Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատալ Եւ Ընդունիլ (Սիլվա Սարեան-Ետալեանի Յիշատակին)

Ապրիլ 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յաճախ հարց տուած եմ ես ինծի,  թէ ինչպէ՞ս կրնանք մեր սիրած անձերէն բաժնուիլ: Այս բաժանումը միայն ֆիզիքականի մասին չէ, այլ` յաւիտենական:  Հարցուցած եմ նաեւ չորս կողմիս, բոլորէն նոյն պատասխանը ստացած եմ` «ժամանակը կը մոռցնէ, կամ կը մեղմացնէ»: Դժբախտաբար ժամանակը կը սորվեցնէ մեզի ցաւին հետ միատեղ ապրիլ:

Արդէն անցան քառասուն  օրեր, եւ ոչ թէ մտածելը դժուար է, այլ` հաւատալը եւ ընդունիլը,  որ ոչ եւս է մայրս: Բառերը բաւարար չեն խօսելու քու մասիդ, թանկագի՛ն մայրս: Օտարութիւնը 10 տարիէ ի վեր  ինձմէ հեռացուցած էր քեզ, բայց մեր հերթական հեռաձայնային կապերը օրուան ընթացքին չէին նուազած: Հապա ինչպէ՞ս մոռնամ խաղերդ, զորս կը դասաւորէիր քու թոռնիկներդ ուրախացնելու նպատակով` ժամերով հեռաձայնին վրայ: Զատկուան տօնական այս օրերուն միշտ խանդավառ կ՛ըլլայիր, գործերդ կը դասաւորէիր, որ եկեղեցական արարողութիւններուն եւ հսկումներուն ներկայ ըլլաս, ինչպէ՜ս մոռնամ քու Զատկուան չէօրեկներուդ մթնոլորտը, որ կը ստեղծուէր, երբ դրացիներուդ հետ անոնց պատրաստութեան կը լծուէիք, իսկ ամբողջ շէնքը չէօրեկին հոտը կը բուրէր:

Ա՜խ մայրս, որքան գթասիրտ, հոգատար, զոհուող մայր մըն էիր եւ պարտաճանաչ տիկին, բայց մահը քեզ խլեց մեզմէ: Պայքարեցար մինչեւ վերջին վայրկեաններդ: Երբ բժիշկը տեղեկացուց հիւանդութեանդ մասին, լաւատես էիր եւ ըսիր` «Պիտի լաւանամ»: Շատ փորձեցիր ուժ եւ կորով տալ մեզի, մահաքունէն արթնցար, որովհետեւ մտահոգ էիր, թէ ինչպէ՛ս պիտի ձգես մեզ: Բայց ես ուզեցի քեզի հանգստացնել եւ ըսի` «Մի՛ մտահոգուիր եւ հանգիստ ըրէ», բայց համոզուած չէի ըսածիս, մա՛մ:

Ո՛չ միայն ընտանիքին նուիրեալ էիր, այլ նաեւ մնայուն ներկայութիւն էիր ՀՅԴ «Դրօ» ակումբին մէջ` սատար հանդիսանալով ձեռնարկներուն, տարուող աշխատանքներուն: Կը հաւատայիր ազգապահպանման դարբնոց հանդիսացող ԼՕԽ-ի մարդասիրական կազմակերպութեան «Արագած» մասնաճիւղին գործունէութեան:

Մնայուն կերպով մեր ականջին մէջ պիտի հնչէ այս խօսքդ. «Աստուծմէ բան չեմ ուզեր, միայն ձեր ուրախութիւնը տեսնեմ, բոլոր կեանքս կ’արժէ, ամէն բանի մի՛ նեղուիք, ամէն բան պարզի առէք եւ ամէնէն կարեւորը` ես հպարտ եմ, որ ձեզի պէս զաւակներ ունիմ, մեծագոյն հարստութիւնս  եւ բախտաւորութիւնս է»:

Վստա՛հ եղիր, մա՛մ, որ հպարտ ալ պիտի մնաս մեզմով. այս ալ մեր խոստումն է, եւ վստահ եղիր, որ մեր ընտանեկան հաւաքներուն քու ստեղծած դրական մթնոլորտդ բնաւ պիտի չմոռնանք:

Կարօտի արցունքով
Հոգեհատորդ` ԻՐԻՍ

 

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է «Ալիք» Օրաթերթի Արտօնատէրերէն Ռոստոմ Ստեփանեանը

Յաջորդը

Սեդա Պաղտասարեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?