Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

Ապրիլ 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Դիտէ»

Հրայր Գալեմքերեան Եւ Հերմինէ Նիւրբեթլեան

– Ի՞նչ է ձեր ներկայացնելիք աշխատանքը:

Մեր ծրագիրին նպատակն է ստեղծել հարթակ մը, ուր տարբեր տեսակի արուեստներու (լսողական, տեսողական, գրական…) աշխատանոցներու ընդմէջէն հնարաւոր պիտի ըլլայ անդրադառնալ երիտասարդութիւնը յուզող բազմազան նիւթերու: Առաջին փուլը, որուն ուղղութեամբ հիմա կ՛աշխատինք եւ կը համագործակցինք այլ ստեղծագործողներու հետ, կը կոչուի «Դիտէ՛», որ կը կեդրոնանայ լսատեսողական աշխատանոցի մը վրայ: Ուրեմն շատ հակիրճ ձեւով բացատրենք, թէ «Դիտէ՛»-ն ի՛նչ կը ներկայացնէ: Ընտրեցինք չորս նիւթեր, որոնք առաջին հայեացքէն բոլորիս ծանօթ են իրենց ընդհանուր պարունակին մէջ, սակայն ամէն մարդ չէ, որ կը կեդրոնանայ եւ խորապէս կը փորձէ հասկնալ զանոնք: Ինքնութիւն, կարօտ, քաղաք եւ ժամանակ` մեր ընտրած նիւթերն են, որոնց շուրջ պիտի ստեղծուին գրական աշխատանքներ, ապա այդ աշխատանքները պիտի վերածուին լսատեսողական կարճ նիւթերու: Ասիկա կու գայ մեր ունեցած արուեստի ազատ փորձառական միջավայրը ուրիշներուն հասանելի դարձնելու միտումէն:

– Սփիւռքի իրականութեան մէջ կան մշակութային բազմաթիւ միութիւններ, որոնք քով-քովի կը բերեն երիտասարդները եւ ստեղծագործելու հնարաւորութիւն կու տան անոնց. ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր ծրագիրին տարբերութիւնը գետնի վրայ եղող աշխատանքներէն:

Մենք երկուքս ալ մաս կազմած ենք եւ կը կազմենք հայկական միութիւններու եւ հոն առիթ ունեցած ենք համագործակցաբար աշխատանքներ ստեղծելու: Բնական է, որ այս փուլին մեր ծրագիրը չունի հաստատութենական նման բնոյթ: Կը ձգտինք փորձառական անկաշկանդ մշակոյթ մը ստեղծելու, ուր այլընտրանքային պրպտումն ու արտայայտութիւնը մեծ տեղ ունին: Այս մէկը բնականաբար կ՛ենթադրէ, որ ծրագիրին մեկնակէտը ըլլայ ստեղծագործողը իսկ աշխատանքները բխին անհատական փորձառութիւններէ եւ յուզումներէ: Հոս նաեւ համագործակցութիւնը տեղի կ՛ունենայ տարիքային եւ մտածելակերպի համահունչ խումբով, որ մեր հաղորդակցութիւնները կը դարձնէ արագ, թափանցիկ եւ արդիւնաւէտ: Հիմա անշուշտ այս բոլորը կ՛ըլլան Լիբանանի պարունակին մէջ, բայց կը յուսանք, որ ապագային կրնանք բացուիլ եւ հասնիլ սփիւռքի այլ միջավայրերուն:

– Քիչ մը պատմեցէք աշխատանքային ընթացքին մասին:

Նախքան այդ մէկը ընելը` պէտք է յայտնենք, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր պաշտօնը ունի ծրագիրին մէջ: Հրայրը յղացքային եւ գեղարուեստական բաժինը կը կազմակերպէ, իսկ Հերմինէն` վարչականը: Ուրեմն առաջին հերթին դիմեցինք մեզի ծանօթ գրողներու, որոնց փոխանցեցինք չորս նիւթերը, եւ անոնք արեւմտահայերէնով գրութիւններ ստեղծեցին: Յետոյ իւրաքանչիւր գրութիւն բաժնեցինք կարդացողներու (դերասաններ եւ այլ ցանկացողներ), եւ վերջ ի վերջոյ այս ձայնային նիւթերը տրուեցան բեմադրիչներու:

«Քորոնա»-ի պատճառած սահմանափակումները փորձեցինք ի շահ ծրագիրին գործածել եւ ստեղծել առցանց համագործակցութեան մշակոյթ մը, որ կ՛առաջնորդուի իրեն իւրայատուկ սկզբունքներով: Իւրաքանչիւր տեսերիզի պատրաստութեան մէջ երեք տարբեր անձեր ներառուած են` գրութեան հեղինակը, ընթերցողը եւ բեմադրիչը: Հեռավար աշխատանքային պայմաններուն մէջ մենք կրցանք այս երեք բաղադրեալները իրարմէ անջատ պահել` այսպիսով ստեղծագործութեանը տալով ազատ զարգանալու հնարաւորութիւն: Մասնակիցները, առանց իրար ճանչնալու, իրենցմէ մասնիկ մը կը դնեն գործին մէջ` այսպիսով գործը դարձնելով հաւասարապէս բոլորին սեփականութիւնը: Նաեւ պէտք է նշել, որ անձերուն ընտրութեան մէջ կարեւոր տեղ ունէր նոր ծանօթութիւններ ստեղծելը եւ քով-քովի բերել ստեղծագործողներ, որոնք ցարդ չեն համագործակցած:

