուցչութեան Ասպարէզը

Հայ ուսուցիչին առաքելութեան մասին խօսիլը նորութիւն մը պիտի չըլլայ հաւանաբար, որովհետեւ դարեր շարունակ հայ ուսուցիչը սերունդներ դաստիարակած, անոնց հայեցի կրթութիւն ջամբած ու իր օրինակով տիպար հանդիսացած է` խրախուսելով նաեւ ուսուցչութեան ասպարէզը, ուսումը, գիրն ու գրականութիւնը եւ հայկական արժէքներուն տէր կանգնելու ջանքերը: Այս օրերու ուսուցիչին դերակատարութիւնը, սակայն, համեմատաբար աւելի դժուար է, որովհետեւ քաղաքակրթութիւններ ու մշակոյթներ կը քանդուին, կ՛արհամարհուին յանուն քաղաքական նպատակներու,...

logo_Gulbenkian

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան «Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»-ն Ու Անոր Առաջին Մասնակիցները

Փետրուար 2020-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը մեկնարկեց «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ը, որ ուղղուած է լիբանանահայ ա՛յն երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով ստեղծագործել եւ նորարար ծրագիրներ իրագործել: «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Լիբանանին վերաբերող ռազմավարութեան հինգ հիմնասիւներէն մէկը ըլլալով, իբրեւ հիմնական նպատակ ունի արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններու կիրարկութիւնը խթանել: Ծրագիրին առաջին տարուան ընթացքին հիմնարկութիւնը 17 դիմումներ ստացաւ Լիբանան ապրող 18-35...

Ազրպէյճան Ոչնչացուցած Է Մեխակաւանի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին

Ազրպէյճան Ոչնչացուցած Է Մեխակաւանի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին

25 մարտին «Պի.Պի.Սի.» լրատուական ծառայութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ լրագրող Ճոնա Ֆիշըրի կողմէ պատրաստուած տեսանիւթ մը, որուն մէջ փաստացի տուեալներով կը ներկայացուի Մեխակաւանի Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնայատակ աւերումը, որ կատարուած էր շրջանին` Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնելէն ետք: Նոյն եկեղեցին Արցախի վրայ ազրպէյճանական վերջին յարձակումին ընթացքին արդէն իսկ ենթարկուած էր սրբապղծման: Դէպքին արձագանգեցին եւ զայն դատապարտեցին հայկական զանազան կառոյցներ, որոնց...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Սլաքներ. Ո՞րն Է Զարմանալին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ա) Հայաստանի լրատու աղբիւները հինգշաբթի, 25 մարտին, «աւետիս» մը եւս տուին Արցախէն: «Պի. Պի. Սի.»-էն լրագրող մը Արցախ այցելած է եւ ստուգած, որ Մեխակաւանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին «անհետ կորսուած» է: Սա այն եկեղեցին է, որ Արցախի ծանօթ գօտիներուն գրաւումէն ետք, ուշադրութիւն գրաւած էր, երբ ազերի զինուոր մը անոր զանգակատան գագաթը բարձրացած էր ու քանդած` խաչը: (Անգլիացի լրագրողին բացայայտումներուն...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Հայաստանը Եւ Միացեալ Նահանգներուն Այսպէս Կոչուած «Ազգային Շահերը» Չեն Փոխուիր Նախագահին Եւ Անոր Կուսակցութեան Փոփոխութեամբ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Վերջին օրերու, 18 մարտ 1921-էն սկսեալ, միջազգային լուրերը կը գլխաւորեն Միացեալ Նահանգներուն կողմէ «Հիւսիսային հոսք - 2» ռուսական բնական կազի խողովակաշարի աշխատանքները դադրեցնելու պահանջը (Տե՛ս այս նիւթով նախորդ յօդուածս` «Միացեալ Նահանգներու ընթացաւարտ նախագահին թելադրանքները նորընտիր նախագահին») (1): Խողովակ զետեղող ընկերութեան նաւը: Յիշեցումի համար, այս երկրորդ խողովակաշարը, Պալթիք ծովու յատակէն անցնելով` Ռուսիայէն ուղղակի Գերմանիա բնական կազ պիտի մատակարարէ, առանց...

Page 439 of 1112 1 … 438 439 440 … 1,112

Արխիւներ