– Անհամբեր ենք «Դիտէ՛»-ի նիւթերուն հետ հաղորդակցելու: Քիչ թէ շատ պարզ է, թէ հանրութիւնը ի՛նչ պիտի ստանայ ձեր այս ծրագիրէն, իսկ ինչ կը վերաբերի ձեզի, ի՞նչ կու տայ ձեզի այս բոլորը:

Անկեղծօրէն երեւի երկուքս ալ համաձայնինք, որ ստեղծուած աշխատանքային մթնոլորտը մեզի հոգեկան սնունդ կու տայ: Երիտասարդ ստեղծագործողներ միասնաբար կը քննարկեն տարբեր նիւթեր, ազատ, անկաշկանդ, եւ յետոյ այդ բոլորը կ՛ուղղուին դէպի շօշափելի ստեղծագործութիւններ: Կազմակերպչականէն անկախ, մենք ալ` որպէս ստեղծագործողներ, կը մասնակցինք ծրագիրին, բան մը, որ հարազատ ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ ամբողջին հետ նոյնանալու զգացումը կու տայ մեզի:

– Ծրագիրը ամբողջութեամբ արեւմտահայերէնով է: Դժուա՞ր էր այս մէկը կազմակերպելը:

Երբ կը մտածէինք ծրագրին գործնական բաժինը կազմակերպելու մասին, մանիֆեսթոյի նման փաստաթուղթ մը ստեղծեցինք, որ կ՛առաջնորդէ արուեստագէտներուն աշխատանքը: Անոնցմէ մէկը, օրինակ, գրութիւններուն տարողութիւնն է: Իւրաքանչիւր գրաւոր աշխատանքի համար հեղինակները պէտք է սահմանափակուէին 60 բառով, որպէսզի աւարտին ունենայինք 35-45 երկվայրկեան տեւողութեամբ ձայնագրութիւններ: Նաեւ հեղինակները այս նիւթերուն պէտք էր մօտենային նեղ անձնական տեսանկիւնէն` մէկ կողմ դնելով այդ նիւթերուն մասին հանրային կարծիքները: Այս կէտը հեղինակներուն (ներառեալ մեզի) առիթ տուաւ տուեալ յղացքներուն արեւմտահայերէնով անդրադառնալու եւ գտնելու ներքին լեզու մը, որուն միջոցով հանրութեան պիտի ներկայացուի մեր պատկերացումները այս նիւթերուն մասին:

Հրայր Գալեմքերեանը կը զբաղի թատրոնով եւ լսատեսողական աշխատանքներու պատրաստութեամբ:

Հերմինէն դերասանուհի է, նկարիչ եւ Լիբանանի ֆրանսական դեսպանատան մէջ ծրագիրներ մշակող:

Տարիներէ ի վեր Հերմինէն եւ Հրայրը կը համագործակցին զանազան գեղարուեստական ծրագիրներու շուրջ, ինչպէս` թատերական ներկայացումներ, երաժշտական ելոյթներ, տեսերիզներու արտադրութիւններ եւ այլն:

Անոնց վերջին ծրագիրը շարժանկար մըն էր «Գնդակ մը, խսիրէ աթոռներ եւ պաղպաղակ» խորագրով, որ այժմ կը մրցի միջազգային փառատօներու ծիրէն ներս:

————————–

Ես Հրայր Գալեմքերեանն եմ, Լիբանանէն: Փարիզի եւ Պէյրութի մէջ ուսանած եմ թատրոնի եւ ժապաւէնի դերասանութիւն եւ բեմադրութիւն: Աւարտած եմ Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատրոնի դպրոցը, ուր աւելի ուշ եղած եմ գեղարուեստական ղեկավարը եւ բեմադրիչը:

Այժմ մաս կը կազմեմ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին` որպէս դերասան եւ բեմադրիչ:

Բազմաթիւ ժապաւէններու եւ թատերական ներկայացումներու պատրաստութեան մասնակցած եմ  Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: Կը նշեմ քանի մը հատը.

  1. Ռոպեր Կէտիկեանի «Une Histoire de Fou» ժապաւէնը (դերասանութիւն),
  2. Ջիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնը (բեմադրիչի օգնական),
  3. Յակոբ Տէր Ղուկասեանի «Les Autres Bonnes» թատերախաղը (երաժշտութիւն):

– Անունս Հերմինէ Նիւրբեթլեան է: Ֆրանսական գրականութիւն ուսանած եմ Լիբանանի պետական համալսարանին մէջ: Ծրագիրներու համադրող եմ Ֆրանսական մշակութային կեդրոնին մէջ:

Ջութակի դասերու հետեւած եմ Լիբանանի պետական երաժշտանոցին մէջ եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի անդամ եմ:

Գործիս կողքին, կը զբաղիմ ձեռային աշխատանքով, թատրոնով, երաժշտութեամբ եւ այլ գեղարուեստական աշխատանքներով:

Վերջերս Հրայրին հետ աշխատանոց մը վարեցի «Աղուոր բաներ» էջին համար. շարժանկար մը պատրաստեցինք «Գնդակ մը, խսիրէ աթոռներ եւ պաղպաղակ» խորագրով, որ այժմ կը մասնակցի զանազան փառատօներու:

 

 

Նախորդը

Անկրկնելի Հալէպը. Ս. Յարութեան Տօնը Բարեկենդանէն Մինչեւ Համբարձում

Յաջորդը

Ոտնլուան` Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ. «Քրիստոս Իր Աշակերտներուն Ոտքերը Լուալու Արարքով Յորդորեց Մարդիկը` Զիրար Սիրելու» Շեշտեց Շահէ Արք. Փանոսեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?